«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՌՀԱՍԱՐԱԿ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ
Զաւակները պարտաւոր են ծնողներուն հնազանդիլ.-
ա) Որովհետեւ Աստուած Ի՛նք պատուիրած է. «Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազնդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը» (Եփ 6.1): Արդարութիւնը եւս այս կը պահանջէ, որովհետեւ հնազանդութիւնը անհրաժեշտ հետեւանքն է յարգելուն եւ սիրելուն, ինչպէս որ մեր Փրկիչը կը սորվեցնէ մեզի երկու որդիներու առակով, որու մէջ մեծ որդին հօր կամքը կը կատարէ, իսկ փոքր որդին՝ անհնազանդ կը գտնուի, եւ առանց հնազանդութեան հնրաւոր չէ ճշմարտապէս պատուել հայրը:
բ) Որովհետեւ մանուկ հասակին, զաւակները չե՛ն գիտեր, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն, ինչպէ՞ս պէտք է վարուին, իսկ ծնողները միշտ անոնց երջանկութեան համար կ՚աշխատին եւ գիտեն, թէ ի՛նչն է իրենց զաւակներուն համար վայելուչ եւ օգտաւէտ: Զաւակը ապաբախտ կը դառնայ, երբ ինքնագլուխ գործէ, իսկ ապաբախտութիւնը կը կրկնապատկուի, երբ ծնողներուն յանդիմանութիւնն ալ ստանայ:
գ) Որդիական պարտաւորութիւն է պահպանել ծնողներուն բոլոր հանգամանքներուն մէջ, երբ կարօտութեան մէջ են, կա՛մ մխիթարելով, կա՛մ հոգալով, կա՛մ խնամելով, կա՛մ թեթեւցնելով անոնց վիճակը, կա՛մ մեղմացնելով անոնց թշուառութիւնը եւ բարեզարդելով անոնց ծերութիւնը, որպէսզի անոնց կեանքը երջանիկ ըլլայ: Բնութիւնը, երախտագիտութիւնը եւ կրօնքը միաձայնութեամբ կը հրաւիրեն զաւակները ջերմեռանդութեամբ եւ մեծ քաղցրութեամբ իրենց պարտքը կատարելու: Որդիներուն վարձքը արդէն այն քաղցր զգացումին մէջ է, որ կը զգան, երբ կ՚օգնեն իրենց ծնողներուն, որոնցմէ կեանք ստացած են: Յիսուս Քրիստոս պարզ կերպով կը հասկցնէ որդիական պարտաւորութեան սրբութիւնը, երբ փարիսեցիները կը յանդիմանէ, որոնք սխալ կերպով կը մեկնաբանէին՝ պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ պատուիրանը: Փարիսեցիները Աստուծոյ պատուիրանը կը զոհէին իրենց աւանդութեան համար, այսինքն՝ բաւարար կը համարէին հօր եւ մօր տուրք տալն ու ըսելը՝ ահաւասիկ, գործածէ՛ եւ ուրիշ պատիւ մի՛ պահանջեր. սակայն, Յիսուս յանդիմանեց զանոնք, ըսելով. «Որովհետեւ Աստուած կ՚ըսէ. «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ», եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի»։ Մինչ դուք կ՚ըսէք.- «Ով որ իր հօր կամ մօր ըսէ՝ «այն օգնութիւնը որ ինձմէ պիտի ստանայիր՝ Աստուծոյ նուիրուած է», պարտաւոր չէ՛ յարգելու իր հայրն ու մայրը»։ Ահա այսպիսով դուք Աստուծոյ խօսքը կ՚անարգէք՝ ձեր աւանդութիւնը պահելու համար» (Մտ 15.4-6):
Հինգերորդ պատուիրանին մէջ եղած խոստումը՝ զաւակներու երկար ապրելու մասին, իսկապէս եբրայեցիներուն կը վերաբերի: Աստուած անոնց կը խոստանայ քանանացիներու երկրին մէջ երկար եւ խաղաղ կեանք տալ, եւ այս բանը յարմար էր իրենց կացութեան եւ վիճակին: Իսկ մեզի, քրիստոնեաներուս հետ կապած աստուածային դաշինքը մեր յոյսը նիւթական աշխարհէն վեր կը բարձրացնէ, ժամանակաւոր խոստումէն դէպի յաւիտենական խոստումը: Այս պատուիրանը բոլոր պատուիրաններուն նախագահն է՝ որոնք ընկերներուն կը վերաբերին. Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, որ ասիկա առաջին պատուիրանն է, որու հետ Աստուած Իր խոստումը կապած է. ««Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» պատուիրանը առաջինն է՝ որ իրեն կապուած խոստում մը ունի. «որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ»» (Եփ 6.2-3): Ասկէ կրնանք հասկնալ, որ որդիական սէրը մեծ իմաստ ունի Աստուծոյ համար եւ ծնողները պատուող որդիները, կրնան Երկնաւոր Հօրմէն առանձին օգնութիւն յուսալ: Պարտաւոր ենք հաւատալ, որ այս պատուիրանին կատարումը շատ կ՚օգնէ մեզի միւս պարտաւորութիւնները կատարելու: Այս ձեւով, որդիները կրնան բոլորին սէրն ու յարգանքը գրաւել եւ պատճառ դառնալ՝ ինչպէս գերդաստանին, այնպէս ալ ընկերութեան երջանկութեան: Ի վերջոյ, եթէ այս աշխարհիս վրայ նիւթական կերպով Աստուծոյ հովանաւորութիւնը չերեւի ծնողասէր զաւակներուն վրայ, ասիկա արդէն յստակ է, որ պարտաւորութեան կատարումը անոնց հոգիի ներքին խաղաղութիւն եւ յաւիտենական կեանքի յոյս կու տայ, որ Աստուած խոստացած է Իր կամքը կատարողներուն:
Ինչպէս զաւակները պարտաւորութիւն ունին ծնողներուն նկատմամբ, այդպէս ալ ծնողները պարտաւորութիւն ունին զաւակներուն նկատմամբ: Ծնողները պարտին իրենց զաւակները սիրել, խմնաք ունենալ անոնց վրայ, հսկել անոնց կրթութեան եւ վարքին, դէպի լուսաւորութիւն առաջնորդել, ո՛չ թէ միայն խրատով, այլ՝ իրենց օրինակով: Պարտին չարութենէ զգուշացնել եւ խրատել, անոնց բարքը քաղցրութեամբ ուղղել, աշխատիլ ամէն կերպով, որպէսզի անոնք ազգին համար արժանաւոր եւ օգտակար անդամ ըլլան, բարի մարդ եւ բարի քրիստոնեայ ըլլան: Պարտին զաւակներուն ամէն կերպով օգնել, մինչեւ որ անոնք կարողանան իրենց անձը կառավարել, կարգ եւ միութիւն պահեն ընտանիքներուն մէջ եւ Աստուծոյ աղօթել՝ անոնց երջանկութեան համար: Սուրբ Գիրքը այս պարտաւորութեան մասին կը խօսի. «Եւ զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ եւ պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք պատմէ: Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ ու դռներուդ վրայ գրէ՛, որպէսզի այս երկրին վրայ երկար օրեր ունենաք» (Հմմտ. Բ.Օր 11.19-21). «Իսկ դուք, հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, այլ զանոնք մեծցուցէք քրիստոսնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ» (Եփ 6.4). «Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ» (Առ 29.17). «Իսկ մէկը՝ որ իրենիններուն եւ մանաւանդ իր ընտանիքի անդամներուն հոգ չի տանիր, այնպիսին իր հաւատքը ուրացած մըն է, շատ աւելի գէշ՝ քան անհաւատ մը» (Ա.Տմ 5.8):
Ծնողական պարտաւորութիւնը զաւակներուն նկատմամբ պարտաւոր են կատարել նաեւ այն մարդիկ, որոնք հօր եւ մօր նման են, ինչպիսիքն են հօրեղբայր, հօրաքոյր, մօրեղբայր, մօրաքոյր, գերդաստանի անդամներ, կնքահայր, հոգաբարձու եւ ուսուցիչ, իւրաքանչիւրը իրենց ունեցած յարաբերութեան համեմատ, նոյնպէս եւ երեխաները կամ զաւակները, պարտաւոր են այս անձերը պատուել իրեն հօր [մօր] նման:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մարդ իր ծնողները պատուելէն բացի, պարտաւոր է նաեւ պատուել իրմէ մեծն ու ծերը, ինչպիսիքն են, քաղաքական ընկերութեան մէջ՝ իշխանները, դատաւորները, ծերերը. կրօնական միաբանութեան մէջ՝ քահանաները, վարդապետները, առաջնորդները. իսկ ընտանեկան շրջանակին մէջ՝ տանուտէրերը, նախահայրերը, որոնք պատկառելի պէտք է ըլլան ծառաներուն եւ թոռներուն համար: Այս ձեւով նաեւ աշակերտները պարտաւոր են պատուել այն անձերը, որոնք իրենց գիտութիւն կամ արհեստ կ՚ուսուցանեն:
Այս պարտաւորութիւնը հետեւեալ պայմաններով պարտին կատարել.
ա) Յարգելով:
բ) Հնազանդելով անոնց ամէն բանի մէջ, ինչ որ բարոյականութեան եւ կրօնին համաձայն է, իսկ եթէ համաձայն չէ անոնց պահանջին, պարտաւոր են պատուով անոնց յայտնել, ինչպէս Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները դատաւորներուն պատասխանեցին. «Դո՛ւք դատեցէք, թէ Աստուծոյ աչքին ո՛րն է ուղիղը. ձեզի՞ հնազանդիլ, թէ՝ Աստուծոյ» (Գրծ 4.19):
գ) Անոնց հաւատարիմ ըլլալով:
դ) Անոնց պակասութիւններուն համբերելով:
ե) Աղօթելով անոնց համար, որովհետեւ ինչպէս իշխանները իրենց կառավարած ժողովուրդին համար պարտաւոր են հայր ըլլալ, նոյնպէս ժողովուրդը պարտաւոր է մէկ գերդաստանի նման ըլլալ: Այս պարտաւորութեան կատարումէն կախուած է հասարակաց բարութիւնը, ընդհանուր կարգապահութիւնը, մեր օգուտը եւ մեր ապահովութիւնը: Բայց այս պարտաւորութիւնները կատարելու համար, մարդ պարտական է շարժուած ըլլալ իր խղճմտանքէն՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ Անոր հաճոյանալու պայմանով. «Տիրոջ սիրոյն՝ հնազանդեցէ՛ք բոլոր մարդկային իշխանութիւններուն» (Ա.Պտ 2.13). «Ամէն մարդ պէտք է հնազանդի պետական իշխանութեանց, որովհետեւ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են։ Ուստի, ով որ իշխանութեանց կը հակառակի՝ Աստուծոյ հրամանին է որ հակառակած կ՚ըլլայ, եւ հակառակողները իրենք զիրենք դատապարտութեան տակ կը դնեն։ Իշխողները վախ չեն պատճառեր բարիք գործողներուն, այլ՝ միայն չարագործներուն։ Դուն կ՚ուզե՞ս իշխանութենէն չվախնալ։ Բարի՛ք գործէ, եւ անկէ գովասանք կը լսես. որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեան է անիկա, քու բարիքիդ համար կարգուած։ Իսկ եթէ չար գործես՝ վախցի՛ր անկէ, որովհետեւ զուր տեղը չէ որ սուր կը կրէ. որպէս Աստուծոյ պաշտօնեայ՝ բարկութեամբ կը դատէ եւ կը պատժէ չարագործները։ Ահա թէ ինչու՝ պէտք է իշխանութեանց հնազանդիլ. ո՛չ միայն պատիժէն զերծ մնալու, այլ մանաւանդ խիղճով հանգիստ ըլլալու համար» (Հռ 13.1-5):
Կառավարիչները եւ դատաւորները պարտաւոր են կրօնքը պաշտպանել եւ հսկել ժողովուրդի բարի վարքին ու բարքին, ջանալ՝ ինչքան հնարաւոր է, Աստուծոյ Արքայութիւնը յառաջացնել, ժողովուրդը արդարութեամբ եւ քաղցրութեամբ կառավարել, իրենց անձը օրինակ տալ եւ ընծայել այս մեծ պարտքի կատարումը, միշտ յիշելով, որ իրենց պարտաւորութիւնը մեծ յանձառութիւն մըն է, այսինքն՝ մեծ բեռ, որ պարտին սիրով տանիլ եւ իրենց տրուած այս բարձր կոչումը, ո՛չ թէ իրենց սեփականութեան համար, այլ՝ ընդհանուրի օգուտին համար: Անոնք Աստուծոյ կողմէ ժողովուրդին բարութեան համար [նշանակուած] այն կառավարիչներն են, որոնք Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու են այս մեծ պաշտօնի կատարումին համար. «որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեան է անիկա, քու բարիքիդ համար կարգուած» (Հռ 13.4):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 13
Վաղարշապատ