ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ՄՕՏ 385 ՄԻԼԻՈՆ ՄԱՆՈՒԿ Կ՚ԱՊՐԻ ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Աշ­խար­հի վրայ մօտ 385 մի­լիոն մա­նուկ­ներ ստի­պուած են ապ­րե­լու ծայ­րա­յեղ աղ­քա­տու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ: Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ «Ար­մէնփ­րէս», այդ մա­սին նշուած է ՄԱԿ-ի Ման­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի (ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ) եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան կող­մէ պատ­րաս­տուած զե­կու­ցու­մին մէջ:

89 եր­կիր­նե­րու վե­րա­բե­րող տուեալ­ներ վեր­լու­ծե­լով՝ ա­նոնք յան­գած են այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ մա­նուկ­նե­րը չա­փա­հաս­նե­րէն եր­կու ան­գամ ա­ւե­լի յա­ճախ կը յայտ­նուին աղ­քա­տու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ: 2013 թուա­կա­նի տուեալ­նե­րով՝ զար­գա­ցող պե­տու­թիւն­նե­րու ան­չա­փա­հաս­նե­րուն 19.5 առ հա­րիւ­րը ստի­պուած պէտք է գո­յա­տե­ւէ օ­րա­կան 1.9 տո­լա­րին հա­ւա­սար կամ ան­կէ քիչ գու­մա­րով: Հա­մե­մա­տու­թեան հա­մար նշենք, որ նոյ­նան­ման պայ­ման­նե­րու մէջ կ՚ապ­րին չա­փա­հաս­նե­րու 9.2 առ հա­րիւ­րը:

«Հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ, գրե­թէ 385 մի­լիոն մա­նուկ­ներ կ՚ապ­րին ծայ­րա­յեղ աղ­քա­տու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ», ար­ձա­նագ­րուած է զե­կու­ցու­մին մէջ:

Մեկ­նա­բա­նե­լով զե­կու­ցու­մը, որ 4 Հոկ­տեմ­բե­րին ներ­կա­յա­ցուած է Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն  Էն­թը­նի Լէյք նա­խազ­գու­շա­ցու­ցած է, որ այդ­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ ապ­րի­լը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կ՚ազ­դէ մա­նուկ­նե­րու ար­տա­քին եւ մտա­ւոր զար­գաց­ման վրայ, հա­ղոր­դած է ԹԱՍՍ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:

ՄԱ­ՐԻԱ Ա­ՐԱ­ՊԱԹ­ԼԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016