ԱՐԻՍՏՈՏԵԼԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

Հաւանաբար մարդկային պատմութեան ամենամեծ իմաստասէրներէն մէկն է Արիստոտելը:

Ծնած է Ք.Ա. 384 թուականին, հիւսիւսային Յունաստանի մէջ:

Արիստոտելի մտաւորական հորիզոնը շատ լայն էր: Գրեթէ գիտութեան բոլոր ճիւղերուն մէջ ան իր դրոշմը դրած է: Կենսաբանութիւն, բուսաբանութիւն, քիմիաբանութիւն, բարոյագիտութիւն, պատմութիւն, տրամաբանութիւն, բնազանցութիւն (metaphysics), հռետորաբանութիւն, իմացականութեան փիլիսոփայութիւն, գիտական փիլիսոփայութիւն, բնաբանութիւն, բանաստեղծութիւն, քաղաքական տեսութիւն, հոգեբանութիւն, կենդանաբանութիւն եւ տակաւին շատ մը «բանութիւն»ներու մասին ան ունի իր հաստատ ուսումնասիրութիւններն ու միտքերը:

Արիստոտել հիմնադիրն է «ճշգրիտ-կազմակերպուած տրամաբանութեան» (formal logic): Կենդանաբանական աշխարհի իր տեսական եւ գործնական ուսումնասիրութիւնները, բարոյագիտական եւ քաղաքական տեսութիւններու, բնազանցական եւ գիտական իմաստասիրութեան տեսակէտները մինչեւ այսօր ուսումնասիրութիւններու առարկայ կը մնան:

Արիստոտել հիմնադիրն էր նաեւ Լիսեումի (lyceum): Ան մարզադահլիճի (ճիմնէզիում) մը մէջ հիմնեց իր Լիսէն, ուր շրջանի լաւագոյն միտքերը կու գային իրենց ուղեղները լեցնելու նոր բացուող գիտութիւններու լոյսով:

Ք.Ա. 342 թուականին, Մակեդոնիայի Փիլիփ Բ. թագաւորը զինք իր քով կանչելով, Արիստոտելին, իր զաւկին՝ ապագայ Մեծն Ալեքսանտրի անձնական ուսուցիչ կարգեց: Իր այս «աշակերտ»ը, երբ աշխարհակալութեան ելած էր, ամէն տեղէ անոր կենդանիներու, բուսականութեան եւ բնութեան այլ երեւոյթներու նմոյշներ կը ղրկէր, որոնք կ՚ուսումնասիրուէին Արիստոտելի եւ իր աշակերտներուն կողմէ, եւ շատ ճշգրիտ նկարագրականներ կու տային, բան մը, որ այս օրերուն կարելի է կատարել միայն մանրադիտակներով:

Մտաւորական, մտածելու կարգ ու կանոնի, միտքի գիտական մարզանքներու կամ տրամաբանութեան կարգապահութեան (intellectual discipline) ռահվիրան էր Արիստոտելը:

Իր մասին կարելի է քանի մը տասնեակ հատորներ գրել (ինչպէս որ ըրած են անցնող 2300 տարիներու ընթացքին), սակայն տակաւին կարելի կ՚ըլլայ միշտ նոր ուսումնասիրութիւններ եւ բաներ գրել իր իմաստասիրութեան բնագաւառին եւ գիտական, քաղաքական, բարոյագիտական եւ միւս մարզերուն մասին:

Հոս կ՚ուզեմ քիչ մը անկապ «անեքտոտ» մը պատմել, որ տեղի ունեցած է միջին դարերուն, Եւրոպայի մէջ:

Օր մը, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, իրենց մէկ ժողովի ընթացքին, հարց կու տան, որ էշուն բերնին մէջ քանի՞ ակռայ կայ: Մեր իմաստակները անմիջապէս կը սկսին Պղատոնի, Արիստոտելի, Աստուածաշունչի, եկեղեցական սուրբերու եւ այլ մտաւորականներու գրութիւնները ուսումնասիրել: Իրենց փնտռտուքներուն մէջ չեն հանդիպիր գրութեան մը, ուր էշու ակռաներու թիւը յիշուած ըլլար: Երիտասարդ վանական մը, կը յանդգնի ըսել, որ երթան եւ էշ մը բերեն եւ բերանը բանալով համրեն ակռաները...: Աստուծոյ սեւազգեստ ծառաները շատ կը բարկանան այս նորելուկին արտայայտութեան վրայ: «Դուն ո՞վ ես որ կը համարձակիս ըսել բաներ, որ Արիստոտելը չէ ըսած, Աստուածաշունչին մէջ չէ գրուած, եկեղեցւոյ սուրբերը չեն խօսած այդ մասին: Քեզ պէտք է խարոյկի վրայ այրենք»...: Բարեբախտաբար եկեղեցականներուն մէջ խելքը գլուխը եպիսկոպոս մը կը հանդարտեցնէ սեւազգեստները (նոյնիսկ եկեղեցականներուն մէջ քիչ թէ շատ խելացի մարդիկ ալ կ՚ըլլան, երբեմն...):

Արիստոտելի քանի մը իմաստուն խօսքերէն.

- Ինքնաճանաչումը իմաստութեան սկիզբն է:

- Զարգացած միտքի ցուցանիշներէն մէկն ալ կարենալ գաղափար մը զարգացնելն է առանց զայն ընդունելու:

- Յոյսը երազի մը արթնութիւնն է:

- Ի՞նչ է բարեկամը - նոյն հոգին երկու մարմիններու մէջ:

- Միտքը դաստիարակելը առանց հոգին դաստիարակելու՝ դաստիարակութիւն չէ:

- Մեծ միտք մը երբեք գոյութիւն չէ ունեցած առանց պատառ մը խենդութեան:

- Երջանկութիւնը մեզմէ կախեալ է:

- Ոեւէ մէկը կրնայ բարկանալ, շատ դիւրիւն է այդ: Բայց, ճիշդ անձին հետ, ճիշդ աստիճանի, ճիշդ ժամանակին, ճիշդ նպատակին եւ ճիշդ ձեւով բարկանալը ամէն մարդու գործը չէ եւ շատ ալ դիւրիւն չէ:

- Որեւէ հարցի մէջ գերազանցութիւնը պատահական չէ: Ան միշտ բարձր նպատակի, լուրջ ճիգի եւ ուշիմ գործադրութեան արդիւնք է։ Ան կը ներկայացնէ տարբեր կարելիութիւններէն խելացի ընտրանքը, ընտրա՛նքը, ոչ պատահականութիւնը:

- Մէկու մը հետ բարեկամանալը շատ արագ կրնայ ըլլալ, բայց ընկերութիւնը՝ կամաց հասունցող պտուղ է:

- Երջանկութիւնը կեանքի իմաստն ու նպատակն է, ամբողջ ձգտումն է եւ մարդկութեան գոյութեան իմաստին վախճանը:

- Ամէնուն բարեկամը որեւէ մէկուն բարեկամը չէ:

- Համբերութիւնը լեղի է, բայց անոր պտուղը՝ քաղցր:

- Անոնք որոնք մանուկները լաւ կը դաստիարակեն, աւելի պէտք է յարգուին, քան անոնք որոնք կեանք կու տան անոնց: Այս՝ որովհետեւ ասոնք միայն կեանք կու տան անոնց, մինչ անոնք՝ լաւ ապրելու արուեստը կը սորվեցնեն:

- Ան որ իր վախերուն կը յաղթէ, իրապէս ազատ պիտի ըլլայ:

- Անոնք որոնք գիտեն, կը գործադրեն: Անոնք որոնք կը հասկնան, կը սորվեցնեն:

- Զարգացածները չզարգացածներէն կը տարբերին այնքան՝ որքան ապրողները կը տարբերին մեռեալներէն:

- Ան որ առանձնութենէն երջանիկ է, կա՛մ գազան է, կամ՝ Աստուած:

- Ես աւելի անվախ եւ քաջ կը նկատեմ ան, որ իր ցանկութիւնները կը նուաճէ, քան ան՝ որ իր թշնամիներուն կը յաղթէ, քանի որ ամենադժուար յաղթանակը իր անձին յաղթելն է:

- Աղքատութիւնը յեղափոխութիւններու եւ ոճիրներու ծնողքն է:

- Արուեստին նպատակը ոչ թէ արտաքին տեսքը ներկայացնելն է, այլ՝ անոր ներքին իմաստը արտայայտելը:

- Պատերազմին յաղթելը բաւարար չէ. աւելի կարեւոր է խաղաղութիւնը կազմակերպելը:

- Յիսուն թշնամիներու հակադեղը մէկ բարեկամն է:

- Բարձր մտածող մարդը աւելի պէտք է մտահոգուի ճշմարտութեամբ, քան թէ ինչ կը մտածեն մարդիկ:

- Գործին ընթացքին ստացուած հաճոյքը՝ գործը կատարելութեան կը հասցնէ:

- Լաւ գրելու համար արտայայտուէ այնպէս, որ հասարակ մարդիկ քեզ հասկնան, բայց մտածէ իմաստուն մարդու պէս:

- Մէկ ծիծեռնակով գարուն չի գար, ոչ ալ մէկ արեւոտ օրով. նոյնպէս, մէկ օրուան կամ կարճ ժամանակուայ ուրախութիւնը մարդը ամբողջութեամբ ուրախ չի դարձներ:

- Սորվիլը մանկական խաղ չէ. չենք կրնար առանց ցաւի սորվիլ:

- Ամբողջութիւնը աւելի մեծ է քան մասերուն գումարը:

- Այն բաները որոնք մենք պէտք է սորվինք բան մը կատարելու համար, կը սորվինք զանոնք կատարելով:

- Մարդը բնութեամբ ընկերային կենդանի է:

- Մարդկային բոլոր արարքները այս 7 պատճառներէն մէկ կամ մէկէ աւելի պատճառները ունին. պատահականութիւն, բնութիւն, ստիպում, սովորութիւն, շարժառիթ, կիրք եւ փափաք:

- Լաւ մարդ եւ լաւ քաղաքացի ըլլալը միշտ ալ նոյն բաները չեն:

- Միտքին կայտառութիւնը կեանքին էութիւնն է:

- Մեր ամենամութ վայրկեաններուն է, որ մենք պէտք է կեդրոնանանք լոյսը տեսնելու:

- Որքան աւելի գիտնաս, այնքան աւելի կը գիտակցիս, որ բան չես գիտեր:

- Ան որ լաւ հետեւորդ մը չի կրնար ըլլալ, լաւ առաջնորդ ալ չի կրնար ըլլալ:

- Բոլոր վճարովի գործերը կը սպառեն եւ կը նուաստացնեն միտքը:

- Բնութիւնը բան չի կատարեր անիմաստ տեղը:

- Ուր որ քու տաղանդներդ եւ աշխարհի պէտքերը կը խաչաձեւուին, հոն է քու կոչումդ:

- Կը պատերազմինք, որպէսզի խաղաղութեան մէջ ապրինք:

- Վախը այն ցաւն է, որ չարին ակնկալութենէն յառաջ կու գայ:

- Կարգապահութենէն՝ ազատութիւն յառաջ կու գայ:

- Որպէսզի կարենաս նուագախումբը ղեկավարել, կռնակդ ժողովուրդին պէտք է դարձնես:

- Մայրերը հայրերէն աւելի կը փայփայեն (սիրեն) իրենց զաւակները, քանի որ վստահ են, թէ անոնք իրապէս իրենցն են:

- Բոլոր երկրաշարժներն ու աղէտները ազդարարութիւններ են շատ ապականութեան։

- Ան որ լաւ կառավարիչ պիտի ըլլայ, նախապէս կառավարուած պէտք է ըլլայ:

- Բանաստեղծութիւնը աւելի նուրբ է եւ աւելի փիլիսոփայական քան պատմութիւնը, քանի որ բանաստեղծութիւնը տիեզերականը կ՚արտայայտէ, իսկ պատմութիւնը՝ մասնակին:

- Ինծի մանուկ մը տուր մինչեւ եօթ տարեկան, եւ ես քեզի մարդ մը ցոյց տամ:

- Տկարը միշտ մտահոգ է արդարութեան եւ հաւասարութեան համար: Զօրաւորը այդ բաներուն կարեւորութիւն չի տար:

- Անոնք որոնք մտածած են մարդկութիւնը կառավարելու արուեստին մասին, համոզուած են որ կայսրութիւններու ճակատագիրը կախեալ է երիտասարդութեան կրթութենէն, դաստիարակութենէն:

ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2019