ԱՐՏԵՐԿՐԻ ՄԷՋ ՀԱՐՍԱՆԻՔՆԵՐԸ ԵՒ ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Այլեւս աւելի քան հրատապ դարձած է բնապահպանութիւնը եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ կենսական պայքարը: Մասնագէտներ, մտաւորականներ, գործիչներ եւ յօդուածագիրներ ամէն առիթով կլիմայի փոփոխութեան առաջնորդող ամէն երեւոյթի մասին ահազանգ կը հնչեցնեն, մինչ ամենէն անտարբերները քաղաքական գործիչներն են, որոնք կարելիութիւնը ունին առնուազն այս առընչութեամբ գործնական քայլեր առնելու, որոշումներ տալու, սակայն բազմաթիւ հաշիւներով ջայլամի քաղաքականութիւն կը վարեն:

Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթի սիւնակագիր Ռոզ Սթոքս վերջերս յօդուածով մը նոյնիսկ անդրադարձած է պսակի արարողութիւնները արտերկրի մէջ կատարելու երեւոյթին, որ նոյնպէս կրնայ վնասներ պատճառել բնութեան: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

Ի՞ՆՉ Է ԲՆԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ԳԻՆԸ՝ ՕԴԱՆԱՒՈՎ ԵՐԿԱՐ ՃԱՄԲՈՐԴԵԼՈՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՊՍԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆ ԸՍԵՍ՝ «ԱՅՈ՛»

Բնաւ մտածա՞ծ էք, թէ ինչպէ՛ս հարսանիքները եւ կլիմայի փոփոխութիւնը կ՚առընչուին իրարու: Ատիկա այնքան ալ անշօշափելի չէ, որքան կրնաք կարծել:

Այս ամառ ականատես եղանք Ամազոնի անտառի հրկիզումին: Ամբողջ աշխարհը մեկնաբանութիւններ ըրաւ՝ կրակին մէջէն մեր պատկերասփիւռներուն եւ ընկերային ցանցերուն միջոցով սփռելով տագնապալի պատկերներ, շեշտելով ահաւոր աղէտը:

Հրապարակուեցան լուրեր, որ բեւեռային հսկայ սառոյցները աննախընթաց արագութեամբ կը հալին, եւ թէ՝ մենք կը բախինք ոչ թէ մէկ, այլ չորս բնապահպանական կէտերու (ուր մարդոց կողմէ մոլորակի վրայ կատարուած վնասը կը նկատուի անդառնալի), եւ որ բոլոր կենդանի տեսակներու 50 առ հարիւրը կրնայ ոչնչանալ մինչեւ 2100 թուականը:

Միաժամանակ մեր ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու թարմացումները միշտ գործունեայ էին, երբ կը ներկայացնէին զոյգեր, որոնք իրենց խանդավառ ապագան միասին կը նշէին տարաշխարհիկ (էքզոթիք) վայրերու մէջ՝ Պալիի լողափներ, Թոսքանայի այգիներ կամ Լաս Վեկասի մատուռներ:

Պսակի արարողութիւնը արտերկրի մէջ ընելը, կարծես, շատերուն համար ոգեշնչող դարձած է: Փաստօրէն 2016-2017 թուականներուն արտասահմանեան հարսանիքներուն թիւը աւելցած է 14 առ հարիւրով: Բայց նկատի առնելով, որ ձեր բնածուխի հետքը նուազեցնելու ամենէն արդիւնաւէտ միջոցը օդանաւային աւելի նուազ ճամբորդութիւնն է, ուրեմն արարողութեան ատեն «Այո՛» ըսելու համար ձեր, ձեր արժէքաւոր երկրորդ կէսին եւ ձեր հարսանիքի հիւրերուն աշխարհի մէկ կողմէն միւսը թռչելու միտումը քիչ մը խանգարող է:

Վերջին քանի մը տարիներուն հսկայական տեղաշարժ եղած է շրջակայ միջավայրի վրայ մեր ազդեցութեան մասին հասկնալու մէջ, եւ թէ ինչպէ՛ս անհատները կրնան օգնել՝ նուազեցնելու ատիկա:

«Կապոյտ մոլորակի ազդեցութիւնը», որ խթանած է Տէյվիտ Աթենպորոյի ակօս բացող վաւերագրական շարժանկարը, ցոյց տուած է, թէ ինչպէ՛ս սպառողները աւելի լաւ դաստիարակելը կրնայ ազդել անձնական եւ առեւտրական մակարդակներու մէջ մարդոց կենցաղին, վարքին վրայ:

«Կայունութեան ղեկավարները» սկսած են յայտնուիլ աշխարհի մեծագոյն որոշ մակնիշներու ղեկավար կազմի վրայ՝ նշելով ազդանշանը կլիմայի վրայ անոնց ազդեցութեան մասին՝ նոյնպէս ընդունելով ատիկա փոխելու իրենց պատասխանատուութիւնը:

Սպառողներու ակնկալութիւնները նոյնպէս զարգացած են. 2019-ին մենք կ՚ակնկալենք առեւտրական տրամաբանական գործառոյթ՝ մատակարարման ցանցերու միջոցով: Մենք կ՚ակնկալենք, որ մակնիշները շուկային մէջ կը տրամադրեն կենսոլորտային առաւել մաքուր եւ պատասխանատու աղբիւրներ:

Կանաչը նոր սեւն է բազմաթիւ առումներով: Բայց հարսանիքները այնքան մասնակից չեն:

Արտերկրի մէջ հարսանիքի ձեր հիւրերու ծախսերու յաւելման հետեւանքներուն մասին, հակառակ միտքերու, տեսակէտներու բազմացման, այդ որոշումներու շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան շուրջը քննարկումները հազուադէպ են:

Երբ մենք մեր կեանքը աւելի եւ աւելի կ՚անցընենք համացանցի մէջ, կեանքի իրադարձութիւնները ծրագրելու ատեն չափանիշ դարձած է հաշուի առնելը, որ այդ փորձառութիւնները, միջոցառումները ընկերային ցանցերուն մէջ ինչպէս, կամ որքան «լայք»եր պիտի ստանան: Ինսթակրամի նման յաւելուածները արդէն յեղափոխած են զբօսաշրջութեան արդիւնաբերութիւնը շատ հեռաւոր վայրերու մէջ եւ, իբրեւ արդիւնք, դարձած են յառաջատար հետազօտական գործիք մը իրենց արձակուրդները ծրագրող մարդոց համար: Բայց ատիկա նոյնպէս մեծցուցած է ճնշումը՝ առաւելագոյնս «հետաքրքրական» կամ «անհատական» ըլլալու մեր առօրեայ կեանքին մէջ, մինչ ատիկա յաճախ վտանգաւոր հետեւանքներ կ՚ունենայ մեր հոգեկան առողջութեան, մեր դրամական կացութեան եւ շրջակայ միջավայրին համար:

Ուրեմն զարմանալի չէ, որ նոյն միտումը հարսանիքներու մասին է: Նշանուած բազմաթիւ զոյգեր վերջերս ընկերային ցանցերու մէջ լրատուամիջոցներ կը փնտռեն իրենց յատուկ օրը ինչպէս ծրագրելու համար: Ըստ հարսանիքներ կազմակերպող ընկերութեան մը մասնագէտին, յստակօրէն կ՚աճի արտերկրի մէջ պսակի արարողութիւնն ու խրախճանքը կատարելու միտումը:

Լոնտոնէն Նիւ Եորք վերադառնալու թռիչքը համարժէք է ամբողջ տարուան ընթացքին բազմաթիւ մարդոց ինքնաշարժ վարելուն՝ արտահոսքի առումով։

Աստղերու (դերասան, երգիչ, մարզիկ եւ այլն) մշակոյթը նոյնպէս դեր կը խաղայ, եւ բազմաթիւ յայտնի մարդիկ «կ՚ընդունին միտումը»: Բազմաթիւ մարդոց համար ատիկա դարձած է ձգտում: Աւանդութիւնը կ՚ըսէ, որ հարսանիքները յաճախ կը մեկնաբանուին իբրեւ հասարակութեան մէջ մէկու մը դիրքի յայտարարութիւն: Եւ հակառակ անոր որ հարսանիքներու եւ ամուսնութեան գաղափարը իբրեւ ամբողջութիւն մեր միտքերուն մէջ շատ փոխուած են, սակայն կարծես թէ արտերկրի մէջ հարսանիքներ կազմակերպելը որոշ խումբերու համար դարձած է նոր կարգավիճակի խորհրդանիշ:

Խաղային այլ գործօններ նոյնպէս կան: Համաշխարհայնացումը ասոր համար բազմաթիւ պատասխաններ ունի: Սեպտեմբերին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին զանգուածային ներգաղթի եւ տեղաշարժելու ազատութեան նկատմամբ քաղաքական միտումները կը նշանակեն, որ այժմ աւելի սովորական է ապրիլ ծննդավայրէն բոլորովին այլ տեղ մը: Ասիկա կը յառաջացնէ նիւթական-արհեստագիտական բարդութիւններ այն բազմաթիւ զոյգերուն համար, որոնք կը ծրագրեն հարսանիքներ: Օրինակ, եթէ դուք կ՚ապրիք այլ երկրի մը մէջ, հեռու՝ ձեր ընտանիքին եւ ընկերներուն մեծամասնութենէն, բոլորին նոյն վայրին մէջ գտնուիլը շատ աւելի բարդ է:

Բրիտանացիներուն համար արեւու լոյսին ներքեւ մոխրագոյն եւ անձրեւոտ եղանակը ձգելու հեռանկարը նոյնպէս լաւ ընտրանք է:

Դրամական արժէքը նոյնպէս ազդեցութիւն ունի, եւ շատերը կ՚որոշեն ամուսնանալ արտերկրի մէջ՝ այն յոյսով, որ ատիկա կը նուազեցնէ իրենց հարսանիքի ընդհանուր գինը: Քանի որ ճաբորդութիւնը մատչելի է եւ դէպի Եւրոպա օդանաւային թռիչքները մատչելի են նոյն գինով, որքան գնացքի տոմսը՝ ամբողջ Բրիտանիոյ մէջ, արտերկրի մէջ հարսանիքները երբեք այդքան մատչելի չեն եղած զոյգերու եւ անոնց հիւրերուն համար:

Հասկնալի է, որ շատերու համար պարզ չէ առաջադրանքին ծաւալը եւ անհատին պատասխանատուութիւնը: Այս երեւոյթին շարժիչ մեծ ուժը անկայուն, փոփոխական ուղերձներն են քաղաքական գործիչներու շրջանակին մէջ եւ քաղաքականութեան յստակ մակարդակի հաղորդակցութեան եւ առաջնորդութեան բացակայութիւնը՝ դրական փոփոխութիւն կատարելու համար տեղեկութիւն ունեցողներուն եւ անոնց միջեւ, որոնք անպայման կ՚ուզեն նպաստել ատոր:

Ըստ մասնագէտներու, օդագնացութիւնը արտահոսքերու ամենէն արագ աճող աղբիւրներէն մէկն է աշխարհի մէջ, եւ թռիչքներու քանակը նուազեցնելը կարեւոր միջոց է շրջակայ միջավայրի վրայ մեր անձնական ազդեցութիւնը սահմանափակելու համար: Հակառակ անոր, որ մեզմէ համեմատաբար քիչեր թռիչքներու մեծ մասը կը կատարեն, սակայն միայն հաւաքական գործողութիւնները ի վիճակի են արագացնելու հոլովոյթը:

Մասնագէտներ նոյնպէս կը հաստատեն, որ հանածոյ քարիւղի այրումը օդի բարձրութեան վրայ ունի բազմապատիկ ազդեցութիւն, որովհետեւ հոն օդը աւելի նօսր է:

Օդանաւային ճամբորդութիւնները այս օրերուն այնքան բնական են, որ բազմաթիւ մարդիկ չեն գիտակցիր, թէ ատիկա որքան մեծ ազդեցութիւն կը գործէ շրջակայ միջավայրին վրայ: Լոնտոնէն Նիւ Եորք վերադառնալու թռիչքը համարժէք է ամբողջ տարուան ընթացքին բազմաթիւ մարդոց ինքնաշարժ վարելուն՝ արտահոսքի առումով:

Այդուհանդերձ, դժուար է հասկնալ ձեր հարսանեկան հիւրերուն օդանաւով ճամբորդելու խնդրանքներու հաւաքական ազդեցութիւնը՝ դիտելու, թէ դուք ինչպէ՛ս երդում կու տաք: Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են, քաղաքացիական օդագը-նացութեան միջազգային կազմակերպութիւնը ունի վառելանիւթի արտահոսքերու առցանց հաշուիչ:

Տուեալներ ներկայացնենք. Լոնտոնէն դէպի Պալի հարսանեկան 50 հիւրերու օդանաւային վառելանիւթի արտահոսքը 65.672 քկ. է: Ըստ մասնագէտներու, 10 տարուան ծառ մը կրնայ տարեկան ծծել 21.8 քկ. բնածուխի երկթթուակ (carbon dioxide): Ասիկա կը նշանակէ, որ 3013 ծառեր անհրաժեշտ են տարուան մը ընթացքին վերափոխելու այս տեսակի հարսանիքի շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութիւնը:

Ուրեմն դուն՝ որպէս անհատ, ի՞նչ կրնաս ընել:

Բնածուխի փոխարինումը վերջին քանի մը տարիներուն մեծ ժողովրդականութիւն ունեցած է՝ իբրեւ արտահոսքերու յառաջացումը նուազեցնելու միջոց: «Կուկըլ»ի պարզ որոնում մը ցոյց կու տայ հարիւրաւոր ընկերութիւններ, որոնք կ՚առաջարկեն ծառայութիւն, որուն միջոցով սպառողները կրնան դրամական յատկացումներ ընել նախագիծերու՝ բնածուխի արտահոսքերը նուազեցնելու համար, առաւել յաճախ՝ իրենց անունով ծառեր տնկելով: Կարծիքները կը տարբերին այն հարցին մէջ, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ է այս հոլովոյթը:

Ոչ ոք կ՚ըսէ, որ պէտք է դադրին ճամբորդութիւնները: Խօսքը կը վերաբերի արտերկրի մէջ գործուղումներ ծրագրելու ատեն բարեխիղճ ըլլալու մասին, նոյն ձեւով կ՚ընէիք, եթէ սահմանափակ եկամուտ ունենայիք:

Այդուհանդերձ, Բրիտանիոյ մէջ կան ընկերութիւններ, որոնք կ՚առաջարկեն օգնել ձեզի մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ձեր հարսանիքը նպաստել կլիմայի փոփոխութեան եւ ատոր ազդեցութիւնը նուազեցնելու եղանակներուն: Մանաւանդ Սկովտիոյ մէջ սկսած են ի յայտ գալ ծաղիկի ասպարէզի ընկերութիւններ, որոնք ծաղկեփունջ կազմելու համար տեղական ծաղիկներ կը գործածեն՝ փոխանակ արտերկրէն ծաղիկներ բերելու:

Կարելի եղածին չափ տան մօտ մնալը աւելի լաւ գաղափար է, քան՝ հեռաւոր վայր մը ուղղուելու նպատակով հիւրերուն համար հանրակառքային ճամբորդութիւններ կազմակերպելը: Այլ լաւ գաղափար մըն է զեխ խրախճանքի համար յատկացուելիք գումարը նուիրել բնապահպանական նախաձեռնութիւններուն աջակցող բարեգործութեան:

Ոմանց համար տակաւին կրնայ իրապաշտ չըլլալ տան մօտ պսակուիլը: Այն զոյգերուն համար, որոնք կ՚ուզեն արտերկրի մէջ ծրագրել իրենց հարսանիքը, բայց որոնք նոյնպէս կ՚ուզեն նուազագոյնի հասցնել իրենց ազդեցութիւնը շրջակայ միջավայրի վրայ, կան զանազան քայլեր, որոնք կրնան կատարուիլ:

Վերամշակուած նիւթերէ կամ ելեկտրոնային փոստով հրաւէրները կ՚ըլլան արտադրուած թափօնները նուազագոյնի հասցնելու ամենէն արագ եւ դիւրին միջոցներէն մէկը: Նոյնպէս տեղական ուտեստեղէնի եւ ծաղիկներու նման բաներու ապահովումը աւելի բարիք կ՚ըլլար շրջակայ միջավայրի նկատմամբ, եւ ատիկա յաւելեալ օգուտ ունի. կը նշանակէ, որ կրնաք ընդգրկել տեղական մշակոյթի մէկ մասը:

Եւ եթէ մնացեալ ամէն բան ձախողի՞: Դուք միշտ կրնաք խուսափիլ բազմաթիւ հիւրերէ: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ 128 առ հարիւրով աւելցած է թիւը այն զոյգերուն, որոնք կ՚ընտրեն առանձին երթալ: Քիչ հիւրեր ունենալը անպայման կը նուազեցնէ ձեր բնածուխի հետքը:

Պէտք է աւելի մտածել ձեր շրջակայ միջավայրին վրայ ձեր ազդեցութեան եւ ձեր ընտրութեան աւելի լայն հետեւանքներուն վերաբերեալ: Խօսքը այն մասին է, որ նկատի պէտք է առնել, թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր գործողութիւն, որ դուք կրնաք ձեռնարկել օրուան ընթացքին, կրնայ նպաստել շատ աւելի մեծ բանի մը: Ու թէեւ ատիկա կը պահանջէ, որ աւելի շատ զոյգեր փոխեն իրենց հարսանեկան ծրագիրները՝ անհրաժեշտ ծաւալով բարեփոխումներ կատարելու համար, կարեւոր է յիշել, որ անհատական գործողութիւնները կրնան վերածուիլ հաւաքական փոփոխութիւններու:

Ի վերջոյ, սպառողական հասարակութեան մէջ մեծ առեւտուրի հոլովոյթին վրայ ազդելու լաւագոյն միջոցը պահանջի կրճատումն է, որ կը սկսի անհատական մակարդակէն:

Ամէն պարագայի, նկատի առնելով, որ հարսանիքներու ծրագրաւորման մեծ մասը կը վերաբերի ապագային՝ երեւակայելու, պատկերացնելու, թէ ինչպիսի՛ն կ՚ըլլայ մեր կեանքը, արդեօք պէտք չէ ըլլա՞յ այն աշխարհը, որուն մէջ մենք պիտի ապրինք այն ժամանակ, երբ մենք աւելի տարիքոտ ենք:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2019