ԼՈՒՍԻՆԷ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ. «ԱՅՍՕՐ ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԱԿՆԵՐԸ ՏԱՐՈՐՈՇԵԼՈՒ, ԲԱՅՑ ԵՒ ԻՆՔԸ՝ ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ ՎԵՐՑՈՒՑԱԾ Է ՃԱՇԱԿ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԳՈՐԾԱՌՈՅԹԸ»

Բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լուսինէ Աւետիսեան ծնած է 1975 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի Սարուշէն գիւղը: 1978 թուականին ընտանեօք տեղափոխուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Հոկտեմբերեան (այժմ՝ Արմաւիր) քաղաքը: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է նախ՝ քաղաքի թիւ 7, ապա Երեւանի թիւ 10 դպրոցի (Մկրտիչ Խրիմեանի անուան) հայագիտական թեքումով դասարանին մէջ: 1996 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: Նոյն տարին ընդունուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան ինստիտուտի ասպիրանտուրան: Պաշտպանած է «Տիրան Չրաքեանի պոէտիկան» նիւթով թեկնածուական ատենախօսութիւնը ու ստացած բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան: 1996 թուականէն ի վեր կ՚աշխատի նոյն ինստիտուտին մէջ որպէս աւագ գիտաշխատող: Բացի այդ՝ «Հայ մտքի դպրոց» հայագիտական նորաբաց կեդրոնին մէջ կը դասաւանդէ գրաբար, արեւմտահայերէն եւ մաշտոցեան ուղղագրութիւն:

Հրատարակած է «Բանաստեղծութիւններ» (2000) եւ «Արժանի լինել» (2019, լեզու՝ գրաբար) բանաստեղծական ժողովածուները, «Տիրան Չրաքեանի պոէտիկան» (2005) մենագրութիւնը, «Յաւերժամանուկը» (2008) վերլուծական գիրքը (Անթուան տը Սենթ Էքզիւփերիի «Փոքրիկ իշխանը» հեքիաթին մասին), «Ուրբաթագիրք» (2012) հայերէն առաջին տպագիր գիրքի առաջին աշխարհաբար թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ «Երբ յայտածուում է մաշտոցեան տրամաբանութիւնը» (2018) աշխատութիւնը:

Հեղինակ է գրականագիտական, լեզուաբանական ու բառաստուգաբանական բազմաթիւ յօդուածներու: Աշխարհաբարին զուգահեռ կը գործածէ գրաբարը՝ որպէս գրականութեան, գիտութեան ու արուեստի լեզու:

Ա.

-Սովորական օր մը, գիր ու գրականութենէ դուրս, ինչպէ՞ս կ՚անցնի Ձեզի համար:

-Փոքրիկ ժպիտով մը պատասխանեմ, որ գիր ու գրականութենէ դուրս օրերը չեն կրնար սովորական ըլլալ, անոնք արտասովոր օրեր կ՚ըլլան։ Սակայն ինծի համար սովորական է օրուան այնպիսի կշռոյթը, ուր որեւէ ստեղծողութիւն կայ, կարեւոր չէ՝ գրիչով, թէ բրիչով։ Եթէ ազատ պահ ըլլայ, ինչը վերջերս, ցաւօք, սակաւադէպ է, քանդակելու կարօտս կը յագեցնեմ՝ որեւէ մտապատկեր կամ գաղափար մարմնաւորելով նիւթի կտորի մէջ։ Ասոնք ներդաշնութեան վայրկեաններ են։ Եւ ընդհանրապէս անկարելի է կեանքը առանց գիտութեան, գրականութեան եւ արուեստի երանելի համադրութեան։ Եւ նոյն այս համադրութեամբ կը գոյանայ իմ սովորական օրս։ Երբեմն կը ձայնագրեմ գրաբար գրութիւններս եւ ենթագիրերով տեսանիւթեր կը պատրաստեմ՝ որպէս օգնութիւն դասական լեզուով արդի գրականութիւն ընթերցել կամեցողներուն։ Նոյնիսկ գրաբար քերթուածներուս գիրքի ձեւաւորման մէջ, որ նոյնպէս ինքս կ՚ընեմ, որպէս զարդարանք օգտագործեցի ձայնագրութիւններս ամփոփող ճեպարձագանգ ծածկագիրեր (հեղ. - qr code)՝ այդպիսով նորագոյն արհեստագիտական նուաճումները ծառայեցնելով գրաբարի հանրայնացումին։ Երբեմն երաժշտութիւն կը ստեղծեմ քերթուածներուս համար։ Կը սիրեմ մեր այգիին մէջ հետեւիլ բոյսերու աճին, ծաղկումին ու պտղաւորումին, որոնք տիեզերական բանահիւսութիւնը կը վերապատմեն ամէն անգամ՝ հօրս հոգատար ձեռքերուն կենսատու եւ կազդուրիչ մշակութեամբ։ Յաճախ կ՚այցելեմ քոյրերուս, կը տարուիմ քեռորդիներուս հետ խաղերուն, կը հրճուիմ աշխարհի անոնց ընկալումներով՝ վերյիշելով մոռցուած շատ մը կարեւոր բաներ... Մանկութեան աշխարհը... Թերեւս բոլորն ալ իրենց ներսը կը կանխազգային, որ օր մը պիտի վերադառնան հոն։

-Օրական քանի՞ ժամ կը զբաղիք գրական աշխատանքներով: Որեւէ յատուկ մեթոտ մը, եղանակ մը ունի՞ք գրելու:

-Քանի որ ստեղծագործական յղացում եւ ընթացք է նոյնիսկ գիտական աշխատանքը, երբեք չեմ կրնար որեւէ ժամանակացոյց սահմանել անոր համար։ Կ՚ըլլան օրեր, երբ ոչ մէկ տող կրնամ գրել, որովհետեւ ինչ-որ հոգեմտաւոր խմորումի պահ կ՚ապրիմ, որ յաճախ կը տանջէ, բայց յետահայեաց արժեւորումի ժամանակ գոհութիւնս կը յայտնեմ նոյն այդ օրերուն։ Կ՚ըլլան օրեր, երբ յորդաբուխ ծագումով կ՚արտածաղկին միտքերս ու գաղափարներս, կը մնայ, որ ձեռքս հասցնէ սղագրել։ Նոյն այս վայրիվերումները իմ կեանքի օրինաչափութիւնս դարձած են, եւ թուացեալ անկերպաբանութիւնը՝ աշխատելու կերպս։ Իսկ բանաստեղծութիւնը ինքնին քաոսէն կարգաւորումի շրջաբերութիւն է, եւ անկարելի է անոր համար որեւէ կերպաբանութիւն (հեղ. - մեթոտ) մշակել։

Բ.

-Ի՞նչն է պատճառը, որ այսօրուան մշակուող գրականութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս, ըստ արժանւոյն չի գնահատուիր. ճշմարիտ տաղանդներու չգոյութի՞ւնը, հանրութեան անտարբերութի՞ւնը, թէ՞ այլ պատճառներ կան:

-Երբեք չի կրնար ըլլալ ճշմարիտ տաղանդներու չգոյութիւն։ Իսկ հանրութեան անտարբերութիւնը իր առարկայական պատճառները ունի։ Համացանցը, տեղեկութեանց առատութիւնը, գրական գեղարուեստական նիւթի առատութիւնը, այդ լիութենէն պիտանի նիւթի ընտրութիւնը ապահովող քննադատութեան պակասը, ժամանակ տնտեսելուն միտուած արհեստագիտական (technologic) յարաճուն յառաջընթացը, անոր հակառակ՝ ժամանակի յարաճող սղութիւնը, ամէն ինչ ընթերցելու անհնարինութիւնը, հոգեւոր քաղցը չյագեցնող շատ բան ընթերցել սկսելուն յաջորդող հիասթափութիւնը եւ շատ ուրիշ պատճառներ, որոնք համալիր կերպով կը ստեղծեն գրութեան նկատմամբ հիւանդագին անզգայնութիւն մը, եթէ չըսեմ՝ կարդալ չկարենալու հիւանդութիւնը։ Ես այդպէս կ՚ընկալեմ երեւոյթը եւ, կարծեմ, չեմ սխալիր։

-Ձեր կարծիքով՝ ինչո՞ւ գրաքննադատութիւնը կը թերանայ այսօր իր պարտականութեան մէջ: Կրնա՞ք պատճառ մը թուել եւ խօսիլ անոր մասին:

-Այսօր կարծես յարաշարժաբար (inertia) կայ գրաքննադատութիւն, սակայն խորհրդային իրականութենէն ձերբազատելու պահէն պէտք է ձեւաւորուէր նոր գրաքննադատութիւնը, որ նոր գաղափարախօսութեան արտայայտիչը պիտի ըլլար։ Մինչդեռ չունինք նոր գաղափարախօսութիւն, որուն համապատասխան պիտի մշակուէր գրական երկերը արժեւորելու նոր կերպաբանութիւնը։ Մէկ կողմ ձգելով գրականութեան արժեւորումի խորհրդային չափանիշները՝ այս անգամ կարծես որդեգրեցինք եւրոպական մօտեցումներ, որոնք, ամէն պարագայի, եւրոպական գրականութեան նմանակումն ու ձեւացումը բերին մեր գրականութեան։ Կրնանք ըսել, որ ստեղծուեցաւ նոր հասարակութիւն մը, որուն կերպարը թերացող այդ գրաքննադատութիւնը կերտեց։ Անոր բացակայութիւնը թերեւս աւելի օգտակար ըլլար արդի գրականութեան համար, որ մեր հասարակութեան մէջ խմորուող նոր միտումները պիտի կերպաւորէր, նոր ու հզօր գաղափարներ մարմնաւորէր, սակայն գրաքննադատութեան օգնութեամբ օտար կերպարանք պատճէնեց, եւ կեանքի կարեւոր շատ մը երեւոյթներ, առաջնորդող գաղափարներ արժեզրկուեցան։ Մինչ այդ կարեւոր էր մշակել մեր հասարակութեան արդի գաղափարաբանութիւնը, որ պիտի տար թէ՛ գրականութեան նիւթն ու զայն իրագործելու կերպերը, թէ՛ գրաքննադատութեան յստակ չափանիշները, որովհետեւ գրականութիւնը իր առջեւ որոշակի նպատակներ եւ բարձր գաղափարներ պէտք է դնէ, իսկ գրաքննադատութիւնը արթուն ուղեցոյցը պէտք է ըլլայ գրողին այդ ուղեւորութեան եւ ընթերցողին գեղարուեստական ճիշդ ըմբռնումներուն եւ նոր ժամանակի գեղագիտական կատարելատիպերը ձեւաւորելու գործուն մասնակիցը։ Հասարակութիւնը իտէալներ կը փնտռէ, եւ նախ եւ առաջ անոնք պիտի գտնէ գրականութեան մէջ, որ իր համամարդկային արժէքներուն ամբողջութեամբ հանդերձ խիստ ազգային պիտի ըլլայ եւ ոչ ուղղակի արտապատկերումը արեւմուտքի արժէքներուն:

-Վերջերս տարածուած արտայայտութիւն է, թէ «հայ ժամանակակից գրականութիւնը ամէն ձեւով կը զիջի դասականին»: Համամի՞տ էք: Ինչո՞ւ:

-Ընդհանրապէս «դասական» կը համարուի այն գրականութիւնը, որ զտուած է ժամանակի հոլովոյթին մէջ, իր գեղարուեստական եւ գաղափարական արժանիքներով դիմացած է ժամանակի քննութեան, եւ համամարդկային կամ ազգային չափանիշներով ան կը համարուի նոր սերունդի ընթերցումին արժանի։ Այս իմաստով՝ թերեւս ներկայի դիտակէտէն դժուար է գնահատել ժամանակակից արուեստը՝ այդ կարգին եւ գրականութիւնը, որոնք դեռ չեն անցած ժամանակի քննութիւնը։ Եւ, անշուշտ, այդ իսկ պատճառով՝ արդի գրականութիւնը ներկայի դիրքէն դիտողի աչքին միշտ պիտի զիջի դասական գրականութեան։ Մանաւանդ որ դասականը մեծ ժամանակաշրջանի յառաջաձգութեամբ (projecting) կը դիտենք, եւ լուսատուներու խտութիւնը աւելի մեծ է հոն։

Ի հարկէ, հասարակարգերն ալ կը փոխուին, եւ յաճախ դասական գրականութիւնը վերարժեւորելու կարիք կ՚ըլլայ՝ նոր գաղափարախօսութեան նպաստող կամ խոչընդոտող իր բնոյթը նկատի առնելով։ Որքան ալ քննութեան առնենք մաքուր արուեստը, միեւնոյնն է, ան չի կրնար զերծ ըլլալ ժամանակաշրջանի, հասարակութեան, որոշակի իմաստասիրութեան հիւսած ենթապատկերէն, որուն վրայ իր լեզուին եւ ոճին, գեղագիտական ընկալումներուն եւ գեղարուեստական իրածումներուն շնորհիւ կ՚առանձնանայ հեղինակի մը գործը՝ որպէս ընդգծուած զարդ՝ գորգի մակերեւոյթին։ Եւ երբ դուն տակաւին անաւարտ այդ գորգին հիւսուող հատիկներէն ես, չափազանց դժուար է վերին աչքով ընդգրկել գորգին ամբողջ մակերեսն ու նկատել անոր շքեղ զարդերը։ Բայց որ կան անոնք, հաստատ է։

Սա նկատի առնելով՝ թերեւս անտեղի է ժամանակակից եւ դասական գրականութիւններու համեմատութիւնը։ Եւ միշտ ալ դասականը կը սնուցէ ժամանակակից գրականութիւնը. ինչ-որ մէկը կ՚ամբողջացնէ անցեալի սկզբնաւորած, սակայն իր լրումին չհասած հիւսուածքը, մէկ ուրիշը նոր հիւսուածք կը ստեղծէ, որ թերեւս ծանօթ զարդի մը ուրուագիծը կը յիշեցնէ, բայց պիտի պարզուի, որ ան բոլորովին նոր հոսանքի մը սկիզբը ազդարարած է:

Եւ շատ բան կախուած է գնահատողէն։ Այսօր համացանցը հնարաւորութիւն կու տայ հասարակութեան ճաշակները տարորոշելու, բայց եւ ինքը՝ համացանցը վերցուցած է ճաշակ ձեւաւորելու հնարաւորութիւնն ու գործառոյթը։ Եւ համացանցն է, որ ստանձնած է գրաքննադատութեան դերը։ Մինչդեռ այսօր գրադատութիւնը չունի արդի գրականութեան գնահատումի եւ արժեւորումի չափանիշներ։ Եթէ քաջավաճառութիւնն (հեղ. - bestseller) է չափանիշը, ապա որոշակի լայն խաւի ճաշակի ցուցանիշն է այդ եւ համեմատելի է ոչ բարձրաճաշակ երգարուեստի պահանջարկին հետ։ Բայց իսկապէս կարեւոր ցուցանիշ մըն է այդ. լուրջ գիրքը չի կրնար քաջավաճառ ըլլալ, եթէ, ի հարկէ, չէ գործած ճիշդ մշակուած գովազդի հոգեբանութիւնը։ Այսինքն՝ պարզ կը դառնայ, որ այսօր սպառած ենք որակը գնահատելու բոլոր չափանիշները։ Մեզի անհրաժեշտ են երկերը գնահատելու նոր չափանիշներ։

Գ.

-Ի՞նչ միջոցներու կարելի է ձեռնարկել խթանելու համար գիրքերու վաճառքը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ մայր հայրենիքի մէջ:

-Նախ՝ անհրաժեշտ է տարորոշել հրատարակուելիք երկերուն նպատակները, գաղափարները, հասցէատէրերը, ապա՝ խորունկ վերլուծութեամբ եւ պատշաճ արժեւորումով երաշխաւորել անոնց տպագրութիւնը, իսկ այսպէս տպագրուած գիրքերը նոյնպիսի պատշաճութեամբ հարկ է հասարակութեան առջեւ լուսաբանել։ Եւ միայն ա՛յս պարագային կը ձեւաւորուին վստահելի չափանիշներ։ Համոզուած եմ, որ երբ գործեն յստակ չափանիշներ, արդէն խթանը գործի դրուած կ՚ըլլայ։ Պարզապէս դժուար է առանց ուղեցոյցի կողմնորոշուիլ գիրքերու մերօրեայ հսկայածաւալ ովկիանոսին մէջ։

-Նկատի ունենալով, որ ընկերային որոշ ցանցեր, ինչպէս՝ «Ֆէյսպուք»ը եւ «Ինսթակրամ»ը, կրնան եկամուտի լուրջ աղբիւր հանդիսանալ հայ գրողին համար՝ լաւ չ՚ը՞լլար, որ ան եւս օգտուի անոնց ընձեռած հնարաւորութիւններէն: Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին:

-Կը կարծեմ, որ շատերը կ՚օգտուին այդ հարթակներէն՝ նոյնիսկ կազմակերպելով գիրքերու նախավաճառք։ Այդպէս նաեւ կ՚որոշարկեն իրենց ընթերցողներուն շրջանակը։ Այսպէս առանց քննադատի միջնորդութեան, ըստ ձեւաւորուած ճաշակի՝ մարդիկ կ՚ընտրեն իրենց նախասիրութիւններուն համապատասխան գիրքեր։

-Ինչպէ՞ս կրնայ հայրենի պետութիւնը, իր կարգին, հիմնափոխել գրողին բաժին ինկած դառն իրականութիւնը: Ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք պետական մակարդակի վրայ:

-Թերեւս խորհրդային ժամանակներէն բացի՝ պետութիւնը երբեք իր վրայ չէ վերցուցած գրողին իրականութիւնը թեթեւցնելու գործառոյթը, եթէ նկատի չունենանք որոշ գրողներու պարագային գիրքերու տպագրութեան ծախսերը մասամբ կամ ամբողջովին հոգալը։ Եւ թերեւս արդար է այսպէս։ Եթէ առանց անոր ալ իւրաքանչիւր երկրորդը գրող է ու բանաստեղծ, եւ օրական տասնեակ գիրքեր կը տպագրուին, պետութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ստանձնել նման գործառոյթ մը, եթէ ոչ քննութիւն անցած գիրքերը արժեւորելով, գրողին գոնէ բարոյապէս եւ խորհրդանշօրէն աջակցելով, հանգամանօրէն հասարակութեան ներկայացնելով։

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2020