ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՅԱՂԹՈՂԸ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

Թերեւս այս տողերը գրողիս համար քիչ մը զարմանալի երեւոյթ էր, այն ինչին՝ որուն ականատես եղայ երէկ։ Մասնաւորապէս Ֆէրիգիւղի, Պաքըրգիւղի, Եշիլգիւղի եւ Սամաթիոյ մէջ պատկերը շշմեցուցիչ էր։ Հազարաւոր հայորդիներ եկած էին իրենց ընտրական պարտքը կատարելու եւ այդ մէկը ըրին բարձր գիտակցութեամբ, յարգանքով եւ համբերութեամբ։

Ի հարկէ, եղան մարդիկ, որոնք չուզեցին այդքան երկար «հերթ կանգնիլ» ու վերադարձան իրենց տուները, սակայն մէկ բան շատ յստակ էր, որ պոլսեցիք մեծ փափաքով գացին դէպի քուէատուփեր։

Այս առաւօտ հրապարակուած նախնական արդիւնքները անշուշտ բացորոշ եւ բացայայտ առաւելութիւն մը ցոյց տուին՝ Նարնջագոյն շարժումին, որուն պատգամաւորներու թիւը պիտի կազմէ բացարձակ մեծամասնութիւն յառաջիկայ չորեքշաբթի օր տեղի ունենալիք պատրիարքի ընտրութեան ընդհանուր ժողովին։

Աւելի քան յստակ է, որ պատրիարքական ընտրութեան երկու թեկնածուներու՝ Մանիշակագոյն եւ Նարնջագոյն շարժումներու ղեկավարներն ու գլխաւորները տակաւին առիթ պիտի ունենան ճիշդ գնահատական տալու, բայց եւ այնպէս, այդ մէկն այսօր էական չէ։

Էականը դեկտեմբերն է անշուշտ, տասն եւ աւելի տարիներ թափուր մնացած Պատրիարքական Աթոռը ի վերջոյ պիտի լրացուի իր արժանի 85-րդ գահակալով։

Էականն այն է նաեւ, որ այսքան տարիներու լարուածութենէ, դժուարութենէ եւ տարակարծութենէ ետք նորընտիր պատրիարքը առիթը պիտի ունենայ իր թեւերուն տակ առնելու ամբողջ համայնքը։

Պահը պատմական է մի քանի առումներով. նախ՝ բառացի իմաստով յայտարարելու, որ այս համայնքի զաւակները մէկ են եւ անոնց, բոլոր-բոլորին համար աւելի քան կարեւոր է նոր ընտրուած պատրիարքի հովանին ու սէրը։

Այլեւս նարնջագոյն կամ մանիշակագոյն չկայ, այլեւս սպիտակ, կամ ոչ ըսողներ չկան, պիտի չըլլան։ Կայ մէկ պատրիարք, որ կը վայելէ համայնքի մեծամասնութեան յարգանքն ու վստահութիւնը եւ այդ առումով ալ այդ մէկութեան ճամբուն վրայ բոլոր-բոլորը պարտաւոր են հաշուի նստիլ այս նոր իրականութեան հետ։

Հարցը անուններու, նախասիրութիւններու, եսի, պայմանաւորուածութիւններու հարց չէ. հարցը համայնքը դէպի նոր թռիչք տանելու հարց է, որովհետեւ բոլորը շատ լաւ գիտեն, թէ Պոլսոյ հայոց դարաւաոր համայնքը ունի բազմապիսի եւ բազմերանգ խնդիրներ, որոնց լուծման համար գոյները, նախասիրութիւնները, պայմանաւորուածութիւններն ու անհատական կապերը կարեւոր չեն։ Էականը հաւաքական կամքն է, մէկ հոգեւոր առաջնորդ ունենալու լիարժէք զգացումը, ստեղծուած իրավիճակը եւ նոր պատրիարքին շուրջ համախմբուելու կարեւորութիւնը։

Պիտի ըսէք շատ բան կախեալ է նոր պատրիարքի մօտեցումներէն, աշխատելաձեւէն եւ հայրական վերաբերմունքէն։ Այո՛, այդպէս է, ու այստեղ այս պարագային է նաեւ, որ ամենէն աւելի շեշտաւորողը յաղթանակ տարած ըլլալու դրոյթէն հեռու մնալու հիմնաւոր մօտեցումն է։

Պոլսոյ մէջ ոչ մէկ կողմ միւսին յաղթած է։

Պոլսոյ մէջ այսօր չկան պարտուածներ կամ յաղթածներ։

Պոլսոյ մէջ այսօր չկան առաւելութիւն ունեցողներ կամ անտեսուածներ։

Պարզապէս կայ նոր պատմական առիթ. բացուած է նոր սպիտակ էջ մը ու այդ էջին վրայ գրուելիք որեւէ տառի, որեւէ տառի համար պատասխանատու են բոլորը։

Ըլլան անոնք, որոնք երէկ Ֆէրիգիւղի մէջ Արամ Սրբազանի պատգամաւորներուն քը-ւէարկեցին, ըլլան անոնք, որոնք Պաքըգիւղի մէջ երկար հերթերու կանգնեցան իրենց քուէն Սահակ Սրբազանի կողմնակիցներուն տալու համար, նոյնիսկ անոնք՝ որոնք սպիտակ քուէ գործածեցին եւ իրենց ձեռքերուն «Ո՛չ» վերտառութեամբ քուէաթերթիկներ տարածեցին ու կարգ մը թաղերու պատերուն ալ «Ո՛չ» բառը գրեցին։

Երէկ Պոլսոյ տասնեակ շրջաններուն մէջ եղած ընտրութիւնները համաձայնութեան, նոր հաւատամքի եւ նոր յոյսի ընտրութիւններ եղան ու այդ բոլորը աւելի քան երեւելի էր այն սպասկոտ աչքերուն մէջ, որոնք երկար հերթերու կանգնեցան ու ապա իրենց խղճի պարտքը կատարեցին...

Պոլիսը այսօր կը մտնէ նոր դարաշրջան եւ յուսալի է, որ պոլսահայութիւնը փառաւորապէս արժեւորէ այս պատմական պահը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2019