ԻՐԱՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵԼ

«Աղօթքը՝ աղօթքի կեանքը վերացումն է հոգիին առ Աստուած կամ վայել բարիքներու խնդրանքն է Աստուծմէ», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Դամասկացի։ Արդարեւ, Աստուած կ՚առաջնորդէ իւրաքանչիւր անձ, ըստ Իրեն հաճելի եղող ճամբաներուն եւ կերպերուն։ Իսկ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ՚ընդառաջէ Անոր՝ ըստ իր սրտին հաստատակամութեան եւ ըստ անձնական արտայայտութիւններուն իր աղօթքին։ Ուստի «ձայնիւ աղօթք»ը անհրաժեշտ մէկ տուեալն է քրիստոնեայ կեանքին։ Իսկ խորհրդածել կարդացածին կամ արտասանածին վրայ մարդը կ՚առաջնորդէ խորացնելու զայն, մերձենալով անոր եւ մերձեցնելով զայն իր անձին։ Մտածականը գործի կը լծէ մարդուն միտքը, երեւակայութիւնը, յուզումը եւ բաղձանքը։ Իսկ «հայեցողական աղօթք»ը, ըստ Սրբուհի Թերեզայի, սերտ բարեկամութեան առեւտուր մըն է, ուր դէմ առ դէմ առանձին կը խօսի մարդ այն Աստուծոյ հետ՝ զոր գիտէ որ զինք կը սիրէ։

«Հայեցողական աղօթք»ը պարզ արտայայտութիւնն է աղօթքին խորհուրդին։ Հաւատքի ակնարկ մըն է ան սեւեռուած Յիսուսի վրայ, ունկնդրութիւն մը Աստուծոյ Խօսքին, լուռ սէր մը։ Ան մարդս մասնակից կ՚ընէ Անոր խօսքին եւ խորհուրդին։

Հին կտակարանին մէջ աղօթքին յայտնութիւնը կը զետեղուի ընդմէջ մարդուն անկումին եւ վերականգնումին եւ ընդմէջ մէկ կողմէ, Աստուծոյ Իր առաջին զաւակներուն ուղղած ցաւագին կոչին. «Ո՞ւր ես, ի՞նչ ըրիր» (ԾՆՆԴ. Գ 3 եւ 13), եւ միւս կողմէ՝ Միածին Որդիին տուած պատասխանին, երբ աշխարհ կը մտնէր. «Ահաւասիկ Եմ, ո՛վ Աստուած, կատարելու համար Քու Կամքդ» (ԵԲՐ. Ժ 7)։

Ուստի, աղօթքը այսպէս առընչուած է մարդոց պատմութեան հետ։ Ան յարաբերութիւնն է Աստուծոյ հետ՝ պատմութեան զանազան դէպքերուն մէջէն։

Աղօթքը չի՛ վերածուիր «ներքին մղում»ի մը ինքնաբուխ ժայթքումին. ԱՂՕԹԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ՀԱ՛ՐԿ Է ՁԱՅՆ ԿԱՄԵՆԱԼ։ Քրիստոնեայ աղօթքին աւանդութիւնը Հաւատքի Աւանդութեան աճումին կերպերէն մէկն է, աճում՝ յատկապէս հայեցողութեան եւ ուսումի ճամբով հաւատացեալներուն կողմէ, որոնք փրկութեան տնտեսութեան դէպքերը եւ խօսքերը իրենց սրտին խորը կը պահեն. ինչպէս նաեւ խորունկ ներթափանցումով հոգեւոր իրականութիւններուն՝ որոնց ընդհանուր փորձառութիւնը կ՚ապրին։

Քրիստոնեայ աղօթքին համար՝ Քրիստոսէ զատ ուրիշ ուղի չկա՛յ։ Քրիստոնեային աղօթքը, ըլլա՛յ ան հաւաքական կամ առանձնական, ձայնաւոր կամ լուռ, ընդունելի է Հօր կողմէ միա՛յն, երբ աղօթք կը մատուցուի Յիսուսի «անուն»ով։ Յիսուսի Սուրբ Մարդկութիւնը կը հանդիսանայ այն ճամբան՝ որով Սուրբ Հոգին կը սորվեցնէ աղօթել Հօր Աստուծոյ։

Աղօթքի դժուարութիւնները եւ արգելքները մարդուն մտածո՛ւմն է։ Մտածումը կը յայտնէ այն՝ ինչը, որուն մարդ կառչած է։ Ուստի աղօթքը պայքար կը պահանջէ մտածումներու դէմ։

«Աչքէ անցուցէ՛ք Աստուածաշունչին մէջ գտնուող բոլոր աղօթքները եւ ես չեմ կարծեր, թէ դուք հոն գտնէք բան մը, որ բովանդակուած չըլլայ տէրունական Աղօթքին մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։ Ուստի Յիսուսի Սուրբ Անունին աղերսանքը ամենապարզ ուղի՛ն է յարատեւ աղօթելու։

Աղօթքը պէտք է կամաւոր եւ գիտակցութեամբ կատարուի։ Այլապէս մեքենաբար արտասանուած աղօթքները չեն կրնար գոհանցնել մարդկութեան պահանջները, պէտքերը, օգտակար ըլլայ քրիստոսի երկնային թագաւորութեանը նկատմամբ։

Մեքենաբար աղօթելով կարելի չ՚ըլլար գործելու, աշխատելու համար զօրութիւն խնդրել։

Շա՜տ բան կը կորսնցնէ մարդ, երբ զանց ընէ ընկերակցելու կամքը՝ Աստուծոյ ծառայութեանը մէջ զիրար զօրացնելու եւ քաջալերելու համար։

Ուստի, Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները մարդուս մտքին մէջ կը կորսնցնեն իրենց կենդանութիւնը եւ կարեւորութիւնը։ Մարդուս սիրտը կը դադրի անոնց սրբարար ազդեցութենէն լուսաւորուելէ եւ արթննալէ, եւ կը տկարանայ հոգեպէս։ Քրիստոնեան իր քրիստոնէական յարաբերութիւններուն մէջ շա՜տ բան կը կորսնցնէ առ ի չգոյէ փոխադարձ համակրութիւն։ Ան որ ինք իր մէջ կ՚ամփոփուի, կը համակուի, չի գրաւեր այն դիրքը՝ զոր Աստուած որոշեր է իրեն։ Մարդկային բնաւորութեան մէջ ընկերական-հասարակական տարրերու վայելուչ մշակումը մարդս համակրելի կը դարձնէ ուրիշներու քով, եւ զարգացման, աճման եւ զօրութեան միջոց մըն է իրեն՝ Աստուծոյ ծառայութեանը մէջ։

Իրարու օգնել, իրարու պէտքերուն հասնիլ մարդկային անհրաժեշտութիւն մը, պահանջք մըն է։ Եւ եթէ քրիստոնեաներ ուզէին հաւաքուիլ՝ իրարու հետ խօսակցելու եւ խորհրդակցելու համար Աստուծոյ սիրոյն եւ փրկութեան թանկագին ճշմարտութիւններու մասին, իրենց սրտերը պիտի կազդուրուէին, եւ պիտի զօրացնէին զիրար։

Մարդ կրնայ ամէն օր աւելի՛ բան սորվիլ իր երկնաւոր Հօրը մասին, նորանոր փորձառութիւններ ձեռք բերելով Իր շնորհքին նկատմամբ. այն ատեն պիտի փափաքի Անոր սիրոյն մասին խօսիլ, մտածել եւ խոր-հըրդածել, եւ երբ ընէ այդ, իր սիրտը պիտի հրահրուի եւ քաջալերուի։

Եթէ Յիսուսի մասին, Անոր նկատմամբ աւելի՛ մտածէր, խորհրդածէր եւ խօսէր մարդ, եւ նուազ՝ իր անձին մասին, Անոր ներկայութիւնը շա՜տ աւելի վայելելու առիթը պիտի ունենար։

Մարդ եթէ Աստուծոյ մասին խորհիլ ուզէր ա՛յնքան յաճախ՝ որքան Ան իրեն համար Իր նախախնամութեանը եւ հոգատարութեանը ապացոյցները կու տայ, իր մտածումներուն մէջ պիտի ըլլար միշտ Ա՛ն, եւ մարդ իր հաճոյքը, ուրախութիւնը պիտի գտնէր Անոր վրայ խօսելու եւ զԱյն օրհնելու մէջ։

Ժամանակաւոր բաներու նկատմամբ կը խօսի մարդ՝ անոնցմէ կ՚ախորժի, քանի որ զինք կը շահագրգռեն անոնք։ Մարդ կը խօսի իր բարեկամներուն մասին՝ քանի որ կը սիրէ զանոնք։ Իր ուրախութիւնները եւ վիշտերը սերտիւ կապուած են անոնց հետ։ Եւ սակայն անհունապէ՛ս աւելի մեծ պատճառ ունի մարդ սիրելու զԱստուած քան իր երկրաւոր բարեկամները, եւ աշխարհի մէջ ամենէն բնական բանը ըլլալու էր մարդուն համար բոլոր մտածումներուն մէջ առաջի՛ն տեղը տալ Անոր՝ Իր բարութեանը մասին խօսիլ, Իր զօրութիւնը պատմել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 12, 2017, Իսթանպուլ     

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2018