ՄԱՐԴՈՒ ԵՒ ՕՐԷՆՔԻ ՄԱՍԻՆ
Յաճախ կը խօսուի օրէնքի մասին, բնական պէտք է համարուի այս, քանի որ օրէնքը, իր լայն առումով մարդկային անհատական եւ ընկերային կեանքին բարւոք ընթանալու գործին մէջ կարեւոր, եւ մինչեւ իսկ անհրաժեշտ դեր մը կը խաղայ։ Եւ դարձեալ, բնական օրէնքներու միջոցով է որ բնութիւնը կանոնաւոր կերպով, ուղիղ ձեւով կը գործէ եւ կը շարժի։
Արդարեւ, բնութեան օրէնքները, ընդհանրապէս բացարձակ են, բացառութիւններ չեն ունենար, եւ այս պատճառով ալ մարդոց միջամտութիւններէն շատ ալ չեն ազդուիր։ Զոր օրինակ, «ձգողական ուժ»ի բնական օրէնքը, այսինքն մարմիններու իրար քաշելու կամ դէպի միւսը ձգտելու տիեզերական յատկութիւնը կամ «օրէնք»ը ամէն ժամանակի համար եւ իր զօրութիւնը գործադրելի ամէն տեղ նոյն ձեւով կը կիրարկուի։ Գոնէ երկրի վրայ, ամէն տեղ, ամէն ժամանակ կը զգացուի անոր ազդեցութիւնը եւ գործունէութիւնը։ Այս իմաստով բնական օրէնքներ շատ բացառութիւններ ցոյց չեն տար՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր կը շարունակեն իրենց գործադրութիւնը։ Անշո՛ւշտ, աշխարհի բնական սահմաններէն դուրս՝ անջրպետի մէջ, ուր ի զօրու չէ այդ օրէնքը, եւ ուրեմն այնտեղ անոր գործնական ազդեցութիւնը կարելի չէ տեսնել։ Բայց ո՛ւր որ իր ազդեցութիւնը եւ գործունէութիւնը ազդու է՝ հոն բացարձակ կը տիրապետէ։ Հազուագիւտօրէն կը պատահին բնական օրէնքներու բացառութիւններ, որոնք «հրա՛շք» կ՚անուանէ Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէ՝ գերման մեծ բանաստեղծը եւ իմաստասէրը։ Իսկ Վոլթէր կ՚ըսէ, թէ՝ հրաշքը բացառիկ պարագայ մը չէ, քանի որ բնութիւնը ի՛նք ամբողջութեամբ հրա՛շք մըն է արդէն։
Կա՛յ նաեւ բարոյական օրէնքները՝ որոնք աւելի կը կանոնաւորեն մարդկային անհատական եւ ընկերային ընդհանուր կեանքը։ Մարդոց կողմէ, իշխանութիւններու կողմէ դրուած այս օրէնքները կը կանոնաւորեն մարդկային փոխյարաբերութիւնները, փոխադարձ իրաւունքի վայելումը եւ պարտականութիւններու՝ պարտքերու կատարումը։
Ժ. Ժ. Ռուսօ, այս բարոյական օրէնքները կ՚անուանէ «ընկերային համաձայնագրութիւն»՝ որով անհատներ օրէնսդիրին կը յանձնեն իրենց կեանքի ընթացքը կառավարող, ընկերային կեանքը կանոնաւորող օրէնքներու օրէնսդրութիւնը եւ անոնք ալ ի նպաստ ժողովուրդին՝ օրէնքներով կը կանոնաւորեն անոնց ընկերային կեանքը՝ իրաւունքները եւ պարտականութիւնները։
Մ. Ա. Վոլթէր կ՚ըսէ, թէ ո՛չ մէկ բարոյական, այսինքն մարդոց կողմէ դրուած օրէնք կատարեալ է՝ քանի որ օրէնքներ որոշ շրջանի կամ ժամանակի, որոշ տեղի եւ ժամանակաւոր պահանջքներու համեմատ կը դրուին։ Եւ մանաւանդ, որոշ շրջանի մը պահանջքներուն գոհացում տալու համար դրուած օրէնք մը, երբ ժամանակի ընթացքին բարեփոխուի պահանջքները, մեծ մասամբ կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը եւ հեռու կը մնայ թէ՛ իր իմաստէն եւ թէ իր նպատակէն։ Եւ ուրեմն բարոյական օրէնքներ միայն այն ատեն կրնան պահել իրենց օրինաւորութիւնը, երբ կարենան «քայլ յարմարցնել» ընկերային բարեփոխութիւններու եւ ըստ այնմ համընթաց ըլլան անոնց հետ։
Այս ուղղութեամբ բարոյական, մարդոց կողմէ դրուած օրէնքներ կը նմանին մարդոց օգտագործած հագուստներուն՝ որոնք ժամանակի ընթացքին անգործածելի կրնան դառնալ, մանաւանդ մանուկներու հագուստները՝ որոնք մանուկը որքան հասակով եւ մարմնով մեծնայ, այնքան անյարմար եւ անգործածելի կը դառնան։
Արդարեւ, հագուստի գործածութիւնն ալ կախում ունի ժամանակէն, ճաշակներու եւ պահանջքներու տեսակներուն փոփոխութիւններէն, գաղափարներու ըմբռնումներէն, անոնց տրուած կարեւորութենէն եւ արժէքէն, եւ այլն։
Յետոյ հագուստը կրնայ ժամանակի ընթացքին մաշիլ եւ անգործածելի դառնալ, ի՛նչ որ բնական է։ Ի վերջոյ օրէնքն ալ իր գործածութեան միջավայրին եւ ժամանակին համեմատ կրնայ անբաւարար եւ ժամանակավրէպ համարուիլ, այսինքն՝ փոխաբերական իմաստով «մաշի՛լ» եւ անօգուտ, անգործածելի դառնալ։
Զոր օրինակ, կան հին օրէնքներ, որոնք այլեւս չեն գործադրուիր, եւ միայն պատմական արժէք կը ներկայացնեն, շատ անգամ թեթեւ ժպիտի մը առարկայ կրնան դառնալ, ճիշդ այնպէս երբ մէկը ժամանակը անցած՝ հնամենի հագուստներով ներկայանայ արդի հաւաքականութեան մը առջեւ։ Արդարեւ հինը ունի միայն պատմական արժէք՝ միջոց մը անցեալը ճանչնալու եւ ընկերային փոփոխութիւնները ստուգելո՛ւ։
Եւ երբ օրէնքը կերպով մը հագուստի նմանցուի՝ անոր գործածութիւնը դարձեալ կախում կ՚ունենայ տեղի հետ։ Ըսենք, միջավայրի նկատմամբ, արդարեւ ամէն հագուստ կարելի չէ օգտագործել ո՛չ ամէն տեղ եւ ո՛չ ալ ամէն ժամանակ։ Եղանակներու, օրուան ժամերուն համեմատ կը փոխուին հագուստի ձեւերը, որակները եւ գործածութեան նպատակները։ Այս իմաստով, օրէնքներ պէ՛տք է համապատասխանեն ընկերային կեանքի զանազան պահանջքներուն՝ ժամանակի եւ միջավայրի համապատասխան յարմարութեամբ։
Անշուշտ ասիկա պէտք չէ՛ շփոթել օրէնքներու հաւասարութեան եւ անաչառութեան՝ արդար եւ ուղիղ կերպով գործադրութեան սկզբունքին հետ։ Կասկած չկա՛յ որ օրէնքներ կը կիրարկուին ամէնուն հաւասարութեամբ եւ անաչառութեամբ. արդարութիւնը եւ ուղղամտութիւնը ա՛յս կը պահանջէ։ Երբ կ՚ըսենք «ժամանակ» եւ «միջավայր», ատիկա պէտք է հասկնալ «ժամանակի եւ միջավայրի իրաւացի պահանջքներ»ու իմաստով։
Եւ վերջապէս, օրէնքին արդար գործադրութեան հարցը։ Օրէնքը երբեմն կրնայ մեղմանալ՝ առանց վնաս հասցնելու արդարութեան։ Եւ եթէ մարդկային սէրը եւ օրէնքի տրամադրութիւնները դնենք կշիռի մը երկու նժարներուն վրայ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ո՞ր մէկը աւելի ծանր կը կշռէ. սէ՞րը թէ օրէնքը։
Ահաւասիկ ըստ սիրոյ սկզբունքին, երբեմն կարելի է որ մեղմացումներ, բացառութիւններ կատարուի օրէնքի նկատմամբ, ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական իմաստութիւնը.
«Հարկը կը լուծէ օրէնքը…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 14, 2018, Իսթանպուլ