ԿԵԱՆՔԻՆ ԻՄԱՍՏԸ

​«Կեանքին իմաստը՝ Կեանքին իմաստ տա՛լ է»։
Victor FRANKL

Կեանքը աստուածատուր արժէք մըն է եւ ինչպէս ամէն արժէք, իմաստ մը ունի։ Իմաստը՝ միտք եւ բովանդակութիւն կ՚ենթադրէ եւ բանականութեան բնական մէկ հետեւանքը կը հանդիսանայ։

Կեանքը, իր ամենալայն առումով՝ գոյութիւն կը նշանակէ՝ ոգեպահիկ, մինչեւ մահ ապրում, ընթացք։ Կեանքը կենդանութիւն է, ողջութիւն, վարք։ Բայց կեանքը աւելի լայն իմաստով՝ ստեղծագործութեան անժամանակ եւ առանց միջոցի անհուն կենդանութեան մը էութիւնն է։

Մարդուն մարմինը կը մասնակցի Աստուծոյ պատկերին արժանապատուութեան։ Ան մարդկային մարմին է՝ ճիշդ անոր համար, որ շնչաւորուած է աննիւթական հոգիով, իսկ ամբողջ մարդկային անձը իր հերթին սահմանուած է Հոգիին Տաճարը ըլլալու Քրիստոսի Մարմինին մէջ։ Թէեւ մարմինէ եւ հոգիէ բաղկացած, բայց ճշմարտապէս «մի» եղող մարդը, իր մարմնաւոր հանգամանքով, իր մէջ կը համադրէ նիւթական-ֆիզիքական աշխարհի տարրերը, որոնք անոր մէջ իրենց գագաթնակէտը կը գտնեն եւ կարող կը դառնան ազատօրէն գովաբանելու իրենց Արարիչը։

Հետեւաբար արգիլուա՛ծ է մարդուն արհամարհել մարմնաւոր կեանքը։

Ընդհակառակը ան պարտի գնահատել եւ յարգել իր մարմինը՝ որ ստեղծուած է Աստուծմէ եւ յարութիւն պիտի առնէ վերջին օրը։

Հոգիին եւ մարմինին միութիւնը այնքան խոր է, որ հարկ է նկատի առնել հոգին իբրեւ «կերպ»ը մարմինին, այսինքն՝ շնորհիւ հոգեւոր հոգիին է, որ նիւթաշէն մարմինը «մարդկային կենդանի մարմին» կը հանդիսանայ։ Հոգին եւ նիւթը մարդուն մէջ իրարու միացած երկու բնոյթներ չեն, այլ անոնց միութիւնը կը կազմէ մէ՛կ բնոյթ։

Այս բացատրութիւններէն կը հետեւի, թէ՝ հոգին անժամանակ միջոցի մէջ տարածուած կեանքի անսահման «կեանք»ն է։ Իսկ հոգիին մարմնի՝ նիւթի հետ միացած ժամանակաւոր եւ միջոցի մէջ պարփակուած կեանքի մը սահմանաւոր «կեանք»ն է։

Երբեմն կը պատահի, որ հոգին զանազանուի շունչէն։ Պօղոս առաքեալ այս մասին կ՚ըսէ. «ամբողջ էութիւնը շունչ, հոգի եւ մարմին… կը պահուի անաղարտ՝ Տիրոջ Գալստեան Օրուան համար». (Ա ԹԵՍ. Ե 23)։ Արդարեւ, «շունչ» բառը կը նշանակէ, թէ մարդը իր ստեղծումէն սկսեալ սահմանուած է իր գերբնական վախճանին, եւ թէ անոր հոգին ընդունակ է ձրիաբար բարձրանալու Աստուծոյ հետ հաղորդութեան։

Աստուածաշունչը Աբէլին իր եղբօր Կայէնի ձեռքով սպանութեան պատմուածքին մէջ (ԾՆՆԴ. Դ 8-12) մարդկային պատմութեան սկիզբներէն իսկ կը յայտնէ մարդուն մէջ բարկութեան եւ ընչաքաղցութեան գոյութիւնը՝ հետեւանք «սկզբնական մեղք»ին։ Մարդը թշնամի դարձաւ իր նմանին՝ կեանքը ոչինչ համարելով։

Աստուած կը մատնանշէ այս եղբայրասպանութեան նենգաւոր բնոյթը, որ կը նշանակէ նաեւ կեանքի արժէքազրկում։ «Ի՞նչ ըրիր։ Եղբօրդ արեան ձայնը կ՚աղաղակէ դէպի ինծի։ Հիմա ուրեմն անիծեա՛լ ըլլաս երկրի վրայ, որ բացաւ իր բերանը քու եղբօրդ քու ձեռքով թափուած արիւնը ընդունելու համար». (ԾՆՆԴ. Դ 10-11)։ Աստուծոյ եւ մարդուն ուխտը հիւսուած է մարդկային կեանքին աստուածային պարգեւին յիշեցումներով եւ մարդուն սպանիչ բռնութեամբ. «Ես ձեզմէ իւրաքանչիւրին արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ… Մարդու արիւն թափողին արիւնն ալ մարդու ձեռքով պիտի թափուի։ Որովհետեւ մարդը ստեղծուեցաւ ըստ Աստուծոյ պատկերին». (ԾՆՆԴ. Թ 5-6)։

Հին կտակարանը արիւնը միշտ նկատած է իբրեւ «սրբազան նշանը կեանքին». (ՂԵՒՏ. ԺԷ 14)։ Անհրաժեշտութիւնը այս ուսուցումին բոլոր ժամանակներուն համար կը զօրէ։ Իսկ քրիստոնեայ նախապատրաստումի սուրբ խորհուրդներով, մարդը Քրիստոսի «նոր կեանք»ը կ՚ընդունի։ Այս կեանքը սակայն մենք կը կրենք «խեցեղէն անօթներու մէջ». (Բ ԿՈՐՆ. Դ 7)։ «Աստուծոյ զաւակ»ի այս նոր կեանքը կրնայ տկարանալ եւ նոյնիսկ կորսուիլ մեղքո՛վ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024