ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻ՛ՇՏ

Ե­կե­ղեց­ւոյ մե­ծա­գոյն աս­տուա­ծա­բան հայ­րե­րէն մին է Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս Աւ­րե­լիոս։ Օր մը իր ա­շա­կերտ­նե­րէն մին կը մօ­տե­նայ ի­րեն եւ կը հարց­նէ. «Ի՞նչ է քրիս­տո­նէա­կան ա­ռաջ­նա­կարգ ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը»։ Եւ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս կը պա­տաս­խա­նէ. «Խո­նար­հու­թի՛ւն»։ Ա­շա­կեր­տը դար­ձեալ կը հարց­նէ. «Իսկ երկ­րո՞ր­դը»։ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս դար­ձեալ կը պա­տաս­խա­նէ. «Խո­նար­հու­թի՛ւն»։ Ան­գամ մը եւս կը հարց­նէ ա­շա­կեր­տը. «Ու­րեմն եր­րո՞ր­դը»։ Մեծ աս­տուա­ծա­բա­նը կը պա­տաս­խա­նէ դար­ձեալ. «Խո­նար­հու­թի՛ւն»։­

Ար­դա­րեւ ա­մէն ա­ռա­քի­նու­թիւն կը ծնի խո­նար­հու­թեան ա­ռա­քի­նու­թե­նէն՝ սէ­րը եւ որ­մէ կը ծնի ծա­ռա­յու­թեան ո­գին։ Հոն ուր խո­նար­հու­թիւն կայ, հոն կայ նաեւ սէ՛ր, իսկ հոն ուր սէր կայ, հոն եր­բեք չի պակ­սիր ծա­ռա­յու­թեան ո­գին, ի­րե­րօգ­նու­թեան ջերմ զգա­ցու­մը, որ մար­դուս կո­չո՛ւմն է. ա՛ն է որ մարդս կ՚ազ­նուաց­նէ եւ աս­տուա­ծա­յին պատ­կե­րին եւ աս­տուա­ծան­մա­նու­թեան փառ­քին կ՚ար­ժա­նաց­նէ։

Ար­դա­րեւ Աս­տուած, որ մարմ­նա­ցաւ, մար­դա­ցաւ եւ ի­ջաւ եր­կին­քէն եր­կիր, հա­ւա­սա­րե­ցաւ մար­դուն եւ ապ­րե­ցաւ որ­պէս մարդ, խո­նար­հու­թեան ա­մե­նա­մեծ դա­սը եւ օ­րի­նա­կը տուաւ մե­զի։

Սէր, ո­ղոր­մու­թիւն եւ բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ հե­տե­ւանք են խո­նար­հու­թեան, քա­նի որ ե­թէ գո­յու­թիւն չու­նե­նայ ան, այ­լա­պէս ո­րե­ւէ ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ սէր եւ ո­ղոր­մու­թիւն։ Այն որ խո­նարհ չէ՝ չի սի­րեր, այն որ խո­նար­հու­թիւն ցոյց չի տար, չի գի­տեր ո­ղոր­միլ, քա­նի որ չի զի­ջա­նիր, չի հա­ւա­սա­րիր եւ չի զգար այն՝ ի՛նչ որ կը զգայ իր նմա­նը։ Եւ քա­նի որ մարդ ստեղ­ծուած է աս­տուա­ծա­յին նմա­նու­թեամբ, ա­պա ու­րեմն, այս կը նշա­նա­կէ, թէ ամ­բողջ մար­դիկ ալ ի­րա­րու նման են եւ պէտք է ի­րա­րու հետ վա­րուին նման­նե­րու պէս։

Եւ երբ մարդ կ՚անդ­րա­դառ­նայ այս բնա­կան նմա­նու­թեան եւ կ՚ըն­դու­նի զայն որ­պէս ճշմար­տու­թիւն, այ­լա­պէս ո­րե­ւէ պատ­ճառ չ՚ու­նե­նար, ար­դա­րա­ցում չ՚ու­նե­նար ինք­զինք ու­րի­շէն գե­րա­դաս նկա­տե­լու եւ ինք­նին կը խո­նար­հի։

Ար­դա­րեւ խո­նար­հու­թիւ­նը պար­տա­դիր պէտք չէ ըլ­լայ, այլ բնա­կան, քա­նի որ ան բնա­կան զգա­ցում մըն է ըստ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան, քա­նի որ Աս­տուած երբ ստեղ­ծեց մար­դը՝ ա­նոր ըն­ծա­յեց մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն քա­ն ու­րիշ ա­րա­րած­նե­րու։

«Մարդ» էա­կը իր տե­սա­կին մէջ տար­բեր տեղ մը ու­նե­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մէջ եւ ա­սի­կա տրուե­ցաւ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան՝ մարդ­կա­յին մեծ ըն­տա­նի­քին բո­լոր ան­դամ­նե­րուն անխ­տիր՝ ա­մէն շրջա­նի եւ ժա­մա­նա­կի մէջ, ա­մէ­նու­րեք։

Ուս­տի մարդ նախ պէտք է խո­նարհ ըլ­լայ իր Ա­րար­չին հան­դէպ, յե­տոյ իր նման­նե­րուն հան­դէպ, ո­րոնք ա­մէնքն ալ հա­ւա­սար են՝ Ա­րար­չին Աս­տու­ծոյ նմա­նու­թեամբ։ Ու­րեմն խո­նար­հու­թիւ­նը բա­ցա­ռիկ պա­րա­գայ մը չէ՛ մար­դուս հա­մար, այլ մա­նա­ւա՛նդ բնա­կան, որ կը բխի իր ա­րար­չու­թեան պատ­ճա­ռէն, նմա­նու­թեան վի­ճա­կէն, նպա­տա­կէն եւ այս բո­լո­րին հե­տե­ւանք՝ ա­րար­չու­թեան, այ­սինքն գո­յու­թեան ի­մաս­տէն։

Այն որ ի­րե­րօգ­նու­թեան, ի­րա­րու ծա­ռա­յու­թեան կո­չուած է, այ­լա­պէս ինք­զինք գե­րա­դաս նկա­տե­լու պատ­ճառ մը չու­նի, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր յատ­կու­թիւ­նը ու­նի եւ տար­բեր, նոյ­նիսկ հա­կա­դիր մաս­նա­յատ­կու­թիւն­ներ ներ­դաշ­նա­կու­թեան մը մէջ կը ստա­նան ի­րենց ինք­նու­թեան ի­մաս­տը։

Եւ ի՜նչ գե­ղե­ցիկ է խո­նար­հու­թիւ­նը եւ ո՜ր­քան հա­մակ­րե­լի խո­նարհ մար­դը, ա­նով է որ կեան­քը ի­մաստ կը ստա­նայ, ա­նով է որ մարդ կը զգայ իր մարդ­կու­թիւ­նը, ա­նով է որ ապ­րե­լու ե­ռան­դը կ՚ա­ւել­նայ մար­դուն՝ կեան­քը հա­ճո­յա­լի եւ ա­ռա­ւե­լա­պէս դիւ­րա­տար կ՚ըլ­լայ։

Խոր­հե­ցէ՛ք պահ մը, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ե­թէ մեր շուր­ջը պա­տուած ըլ­լայ հպարտ, գո­ռոզ, ինք­նա­հա­ւան մար­դոց­մով, ո­րոնք տե­ւա­պէս կը ստո­րա­դա­սեն, կ՚ա­տեն ի­րենց շուր­ջին­նե­րը, ի­րենց նման­նե­րը, ինք­նա­կեդ­րոն եւ ինք­նա­բաւ հա­մա­րե­լով ի­րենք զի­րենք, կ՚ան­տե­սեն եւ ան­կա­րե­ւոր կը նկա­տեն ու­րիշ­նե­րը. ո՜ր­քան ան­տա­նե­լի պի­տի ըլ­լար կեան­քը՝ տան­ջանք մը, չար­չա­րանք մը պի­տի ըլ­լար կեան­քը։

Բայց երբ խո­նար­հու­թիւն կը տի­րէ, խո­նարհ մար­դիկ կան մեր շուր­ջը, կեան­քը հա­ճոյք մըն է՝ ապ­րի­լը՝ եր­ջան­կու­թի՛ւն։ Այս ի­մաս­տով, խո­նար­հու­թիւ­նը ար­ժէք գնա­հա­տել, ի­րա­ւունք ճանչ­նալ եւ յար­գել կը նշա­նա­կէ։ Եւ այն որ ար­ժէք կը գնա­հա­տէ, այն որ իւ­րա­քան­չիւ­րին ի­րա­ւուն­քը կը ճանչ­նայ եւ կը յար­գէ, գի­տէ սի­րել, գի­տէ օգ­նել, գի­տէ հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ մօ­տե­նալ ու­րիշ­նե­րու։ Խո­նարհ մար­դը, գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նի այն ճշմար­տու­թեան, թէ՝ ու­րի­շը, կամ նմա­նը ի­րա­կա­նին՝ ու­րի­շը չէ, նմա­նը չէ՛, այլ նոյ­նինքն է՝ իր էու­թեան մէկ ե­րե­սը՝ դի­տուած տար­բեր տե­սան­կիւ­նէ մը։ Ուս­տի, ու­րի­շը «ու­րիշ» չէ, այլ ինք, իր ցո­լա­ցու­մը, իր ար­ձա­կած լոյ­սի ճա­ռա­գայթ­նե­րուն վե­րա­դա՛ր­ձը։

Ու­րեմն այս մօ­տե­ցու­մով ո­րե­ւէ պատ­րուակ, ո­րե­ւէ ար­դա­րա­ցում կա­րե­լի չէ՛ ու­նե­նալ՝ խո­նարհ չըլ­լա­լու հա­մար, խո­նար­հա­բար չմօ­տե­նա­լու հա­մար մէկզ­մէ­կու։ Խո­նար­հու­թիւ­նը ա­ռա­քի­նու­թիւն է, խո­նար­հու­թիւ­նը ազ­նուու­թիւն է եւ մա­նա­ւա՛նդ խո­նար­հու­թիւ­նը, մարդ­կայ­նու­թեան՝ մար­դու վա­յե­լող յատ­կու­թիւն­նե­րու ամ­փոփ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է։ Քա­նի որ մարդ ա­րա­րածն է Ա­նոր, ո­րուն գոր­ծե­րը միշտ ար­դա­ր են եւ կա­տա­րեալ, անս­խալ եւ ան­շեղ եւ մար­դը ա՛յն­քան մե­ծա­գին է Ա­նոր հա­մար, որ Ինք մար­դա­ցաւ, ի­ջաւ մար­դուն, հա­ւա­սա­րե­ցաւ ա­նոր եւ խո­նար­հե­ցաւ։

Ար­դա­րեւ Աս­տուած, Ինք մար­դա­նա­լով՝ ա­մե­նա­մեծ տի­պա­րը ե­ղաւ խո­նար­հու­թեան։

Աս­տուած խո­նար­հե­ցաւ որ­պէս­զի բարձ­րա­նայ մար­դը։ Աս­տուած մար­դա­ցաւ որ­պէս­զի մար­դը աս­տուա­ծան­ման ըլ­լայ, ո­րուն ար­դէն կո­չուած է իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ։

Բա­ւա­կան է մար­դուն, երբ ճամ­բան գի­տէ եւ ա­նոր վրա­յէն կ՚եր­թայ։ Եւ ինչ­պէս որ Գե­րա­գոյն բա­րի­քին ստա­ցու­մը եւ Սի­րոյ Լիու­թիւ­նը, հոն, վե­րը՝ եր­կին­քը, մար­դուն վարձ­քը պի­տի ըլ­լայ, քա­նի որ հոս նուա­ճեց ան­զուսպ ցան­կու­թիւն­նե­րը, կիր­քե­րը իր սրտին եւ հե­ռու պա­հեց զինք զե­խու­թիւն­նե­րէ, հոն, ա­սոր հա­մար, ինք­զինք վար­ձատ­րուած պի­տի տես­նէ յա­ւի­տե­նա­կան Ի­մաս­տու­թեան եւ յա­ւի­տե­նա­կան Ճշմար­տու­թեան իւ­րա­ցու­մով, քա­նի որ ան կրցաւ պա­հել իր մտքին ան­զուսպ ձգ­­տում­նե­րը սուրբ սահ­ման­նե­րու մէջ խո­նար­հու­թեամբ, հա­ւա­տար­մու­թեա՛մբ։ Եւ մարդ, միայն խո­նար­հու­թեամբ եւ հա­ւա­տար­մու­թեամբ կրնայ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուիլ, ա­զա­տուիլ իր սխալ­նե­րէն՝ սրբագ­րուիլ եւ ար­ժա­նի ըլ­լալ իր կո­չու­մին, որ է աս­տուա­ծան­մա­նու­թի՛ւն, որ է ձգտում՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեա՛ն­քի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 26, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017