ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՆՈՒՆԴԻՆ ՄԱՍԻՆ

Յիսուսի Ծնունդը հոգեւոր մեծ երջանկութիւն կը պատճառէ ամէն անոնց՝ որոնք կ՚անդրադառնան այդ աստուածային օրհնութեան արժանանալու՝ կենարար այս աւետիսին, եւ սրտանց կը մասնակցին այս եզական ուրախութեան։ Արդարեւ, աւետիսը երբ կը լսեն մարդիկ, կ՚ուրախանան եւ իրենց ուրախութիւնը կը վերածուի երջանկութեան։ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցա՛ւ»։

Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսը՝ մարդոց փրկութեան գրաւակա՛նն է։ Եւ սակայն աշխարհ, որուն փրկութեանը համար Յիսուս մարմնացաւ եւ մարդացաւ, իր մարդկային կերպարանքով հաւասարեցաւ մարդո՛ւն, չընդունեց, չուզեց ընդունիլ Փրկիչը։

Այս իմաստով, Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը չի ներկայացներ միայն «աստուածային տնօրինութեան հրաշալի՜ պատմութիւն» մը, այլ նաեւ կը դատապարտէ մարդկային հոգիին տկարութիւնը եւ չարի՛քը։

Չէ՞ որ, ի՛նչպէս Քրիստոսի ժամանակ, նոյնպէս ալ մեր օրերուն, մարդիկ կը շարունակեն մերժել Քրիստոսի փրկութեան հրաւէրը, թէեւ «քրիստոնեայ» կ՚անուանուին եւ կը մասնակցին Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւններուն՝ կ՚ուրախանան, կը  զուարճանան, բայց չեն գիտեր, թէ ի՛նչ բանի կ՚ուրախանան, ինչո՛ւ այդքան կը զուարճանան, քանի որ աւելի կարեւորութիւն կ՚ընծայեն անոնք տօնին արտաքին եւ տեսանելի կողմին։ Այլապէս անոնք չեն թափանցեր խորը, չեն հետաքրքրուիր անոր իմաստով, եւ կը բաւականանան միա՛յն անոր ուրախութեան եւ զուարճութեան երեսով։ Ոմանց համար Ս. Ծննդեան տօնը առի՛թ է խնջոյքի, զուարճութեան, շնորհաւորութիւններ կամ նկարներ ընդունելու, նուէրներ տալու եւ առնելու, իրարու տուն այցելելու… եւ ոմանց համար ալ՝ Քրիստոսի Ծննդեան մասին խօսելու, եւ այդ պատմական եւ պատուական իրադարձութեան մէջ իրենց սեփական փրկութիւնը տեսնելո՛ւ։

Արդարեւ, շա՜տ հեշտ է խօսիլ եւ պատմել Քրիստոսի Ծննդեան մասին, սակայն պէտք է թափանցել անոր իմաստին՝ փորձել հասկնալ եւ ըմբռնել, թէ ի՛նչ հրա՜շք է Աստուծոյ յայտնութիւնը այս աշխարհի վրայ՝ ուր կը տիրապետեն կուռքերու վերածուած բազմաթիւ նիւթական արժէքներ, նախապաշարումներ, սնամէջ եւ անիմաստ հաւատալիքներ։ Եւ այս բազմազանութեան մէջ ինչպիսի՛ սխրանք կը պահանջուի իւրաքանչիւր քրիստոնեայէ՝ ընտրելու ճշմարիտը, գեղեցիկը, բարին, Սէրը, փրկութիւնը՝ սեփական՝ Ի՛ր անձին օրինակով պատմելու մարմնացած եւ մարդացած Փրկչի մասին։

Արդարեւ, մարդկային բանականութիւնը կը պահանջէ ամէն արժէքի, մանաւանդ հոգեւոր արժէքներու, մօտենալ խորաթափանց կերպով, եւ ո՛չ թէ կուրաբար։

Մեքենաբար կատարել որեւէ արարք, զայն դիտել եւ տեսնել միա՛յն մակերեսային կերպով, մարդուս բանականութեան եւ արժանապատուութեան հակառա՛կ է։

Մարդ քանի որ օժտուած է բանականութեամբ, այլապէս իրողութիւններու, առանց իմաստին խորաթափանցելու համակերպիլը իր իսկ կոչումին ներհա՛կ է։

Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով, Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդն ալ երբ կը տօնէ մարդ, պէտք է անոր իմաստին թափանցէ, զայն դիտէ տարբեր երեսակներով, եւ այդպէս վայելէ անոր բարիքները իր կեանքին եւ համայն մարդկութեան կեանքին մէջ։ Երբ կը  տօնենք Քրիստոսի Ծնունդը, հոն պէտք է անդրադառնանք մարդկային կեանքի բարձր արժէքներուն՝ խոնարհութիւն, համեստութիւն, հաւատարմութիւն եւ մանաւանդ սէ՛ր։ Այո, սիրելի՜ բարեկամներ, Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ մարդուն հաւասարեցաւ իր աստուածային անհո՜ւն սիրով, համակրական հասկացողութեամբ։ Քրիստոս իր ծնունդով իսկ եղաւ արդարութեան տիպա՛ր մը, որ Իր աստուածային սիրոյն հետեւանքն էր։ Արդարեւ, ան որ կը սիրէ, գիտէ սիրել իր նմանները, արդէն արդա՛ր է, քանի որ արդարութիւնը կը բխի սէրէն։ Եւ հոն՝ ո՛ւր սէր կայ, հոն չկա՛յ ո՛չ վախ, ո՛չ տարակոյս եւ ո՛չ իսկ չարամտութիւն։ Բայց պէտք խոստովանիլ, թէ մարդոց սիրտը եւ հոգին պատուած էին աշխարհասիրութեամբ՝ աշխարհիկ բազմաթիւ զբաղումներով եւ հրայրքներով, որոնք շատ անգամ ամենէն գարշելի, նողկանք պատճառով ցանկութիւններով եւ գրգիռներով կ՚առինքնեն զիրենք՝ ուր երբեք տեղ չունէր սէրը։ Անոնց սիրտը ա՜յնքան լեցուած էր պատրանքով եւ զգայախաբութիւններով, որ հոն այլեւս սէրը չէր կրնար տեղաւորուիլ։ Եւ այս պատճառով է, որ Յիսուսի Ծնունդը միշտ եւ ամէն տեղ կրկնած է ինքզինք, քանի որ սէրը, արդարութիւնը, խոնարհութիւնը, համեստութիւնը եւ հանդուրժողութիւնը յաճախ պակսած է մարդոցմէ։ Յիսուսի համար աշխարհ տեղ չէ ունեցած՝ աշխարհի միտքը եւ սիրտը գոց է եղած այն ամէն բարոյական արժէքի համար, որ աստուածային հիւրին կը պատկանի։ Աշխարհ գոցա՛ծ է իր դռները ճշմարտութեան, բարութեան եւ սիրոյ հանդէպ։

Յիսուսի օրինակով, իր ծնունդով մարդկային մտքին կը ներկայանայ երեք բարձր սկզբունքներ. խոնարհութիւն, համեստութիւն եւ հնազանդութիւն, երեք առաքինութիւններ, որոնք խոտոր կը համեմատին, աւելի լաւ պիտի ըլլայ ըսել՝ չեն համաձայնիր աշխարհիկ բարոյականին։ Աշխարհ անոնց համար տեղ չունի՛ ոչ իր սրտին եւ ո՛չ իսկ իր մտքին մէջ, ինչպէս՝ Յիսուս մանուկը տեղ չունեցաւ պանդոկներու մէջ, (ՂՈՒԿ. Բ 7)։

Այս կը նշանակէ, թէ մարդիկ, ընդհանրապէս չեն զգար եւ չեն անդրադառնար այն եզական եւ բացառիկ առանձնաշնորհներուն, բարեպատեհ առիթներուն, զորս ներկայացած է իրենց առջեւ եւ կրնայ բարեփոխել իրենց ամբողջ կեանքը եւ ո՛չ միայն իրենց՝ այլ իրենց յաջորդ բոլոր սերունդներուն։

Անդրադառնա՛լ։ Ահաւասիկ ա՛յն, որ կը պակսի շատերու՝ տեսնել բարին, հեռատես ըլլալ եւ արժէք գնահատել։ Եւ ո՜վ գիտէ մարդիկ ի՛նչ առիթներ չեն կրցած օգտագործել իրենց անտարբերութեան պատճառով։ Արդարեւ այն, որ անտարբեր է, ան չի կրնար անդրադառնալ բարեպատեհ առիթներու եւ կը կորսնցնէ իր իրաւունքը բարելաւուելու, լուսաւորուելու եւ յառաջդիմելու, եւ կ՚ապրի անշարժութեան մէջ՝ խաւար եւ անգո՛րծ, Եւ  ինչ որ օգտակար չի կրնար ըլլալ մարդուն՝ անընդունելի կ՚ըլլայ։ եւ մարդ երբ չի կրնար որոշել օգտակարը եւ անօգուտը, չի կրնար հասնիլ բարիին, գեղեցիկին եւ ճշմարիտին։

Ուստի Յիսուս այն ատեն կը ծնի մարդուն սրտին մէջ, երբ ան կը բացուի ամբողջութեամբ Իր ճշմարտութեան, Իր կենսատու զօրութեան, Իր սիրոյն եւ այն ամբողջական բարձր նպատակին՝ որուն սահմանուած է իր կեանքը իրմո՛վ։

Խոնարհութեան, համեստութեան, արդարութեան եւ սիրոյ դասը տեսնողներն են, որ կը վայելեն Յիսուսի Ծննդեան ուրախութիւնը, երջանկութի՛ւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 27, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018