ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԽՕՍԻԼ

Ճշմարտութիւնը խօսիլ դիւրին չէ ժամանակի մը մէջ, ո՛ւր ճշմարտութիւնը կը նշանակէ ստախօսներու կողմէ՝ թշնամութի՛ւն։ Արդարեւ, Քրիստոսի Ճշմարտախօսութեան վարձատրութիւնը եղաւ մա՛հ։ Բայց ճշմարտութեան ախոյեանը մահէն ալ չի վախնար, քանի որ ճշմարտութիւնը մահէն ետքն ալ կը մնայ «ճշմարտութի՛ւն»։ Դաւիթ մարգարէ կը վկայէ. «Իմ ուժս Բիւրոց ուժին պէս է, որովհետեւ սիրտս մաքո՛ւր է»։

Սպառնալիք եւ հալածանք՝ չեն տկարացներ զօրաւորը, ընդհակառակը՝ կ՚աւելցնեն անոր զօրութիւնը։

Չարամիտներ կրնան քարկոծել ճշմարտախօսները, բայց երբեք չեն կրնար իրենք հանդուրժել այն առաջին արդար հարուածին, որ ճշմարտութիւնը կ՚իջեցնէ իրենց գլխուն։ Չարերը կը թաղուին «մոռացութեան գերեզման»ի մը մէջ՝ որ իրենք իրենց ձեռքով իսկ պատրաստած են, բայց բարիները անմա՛հ են՝ կ՚ապրին ցմիշտ, իրենց անունովն ալ, իրենց բարի գործերովն ալ…։

Մեր այսօրուան ընկերութիւնը կարօտ է այնպիսի անհատներու՝ որոնք տարիներու փորձառութեամբ եւ հմտութեամբ թրծուած են, եւ ճշմարտութեան՝ արդարութեան՝ հաւատարմութեան՝ ողորմութեան եւ փորձուած, ընդունուած ամէն առաքինութեան եւ ամէն տեսակ բարոյական սկզբունքի ախոյեան եղած են։ Նաեւ մարդոց՝ որոնք ուժեղ նկարագրով եւ հաստատակամութեամբ կրնան փրկել ընկերութիւնը քաոսէ եւ կորստեան վիհերէ։

Եւ այսօր մարդոց կը պակսի անկեղծութիւնը՝ ո՞վ բարեկամ է, ո՞վ կարծեցեալ, կեղծ բարեկամ է, յայտնի չէ. «Զգուշացէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ոչխարի կերպարանքով կը մօտենան ձեզի, մինչ ներքնապէս յափշտակիչ գայլեր են։ Իրենց գործերէն պիտի ճանչնաք զանոնք». (ՄԱՏԹ. Է 15-16)։ «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր… որ կ՚անտեսէք Օրէնքին կարեւոր պարտաւորութիւնները, այսինքն՝ արդարութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը։ Ասոնք պէտք է գործադրել, առանց միւսները անտեսելու». (ՄԱՏԹ. ԻԳ 23)։

Իսկ Thomas Hobbes կ՚ըսէ. «Homo homini lupus est», այսինքն՝ մարդը մարդուն գայլն է։

Ապա ուրեմն, պէտք է նկատի առնել Յիսուսի պատուէրը՝ թէ պէտք է զգոյշ ըլլալ «ոչխարի կերպարանքով գայլերու» նկատմամբ, քանի որ ընդհանրապէս «մարդը մարդուն գայլն է»։

Արդարեւ, կան կեղծ եւ կարծեցեալ բարեկամներ՝ որոնք յայտնի առածին համաձայն «օճառ»ի կը նմանին՝ թէեւ կը մաքրեն ձեռքը, բայց կը սահեցնեն ոտքը…։ Ուրեմն հեռու պէտք է մնալ «օճառ»ի պէս «բարեկամ»ներէ, որոնք թէեւ արտաքնապէս «ոչխար» կ՚երեւին, բայց ներքնապէս «գայլ»եր են։

Ժողովուրդ մը կը բարձրանայ իր բարի եւ անկեղծ անդամ-անհատներով, որոնք կրնան զատորոշել «ոչխար»ը եւ «գայլ»ը, չեն վախնար կեղծ բարեկամներու երկերեսութենէն, եւ մութի մէջ լարուած դաւերէն։ Վտանգաւոր են այն «բարեկամ»ները՝ որոնք թոյլ եւ մեղկ են բարոյապէս։

Ասիկա կեանքի տիեզերական պայքար մըն է՝ որուն մէջ կ՚ապրին մարդիկ։ Մարդիկ՝ անհատապէս եւ հաւաքապէս, որպէս ընկերութիւն։ Կ՚ապրին անոնք, բայց միշտ եւ անվերջ երկունքով եւ պայքարով այն ուժերուն դէմ, որոնք որեւէ կերպով կը փորձեն իրենց կեանքը դժուարացնել, դառնացնել, վտանգել, վնասել եւ մեռցնել։ Մարդիկ կ՚ապրին, բայց ինչպէ՜ս կ՚ապրին. ապրողը գիտէ… ապրողը կ՚անդրադառնայ…։ Հասարակաց փորձառութիւն մը բացատրելու փորձ աւելորդ է։

Բայց ի՛նչպէս որ ալ կ՚ապրին մարդիկ, գէթ առանց Աստուծոյ չապրին։

Արդարեւ, Աստուած կեանքը չի փոխեր, կեանքը միշտ նոյն կեա՛նքն է, «կեանք» կը մնայ, մեզ պաշարող ցաւերը, վտանգները կը շարունակեն, եւ Աստուած ոչ ալ մահը կը խափանէ, բայց այդ բոլորին դէմ մարդուս պայքարը անվհատ քաջութեամբ մղելու կարող ըլլալու համար՝ իրեն հարկաւոր զօրութիւնը, քաջութիւնը կու տայ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Քաջ ըլլալու համար պէ՛տք է վստահիլ, պէ՛տք է հաւատալ։ Հաւատալ Անոր՝ որ վստահութիւն կը ներշնչէ մեզի թէ՛ իր խօսքերով եւ թէ՛ իր գործերով։ Եւ այս իմաստով Ան է ամենավստահելին, որ կը խոստանայ մեզ փրկել ամէն վտանգէ եւ ամէն փորձութենէ։ Առանց երկմտութեան, առանց տարակոյսի հաւատալ եւ վստահիլ, ահաւասիկ ա՛յս է միակ միջոցը անվհատ քաջութեամբ պայքար մղելու ամէն չարութեան դէմ։

Եւ երբ կ՚աղօթենք. «Հայր մեր…» կ՚ըսենք, հոն չորրորդ խնդրանքին մէջ, երբ կ՚ըսենք. «Տո՛ւր մեզի», մեր վստահութիւնը, մեր որդիական վստահութիւնը կ՚արտայայտենք երկինքի մեր Հօր՝ հաղորդաբար մեր եղբայրներուն։ Վստահութեան արտայայտութիւն մըն է նաեւ «Հայր մեր»ի «այսօր» բառը։ Քրիստոս է զայն մեզի սորվեցնողը. մեր յաւակնութիւնը պիտի չկարենար զայն ինքնիրմէ հնարել։ Եւ քանի հարցը կը հայի մանաւանդ Աստուծոյ Խօսքին եւ Իր Որդիին Մարմինին, ուստի այս «այսօր»ը, մեր մահկանացու ժամանակին այսօրը չէ միայն, ան Այսօրն է Աստուծոյ։

Քանի որ հացը ամէն օր կ՚ընդունի մարդ, ուրեմն ամէն օր իրեն համար «այսօր» է։ Քանի Քրիստոս քեզի է այսօր, Ան ուրեմն ամէն օր յարութիւն կ՚առնէ քեզի համար։

Ուրեմն աղօթել՝ հաւատալ եւ վստահիլ։

Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի վերագրուած խօսքով. «Աղօթել այնպէս իբր թէ ամէն ինչ կախում ունենար մեզմէ»։

Վստահինք եւ քա՛ջ ըլլանք, չկա՛յ նեղութիւն որ յաղթահարելի չըլլայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 27, 2021, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021