ՄԱՐԴ՝ ՍԱ ԱՆԾԱՆՕԹԸ
Որքան ալ խօսինք, խորհրդածենք իր մասին, մարդը իր ամբողջութեամբ միշտ «անծանօթ» մըն է, այնքան անծանօթ, որ ամենէն աւելի ինքն իրեն անծանօթ է, օտար մը կարծես՝ մարդս իր մէջ։ Այս ճանաչումի պակասը բնական է, քանի որ մարդ ըստ էութեան երեք տարբեր վիճակներու միացումն է՝ նիւթ, այսինքն մարմին, հոգի եւ միտք։ Եւ այս բոլորը ճանչնալ, անոնց երեքին ալ ծանօթանալ կարելի չէ։ Ֆիզիքական մարդը ինք նոյնիսկ ինքզինք չի կրնար ճանչնալ՝ ո՞վ ծանօթացած է իր մարմնական սրտին եւ կամ ուրիշ մէկ ներքին գործարանին՝ կարծես օտարներ են արտաքին մարդը՝ ներքին մարդուն։
Մարդ աւելի եւս օտար է իրեն՝ հոգեւոր երեսով. մարդ օտար է իր հոգիին, ան ալ կարծես «անծանօթ» մըն է մարդուս բարոյական էութեան մէջ։
Հապա ի՞նչ կարելի է ըսել մտքի մասին. ան ալ «անծանօթ» մըն է ինքն իրեն։ Ըսէ՛ք, սիրելինե՜ր, ո՞վ կրնայ իր միտքը ճանչնալ, խելքը, մտածողութիւնը, գիտելիքները, անոնց գործելակերպը՝ բոլորովին անծանօթներ են, հազիւ ըմբռնելի կամ հասկնալի։ Եւ բոլոր այս իրողութիւնները ցոյց կու տան՝ թէ մարդ, ո՛չ միայն իր նմաններուն, մերձաւորներուն, այլ մանաւանդ ինքն իրեն անծանօթ է եւ մանաւանդ օտա՛ր։ Բայց այս իրականութիւնը պէտք չէ յուսալքէ մեզ, տակաւ պէտք է ճանչնանք, աշխատինք ծանօթանալ նախ մենք մեզի, մեր ներքին մարդուն՝ «Ես»ին հետ, ներհայեցողութեամբ, ինքնաճանաչութեամբ եւ յետոյ մեր շուրջիններուն հետ, մեր մերձաւորներուն հետ ծանօթանալ փորձենք, եւ ճանչնանք զանոնք։ Պահ մը խորհինք, անկեղծութեամբ, պարզամիտ կերպով հարցնենք մենք մեզի, մենք ո՞րքան կը ճանչնանք մեր ներաշխարհը։
Յետոյ դիտենք մեր շուրջը՝ մեր մերձաւորները, մեր բարեկամները, մեր մտերիմները, եւ հարցնենք. ո՞րքան կը ճանչնանք զանոնք։ Սիրելի՜ներ, մարդս երբ անծանօթ է ինքն իրեն, հապա կարելի՞ է որ կատարելապէս ճանչնայ ուրիշը, եւ դարձեալ երբ մարդ ինք իր ներքինը չի ճանչնար, այլապէս ուրիշին ներքին աշխարհը ինչպէ՞ս կրնայ ճանչնալ, մանաւանդ որ ընդհանրապէս մարդիկ չեն այնպէս, կամ աւելի ճիշդ՝ չեն երեւիր այնպէս, ինչպէս որ են։ Դժուար է ճանչնալ մարդը՝ սա անծանօթը, թէ՛ արտաքնապէս, թէ՛ ներքնապէս…։
Ի՞նչ է մարդը ուրեմն։ Ո՞վ եմ ես։
Մարդ, էապէս ոչինչէն ստեղծուած արարած մըն է՝ ճանչնալու զինք ստեղծողը, եւ թերեւս ստեղծուած է որպէսզի Արարիչը ճանչնայ եւ Արարիչը ստեղծած է մարդը՝ որպէսզի զԻնք յայտնէ անոր։ Եւ եթէ չստեղծուէր մարդը, Աստուած որո՞ւ պիտի յայտնէր Ինքզինք, Աստուած որո՞ւ Աստուածը, որո՞ւ Արարիչը պիտի ըլլար։ Ուրեմն կ՚երեւի, թէ ճանչնալ պէտք է՝ ճանչցուելու համար, ծանօթ մը պէտք է ծանօթանալու, ինքզինք ծանօթացնելու համար, եւ մէկը պէտք է յայտնուելու համար։ Ի՞նչ կ՚ըսեք սիրելի՜ բարեկամներ, արդեօք Աստուած Ինքզինք յայտնելու, ծանօթացնելու՝ Իր Աստուածութիւնը ճանչցնելո՞ւ համար ստեղծեց մարդը՝ բանական այս էակը, Իր նմանութեամբ, եւ Իր պատկերով՝ որպէսզի աւելի դիւրին ճանչնայ իր Արարիչը։
Մարդ իր բանականութեամբ ճանչցաւ եւ ծանօթացաւ իր Արարիչին, որ յաւիտենական ու անսահման, անսկիզբ ու անվերջ Էակն է ամբողջ էութեան մը։
Բոլոր արարածները, համայն տիեզերքը՝ որոնք միտքը եւ սիրտը սաստիկ կը զբաղեցնեն, միայն ժամանակաւոր, անցողակի բաներ են մարդուն համար։
Եւ որքան ժամանակ որ երկրի վրայ կ՚ապրի մարդ, պէտք չէ՛ որ երկիրը ամբողջապէս տիրապետէ իր վրայ, եւ ո՛չ ալ երկրային հոգերն ու մտածումները, աշխարհային զբաղումները տեւապէս գրաւեն եւ կլանեն զինք։ Արդարեւ անոնք արգե՛լք են ճանչնալու, ծանօթանալու, անդրադառնալու իր Արարիչին՝ որ հեռու չէ երբեք իրմէ, եւ այնքան մօտ, որքան մարդուն իր «Ես»ը։
Պահ մը մտածեցէք մանուկ մը, թագաւորի զաւակ մը, որ օտար երկիր ծնած է, պիտի երթայ իր վեհապանծ ու ազնիւ նախնիներու հայրենիքը՝ ուր անբաւ հարստութիւն ունի, բազմելու համար իր հօր գահին վրայ։ Ան, չափահաս տարիքին ճամբայ կ՚ելլէ դէպի իր հայրենիքը։ Սակայն ճամբորդութեան ընթացքին, գեղեցիկ վայրերէն, ծաղկաւէտ մարգագետիններէն եւ դիւթիչ տեսարաններէն հմայուած, կը մոռնայ իր հօր շքեղ երկիրը, տունը եւ իր մայրենի հողին սէրն ու կարօտը։ Օտարութեան մէջ, շքեղ տնակ մը շինել կու տայ եւ հո՛ն կը հաստատէ իր բնակութիւնը։ Ո՜վ մարդ, այս անհասկնալի, անըմբռնելի մանուկը, պէտք է դո՛ւրս ելլէ իր ցած տնակէն, որ զինք վերին ու երկնային «հայրենիք»էն հեռու կը պահէ։
Այս երկրի քաղցր պտուղներով բեռնաւորուած ծառերը, ջուրի առատահոս աղբիւրները, այդ բոլորը՝ մարդուն ճամբուն վրայ, զինք զովացնելու համար են միայն՝ սակայն անոնք հարազատ գանձեր չեն։
Ուստի մարդ պէտք է դէպի վե՛ր, երկնայինին ուղղէ իր քայլերը։ Եթէ հոս դանդաղի, մօտակայ ձմեռը կարծր սառերով պիտի պատէ աղբիւրները, պիտի մերկացնէ մարգագետինները, եւ ան, հեռո՜ւ իր երջանիկ հայրենի երկրէն, ուր պիտի իշխէր եւ որուն կոչուած էր, հոս չքաւորութեան մատնուած, ահաւոր անապատի մէջ պիտի կորսուի ու վերջանայ։
Երկրի գեղեցկութիւնները եւ բարիքները կազդուրում են միայն, որ Աստուած մարդուս կը հրամցնէ, որպէսզի զօրանայ ան, եւ առոյգ եւ շտապ քայլերով, դէպի Իրեն վազէ ու սուրայ։ Ուրեմն, ո՜վ մարդ, ինչո՞ւ անհոգ ու անտարբեր նստած ես եւ կ՚ուրախանաս ու կը մոռնաս վախճանդ՝ ուր կոչուած ես։
Արդարեւ միայն զգայարանքներու համար չէ՛ որ Արարիչը ծառին պտուղները եւ ողկոյզները մեղրով համեմած է, իրապէ՛ս, չաստուածներու ըմպելիով քաղցրացուցած է զանոնք։ Բոլորն ալ պարգեւներն են, որոնցմով Ան իր ձեռքը մարդուն կ՚երկարէ, որպէսզի հոս, իբր Իր զաւակը, միշտ զԻնք, Տուողը, սիրէ եւ Անոր քայլերուն հետեւի։
Ուստի ի՛նչ որ Ան կը պարգեւէ հոս, զգալի ապացոյցներ են՝ յաւիտենական ուրախութիւններով գրաւելու մարդուս սիրտը դէպի վե՛ր առաջնորդելու համար զինք։ Մարդ պէտք է աշխատի, որ ազատէ իր հոգին իր զգայարանքներու պատրանքներէն, հեռացնէ անոնցմէ անհամար խռնումը տեսանելի իրերու, ցնորքներու, որոնք տեւական մտացրումի պատճառներ են, այս կերպ հոգին ինքզինք օտարութեան մէջ կը զգայ՝ օտարացած ու անծանօթ ինքն իրեն։
Ի՜նչ ցաւալի է բազմութեան մէջ մինակ զգայ ինքզինք, եւ օտար՝ բարեկամ կարծուածներու քով։
- Օգտուեցանք եւ ներշնչուեցանք՝
ա) Ալեքս Քառէլ. «Մարդ սա անծանօթը»,
բ) Ս. Օգոստինոս. «Գիշերային խորհրդածութիւններ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 13, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024