ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ԱԿԸ

Ո՛չ մէկ տա­րա­կոյս, ո՛չ մէկ կաս­կած՝ Աստուած Ի՛նքն է զօ­րու­թեան ա­կը՝ Ան ա­մե­նա­կա­րող է, քա­նի որ Ան ա­մե­նա­զօր է եւ ա­մէն զօ­րու­թիւն Իր­մէ կը բխի։ Բայց այդ զօ­րու­թեան ներ­գոր­ծու­թեան ար­դիւն­քը պէտք է ապ­րուած կեն­դա­նի կեան­քով ցոյց տրուի մարդ էա­կին, ո­րո­հե­տեւ ան տես­նե­լով եւ շօ­շա­փե­լով է որ կրնայ ըմբռ­նել կարգ մը վե­րա­ցա­կան  ար­ժէք­ներ՝ ո­րոնք «խոր­հուրդ» են եւ կը ծած­կուին մարդ­կա­յին տե­սո­ղու­թե­նէն եւ զգա­յու­թե­նէն։

Ուս­տի այդ զօ­րու­թեան կեն­դա­նի օ­րի­նա­կը անհ­րա­ժեշտ է մար­դուն՝ հասկ­նա­լու հա­մար ան­ճա­ռե­լին եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­նըմբռ­նե­լին։ Եւ ինչ­պէս գի­տենք ար­դէն, Յի­սուս մարմ­նա­ցաւ եւ մար­դա­ցաւ ա՛յս իսկ նպա­տա­կով։

Յի­սուս մտաւ աշ­խարհ մը՝ ուր բազ­մա­թիւ եւ բազ­մա­տե­սակ «քա­րո­զիչ»ներ կը քա­րո­զէին ա­մէն մէ­կը իր վար­դա­պե­տու­թիւ­նը։ Ու­սու­ցում­ներ՝ ո­րոնք շատ ան­գամ «են­թա­կա­յա­կան» էին եւ չէին ցո­լաց­ներ ճշմար­տու­թիւ­նը՝ լոյ­սի պէս կ՚ե­րե­ւէին բայց լոյս չէի՛ն…։

Այս պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ՝ լռել պի­տի նշա­նա­կէր ու­րա­ցու­մը իր ա­ռա­քե­լա­կան պաշ­տօ­նին։ Պէտք էր «զօ­րա­ւոր» ձե­ւաց­նող­նե­րու, «զօ­րա­ւոր» ե­րե­ւաց­նող­նե­րու ցու­ց­­նել իս­կա­կան Զօ­րու­թի՛ւ­նը։ Ճշմար­տու­թիւ­նը քա­րո­զել ո՛չ միայն պաշ­տօն, այլ նաեւ՝ պար­տա­ւո­րու­թիւն մըն էր եւ մա­նա­ւանդ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հարց։ Քա­նի որ ստու­թեան մո­լո­րե­ցու­ցիչ «քա­րո­զիչ»ներ գրա­ւած էին հրա­պա­րա­կը։ Ուս­տի Աս­տուած մէ՛կ է, բայց սա­տա­նա­ներ բազ­մա­թիւ՝ լէ­գէոն են։

Յի­սուս երբ մար­դե­ղա­ցած՝ մտաւ աշ­խարհ, մտաւ մարդ­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ՝ դէմ կե­ցած գտաւ ամ­բողջ հե­թա­նոս աշ­խարհ մը՝ իր մո­լո­րե­ցու­ցիչ վար­դա­պե­տու­թիւն­նե­րով եւ ու­սու­ցում­նե­րով։

Եւ Յի­սուս ա­նոնց հա­մար ը­սաւ. «Վա՜յ ձե­զի Փա­րի­սե­ցի­ներ, դուք, գա­ւա­թին եւ պնա­կին ար­տա­քի­նը մաք­րե­լու մտա­հոգ էք, մինչ ձեր ներ­սը յափշ­տա­կու­թեամբ եւ չա­րու­թեամբ լե­ցուն է…» (ՂՈՒԿ. ԺԱ 39)։ Կը խօ­սէր ա­նոնց մա­սին՝ ո­րոնք ձե­ւա­պաշտ­ներ էին, բա­րի ե­րե­ւիլ ու­զող չա­րեր, մա­քուր կար­ծուած աղ­տոտ­ներ էին, մէկ խօս­քով, ա­նոնք ան­կեղծ չէին ի­րենց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ. կը խա­բէին ի­րենց շուր­ջին­նե­րը, բայց ի­րա­կա­նին մէջ ի­րենք զի­րենք կը խա­բէին, ի­րենց խիղ­ճը կը տան­ջէին։ Ա­նոնք կա­տա­րեալ ստա­խօս, խար­դախ, մո­լո­րեց­նող խա­բե­պա­տիր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն էին Սա­տա­նա­յին։

Այդ սա­տա­նա­նե­րը կը կար­ծէին զօ­րու­թիւն ու­նե­նալ, բայց կ՚ան­տե­սէին իս­կա­կա՛ն «Զօ­րա­ւոր»ը։

Եւ Յի­սուս, շա­րու­նա­կե­լով ը­սաւ. «Վա՜յ ձե­զի, Փա­րի­սե­ցի­ներ, որ ժո­ղո­վա­րան­նե­րուն մէջ պա­տուոյ ա­թոռ­նե­րը նստիլ կը սի­րէք, ինչ­պէս նաեւ հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ յար­գա­լիր բա­րեւ­ներ ըն­դու­նիլ» (ՂՈՒԿ. ԺԱ 43)։ Ա­նոնք, որ­պէս կար­ծե­ցեալ զօ­րա­ւոր­ներ, կա­րե­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, կը պար­տադ­րէին ժո­ղո­վուր­դին՝ որ յար­գէ, պա­տուէ զի­րենք։

Յի­սուս, ճշմար­տու­թիւ­նը ցո­լաց­նող լոյ­սը, ե­կաւ խա­ւա­րը լու­սա­ւո­րե­լու։ Ա­նոր լոյ­սը ո՛չ միայն ար­տա­քին աշ­խար­հը կը լու­սա­ւո­րէ, այլ եւ մա­նա­ւանդ «Ք» ճա­ռա­գայ­թի նման կը թա­փան­ցէ մար­դուս նե­րաշ­խար­հը եւ կը ճա­ռա­գայ­թէ հո­գիին խո­րե­րը։ Ա­նոր լոյ­սը կը լու­սա­ւո­րէ հո­գին եւ զայն կը դարձ­նէ թա­փան­ցիկ՝ ո­րուն մէ­ջը կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ տես­նել յստակ կեր­պով։ Այ­լա­պէս կը յայտ­նուին ա­մէն կեղ­ծիք, ա­մէն սուտ, ա­մէն խար­դա­խու­թիւն, ո­րոնք ծած­կուած, քօ­ղար­կուած էին նա­խա­պէս։ Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը թա­փան­ցիկ կը դարձ­նէ հո­գին՝ ան­կեղծ եւ յստա՛կ։

Ուս­տի Յի­սուս հսկա­յա­կան գոր­ծի մը հա­մար աշ­խարհ ե­կաւ եւ ձեռ­նար­կեց այս հսկա­յա­կան գոր­ծին՝ ո­րուն հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը ըմբռ­նել եւ ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տել՝ մարդ­կա­յին հու­նա­ւոր մտքին հա­մար կա­րե­լի չէ՛։ Աս­տու­ծոյ կամ­քին դէմ ապս­տամ­բած մարդ­կու­թիւն մը ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի էր հպա­տա­կեց­նել ա­նոր։ Հե­թա­նոս մարդ­կու­թիւ­նը կ՚ա­ռաջ­նոր­դուէր ա­նոր կող­մէ, որ կը մո­լո­րեց­նէր հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը՝ հե­ռաց­նե­լով զի­րենք ա­մէն ճշմար­տու­թե­նէ։

Այս ի­մաս­տով այդ մո­լո­րած եւ մո­լո­րե­ցու­ցիչ հե­թա­նոս մարդ­կու­թիւ­նը կը յա­ռա­ջա­նար «լայն ճամ­բայ»ի մը վրայ՝ որ կը տա­նէր դէ­պի խա­ւար, դէ­պի մա՛հ։ Այլ Յի­սուս, Աս­տու­ծոյ Միա­ծի­նը, քա­րո­զեց, ու­սու­ցա­նեց Աս­տու­ծոյ սի­րոյն վրայ, որ սկզբնա­կան հիմն էր իր վար­դա­պե­տու­թեան եւ որ հա­ւաս­տիքն էր փրկու­թեան եւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի։ Ուս­տի Ա­ւե­տա­րա­նը ե­ղաւ ստու­գա­նի­շը Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թեան, վե­հու­թեան, ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեան՝ փրկու­թեան ճամ­բա՛ն եւ յա­ւի­տեան կը մնայ փրկու­թեան ճամ­բայ։ Պէտք էր որ մէ­կը ըլ­լար՝ որ լու­սա­ւո­րէ եւ ցու­ցնէ այդ ճամ­բան։ Ա­հա­ւա­սի՛կ, Յի­սուս, մարմ­նա­ցեալ, մար­դա­ցեալ Աս­տուա­ծոր­դին ե­ղաւ եւ այդ ճամ­բուն ա­ռաջ­նոր­դը՝ ու­ղե­ցոյ­ցը, թէ՛ քա­րո­զե­լով ճշմար­տու­թիւ­նը եւ թէ՛ ապ­րե­լով եւ ցու­ցա­բե­րե­լով զայն իր իսկ կեան­քո­վը, իր տի­պա­րո­վը։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ. «Բա­նը մար­մին ե­ղաւ»։

­Յի­սուս, ար­դա­րեւ, Աս­տու­ծոյ կամ­քին, Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թեան, նկա­րագ­րին եւ սի­րոյն յայտ­նու­թիւնն էր եւ կ՚ապ­րի ա՛յդ­պէս, քա­նի որ Ան միշտ կեն­դա­նի է։

Ան մար­գա­րէու­թիւն­նե­րու լրումն էր՝ աստուա­ծա­յին կնի­քը ա­մէն ճշմար­տու­թեան վրայ, որ յա­ւի­տե­նա­կան է՝ ա­նայ­լայ­լե­լի եւ մշտնջե­նա­ւո՛ր։

Ա­յո՛, Յի­սուս քա­րո­զեց, ու­սու­ցա­նեց ո՛չ միայն չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար հե­թա­նո­սա­կան կեղծ քա­րո­զու­թիւն­նե­րու մո­լո­րե­ցու­ցիչ հե­տե­ւանք­նե­րը մար­դոց հո­գիին հա­մար, այլ՝ ար­դեամբ նոր կեան­քի տեն­չը եւ հե­ռան­կա­րը ստեղ­ծե­լու հա­մար ա­նոնց մէջ։

Յի­սուս, Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թեան գոր­ծադ­րողն էր. Ան «լոյս» մը չէր որ տի­րող խա­ւա­րին մէջ կը փայ­լէր, հա­պա՝ ա­րե՛ւ էր որ խա­ւա­րը ամ­բող­ջո­վին կը փա­րա­տէր եւ ա­նոր գո­յու­թիւ­նը ան­կա­րե­լի կ՚ը­նէր։ Եւ Ան, խա­ւա­րը ցե­րե­կի, լոյ­սի փո­խեց։

Եւ լոյ­սը պէ՛տք է որ փայ­լի…։

Լոյ­սին նկա­րա­գիրն է լու­սա­ւո­րել ա­մէն խա­ւար։

Այս լոյ­սին մէջ, ճշմար­տու­թիւ­նը, որ «լո՛յս»ն իսկ է, պէտք է որ հա­ղոր­դուի, տա­րա­ծուի՝ քա­րո­զուի։

Ուս­տի Յի­սու­սի պա­տուէրն է. «Գա­ցէ՛ք, քա­րո­զե­ցէ՛ք եւ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ին­ծի ա­շա­կերտ դար­ձու­ցէ՛ք» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19)։ Այս է ա­հա­ւա­սիկ ճշմա­րիտ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, թէ՛ խօս­քով, թէ՛ կեան­քի տի­պա­րով, ապ­րե­լով եւ ապ­րեց­նե­լով պէտք է քա­րո­զել։ Չի բա­ւեր միայն լսող, հնա­զան­դող քրիս­տո­նեա­ներ ըլ­լալ եւ մին­չեւ իսկ միայն «ապ­րող» քրիս­տո­նեա­ներ, այլ պէ՛տք է ըլ­լալ ապ­րող ե՛ւ ապ­րեց­նող, տի­պա՛ր քրիս­տո­նեա­ներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 25, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017