ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ

Երախտագիտութիւնը մարդկային ազնիւ զգացում մըն է՝ որուն միջոցով բարեկամական կապեր իմաստ կը ստանան, եւ մարդկային յարաբերութիւնները աւելի բարձր մակարդակի մը վրայ հետզհետէ կը զարգանան։ Արդարեւ, երախտագիտութիւնը սերտօրէն կապուած է մարդուս նկարագրին հետ, այնպէս որ արժանապատուութեան գիտակցութեան ստուգանիշը կարելի է համարել զայն։ Եւ դարձեալ, այս իմաստով, բարձր նկարագրի տէր՝ ինքնավստահ եւ ազնիւ մարդը երբեք չի վարանիր իր երախտագիտութիւնը յայտնելու։ Եթէ նկատի ունենանք բարձր նկարագիրը, ինքնավստահութիւնը եւ ազնուութիւնը, այս բոլորը հետեւանքն են անկեղծութեա՛ն, այն ինչ որ շատ անգամ կը պակսի մարդոցմէ։

Երախտագիտութիւնը, արդարեւ իրաւունք ճանչնալու, յարգ եւ արժէք գիտնալու, մարդու արժանապատուութեան կարեւորութիւն ընծայելու հարց մըն է, նաեւ՝ ինքնագիտակցութեան եւ ազնուութեան ստուգանի՛շ մը։ Երախտագիտութեան արտայայտութիւնը մարդս երբեք չի նուաստացներ, այլ՝ կը բարձրացնէ, կ՚ազնուացնէ։ Այն որ երախտագիտութիւնը յայտնելու մէջ կը վարանի, անվստահելի, անկայուն, տկար նկարագրի տէր եւ հոգեպէս տհաս անձնաւորութիւն մը կը ներկայացնէ։ Իսկ անկեղծ եւ ինքնավստահ մէկը երբեք չի՛ տարակուսիր յայտնելու իր երախտագիտութիւնը։ Երախտագիտութիւնը կը պահանջէ հաստատ մնալ իր դիրքին վրայ՝ չմոռնալ բարիքը եւ չմոռնալ նաեւ բարեգործը։ Պարզ շնորհակալութիւն մը՝ որ ըստ էութեան անկեղծօրէն կ՚արտայայտուի, երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է, քանի որ բարիքի մը փոխարէն այդ շնորհակալութեան արտայայտութիւնն իսկ զլացողներ կրնան գտնուիլ։ Բայց երախտագիտութեան ամենալաւ արտայայտութիւնը գործն է՝ որով մարդ կրնայ ցոյց տալ իր երախտագիտութիւնը։

Ոմանք երախտագիտութեան արտայայտութիւնը՝ երախտապարտութիւնը տկարութիւն, նուաստ վարուելակերպ կը սեպեն։ Երախտապարտ ըլլալ՝ երբեք չի նշանակեր ամբողջ կեանքով պարտական ըլլալ, եւ ամբողջովին իր էութիւնը տրամադրել անոր՝ որուն երախտապարտ մնացած են։

Երախտագիտութիւնը երբեք բոլորովին յանձնուիլ, գերի ըլլալ չի նշանակեր, քանի որ այդ զգացումին չափաւորութիւնը, կշիռը, դարձեալ երախտապարտ անձին ձեռքն է՝ երախտապարտութեան եւ անձնատուր ըլլալու սահմանը որոշել եւ ըստ այնմ վարուիլ՝ հմտութիւն եւ հեռատեսութիւն կը պահանջէ։

Այս իմաստով, երախտագիտութեան ազնիւ զգացումով շարժողներ՝ հմուտ, իմաստուն եւ հեռատես անձնաւորութիւններ են, որոնք ազնիւ են եւ առաքինութեամբ օժտուա՛ծ։ Ուրեմն, ապերախտութիւնը ա՛խտ մըն է, որ լո՛ւրջ դարմանումի կը կարօտի, անշուշտ, եթէ ենթական անդրադառնայ իր տկարութեան եւ թերութեան այս մասին։

Արդարեւ, մարդ նախ պարտի երախտագիտութիւն յայտնել Աստուծոյ՝ իր Արարչին, կեանք տուողին եւ Նախախնամին՝ զինք հոգացողին եւ կեանքը ապահով կերպով տեւականացնողին։ Երախտագիտութեան սկիզբն է՝ Աստուծոյ հանդէպ երախտապարտութեան արտայայտութիւնը ամէն առիթով։

Հին Կտակարանի մէջ, հացը եւ գինին Արարչին մատուցուած է որպէս երախտագիտութեան նշան։

Հացը՝ խոստացուած Երկրին պտուղն է եւ գրաւականը Աստուծոյ հաւատարմութեան՝ Իր կատարած խոստումներուն հանդէպ։

Իսկ Նոր Կտակարանի մէջ՝ Սուրբ Պատարագի խորհուրդը Հօր մատուցուած գոհաբանութեան զոհակատարում մըն է, օրհնաբանութիւն մը՝ որով Եկեղեցին Աստուծոյ իր երախտագիտութիւնը կ՚արտայայտէ այն բոլոր բարիքներուն համար եւ այն ամէն ինչին համար, զորս Ան իրագործեց Իր արարչագործութեամբ, փրկչագործութեամբ եւ սրբացումով։

Արդարեւ, Ամենասուրբ Խորհուրդին այցելութիւնը երախտագիտութեան ապացոյց մըն է, եւ նշան՝ սիրոյ։ Ուստի երախտագիտութեան զգացումը սիրոյ անկեղծ արտայայտութիւն մըն է։ Բարոյական գոյութիւնը «պատասխա՛ն» մըն է Տիրոջ սիրով լեցուն նախաձեռնութեան։ Ան երախտագիտութի՛ւն է՝ մեծարանք Աստուծոյ եւ պաշտամունք գոհաբանութեան։

Երախտագիտութիւնը համագործակցութիւն է բարերարին եւ բարիք վայելողին միջեւ։ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութիւն է երախտագիտութիւնը։ Ուստի, արդա՛ր է «զոհ» մատուցանել Աստուծոյ ի նշան երախտագիտութեան եւ հաղորդութեան։ Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ, թէ՝ «Իսկական զո՛հ է ամէն արարք, որ կը կատարուի սուրբ հաղորդութեամբ Աստուծոյ փարելու եւ երջանկանալու համար»։

Երախտագիտութեան զգացումը մարդոց միջեւ ալ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ։ Ազգականական յարաբերութիւններու՝ ընտանեկան անդամներու միջեւ ալ երախտագիտութիւնը անհրաժեշտ է. ծնողներու պատիւ, յարգանք, սէր եւ երախտագիտութիւն ընծայելու պարտաւորութիւնը տրուած է յատկապէս զաւակներուն։ Ուստի ծնողներուն հանդէպ յարգանքը՝ «ծնողասիրութիւն»ը կը կայանայ «երախտագիտութեան» մէջ՝ որոնք կեանքին պարգեւողը, իրենց սիրովը եւ աշխատանքովը՝ իրենց զաւակները աշխարհ բերին եւ կարելին ըրին որ անոնք մեծնան հասակով, իմաստութեամբ եւ շնորհքով։ Ինչպէս Աստուած Արարիչ եւ Նախախնամ է, նոյնպէս ալ ծնողներ կը ծնին եւ կը շարունակեն խնամել եւ հոգալ իրենց զաւակները։ Ուստի երախտագիտութեամբ պէտք է յիշել, որ ծնողներ լոյսի բերին, եւ թէ մարդ պէտք է խորհի, թէ ի՞նչպէս պիտի կարենայ փոխադարձել…։

Ուստի որդիական այս երախտագիտութիւնը կը յայտնուի ճշմարիտ հնազանդութեամբ։ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Իմաստուն զաւակը կը սիրէ խրատուիլ, իսկ արհամարհող զաւակը՝ չ՚անսար յանդիմանութեան»։ (ԱՌԱԿ. ԺԳ 1)։ Հասուն տարիքին ալ զաւակներ պէտք է շարունակեն յարգել իրենց ծնողները երախտագիտութեան ազնիւ եւ անկեղծ զգացումով։

Յիսուս կը յիշեցնէ երախտագիտութեան այս պարտականութիւնը երբ կ՚ըսէ. «Ձեր աւանդութիւնը պահելու համար աղէկ գտեր էք Աստուծոյ պատուիրանը անարգելու ձեւը։ Օրինակ, Մովսէս պատուիրեց ձեզի ըսելով.- Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.- Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի։ Մինչդեռ դուք կը սորվեցնէք՝ թէ.- Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ.- Այն օգնութիւնը որ ինձմէ պիտի ստանայիր՝ կորբան է, այսինքն Աստուծոյ նուիրուած է, ա՛լ չի կրնար օգնել իր հօրը կամ մօրը», (ՄԱՐԿ. Է 9-12)։

Բացայա՛յտ է, թէ երախտագիտութեան արտայայտութիւնը պէ՛տք է «անկեղծ» ըլլայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 23, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018