ՆԱՐ-ԴՈՍԻ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Նար-Դոս հայ գրականութեան այն եզակի դէմքերէն է, որուն գրութիւններուն մէջ գոյութիւն չունի երեւակայութիւնն ու կեղծ պերճանքը. անոր գրութեան հերոսներն ու ներկայացուցած նիւթերն ու պատկերը շինծու չեն, այլ հայելին են մեր առօրեային, իր ներկային:

Նար-Դոս տեսնողէ աւելի դիտող մըն էր կեանքը, վարպետ ուսումնասիրող մը դէպքերն ու հանգամանքները, թերացումներն ու պակասութիւնները, որոնց սրբագրութեամբ ընկերութիւնը շատ աւելի լաւ ու բարգաւաճ վիճակի մէջ կրնայ յայտնուիլ: Գրող մը ըլլալէ աւելի հոգեբան է Նար-Դոս. հոգեբան՝ որ կրնայ թափանցել զանազան խաւերու պատկանող մարդոց հոգեվիճակին ու ապրումներուն մէջ. կրնայ ուսումնասիրել անոնց կեանքի նկատմամբ ունեցած գաղափարներն ու ըմբռնումները եւ իր այս շնորհքին շնորհիւ գրութիւններուն մէջ կը յաջողի ներկայացնել ժամանակուան տարբեր խաւերու մտածելակերպն ու ըմբռնումները:

Այս բոլորը իրար հետ է որ Նար-Դոսը գրականութեան կարեւոր դէմքերէն մէկը կը դարձնեն. ինք կրնայ իր պարզութեան ու յստակութեան մէջ գծագրել մարդու տիպարը ընթերցողի երեւակայութեան մէջ, առանց երեւակայական չափազանցութիւններու մէջ երթալու:

Եթէ անցեալի հայ ժողովուրդին ապրելակերպն ու ըմբռնումները ուզենք ճանչնալ, դժուար թէ գտնուի աւելի անկեղծ ու հարազատ տարբերակ քան Նար-Դոսը, որ ընթերցողին առանց ձանձրոյթ պատճառելու կու տայ ա՛յն բոլորը՝ որ ընթերցասէր մը կ՚ուզէ գտնել իր ընթերցումներուն ժամանակ:

Պատանի տարիքէս բախտաւորութիւնը ունեցած եմ ամբողջութեամբ կարդալու Նար-Դոսի երկերու ժողովածուն. իւրաքանչիւր պատմուածք, իւրաքանչիւր վէպ ունեցած է փոխանցելիք գաղափար մը՝ որուն կամայ թէ ակամայ կրկնութիւնները կը տեսնենք այսօր:

Առաջին անգամ կարդացած եմ Նար-Դոսի «Տանտիրոջս աղջիկը» աշխատութիւնը, ուր հեղինակը կը պատմէ իր սիրահարութիւնը օրիորդի մը հանդէպ, որ ակամայ ճակատագիրի դժբախտ զոհը կը դառնայ: Նար-Դոս կը սիրահարի աղջկայ մը՝ Քալիին, սակայն իր նիւթական անապահովութեան պատճառով այդ սէրը երազանք մը կը դառնայ. ինք ուսուցիչ էր, հետեւաբար՝ աղքատ ու համեստ դասակարգի երիտասարդ մը, որուն աղջիկ տալ պիտի չուզէին ժամանակուան հայ ընտանիքներէն շա՜տ շատեր: Սիրոյ տագնապը պատճառ կ՚ըլլայ, որ գրողը հեռանայ քաղաքէն եւ այլ քաղաքներու մէջ իր ուսուցչական առաքելութիւնը ծաւալէ: Վեց տարիներ ետք կը վերադառնայ ա՛յն քաղաքը, ուր իր սիրածը կ՚ապրի: Այդտեղ կը հանդիպի ծանօթի մը. Նար-Դոս այդ հանդիպման մասին կը գրէ.-

«Ամբողջ վեց տարի էր, որ անոր (սիրած աղջկան) մասին տեղեկութիւն չունէի: Այժմ անակնկալ կերպով գտած էի անձնաւորութիւն մը, որ կրնար մանրամասնութիւններ փոխանցել անոր մասին: Կ՚ուզէի հարցնել, թէ ամուսնացա՞ծ է, սակայն լեզուս չէր յաջողեր: Կը վախնայի, որ դրական պատասխան մը ստանամ. բայց ան միտքինս գուշակելով ըսաւ.-

-Ափսո՜ս, հազար ափսոս, որ իրեն արժանի մարդու մը չտուին... բոլորովին պառաւ, տգէտ, բայց հարուստ գինեվաճառի մը տուին...

-Տգէ՞տ, պառա՞ւ, գինեվաճա՞ռ.- կրկնեցի կայծակնահար.- եւ Քալին համաձայնեցաւ այդպիսի մարդու կի՞ն ըլլալ...

-Ի՞նչ ընէր խեղճը, ան այդպիսի ծնողներ ունի որ... մանաւանդ մայրը...

Ալ բան չհարցուցի եւ հեռացայ. կը վախնայի աւելի մանրամասնութիւններ լսել... Իրերու դրութիւնը հետեւեալ կերպով կը ներկայանար ինծի.- Քալին, լաւ թէ վատ միջնակարգ կրթութիւն ստացած զարգացած աղջիկ է. սկսած էր հետաքրքրուիլ գրականութեամբ, ազգային եւ հասարակական խնդիրներով եւ յանկարծ կին դարձած է պառաւ, տգէտ գինեվաճառի մը: Ինչպիսի՞ կենակցութիւն պիտի ըլլար այդպիսի աղջկայ մը համար. ինչի՞ մասին պիտի խօսէին իրար հետ, ինչպէ՞ս պիտի համակերպէին իրենց հասկացողութիւնները, իրենց հայեացքները, իրենց ճաշակը, զգացումները, հակումները... կարելի՞ բան էր միթէ միացնել երկու հակառակ բեւեռներ...»:

Այս կարճ դրուագին մէջ արդէն իսկ մեր դիմաց շա՜տ պարզ ու յստակ կը ներկայանայ հինգ տարբեր տիպարներ.-

Ա.- Նար-Դոսը որպէս սիրահար. անոր արարքներուն մէջ յստակ կ՚երեւի տակաւին վառուող սէրը այն աղջկան հանդէպ, որուն կենդանի նահատակութիւնը կը տեսնէր այժմ:

Բ.- Հանդիպող ծանօթը, որ լաւապէս կը ճանչնայ Նար-Դոսի հոգին ու անոր հետաքրքրութիւնները, իսկ աւելին կը հաւատայ այն սիրոյն, որով լեցուած է Նար-Դոս Քալիի հանդէպ:

Գ.- Քալին, որպէս զարգացած ու ազատատենչ անձնաւորութիւն, սակայն զոհը ճակատագրին ու օրուան բարքին, ուր գերակշիռ էր հարուստ գինեմոլը, քան աղքատ գրագէտն ու վարժապետը:

Դ.- Քալիի հայրն ու մայրը, որոնք իրենց աղջկան երջանկութիւնն ու ազատատենչ հոգին անտեսած երջանկութիւնը փնտռել կը փորձեն դրամասիրութեան ու փառամոլութեան մէջ, նոյնիսկ զոհելով իրենց հարազատ աղջկան ուրախութիւնն ու ապագայ երջանկութիւնը:

Ե.- Պառաւ, տգէտ, սակայն հարուստ գինեվաճառը, որ փաստօրէն տարիքով ալ մեծ էր Քալիէն. բախտի մէկ խաղով հարստացած, այժմ իր դրամի ուժով կը յաջողէր ձեռք բերել եւ իրեն կնութեան առնել ա՛յն աղջիկը, որուն համար Նար-Դոս տակաւին կը շարունակէր տառապիլ:

Այս բոլորը մինչեւ օրս, մանաւանդ Արեւելքի երկիրներուն մէջ չե՞նք տեսներ...

Կարդացէ՛ք Նար-Դոս. Անոր իւրաքանչիւր տողին մէջ դուք ձեզ պիտի գտնէք, հա՛յը պիտի գտնէք, իր հարազատ վիճակին մէջ, իր թերութիւններով՝ որոնցմէ շատեր մինչեւ օրս կը գոյատեւեն:

Փա՛ռք գրողի Աստուածատուր շնորհքին:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՆԱՐ-ԴՈՍ
(1867-1933)

Մեր թուականէն 155 տարիներ առաջ՝ 1 մարտ 1867-ին, Թիֆլիզի մէջ ծնած է գրող եւ վիպագիր Նար-Դոս (բուն անունով՝ Միքայէլ Յովհաննիսեան):

Նար-Դոս նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական դպրոցէն ներս, ապա ուսումը շարունակած է Նիքոլայեւեան երկսեռ վարժարանէն ներս: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք ընդունուած է Քութսայիս նահանգի մէջ կազմակերպուած ուսուցչական սեմինարին, սակայն նիւթական անապահովութեան պատճառով կէս ձգելով ուսման ընթացքը վերադարձած է Թիֆլիզ: Նար-Դոս վերադառնալով ծննդավայր Միքայէլեան արհեստագիտական ուսումնարանէն ներս սորված է բականագործի մասնագիտութիւն, սակայն չշարունակելով մասնագիտութիւնը նուիրուած է լրագրութեան գործին. 1890-1906 թուականներուն եղած է Թիֆլիզի մէջ հրատարակուող «Նոր Դար» գրական թերթի քարտուղար. 1904 թուականին եղած է դարձեալ Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսնող «Տարազ» թերթի քարտուղարն ու սրբագրիչը, իսկ 1913-1918 թուականներուն աշխատած է «Սուրհանդակ» թերթին մէջ: Նար-Դոսի գրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1880-ական թուականներուն. սկզբնական շրջանին գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ մի քանին լոյս տեսած են «Արաքս» գրական-գեղարուեստական կիսամեայ հանդէսին եւ «Սոխակ Հայաստան» ժողովածուին մէջ: Բանաստեղծութիւններուն յաջորդած են կարճ պատմուածքներ. ինչպէս՝ «Նեղ օրերից մէկը», «Ես եւ նա» եւ ուրիշներ: Որոշ ժամանակ փորձած է գրել թատրերգութիւններ. ինչպէս՝ «Մայինի գանգատը», «Մեղր եւ ճանճեր», «Եղբայր» եւ այլ ստեղծագործութիւններ: Անոր ամենէն նշանաւոր գործերէն են «Սպաննուած աղաւնին», «Մահը» եւ «Պայքար» աշխատութիւնները. 2009 թուականին բեմադրիչ Հրաչեայ Քէշիշեանի աշխատութեամբ նկարահանուեցաւ Նար-Դոսի «Սպաննուած աղաւնի» վէպի ժապաւէնը:

Ապա «Նոր Դար» թերթին մէջ «Միխօ-Օհան» ստորագրութեամբ սկսած է գրել վիպակներ, որոնցմէ են «Նունէ», «Քնքուշ լարեր», «Բարերար եւ որդեգիր», «Զազունեան» եւ ուրիշներ:

Գրողը մահացած է 13 յուլիս 1933-ին, Թիֆլիզի մէջ:

Ի յիշատակ գրողին՝ այսօր Հայաստանի մէջ իր անունով կոչուած է Երեւանի թիւ 14-րդ դպրոցը, ուր քանդակագործ Սամուէլ Մանասեանի աշխատութեամբ տեղադրուած է գրողի կիսանդրին: Երեւանի կենդրոնական փողոցներէն մին կը կրէ գրողի անունը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022