ՄԵՂՔԸ՝ ԸՆԴԴԷՄ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ
Մեղքը յանցանք մըն է ընդդէմ բանականութեան, ճշմարտութեան եւ ուղիղ խղճմտանքին։ Ան, թերացում մըն է ճշմարիտ սիրոյն դէմ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ, կարգ մը բարիքներու թիւր փարումի հետեւանքով։ Ան կը վիրաւորէ մարդուն բնութիւնը եւ վնաս կը հասցնէ մարդկային համընկերութեան։ Ան բնորոշուած է իբրեւ «խօսք մը, արարք մը կամ բաղձանք մը՝ որոնք հակառա՛կ են յաւիտենական Օրէնքին» (Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս եւ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի)։
Մեղքը վիրաւորանք մըն է Աստուծոյ հանդէպ։ Մեղքը կը վշտացնէ Աստուած։ «Միայն քու դէմդ մեղանչեցի։ Ի՛նչ որ չար է քու աչքերուդ, ես գործեցի զայն». (ՍԱՂՄ. Ծ 6)։ Մեղքը դէմ կը կանգնի Աստուծոյ սիրոյն մեզի հանդէպ եւ Անկէ կը շեղեցնէ մեր սրտերը։ Առաջին մեղքին պէս ան «անհնազանդութիւն» մըն է՝ ըմբոստութիւն մը ընդդէմ Աստուծոյ, ուզելով դառնալ «Աստուծոյ պէս», ճանչնալով եւ բնորոշելով «բարի»ն եւ «չար»ը. (ԾՆԴ. Գ 5)։ Այսպէս մեղքը «սէր մըն է անձին, որ կը դառնայ արհամարհք Աստուծոյ». (Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս)։ Այս ամբարտաւան պանծացումովը անձին, մեղքը անմիջականօրէն կը հակադրուի փրկութիւնը կատարող Յիսուսի հնազանդութեան։
Մեղքերը կը ներկայանան զգացումներու եւ շարժումներու վրայ։
«Հնգեակ զգայարանքս» այսինքն՝ աչքերով, որոնք նայելով լաւին եւ բարիին, միայն չարը կը տեսնեն, ականջներով՝ որ մեղքի տանող ձայներ ունկնդրելով չարը կը լսեն, հոտոտելիքով՝ որ մեղքի հոտը առնելով՝ մարդոց կը ստիպեն երթալ այդ չարութեան ճամբայէն, բերանով՝ որ չի կարողանար զսպել զինք «համադամ կերակուրներ»էն, ձեռքերով եւ ոտքերով՝ որոնք կը շօշափեն մեղքը եւ կ՚երթան անպատշաճ տեղեր եւ կ՚իյնան մեղքի մէջ։
«Վեցեկի շարժմամբս», որ կը նշանակէ շարժման վեց ուղղութիւնները՝ վերը, վարը, աջը, ձախը, ետեւը եւ առջեւը։
Հոգեւոր հայրեր այս ամէնքին տուած են որոշակի իմաստ եւ նշանակութիւն։
Դէպի վեր. կը նշանակէ՝ հպարտութիւն, հայհոյութիւն։
Դէպի վար. կը նշանակէ՝ տիղմի մէջ մտնել, տրտմիլ։
Դէպի աջ. կը նշանակէ՝ հոգեւոր մեղքեր, կեղծաւորութիւն։
Դէպի ձախ. կը նշանակէ՝ մարմնական մեղքեր։
Դէպի առաջ. կը նշանակէ՝ յանդգնութիւն, մեղքի յորդորանք։
Դէպի ետեւ. կը նշանակէ՝ հեռանալ ամէն բարիքէ։
Իմացականութիւն եւ բանականութիւն՝ եթէ ուղիղ եւ նպատակայարմար չօգտագործուին, մեղքի պատճառ կը դառնան։ Ուստի, երբ կը խօսուի վեցերորդ եւ եօթներորդ զգայարաններու վրայ՝ յատկապէս կարելի է նկատի ունենալ համակրական հասկացողութիւնը, որ բանականութեան եւ իմացականութեան զարգացումն է մարդուս մէջ։ Այս է ստացական տեղեկատուութիւնը։
Խոստովանանքը մեղքէն փրկուելու համար անհրաժեշտ է, բաւ է որ ան ըլլայ անկեղծ զղջումով…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024