ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ
Երբեք խորհա՞ծ էք, սիրելինե՜ր, պահ մը գոնէ, կեանքի բազմատեսակ զբաղումներուն մէջ, տաղտկալի ապրումներուն ընթացքին, պա՛հ մը միայն, թէ՝ «Ի՞նչ է մարդը»։
Մարդ ինքզինք շատ կարեւոր կը նկատէ համայն տիեզերքի, բոլոր արարածներուն մէջ։ Այո՛, իրաւունք ունի ան, եթէ բոլոր շրջապատը միայն տեսածին, ապրածին չափ ըլլար։ Բայց եթէ մարդ անգամ մըն ալ փորձէ ինքզինք դիտել աւելի լայն ու աւելի ընդարձակ տարածքի մը վրայ, աւելի բարձր դիրքով եւ կարենայ խորանալ իր էութեան, իր գոյութեան բուն իմաստին… եւ ահաւասիկ պիտի տեսնէ, թէ «ոչինչէն ստեղծուած արարած» մըն է՝ Արարիչին կողմէ, ճանչնալու եւ սիրելու համար զԻնք։ Ուստի եւ այն յաւիտենական ու անսահմանելի Էակին կը պարտի իր ամբողջ էութիւնը, գոյութիւնը, որուն պատճառն ու իմաստն է իր իսկ Արարի՛չը։
Սիրելի՜ներ, ի՞նչ է մարդը. ո՞վ է. եւ ահաւասիկ այս հարցո՛ւմն է որ կը զբաղեցնէ մարդկային միտքը։
Բայց մարդուն մեծութիւնը ո՛չ թէ ոչինչէն ստեղծուած ըլլալուն մէջ է, այլ զինք ստեղծողը, ոչինչէն գոյացնողը «ճանչնալու եւ սիրելի» կաչուած ըլլալուն մէ՛ջն է։
Արդարեւ ամբողջ տիեզերքը, բոլոր արարածները, որոնք միտքն ու սիրտը սաստիկ կը զբաղեցնեն մարդուն, միա՛յն ժամանակաւոր բաներ են իրեն համար։ Որքան ատեն որ երկրի վրայ կ՚ապրի մարդ, պէտք չէ՛ որ երկիրը ամբողջապէս տիրապետէ իր վրայ, եւ ոչ ալ երկրային հոգերը, զբաղումներն ու մտածութիւնները տեւապէս գրաւեն ու կլանեն զինք։
Մարդ աշխարհ կը մտնէ եւ զինք շրջապատող իրերու եւ իրողութիւններու հրապոյրը մոռցնել կու տան իրեն անհո՜ւն գեղեցկութիւնը եւ երջանկութիւնը, որ վերը իրեն կը սպասէ։ Սակայն կը զբաղեցնեն եւ կը կազդուրեն միայն երկրիս գեղեցկութիւնները եւ բարիքները, զորս Աստուած մարդուն կը ներկայացնէ, որպէսզի զօրանայ եւ առոյգ ու շտապ քայլերով դէպի իրեն վազէ ու սուրայ։
Եւ մարդ, հոս, երկրի վրայ, ժամանակաւոր զբաղումներով ու մտահոգութիւններով արդէն ինքզինք բոլորովին յոգնած կը զգայ, ինչպիսի՜ զարհուրելի բնակավայր, ինչպիսի՜ ծանր լուծ, որ հարկ է քալէ հոս։
Եթէ անդրադառնայ մարդ, պէտք է ո՜րքան ողորմելի գտնէ ինքզինք այս ցած վիճակին մէջ՝ անգիտակից ու անզգայ, հակառակ իր բանականութեան եւ նո՛յնքան հակառակ իր մեծութեան կոչումին։
Որպիսի՜ մթութիւն է արտաքնապէս ասիկա, եւ ինչպիսի՜ կուրութիւն՝ ներքնապէս։ Արդարեւ մարդուս աչքը միա՛յն զգացական բաներ կրնայ տեսնել։
Մարդ արարածին հոգիին ակնարկը սահմանափակ է. կարծես խիտ ամպերով պատուած։ Ուստի մարդուս էականը կրնայ նոյնը ըլլալ։ Բայց վիճակը կը փոխուի եւ զգալիօրէն տարբերութիւններ կը գտնուին երկրի եւ երանելի հոգիներուն բնավայրին մէջ։ Հոգիներու բնավայրին մէջ ամէն ինչ պայծա՛ռ է։ Հոս, երկրի վրայ, ո՛չ մէկը իր ճշմարիտ տարրին մէջ է. ամէն ինչ մարդուն դէմ կը դաւադրէ, զգայական իրերու եւ իրողութիւններու քաշելու համար՝ հոս կամ հոն։
Երկրաւորը, մարդը «բանտ»ի մը նման պարփակուած կ՚երերի եւ անոր մէջ ան բոլորովին անզօր կը մնայ։
Եւ մարդ «հոգի» մըն է նաեւ՝ բարձրագոյն վախճանի մը համար ստեղծուած եւ վե՛հ նպատակի մը կոչուած։
Սակայն, ան երկրի վրայ կ՚ապրի դժբա՛խտ՝ հազարաւոր նեղութիւններով եւ հոգերով շրջապատուած։ Այս աշխարհի վրայ բազմաթիւ սարսափելի մահուան տեսակներ կը սպառնան իրեն։ Ո՜րքան ծուղակներ կան՝ որոնց նկատմամբ պէտք է զգոյշ ըլլայ մարդ։ Երեւոյթը կը խաբէ եւ պատրանքը կը հրապուրէ…։ Եւ մարդ պարտաւոր է ե՛ւ պատասխանատու՝ դիմադրելու եւ տանելու այս բոլորը իր անզօրութեան մէջ, բայց քա՛ջաբար։
Եւ պէտք է գիտակցի մարդ, թէ «բարձրագոյն վախճան»ը դիմաւորելու՝ «բարձրագոյն վախճան»ի մը համար ստեղծուած է։
Ուստի մարդ պէ՛տք է գիտնայ, թէ իր սեփական ուժերով ո՛չինչ կրնայ կատարել. ո՛չինչ կրնայ ընել այս նուաստ բաներուն մէջ։ Ուստի եւ մարդոց հոգիները հոս՝ երկրի վրայ բաժնուած են իրարմէ՝ մահկանացուներու պատեաններով. իրարու հետ միութիւն չունին, իրենք իրենց իսկ անտեսանելի են եւ անծանօ՛թ…։
Աստուած միայն, մարդուս Արարիչը եւ Վախճանը, Իրեն վերապահեց անմիջական յարաբերութիւնը անոնց հոգիներուն հետ եւ Իր կենակցութեան արժանի ըրաւ զանոնք։
Միա՛յն Ան կը խօսի մարդու հոգիին, մեծահեծան Տէրը. Ա՛ն միայն կը տեսնէ զայն յայտնի եւ բացայայտ, եւ կը տեսնէ անոր գաղտնի մտածմունքները։
Եւ երբ երբեմն մարդուս զգայարանքներուն կը խօսի, ուրիշ որեւէ նպատակ չունի, բայց եթէ անոնց բարութեանը համար՝ անոնք Իր ներքին ձայնին, իր անտեսանելի գործերուն ուշադիր դարձնելու, եւ մանաւանդ Ինքզինք՝ ներկայի իրենց խեղճ վիճակին իջեցնելու։ Չէ՞ որ Աստուած «մարմնացաւ» եւ «մարդացաւ»՝ մարդը աստուածացնելու համար…։
Ուստի այս իսկ ցոյց կու տայ մարդուս ճշմարիտ մեծութիւնը. վսեմ է հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ, մեծվայելչութեան իրաւունքը համայն տիեզերքի ե՛ւ մարդուն Արարչին, աստուածային առանձնաշնորհումը բանաւոր էակին՝ երկրի՜ վրայ։ Արդարեւ մարդուն միակ մխիթարութիւնն է իր Արարիչը, քանի որ Ան միշտ իրեն հետ է, միշտ հաւատարիմ՝ Իր հայրութեան։
Արդէն Անով է որ մարդը կը վայելէ իր իսկական կոչումը, Իրմով կը բնակի իր յաւիտենական բնակարանը։ Եւ դարձեալ, Անով մարդ կը հաւասարի երանելի՜ հոգիներու, որ անոնք միայն կը տեսնեն այն ճշմարտութիւնը՝ որ դեռ ծածկուած է՝ որպէս «խորհուրդ»։ Եւ երբ մարդ կը զգայ, թէ կը բարձրանայ իր հոգին, ահաւասիկ իր մէջ կը տեսնէ երջանիկ սերմը ապագայի «մեծութեան»։
Բայց մարդը միակ արարածն է, որ կը պղծէ այս երկիրը՝ իր բնակավայրը։ Եւ մարդը, դժբախտաբար, պարզեց ապստամբութեան առաջին դրօշակը՝ Աստուծոյ դէմ ելլելով։ Այս կերպով մարդ չգիտցաւ իր մեծութիւնը, իր արժանիքը։
Օր մը, սակայն, մարդ պիտի տուժէ իր անհաւատարմութեան համար, մարդ պիտի տուժէ իր գէշութեան համար, եւ պիտի տուժէ իր անհնազանդութեան համար։ Պիտի տուժէ իր կոչումը անտեսած ըլլալուն համար. կոչումը՝ իր բարձրութեան եւ մեծութեա՛ն։
Ժամանակը պիտի գայ, որ Արարիչը՝ մարդուն իշխանական հոգին, որ Ի՛նք իրեն տուած էր, ետ պիտի պահանջէ, քանի որ Հոգին իր զաւակն է, եւ եթէ զայն այլասերած կամ վնասուած տեսնէ եւ իր պատրաստած պատուոյն արժանի չգտնէ, վա՜յ մարդ արարածին, վա՜յ խորամանկ զգայարաններուն… սակայն եթէ հոգին յաւիտենական Տիրոջ հաւատարիմ մնայ, ահաւասիկ այն ատեն յաւիտենական վարձքին բաժնեկից պիտի ըլլայ մարդ եւ այդ իսկ պիտի հասնցնէ զայն իր իսկական արժէքին՝ մեծ ու բա՛րձր դիրքին, որ կոչուած է իր արարչութեանէն իսկ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 28, 2016, Իսթանպուլ