ՃԻՇԴ ՄԱՐԴԸ, ՃԻՇԴ ՏԵՂԸ՝ ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ

Երէկ մեր յօդուածին մէջ յիշեցինք Կոմիտաս Վարդապետի խենթանոցին մէջ արտասանած այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «մենք շա՜տ պակասութիւններ ունինք»: Մեր այդ պակասութիւններէն մէկը համաշխարհային գրականութեան մէջ տարածում գտած «ճիշդ մարդը, ճիշդ տեղը՝ ճիշդ ժամանակին» բանաձեւն է (The right person at the right place at the right time). խօսք՝ որ կրնար երաշխիքը հանդիսանալ առողջ ու պայծառ ապագայի մը:

Մենք երբեք չե՛նք կրցած կեանքի կոչել այդ խօսքը, որովհետեւ ազգ մը չի՛ կրնար թէ՛ անձնական շահերը եւ թէ՛ հաւաքական շահերը միատեղ առաջ տանիլ փորձէ. անոնցմէ մին անպայման պիտի կաղայ եւ այս պարագային մեր մէջ գերիշխած է անձնական շահերը՝ քան հաւաքականը:

Ո՞վ է ճիշդ մարդը. մեր հաւաքական տրամաբանութեան մէջ քարացած է այն կարծիքը, որ ճիշդ մարդը ա՛յն է՝ որ գաղափարակից է մեզի. մարդու մը ճշդութիւնը իր արժանիքներէն աւելի իր դիրքորոշումներով կ՚որոշուի մեր մէջ, հաւանաբար հիմնուելով Քրիստոսի «ով որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է» (Մատթէոս 12.30) սկզբունքին: Մեր ազգը երբեք չկրցաւ սորվիլ, որ մարդու ճշդութիւնը իր դիրքորոշումներէն անկախ իր արժանիքներուն վրայ հիմնուած իրողութիւն մըն է: Պատկերացուցէք պահ մը, որ դպրոցի մը համար տնօրէն կը փնտռուի. կայ Յակոբ անունով անձ մը, որ օժտուած է ուսուցչապետի շնորհքներով. ունի լեզուական ու ուսումնական մեծ արժանիք եւ իրապէս կրնայ բարելաւել աշակերտութեան ուսման մակարդակը, սակայն չի պատկանիր գաղութի «իշխող» կուսակցութեան շարքերուն. անդին կայ Տիգրան անունով անհատ մը, որ կրթական ո՛չ մէկ արժանիք ունի եւ բացայայտօրէն ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ օգտակար դառնալ դպրոցի կրթական ծրագրի յառաջդիմութեան... սակայն անդամ է այն կուսակցութեան՝ որ «կ՚իշխէ» գաղութին: Ո՞վ է անոնցմէ ճի՛շդ անձը այստեղ, յարմար դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնի:

Եթէ պիտի փորձէք ըլլալ արդար, ու ըսէք, թէ Յակոբն է արժանին այդ պաշտօնին, կը ցաւիմ ըսելու... կը սխալիք: Այդ արդարութեան պակասութիւնն է, որ մենք ունինք եւ անձնական շահերը կը ստիպեն Տիգրանը տեսնել յարմար այդ պաշտօնին՝ քան Յակոբը, որովհետեւ աշակերտութեան կրթական մակարդակէն, անոնց ապագայ գիտելիքներէն աւելի այսօր մեր շահերու ետեւէն է, որ կը վազենք ու կը զլանանք ճի՛շդ մարդը դնել իր ճիշդ տեղը: Այսօր սփիւռքի տարածքին բազմաթի՜ւ են խնամի-ծանօթ-բարեկամ յարաբերութեամբ տնօրէն, ուսուցիչ ու «ազգի ղեկավար» դարձողները, մինչ բազմատասնեակ արժանիներ կը շարունակեն հեռու մնալ իրենց ճիշդ տեղերէն:

Ճիշդ մարդը՝ ճի՛շդ տեղը. ո՞ր տեղի մասին է խօսքը. այդ տեղերը այսօր սփիւռքի շարք մը գաղութներու մէջ ամրագրուած են շարք մը ընտանիքներու կողմէ. անձեր՝ որոնք իրենց արժանիքէն աւելի իրենց մականունին ճամբով կը տիրանան պաշտօններու:

Սփիւռքի գաղութներէն մէկուն մէջ ականատես ու ներկայ եղայ նոր դպրոցի մը կազմակերպական աշխատանքներուն. տակաւին դպրոցի շինութիւնը աւարտին չհասած որոշուած էր տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը՝ բոլորը հիմնուած «ով որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է» սկզբունքին վրայ. այդ ցանկէն դուրս մնացին բոլոր այն արժանաւորները, որոնք հեռու են քաղաքական-կուսակցական կեանքէն:

Արժանիքները դիրքորոշումներէ զանազանելու դժուարութիւնը ունինք մենք. առիթով մը անձ մը ձեռքս տեսաւ մտաւորականի մը գիրքը եւ զարմացած արտայայտուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս կը կարդամ այս «հնչակեան»ին գիրքը. մենք կը սկսինք ճիշդ անձը դնել իր ճի՛շդ տեղը, երբ սկսինք համոզուիլ որ արժանիքը ենթակայ չէ դիրքորոշումներուն. հնչակեան մտաւորականը նոյնքա՛ն մտաւորական է, ինչքան ռամկավարը, հանրապետականը, դաշնակցականը կամ ուրիշը. կարդացէ՛ք հիները. Քաղաքական դիրքորոշումներով թէեւ իրար հակառակ, սակայն կայ յարգանք մը, իսկ հակառակ պարագային արդար ու գրականագէտ քննադատութիւններ:

Սփիւռքէն անդին պատկերը տարբեր չէ հայրենիքի մէջ ու պէտք չէ զարմանաք կրթութեան մշակոյթի նախագահութեան գլուխը երբ տեսնէք անգրագէտ անձնաւորութիւն մը, առողջապահութեան նախարարութեան գլուխը անձ մը՝ որ առողջապահական տարրական գիտելիք մը անգամ չունի. պէտք չէ զարմանալ երբ քաղաքապետ տեսնէք անձ մը՝ որ տակաւին քաղաքին տարածութեան անգամ ծանօթ չէ. պէտք չէ զարմանալ, որովհետեւ անոնց արժանիքը իրենց քաղաքական կապուածութիւնն է:

Եթէ Մեսրոպ Մաշտոց ապրած ըլլար այս օրերուն եւ ստեղծէր գիրերու գիւտը, սակայն անդամ չդառնար այս կամ այն կուսակցութեան, կրնաք վստահ ըլլալ, որ իր գիւտը ո՛չ մէկ ձեւով տարածում կրնար գտնել. բոլորը բնականաբար թերի, անտեղի ու աւելորդ կը նկատէին այդ մէկը, պարզ այն տրամաբանութեամբ որ «մեզի հետ չէ»:

Այսպէ՛ս ենք մենք. ճիշդ անձը հեռու կը պահենք իր ճի՛շդ տեղէն եւ սխալ անձեր նշանակելով կը զարմանանք, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս այսպէս եղաւ ու հասանք այստեղ:

Չէ՞ք կարծեր այս ընթացքով տակաւին շատ պիտի տուժենք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳԷՈՐԳ ՋԱՀՈՒԿԵԱՆ
(1920-2005)

Մեր թուականէն 102 տարիներ առաջ՝ 1 ապրիլ 1920-ին, Լոռիի մարզի Մեծաւան գիւղին մէջ ծնած է բանասէր, լեզուաբան, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր եւ ակադեմիկոս Գէորգ Ջահուկեան:

Ջահուկեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1941 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք Ջահուկեան որոշ ժամանակ դասախօսած է Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս. 1948-1957 թուականներուն դասախօսած է Երեւանի Պրուսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու կաճառէն ներս, իսկ 1957-1970 թուականներու միջեւ եղած է բանասիրական ամպիոնի վարիչ:

Ջահուկեան 1962 թուականին եղած է Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուաբանութեան կաճառի տնօրէն. եղած է Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս:

Ջահուկեան 1945 թուականէն մինչեւ իր կեանքին վերջը Պետական համալսարանէն ներս դասաւանդած է հայոց լեզու, գրաբար, լատիներէն, լեզուաբանութեան պատմութիւն, համեմատական քերականութիւն, ընդհանուր լեզուաբանութիւն եւ այլ նիւթեր. 1947 եւ 1955 թուականներուն պաշտպանած է իր տոքթորական ատենախօսութիւններն ու թեզերը. 1958 թուականին ստացած է տոքթորի կոչում, 1968 թուականին եղած է Գիտութեան ազգային ակադեմիայի անդամ, իսկ 1974-ին ստացած է ակադեմիկոսի կոչումը:

Ջահուկեան կատարած է հետազօտութիւններ. ինչպէս՝ «Լեզուաբանութեան պատմութիւն», «Հայ բարբառագիտութեան ներածութիւն», «Ժամանակակից հայերէնի տեսութեան հիմունքներ», «Ընդհանուր եւ հայ լեզուաբանութիւնը» եւ բազմաթիւ ուրիշներ. անոր ուսումնասիրութիւններէն հրատարակուած են «Քերականական ուղղագրական աշխատութիւնները հին եւ միջնադարեան Հայաստանում», «Խաչատուր Աբովեանը որպէս լեզուաբան քերականագէտ», «Ուրարտերէնը եւ հնդեւրոպական լեզուները», «Հայոց լեզուի զարգացման փուլերը» եւ այլ հսկայական աշխատութիւններ:

Շնորհիւ իր աշխատանքներուն՝ Ջահուկեան ստացած է վաստակաւոր գործիչի կոչումը եւ արժանացած «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց», «Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւն», «Պատուոյ նշան», «Մովսէս Խորենացի» շքանշաններուն. Ջահուկեան եղած է նաեւ Խորհրդային Հայաստանի Պետական մրցանակի դափնեկիր:

Գէորգ Ջահուկեան մահացած է 6 յունիս 2005 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2022