ՄԵՐ ՀԻՆԻՆ ԵՒ ՆՈՐԻՆ ՆՈՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաճախ գրողներու մօտ, ինչպէս նաեւ հին թերթերու մէջ կը հանդիպինք տողերու, որոնք հակառակ տասնամեակներ առաջ գրուած ըլլալուն, կարծես մեր այսօրը կը ներկայացնեն: Նման տող մը կարդացի երէկ՝ գրուած 1944 թուականին, Գահիրէի մէջ հրատարակուած ամսագիրի մը մէջ. գրողը կ՚ըսէր.- «Թերեւս ո՛չ մէկ ատեն, կէս դարէ ի վեր, չենք եղած այնքան աղքատ գաղափարով՝ որքան ենք ներկայիս: Մեր վիճաբանութեան առարկան, մեր գործունէութեան եւ պայքարին առարկան ո՛չ ծրագիր մըն է եւ ոչ ալ գաղափարաբանութիւն մը: Այլ ժամանակաւոր դէպքեր, մարդեր եւ անցեալին մէջ պատահած եւ ներկային համար այլեւս շան պէս սատկած իրողութիւններ: Անշուշտ այս պատճառաւ է որ մեր մէջ վիճաբանութիւն չկայ, խօսակցութիւն, գործունէութիւն եւ պայքար չկայ, այլ կայ միայն վէճ, այլ կա՛յ միայն կռիւ, այլ կա՛յ միայն խծբծանք: Ու այս իրողութիւնն է որ կը սպաննէ մեր ժողովուրդը»:

Մեր այսօրը տարբեր չէ 79 տարիներ առաջ տիրած իրավիճակէն եւ աւելին, իրենց անցեալի աղքատ գաղափարը նոյնիսկ որպէս հարստութիւն կը թուի մեզի, որովհետեւ շա՛տ աւելի աղքատացանք՝ սնանկութեան հասնելու աստիճան: Այսօրուան Հայաստանը ո՛չ ծրագրով եւ ո՛չ ալ յատուկ գաղափարաբանութեան մը կը հետեւի. կռիւն ու վէճը ստացած են «քաղաքականութիւն» անունը, իսկ երկերեսութիւնը՝ դիւանագիտութիւն: Բոլորն ալ զբաղուած են իրարու սխալները ընդօրինակելով, յարմարագոյն առիթին այդ բոլորը հրապարակ հանելու եւ իրենց շահերուն ծառայեցնելու, որովհետեւ չունի՛ն այն գիտակցութիւնը, որ անոնք նոյն նաւու ճամբորդներ են եւ ո՛չ տարբեր տարբեր նաւերու եւ միեւնոյն նաւին մէջ ամէն մարդ նաւուն հաշւոյն իր սեփական նաւը շինելու, իր սեփական նաւը փրկելու ապուշ մտայնութեամբ կը տառապի:

Ամէն գնով կը փորձենք ծածկել մեր ներքին կռիւներն ու վէճերը, առանց անդրադառնալու որ անոնք կը վնասեն մեր ազգի բարօրութիւնը այնքանով՝ ինչքան թշնամիին յարձակումներն ու ոտնձգութիւնները: Մեր թուականէն 57 տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ հրատարակուող «Ահեկան» ամսագիրը որոշ հարցեր կ՚ուղղէ լիբանանահայ երիտասարդութեան.- մամուլը հետեւեալ հարցումերով կը դիմէ երիտասարդութեան-

Ա.- Ի՞նչ չափով հայ կը զգաք դուք ձեզ: Ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ:

Բ.- Ի՞նչ կը ներկայացնէ ձեզի համար Հայաստանը:

Գ.- Ապրիլ 24-ը  ի՞նչ է ձեզի համար:

Դ.- Քաղաքական կուսակցութեան մը անդա՞մ էք: Ինչո՞ւ: Ի՞նչ կը մտածէք Լիբանանի մէջ գործող զանազան հայ կուսակցութիւններու մասին:

Ե.- Մեր մշակութային կեանքը ձեզի բաւարարութիւն կու տա՞յ: Փոփոխութեան մը կողմնակի՞ց էք:

Այս հարցերուն 27 տարեկան երիտասարդ մը կը պատասխանէ.- «Կուսակցութիւնները աւելորդ են. գործնական բան մը չեն ըներ: Կը նախընտրեմ մշակութային ակումբները եւ եղբայրական մթնոլորտ մը, փոխանակ հակառակութեան»: Հարցը կը մնայ նոյնը. այսօրուան երիտասարդը ինչո՞ւ համար հետեւի կուսակցութիւններու. անոնք գործնական ի՞նչ ունին հրամցնելու երիտասարդներուն՝ որ արդէն իսկ ձանձրացած են ճառեր ու լոզունգներ լսելէ: Ցաւ ի սիրտ, այսօր կուսակցութիւնները իրենց անդամներուն հանդէպ նոյնիսկ թափանցիկութիւն չունին եւ ստեղծած են այնպիսի վիճակ մը, որ մեծաւորը կ՚որոշէ եւ անդամը կ՚ենթարկուի՝ նոյնիսկ առանց քննարկելու իրաւունքը ունենալու. կամ պէ՛տք է ընդունիլ եւ կամ առարկութեան պարագային «հակառակորդ» նկատուիլ, որովհետեւ այսօրուան կուսակցութեան անդամները մտածելու իրաւունք չունին. անոնց վերապահուած է միայն հնազանդութիւնը:

Ամէն կուսակցութիւն ունի իր գաղափարաբանութիւնը, համոզումներն ու նպատակները, սակայն այսօրուան անդամներուն մեծամասնութիւնը նուազագոյն գաղափարն իսկ չունի անոնց ինչութեան մասին:

Այլ երիտասարդ մը տրուող հարցերուն կը պատասխանէ.- «Հայուն պէտք եղածը հայրենասիրական ճառեր չեն, այլ ազգի մշակութային եւ մտաւորական մակարդակը բարձրացնելը»: Այսօրուան երիտասարդն ալ իր կարգին կո՛ւշտ է ճառեր եւ մեծամեծ բառեր լսելէն. «հայապահպանո՜ւմ», «պայքա՜ր», «մարտահրաւէ՜ր», «աշխարհայնացո՜ւմ» եւ «ութիւն»ով վերջացող տասնեակ բառեր չե՛ն գոհացը-ներ մերօրեայ երիտասարդները, որովհետեւ անոնք այլեւս ունին գիտակցութիւնը, որ այդ բառերը «փոր չեն կշտացներ» եւ օդին մէջ ցնդող բառեր են: Ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր կային եւ կա՛ն գիտակից երիտասարդներ, սակայն կան նաեւ հակառակները. վերոյիշեալ հարցումներուն երիտասարդուհի մը կը պատասխանէ.- «Բնաւ չէի մտածած հայութեանս մասին: Ինծի համար անկարեւոր են այս հարցումները: Ապրիլ 24-ը ինծի համար արձակուրդի օր մըն է». այսօր եւս կան նմանները եւ մեր պարտաւորութիւնն է ցորենը մաքրել որոմէն եւ ցորենի՛ն վստահիլ ապագան, որովհետեւ անոնց շնորհիւ միայն կարելի է փրկել մեր ազգը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -208-

Մինչեւ որոշ ժամանակ կը կարծէի, թէ ոչ մէկ հայ կրնայ քննարկել Հայաստանի անկախացումը. կը կարծէի, թէ ինչպէս մենք, այնպէս ալ ամէ՛ն հայ անխտիր կը հպարտանայ այդ ազատութիւնով, որովհետեւ օտարին լուծին տակ գտնուիլ սեփականը կորսնցնելէ տարբեր բան մը չի կրնար ըլլալ: Սակայն առաջին անգամ հակառակ մտայնութեամբ մէկու մը հանդիպեցայ Յունաստանի մէջ. հայ մըն էր, որ խստիւ կը քննադատէր Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը եւ երանի՜ կու տար Սովետական Հայաստանին:

Սխալ թէ ճիշդ՝ քննարկելի, սակայն անոր կարծիքով թէ՛ կրթական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ մշակութային առումով Հայաստանը աւելի հարուստ էր՝ քան այսօր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023