ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ
«Կրօնք» բառով կը հասկցուի երկու տեսակ բան.
ա) Ուղիղ վարդապետութիւններ,
բ) Յայտնեալ բարոյական սկզբունքներու համեմատ սուրբ զգացումներ եւ վարք։
Առաջինները հաւատքի առարկաներ են եւ «ճշմարտութիւն» կ՚ըսուին։ Իսկ երկրորդը կը վերաբերի հաւատացող անձին եւ կը կոչուի «բարեպաշտութիւն»։
Սուրբ Գիրքը կ՚ուսուցանէ այս բոլորը ո՛չ թէ գիտութիւն ուսուցանող դասագիրքերու նման իբրեւ ուսում, այլ միայն օրինակով կամ երբեմն դէպքէ մը օրինակ առնելու առիթով։ Զոր օրինակ, գիտենք, թէ ի՛նչպէս կը նկարագրէ «Աստուծոյ բնաւորութիւն»ը եւ բարոյական կառավարութիւնը կամ տնտեսութիւնը, նաեւ մարդուս բնութիւնը։
«Աստուծոյ բնաւորութիւն»ը ըսելով կը հասկցուի Անոր զօրութիւնը, իմաստութիւնը, սրբութիւնը, եւ այլն։ «Բարոյական կառավարութիւն» կամ «բարոյական տնտեսութիւն» ըսելով կը հասկցուի, թէ սուրբ եւ անխախուտ սկզբունքներու միջոցով կը կառավարուին տիեզերքի ամէն իրադարձութիւն. այդ՝ վերին տեսչութիւն մը ունի տիեզերքի վերաբերեալ ամէն բանի վրայ։ Ամբողջ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ ամէն տեղ Աստուծոյ այս կատարելութիւնները յայտնուած են Անոր գործերուն միջոցով միայն, այսինքն՝ դէպքի մը առթիւ, նաեւ երբ պէտք եղած է բարոյական արդիւնք մը յառաջ բերել։
Նոյնպէս «Աստուծոյ կառավարութիւն»ը նկարագրուած է Անոր գործերուն եւ պատուէրներուն միջոցով միայն։ Զոր օրինակ, մասնաւոր դէպքերու նկատմամբ ըսուած խօսքերէն կամ տրուած պատուէրներէն կը սորվինք, թէ Աստուած առանց աչառութեան կը դատէ մարդիկը իրենց գործերուն համեմատ։
Նաեւ դէպքերու միջոցով կը տեսնենք, թէ Ան կը ներէ եւ պատրա՛ստ է ներելու եւ կը լսէ մարդոց աղօթքը եւ պատասխան կու տայն անոնց՝ միտ կը դնէ մարդոց շարժառիթներուն, կամ սրտի խորհուրդներուն, ինչպէս յայտնի է Ղովտի կնոջ եւ Յովասի դէպքերէն. (ԾՆՆԴ. ԺԹ 26) եւ (Դ. ԹԱԳ. ԺԴ 14-19), Ան կը պատժէ իր ամենէն աւելի սիրելի մարդիկը, ինչպէս պատժեց Դաւիթը եւ Եզեկիան։ Ան կը պահպանէ արդարը եւ Իրեն ապաւինողներէն, Իրեն վստահողներէն ո՛չ մէկը անյոյս թողած է։
Կը սորվինք նաեւ, թէ ամենէն աւելի «դիպուածական» կարծուած իրողութիւններ իսկ Աստուծոյ տնօրինութեամբ կատարուած են, թէ Ան կ՚իրականացնէ իր նպատակները երբեմն չնչին, երբեմն ալ հակասական երեւցող միջոցներով։ Նոյնիսկ իր կամքին կատարման գործիք կ՚ընէ չա՛րը։ Նոյնպէս, Սուրբ Գիրքը, պատմելով զանազան մարդոց գործերը՝ կը սորվեցնէ մարդկային բնութեան մեղանչականութի՛ւնը։
Ուստի, նախաջրհեղեղեան մարդոց պատմութեան մէջ կը տեսնենք զզուելի չարութիւն եւ ամբարշտութիւն, Յովսէփի եղբայրներուն եւ Կայէնի վրայ նախանձ, Սաւուղի վրայ չարակամութիւն, Դովէկի եւ Սիբայի վրայ քսութիւն, Կորխի եւ Աքաաբի վրայ աստուածային կարգադրութիւններու վրայ արհամարհութիւն, Աքարի եւ Բաղաամի, Գէեզիի եւ Յուդայի վրայ ագահութիւն, Զեբեդիայի որդիներուն եւ Աբիմելէքի վրայ փառասիրութիւն, Եզեկիայի եւ Նաբուգոդոնոսորի վրայ հպարտութիւն։ Դարձեալ, Բաղաամի եւ Դաւթի վրայ կը տեսնենք կիրքերու միջոցով մարդուս խաբուելուն կամ կուրանալուն ազդեցութիւնը։ Նաեւ Նէեմանի, Նիկոդեմոսի եւ Աթէնքի եւ Եփեսոսի ժողովուրդներուն վրայ նախապաշարման զօրութիւնը եւ ունակութեան զօրութիւնը՝ Աքաաբի վրայ, որ Եղիայի առջեւ խոնարհելէն ետք դարձեալ դարձաւ իր կուռքերուն։
Այսպէս, եթէ Սուրբ Գիրքի մէջ փնտռենք առաքինութեան մը բացատրութիւնը, կը տեսնենք, թէ Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ այս առաքինութեան բնութիւնը այնպիսի օրինակներով՝ որոնց մէջ կը տեսնուի այն առաքինութեան զօրութիւնը։ Զոր օրինակ, Աբրահամի վրայ կը տեսնենք հաւատք, Յոբի վրայ՝ համբերութիւն, Մովսէսի վրայ՝ հեզութիւն, Յեսույի վրայ՝ հաստատամտութիւն եւ հաստատուն կամք, Նէեմիայի վրայ՝ հայրենասիրութիւն, Յովնաթանի վրայ՝ բարեկամութիւն եւ այլն։ Իսկ Աննա բարեպաշտական օրինակ է մայրերու, Սամուէլ, Յովսիա եւ Տիմոթէոս՝ որդիներու, Յովսէփ եւ Դանիէլ՝ երիտասարդներու, Բերզելի՝ ծերունի մարդոց («Գաղատացի Բերզելի Ռովգելիմէն իջաւ ու թագաւորին հետ Յորդանանէն անցաւ…». Բ. ԹԱԳ. ԺԹ 31-37), Եղիազար՝ ծառաներու, եւ Դաւիթ՝ իշխանութեան տակ եղող մարդոց։ Արդարեւ, պէտք է նկատի ունենալ այս անձերուն մարդկային տկարութիւնները եւ թերութիւնները։ Անոնք սխալեցան եւ մինչեւ իսկ երբեմն մոլորեցան իրենց բնաւորութեան ամենէն զօրաւոր մասերուն մէջ անգամ։ Հաւատացեալներու հայրը Աբրահամ՝ սխալեցաւ վախնալով, համբերատարութեան տիպարը՝ Յոբ՝ անհամբերութեամբ եւ հեզ Մովսէս՝ բարկացոտութեամբ եւ յանձնապաստութեամբ, այսինքն՝ իր զօրութեան վրայ չափազանց վստահելով, յանդգնութեամբ։ Ուրեմն, «մարդ» սխալական է, քանի որ կատարեալ չէ, տկարութիւններ ունի բնաւորութեամբ։
Ուրեմն Սուրբ Գիրքը մեր առջեւ կը դնէ նման կիրքերու տէր մարդիկ՝ մեզի կը ճանչցնէ բո՛ւն մեր սիրտը եւ գործերը։ Անոնց օրինակով մենք կ՚անդրադառնանք մեր ինքնութեան, մեր ներաշխարհին։
Մինչ կը կարդանք Սուրբ Գիրքը՝ կը զգանք, թէ այն Գիրքը ո՛չ միայն աստուածային է, այլ սերտ կապակցութիւն ունի մարդոց հետ եւ կը վերաբերի անոնց եւ թէ անոր ամէն մէկ խօսքը ճարտարօրէն նկարուած պատկերի աչքերու նման՝ մեզի կը նային ո՛ր կողմ իսկ դառնանք։ Այս կը նշանակէ՝ «ամենատեսութիւն», որ աստուածային բնութեան յատկանիշներէն մի՛ն է։
Տեսակ տեսակ պատմութիւններով եւ օրինակներով վարդապետութիւններ եւ վարքի կանոններ սորվեցնելու այս կերպը ի՜նչ սքանչելի յատկութիւն է այն Գիրքին՝ որ սահմանուած է բոլոր երկիրներու եւ բոլոր շրջաններու, ժամանակներու համար։
Արդարեւ, եթէ հոն հաւատալիքներ եւ վարքի կանոններ ընդհանուր խօսքերով միայն բացատրուէին, օգտակար պիտի չըլլային. իսկ եթէ մանրամասն կերպով աւանդուէին որպէս դրութիւն, հարկ պիտի ըլլար անոնք յաւիտեան պահել՝ ճի՛շդ այնպէս՝ ի՛նչպէս գրուեցան, եւ սակայն ամէն բան, ամէն տեղ եւ ամէն ատեն գործադրելի պիտի չըլլար, անկարելի պիտի ըլլար ամէն դէպքի կիրարկել զանոնք, քանի որ աշխարհ եւ մարդիկ տեւական բարեփոխութեան, բնական շրջումի մը մէջ կը գտնուին։
Եւ հաւատացողներ պիտի չկարենային հասկնալ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւններու ամբողջութիւնը։
Քրիստնէական վարդապետութեան համառօտ բովանդակութիւն մը՝ զոր հասուն քրիստոնեան կը հասկնայ կատարելապէս՝ գրեթէ անիմանալի է անոնց՝ որ նոր կ՚ընդունին քրիստոնէութիւնը։
Այս պատճառով՝ թէ՛ վարդապետութիւններ եւ թէ՛ պարտականութիւններ բացատրուած են զանազան օրինակներով եւ պատմութիւններով, եւ մարդ, գիտուն կամ ռամիկ, կրնայ սորվիլ ի՛նչ որ պէտք է սորվի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 26, 2017, Իսթանպուլ