ՏՊԱՒՈՐԵԼ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ

Երբ գրիչը կ՚առնեմ եւ կը սկսիմ գրել, յաճախ կը խորհիմ, թէ ինչո՞ւ կը գրեմ։ Իրապէ՛ս, ինչո՞ւ կը գրէ մարդ, գրողին համար հետաքրքրական հարցում մըն է ասիկա։

Երբեմն կը խորհիմ, թէ արդեօք բարոյական գոհացում մը գտնելո՞ւ համար կը գրեմ։ Եթէ այդպէս ըլլար ամօթ պիտի զգայի, քանի որ ինքնագոհացումի համար գրել՝ ընթերցողին հանդէպ ամենամեծ անարագանքը պիտի ըլլար՝ նախատինք մը եւ խաբէութիւն մը։ Եւ ես ինքս կը համոզեմ, թէ երբեք այդպիսի նպատակ մը չունիմ, չեմ ունեցած։ Թերեւս կը գրեմ, քանի որ գրելէ հաճոյք կ՚առնեմ, ինչ որ անմեղ եւ նոյնքան ալ օգտակար արարք մըն է երկու կողմին համար ալ՝ թէ՛ գրողին եւ թէ ընթերցողին։ Արդէն այն գործը, որ հաճոյքով չի կատարուիր, արդիւնաւոր չի կրնար ըլլալ։

Գրելու աւելի արդարացի պատճառներ կը մտածեմ. գեղեցկութիւններու, ճշմարտութեան, բարի եւ օգտակար բաները ուրիշներու հետ բաժնելու փափաքը։ Եւ կարծեմ այս աւելի ծանր կը կշռէ որպէս պատասխան, թէ ինչո՞ւ կը գրեմ։ Ամենէն առաքինի, ամենէն ազնիւ զգացումն է որեւէ արժէք բաժնել եւ բաշխել ուրիշներու օգտին եւ շահուն համար, այո՛ «ունեցածը բաշխելու, ուրիշներու օգտակար ըլլալու, ուրիշներու բան մը տալու» զգացումը հաճոյք կը պատճառէ, բարոյապէս կը գոհացնէ եւ աշխարհի վրայ ապրելու նպատակը կը յիշեցնէ՝ մարդուս, գոյութեանը իմաստին անդրադառնալու պատճառ կը հանդիսանայ, եւ մարդուս «մա՛րդ» ըլլալու, ո՛չ միայն իրեն համար, այլ նաեւ ուրիշներու համար ալ ապրելու, մարդուս սկզբնական կոչումին՝ իրերօգնութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան վրայ խորհելու պատճառ կը հանդիսանայ, եւ ահաւասիկ գրիչս ճերմակ թուղթին վրայ շարժել սկսելէ առաջ այս մտածումները կը համակեն միտքս։

Եւ արդէն կը սկսիմ գրել սեւ գրիչովս՝ ճերմակ թուղթին վրայ։ Ես ինքս արդարացուցած ըլլալու ներքին գոհունակութեամբ կը շարունակեմ շարժել սեւ գրիչս ճերմակ թուղթին վրայ…։

Յաճախ կը հարցուի, թէ գրելու համար ի՞նչ պէտք է։ Նախ պաշար հաւաքել՝ կարդալ, եւ շրջահայեաց ըլլալ՝ տեւական դիտել. բնութիւնը, մարդիկը, դէպքերը, ընկերային երեւոյթները՝ դիտել, տեսնել, ուսումնասիրել։ Արդարեւ, ուսումնասիրութեան անպայմա՛ն պէտք է ընկերակցի իմացականութի՛ւնը։ Եւ երբ ուսումնասիրութիւն եւ իմացականութիւն միանան, ահաւասիկ, անոնց բնական հետեւանքը կ՚ըլլայ սեւ գրիչով ճերմակ թուղթի վրայ շարադրուած տողերը։

Հմտութիւն եւ ձեռնհասօրէն գրելու կարողութիւնը ստացական յատկութիւններ են՝ որոնք լուրջ աշխատանքով կարելի է ձեռք բերել։

Ուրեմն, ո՛չ միայն գրելու համար, այլ ամէն գործի մէջ յաջողելու համար անհրաժեշտ է լուրջ աշխատութիւնը, որուն պէ՛տք է ընկերակցին գիտութիւնը եւ կարգապահութիւնը։ Աննպատակ աշխատութիւն մը եւ ցիրուցան գիտութիւն մը ո՞րքան օգտակար կրնար ըլլալ յաջողութեան համար։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ թէ՛ աշխատութեան եւ թէ՛ գիտութեան պէտք է ընկերակցի կարգապահութիւնը՝ չափաւորութինը, կշիռը եւ սահմանը։

Գիտութիւնը անմատչելի հորիզոնի կը նմանի, կարելի չէ բոլորովին հասնիլ անոր, եւ ուրեմն «սահման»ը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ, եւ սահմանի համար ալ պէտք են չափը եւ կշի՛ռը։

Երբ յաջողութեան մասին է խօսքը, ինչպէս ուրիշ առիթներով ալ յիշուած է, կը մտաբերենք ամերիկացիներու մէկ խօսքը, որ կ՚ըսէ.- Եթէ յաջող մարդ ըլլալ կ՚ուզես, ամէն մարդու ըրածէն բոլորովին տարբեր, անսովոր բան մը ընել փորձէ, իսկ եթէ չես կրնար այդպիսի աննախընթաց բան մը ընել, ապա ուրեմն, սովորական բան մը ըրէ, բայց լաւագո՛յնը ըրէ։

Ահաւասիկ, ո՛չ միայն գրելու, այլ ամէն մարզի մէջ յաջող բան մը ընելու կերպը։

Տարիներ առաջ, երբ հազիւ լիսէի վկայական ստացած էի, փորձեցի գրել, բայց հայրս՝ Գրիգոր Գալփաքճեան ազդարարեց զիս, ըսելով, թէ գրելը մեծ պատասխանատուութիւն պահանջող գործ մըն է, եւ ամէն գրող պատասխանատու է իր ընթերցողներուն հանդէպ։ Եւ շարունակեց. «Երբեք գիտութիւնդ ապացուցանելու համար չգրես, այլ գիտութեամբդ համեստօրէն ընթերցողին օգտակար ըլլալու համար պէտք է գրես»։

Եւ այդ պատասխանատուութիւնը կրելու պատրաստ չէի այդ թուականին՝ 1961-ին, ապա հազիւ 1967 թուականներուն է որ փորձել սկսայ գրել՝ հանգուցեալ Արա Գօչի քաջալերանքով, եւ անշուշտ հօրս Գրիգոր Գալփաքճեանի աջակցութեամբ։ Տարիներ հետզհետէ փորձառութեան առիթներ եղան եւ այսօր տակաւին ո՜րքան փորձառութեան կը կարօտիմ, քանի որ գիտութիւնը եւ փորձառութիւնը երբեք վերջ չունին՝ ամէն նոր օր նոր գիտութեան մը եւ փորձառութեան աղբիւր մըն է՝ ուրկէ հոսած ջուրը երբեք դադար եւ ընդմիջում չունի՛, միշտ կը հոսի դէպի յառաջ եւ բնա՛ւ ետդարձ չ՚ունենար…։

Երանի՜ որ զիս ազդարարող հայր մը ունեցեր եմ, ապա թէ ո՛չ միշտ պիտի մնայի 1961 թուականին վրայ, եւ երանի՜ որ զիս քաջալերող մը ունեցեր եմ՝ Արա Գօչը, մեր սիրելի Արային մեծ հայրիկը եւ դարձեալ, երանի՜ որ դարձեալ հայրս աջակցեր է ինծի, ազդարարեր եւ սրբագրեր է փորձ-գրութիւններս եւ կարելի է եղեր 1967 թուականը փոխադրել մինչեւ մեր օրերը։

Ահաւասիկ, այս տրուպ գրիչին անցեալը եւ ներկան։ Ահաւասիկ, թէ ինչո՞ւ յաճախ «բարեկամներ» կը կոչեմ իմ սիրելի՜ ընթերցողները, անոնք եւ մենք «ընտանիք» մըն ենք, որուն հիմը անկեղծութիւն եւ սիւները հաւատարմութի՛ւն են։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, երանի՜ որ դուք մեր կեանքին մէկ պատճա՛ռն էք, բաժնելու եւ բաշխելու առիթ կու տաք մեր անկեղծ զգացումները, մեր միտքը, մեր պաշարը, եւ արդիւնաբեր կ՚ընէք մեր աշխատութիւնները։

Ինչո՞ւ կը գրենք։ Ահաւասիկ, ա՛յս է պատասխանը.- որովհետեւ դո՛ւք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ձեզ ունիմ կեանքի մէջ, յարատեւ եւ անխոնջ աշխատութիւն, մտային պաշարի հաւաքում, փորձառութիւն եւ ամէն ինչ իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս համար։ Բաւական արդարացուցիչ պատճառ մը չէ՞ ասիկա. կը գրեմ, քանի որ դո՛ւք ներկայ էք, դուք բարեկա՛մներ էք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 24, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018