ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

«Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ։ Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքի մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ… Եւ գիտենք՝ թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու բացաւ մեր միտքերը, որպէսզի ճանչնանք ճշմարիտ Աստուածը։ Մենք միացած ենք ճշմարիտ Աստուծոյ եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի։ Ա՛ն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը» (Ա ՅՈՎՀ. Ա 2, Ե 20)։

Մարդկային ցեղին հանդէպ Աստուծոյ հոգածութիւնը երբեք չընդհատուեցաւ մարդուն նախահայրերուն մեղքով. Աստուած Իր խնամքը անդադար ցոյց տուաւ, որպէսզի «յաւիտենական կեանք»ը պարգեւէ բոլորին՝ բոլոր անոնց, որոնք յարատեւութեամբ յաւիտենական փրկութիւնը կ՚որոնեն բարիին մէջ։ Ուստի, մարդը երբ իր անհնազանդութեամբ Աստուծոյ բարեկամութիւնը եւ մտերմութիւնը կորսնցուց, Աստուած չլքեց զինք մահուան իշխանութեան տակ։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Աստուած յաւիտենական կեանքին մէջ պիտի ըլլայ.- ամէն ինչ՝ ամէնի մէջ» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 28)։

Ժամանակներուն աւարտին, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի հասնի իր լրումին։ Այն ատեն մարմինով եւ հոգիով փառաւորուած արդարները յաւիտենական պիտի թագաւորեն Քրիստոսի հետ. իսկ նիւթական տիեզերքը եւս պիտի կերպարանափոխուի։ Եւ ահաւասիկ, այն ատեն Աստուած յաւիտենական կեանքին մէջ պիտի ըլլայ ամէն ինչ՝ ամէնի մէջ։

Որեմն Քրիստոս յաւիտենական կեանքն է, ինչպէս Ինք յայտնեց. «Ով որ այս հացը ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի… Սիմոն Պետրոս պատասխանեց.- Տէր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս» (ՅՈՎՀ. Զ 58 եւ 68)։ Նաեւ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Այդ շնորհքը այժմ մեզի յայտնուեցաւ երեւումովը մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի, որ մահուան իշխանութիւնը խափանեց եւ իր տուած աւետիսով անմահական կեանքը յայտնեց» (Բ ՏԻՄ. Ա 10)։

Եւ Յիսուս բացայայտ կերպով կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։

Արդարեւ, յաւիտենական կեանքը խոստացուած կեանքն է, որ պիտի վայելեն արդարները։ Իր մահով եւ Իր Յարութեամբ՝ Յիսուս Քրիստոս երկինքը «բացաւ» մարդոց։ Երանելիներուն կեանքը կը կայանայ լիակատար իւրացումին մէջ Քրիստոսով կատարուած փրկչագործութեան պտուղներուն։ Քրիստոս Իր երկնային փառաւորութեան մասնակից կ՚ընէ անոնք, որ հաւատացին Իրեն եւ Իր կամքին հաւատարիմ մնացին։ Արդարեւ երկինքը երանաւէտ հասարակութիւնն է բոլոր անոնց, որոնք կատարելապէս միացան եւ միացած մնացին Անոր մարմինին։ Երկինքի փառքին մէջ, երանելիները կը շարունակեն ուրախութեամբ կատարել Աստուծոյ կամքը՝ միւս մարդոց եւ ամբողջ արարչութեան նկատմամբ։ Անոնք այլեւս կը թագաւորեն Քրիստոսի հետ. Անոր հետ «անոնք պիտի թագաւորեն յաւիտեանս յաւիտենից» (ՅԱՅՏ. ԻԲ 5)։

Առաջին մարդը ստեղծուեցաւ յաւիտենական կեանք ապրելու շնորհքով, այսինքն անմահութեամբ։ Սակայն անոր անհնազանդութիւնը անիկա ըրաւ մահկանացու։ Եւ ահաւասիկ, մեր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս կը խոստանայ մարդկութեան դարձեալ վայելել «յաւիտենական կեանք»ը՝ անմահութիւնը՝ ինչպէս պիտի ապրէր առաջին մարդը դրախտին մէջ։

Առաջին մարդուն սկզբնական սրբութեան այս շնորհքը «մասնակցութիւն մըն էր աստ-ւածային կեանքին», այսինքն յաւիտենականութեան՝ անմահութեան։

Այս շնորհքին ճառագայթումով մարդուն կեանքին բոլոր տարածաչափութիւնները ամրապնդուեցան։ Որքան ատեն որ մարդը «աստուածային մտերմութեան» մէջ մնայ, ինչ որ կարելի չեղաւ առաջին մարդուն անհնազանդութեանը պատճառով, եւ եթէ մնար հաւատարիմ եւ հնազանդ, ո՛չ կը մեռնի եւ ոչ ալ կը չարչարուի։ Ուրեմն այս կը նշանակէ, որ մարդ եթէ մնար «աստուածային բարեկամութեան եւ մտերմութեան» մէջ, ո՛չ պիտի մեռնէր եւ ոչ իսկ պիտի չարչարուէր։ Ուստի «ներքին ներդաշնակութիւն»ը եւ «ներքին խաղաղութիւն»ը մարդկային անձին, ներդաշնակութիւնը մարդուն իր նմաններուն հետ, վերջապէս առաջին ամոլին եւ համայն արարչագործութեան ներդաշնակութիւնը «սկզբնական արդարութիւն» կոչուած գոյավիճակը կը գոյացնէին։

«Սկզբնական արդարութեան» այս ամբողջ ներդաշնակութիւնը՝ որ նախատեսուած էր մարդուն համար Աստուծոյ արարչագործութեան եւ ստեղծագործութեան ծրագրով, պիտի կորսուի մեր նախահայրերուն մեղքով՝ անհնազանդութեամբ եւ անհաւատարմութեամբ։

«Յաւիտենական կեանք»ին կոչումը գերբնական է։ Ան ամբողջովին կախում ունի Աստուծոյ ձրի նախաձեռնութենէն, որովհետեւ միա՛յն Ինք կարող է Ինքզինք յայտնել եւ տալ Ինքզինք։ Ան գերազանց է քան իր եւ ոեւէ արարածի իմացականութեան կարողութիւնները եւ մարդկային կամքին ուժերը։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Եթէ ուրեմն մէկը Քրիստոսի մէջ է, ան նոր արարած մըն է, հին արարածը չքացաւ եւ հիմա նորը սկսաւ։ Ամէն ինչ կու գայ Աստուծմէ, որ Քրիստոսով հաշտեցուց մեզ Իրեն հետ. (Բ ԿՈՐՆ. Ե 17-18), շնորհքին ընդունելութեան համար մարդուն պատրաստութիւնը արդէն իսկ շնորհքին գործն է։ Անիկա անհրաժեշտ է յարուցանելու եւ հաստատ պահելու մեր համագործակցութիւնը նախ արդարացումին մէջ՝ հաւատքին ճամբով, ապա մեր սրբացումին մէջ՝ սիրոյ միջոցով։ Աստուած կ՚աւարտէ մեր մէջ ի՛նչ որ Ինք սկսած է, որովհետեւ Ինք կը սկսի եւ Իր ներգործութեամբ՝ կ՚ընէ, որ մենք ուզենք, իսկ իր սկսածն ալ կ՚աւարտէ, գործակցելով մեր արդէն դարձի եկած կամքին հետ»։

«Վարդապե՛տ, ի՞նչ բարի գործ ընելու եմ՝ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Այս հարցումը ուղղող երիտասարդին Յիսուս կը պատասխանէ նախ յիշեցնելով, թէ անհրաժեշտ է ճանչնալ Աստուած իբր «միակ Բարին», իբրեւ գերազանց եւ բացարձակ Բարիք եւ իբրեւ աղբիւր ամէն բարիքի։ Յետոյ կը յայտարարէ անոր. «Եթէ կ՚ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանները պահէ»։ Եւ Իր խօսակցին կը թուէ այն պատուէրները, որոնք կը հային մերձաւորին սիրոյն. «Մի՛ սպաններ, մի՛ շնար, մի՛ գողնար, սուտ մի՛ վկայեր, հայրդ ու մայրդ պատուէ՛»։ Ի վերջոյ Յիսուս դրական ձեւի տակ կը համառօտէ այս պատուիրանները. «Ընկերդ սիրէ՛ անձիդ պէս» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 16-19)։ Այս պատուիրանին կ՚աւելնայ երկրորդ մը. «Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛, ունեցածներդ ծախէ՛, աղքատներուն տո՛ւր եւ երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, ու ետեւէս եկո՛ւր», (ՄԱՏԹ. ԺԹ 21)։

Ուրեմն, յաւիտենական կեանք ունենալու առաջի՛ն պայմանն է՝ սէր ունենալ, սիրել, քանի որ Աստուած սէր է, եւ հետեւիլ Յիսուսի։ Յիսուսի հետեւիլը կը բովանդակէ գործադրութիւնը պատուիրաններուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 22, 2019, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019