ԲՆԱԲԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հրէական սովորութիւն էր կարդալ Սուրբ Գիրքէն, որ ինքնին կը նկատուէր քարոզ, առանց յաւելուածական մեկնութեան։
Աստիճանաբար, սակայն, մասամբ՝ իրենց առօրեայ բարբառէն տարբեր եղող լեզուին պատճառաւ, եւ մասամբ ալ ստուգելու համար այն յաւելուածը, որ գրուած էր պարզ օրէնքին վրայ դպիրներու կողմէն, սովորութիւն դարձաւ թոյլ տալ երկար մեկնութիւններու եւ եզրակացութիւններու։
Այսպէս, Յիսուս քարոզեց Նազարէթի Սինակոկին մէջ. (ՂՈՒԿ. Դ 20)։ Նոյնպէս, Պօղոս եւ Բառնաբաս ալ երբ Փիսիտիոյ Անտիոքին մէջ կ՚աղօթէին, հրաւէր ստացան սինակոկի առաջնորդին կողմէ խօսելու Սուրբգրոց ընթերցումէն ետքը. «Արդ, եղբայրք, եթէ իցեն ի ձեզ բանք մխիթարութեան առ ժողովուրդ, խօսեցարուք». (ԳՈՐԾՔ. ԺԳ 15)։ Այսինքն՝ «Եղբայրնե՛ր, եթէ մեր ժողովուրդին հաղորդելիք քաջալերական պատգամ մը ունիք՝ ըսէ՛ք»։
Ընտանի «բնաբան» բառին ծագումին գալով՝ լատիներէն «Textus» բառէն առնուած, ան կը թելադրէ առարկայ մը, որ հիւսուած է քարոզի ամբողջ ոստայնին մէջ։ Պարզապէս կ՚ակնարկէ հին ժամանակներու, երբ կը քարոզուէր մեկնաբանական մեթոտով մը եւ երբ քարոզը արագ մեկնաբանութիւն մըն էր Սուրբ Գիրքի, ըստ օրուան պահանջին՝ որ իր կարգին կը կազմէր «բնաբան»ը։
Աւելի հասարակ իմաստով, «բնաբան» կը նշանակէ մասնաւոր բառեր, որոնք քարոզիչը կը կարդայ եւ որուն շուրջ ան նպատակ ունի խօսիլ, եւ որոնք կ՚առնուին յաճախ պարբերութենէ մը։ Խորագիրը սովորաբար պէտք է բովանդակէ ամբողջ բնաբանը, բայց եւ այնպէս, խորագիր մը պէտք չէ լիովին սպառէ բնաբանը, լաւ է որ բնաբանը կազմէ լման ճարտասանական նախադասութիւն մը։
Տակաւին «բնաբան» ըսելով կը հասկցուի ամբողջ հատուած մը՝ որուն վրայ քարոզիչը խօսիլ կը միտի, թէեւ անկէ միայն մէկ քանի բառեր կը կարդայ։
Բնաբանը կրնայ տակաւին նշանակել ամբողջ հատուած մը՝ որուն վրայ քարոզիչը մտադրած էր խօսիլ, եւ զոր յաճախ բոլորովին ան կ՚անջատէ պարբերութենէն։
Քանի որ քարոզիչը կը հիմնուի որոշ բառերու վրայ, որոնց շուրջ կը փափաքի խօսիլ, ամենալաւ կերպն է որ, իբր կանոն, ան պարփակէ ամբողջ բնաբանը։ «Բնաբան» բառին սահմանափակ գործածութիւնը գէթ այն առաւելութիւնը ունի. իր ամբողջ բնաբանը կրնայ կիրարկուիլ քարոզին մէջ։
Արդարեւ, միեւնոյն ատեն միակ նիւթ մը պէտք չէ, որ անհրաժեշտօրէն սպառէ բնաբանը։
Որքան կարելի է բնաբանը թող բաղկանայ, լման ճարտասանական նախադասութենէ մը։ Հատուկտոր բառեր գործածել ենթակայ է շատ մը դիտողութիւններու, ինչպէս կը տեսնուի, եւ ստուգիւ առնուազն «վիրաւորանք» մըն է ականջին՝ որ կը բերկրի ձայնի ներդաշնակութեամբ եւ հաւասարակշռութեամբ։
Առաքեալները, հաւատալով թէ իրենք «ներշնչուած ուսուցիչներ» էին, յաճախ կը քարոզէին առանց բնաբանի, եւ այն իրողութիւնը՝ թէ անոնց յաջորդները չհետեւեցան իրենց օրինակին, ցոյց կու տայ, թէ անոնք ինքզինքնին չէին նկատեր «ներշնչեալ»։ Ներշնչումը դադրեցաւ, եւ անկէ ետք մարդիկ սկսան հեղինակութիւնը փնտռել գործածութեան մէջ նոր եւ կատարեալ Սուրբ Գիրքի խօսքերուն։
Արդարեւ, մինչեւ ԺԳ. դարու սկիզբը, քարոզը գրեթէ ոչ այլ ինչ էր, եթէ ոչ բնաբանին ընդլայնումը, երբեմն երկար պարբերութիւն մը ինքնին, եւ կամ նոյնիսկ ամբողջ գիրք մը։ Այս տեսակ քարոզչութիւնը կը կոչուէր «բացատրութիւն» եւ կը տարբերէր «յայտարարութենէ», անուն մը՝ որ կը տրուէր քարոզչութեան այն եղանակին, որով քարոզիչը կը խօսէր ի՛նչ որ փափաքէր, առանց «բնաբան» ընտրելու։
ԺԳ. դարու մէջ, սակայն, մի քանի համարներու եւ կամ մինակ մէկ համարի վրայ քարոզելու սովորութիւնը ընդհանրացաւ, եւ քիչ յետոյ խօսուած քարոզներու մէջ կարելի է գտնել խնամոտ վերլուծում, բաժանում եւ ստորաբաժանումներ, որոնք խիստ սովորական դարձած են արդի քարոզներու մէջ։
Անոնք, ի հարկէ, մեծապէս կ՚օգնէին ունկնդիրներուն հետեւելու քարոզին եւ ապա վերյիշելու զայն, բայց եւ այնպէս անոնք կը սկսին այն օրերէն, երբ Միջնադարեան աստուածաբանները վերածեցին խորհողութիւնը խստակրօն եւ ձեւական դրութիւններու։
Բնաբանին գործածութիւնը սահմանափակուած չէ բեմին։ Հին փիլիսոփաները խօսելու ատեն նախադասութիւններ կ՚առնէին անուանի իմաստուններու գրութիւններէն եւ կը գործածէին զանոնք իբր «բնաբան»։ Ատենաբանը՝ որ կը խօսի բաժակաճառի առթիւ, եւ քաղաքագէտը՝ որ նախքան իր խօսիլը օրէնսդրական մարմնի մը առջեւ, կարդալ կու տայ ծանօթ որոշումները, այսպէս երկուքն ալ բնաբաններ կը գործածեն։ Երաժիշտը՝ որ կը փոխէ եղանակը, պահելով սակայն ներդաշնակութիւնը միութեան, կը գտնէ իր բնաբանը իր շարադրութեան «մոթիֆ»ին մէջ։ Նկարիչը նոյնն է. նկարիչը, ան ալ բնաբան մը կ՚ընտրէ։ Նկարիչի մը համար երգի մը ծանօթ եղանակը, եւ կամ պատմական յուզիչ տեսարան մը կը հայթայթէ իր բնաբանը։
Միլտոն իր «Դրախտ կորուսեալ»ին կը սկսի հետեւեալ խօսքերով. «Մարդու առաջին անհնազանդութեան եւ այդ արգիլուած ծառին պտուղին մահաբեր ճաշակը՝ աշխարհ բերաւ մահը եւ բոլոր մեր վիշտը»։
Թէնիսին ալ «In Memorium»ին կը սկսի սապէս. «Մարդիկ կրնան բարձրանալ աւելի բարձր մակարդակներու իրենց մեռած անձերու պատուանդանէն»։ Անոնք պարզապէս կը բացատրեն բնաբանի գործածութիւնը մեր մեծագոյն բանաստեղծներու կողմէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 29 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/26/2025