Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԵԼՆ Ի ՎԻՐԱՊԷՆ ՏՕՆԸ

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տար-ւայ մէջ երեք անգամ կը նշէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակը. «Մուտն ի Վիրապ», «Ելն ի Վիրապէն», եւ «Նշխարաց գիւտը»։

301 թուականին հայ ժողովուրդը ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս «պետական կրօն» եւ այդ սրբանուէր գործին մէջ առաջնակարգ դեր կատարեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ Գ. թագաւոր։

Հայ պատմագրութիւնը, յատկապէս Ագաթանգեղոսի եւ այլ պատմիչներ հանգամանօրէն կը լուսաբանեն այդ տառապանքներով, բայց եւ հրաշքներով, տեսիլքներով եւ յաղթութիւններով փառաւորուած ընթացքը։

Ըստ աւանդութեան, Հայաստանի մէջ, քրիստոնէութեան «պետական կրօն» դառնալու պատմական իրողութիւնը սերտօրէն կապուած է Ս. Հռիփսիմեանց 37 կոյսերու նահատակութեան հետ։

Այս վերջիններս, Հռոմի Դիոկղետիանոս կայսրի հալածանքներէն փախչելով, ապաստան են գտած Վաղարշապատ մայրաքաղաքին կից՝ հնձաններուն մէջ։ (Ծ. «հնձան»՝ խաղող ճմլելու մեծ աւազան)։

Տրդատ թագաւոր, կոյսերէն Հռիփսիմէի գեղեցկութենէն հմայուած, կ՚ուզէ ամուսնանալ անոր հետ։ Բայց կը մերժուի։ Թագաւորը սաստիկ զայրացած՝ կը հրամայէ տանջամահ ընել անխտիր բոլոր կոյսերը։ Սակայն, պարկեշտ եւ Սուրբ կոյսերու նահատակութիւնը անհետեւանք չմնաց։

Տրդատ խոր տխրութեան եւ անտանելի տրտմութեան մատնուեցաւ։ Խղճի տագնապը խռովքի մէջ թողուց թագաւորի ամբողջ էութիւնը։ Թագաւորին հոգեկան ծանր ապրումները ծնունդ տուին «խոզակերպութիւն» կոչուած հիւանդութեան։

Տրդատի հիւանդութիւնը հետզհետէ կը դառնայ անտանելի եւ մտահոգիչ։ Նոյն հիւանդութեամբ կը վարակուին նաեւ թագաւորին մերձաւորները եւ ծառաները, բացի Խոսրովիդուխտ արքայուհին՝ թագաւորին քոյրէն։

Այս դէպքէն որոշ ժամանակ վերջ, թագաւորի քոյրը Խոսրովիդուխտ տեսիլք մը կը տեսնէ՝ ուր Աստուած կը յայտնէ, թէ միայն Խոր Վիրապի մէջ բանտարկուած Գրիգորը կրնայ բժշկել իր եղբայրը՝ Տրդատը։

Խոսրովիդուխտը երբ այս տեսիլքը կը պատմէ պալատականներուն, անոնք անհեթեթութիւն կը համարեն 13 տարիէ ի վեր Վիրապին մէջ բանտարկուած Գրիգորի կենդանութիւնը, եւ փոխանակ հաւատալու, կը սկսին ծաղրել եւ ըսել. «13 տարուայ մէջ այլեւս անոր ոսկորներն իսկ փոշի են դարձած, այլապէս ինչպէ՞ս կրնայ օգնել եւ բժշկել թագաւորը…»։

Բայց նոյն տեսիլքը հինգ անգամ կը կրկնուի։ Խոսրովիդուխտ արքայաքրոջ պնդումներէն յետոյ նախարարներէն Օտան կ՚ուղարկեն Արտաշատ՝ Գրիգորը Վիրապէն դուրս հանելու…։ Եւ երբ կը հասնին յիշեալ վայրը, երկար եւ հաստ պարաններ կ՚իջեցնեն դէպի Վիրապին խորը։ Եւ ահա, յանկարծ, ներկաներու զարմանալի նայուածքներուն տակ, «մէկը» կը բռնէ պարանը։ Երբ վեր կը քաշեն, աւելի մեծ զարմանքով կը տեսնեն Գրիգորը կենդանի է եւ անոր մարմինը ածուխի նման սեւցած։ Իսկոյն հագուստներ կը հագուեցնեն եւ մեծ ուրախութեամբ Արտաշատ քաղաքէն կը մեկնին դէպի Վաղարշապատ։

Եւ պալատականներու ծաղրը եւ ծիծաղը զարմանքի կը վերածուի, բայց զարմանքին անմիջապէս կը յաջորդէ սոսկալի վա՛խ մը։

Գրիգորը կը տեսնէ Տրդատի վիճակը. խորապէս կը յուզուի եւ ծունկի գալով, կը սկսի սրտեռանդ աղօթել։ Այս տեսարանը ցնցիչ տպաւորութիւն մը կը թողու թագաւորին վրայ, ինք եւ նախարարները նոյնպէս ծունկի կու գան Գրիգորի առջեւ եւ արցունքոտ աչքերով կ՚ըսեն. «Կը խնդրենք, ներէ՛ մեզի մեր յանցանքները, զորս գործեցինք քեզի հանդէպ»։

Գրիգոր կը պատասխանէ.

«Ես ալ ձեզի նման մարդ եմ», կը շարունակէ. «Դուք ճանչցէ՛ք ձեր Արարիչը՝ եր-կինքի եւ երկրի ստեղծիչը. միա՛յն Ա՛ն կարող է ձեզ բժշկել ձեր հիւանդութենէն»։

Սուրբ Գրիգոր, Վաղարշապատի մէջ, նախ կ՚ամփոփէ նահատակ կոյսերու աճիւնները եւ երեք վկայարաններ կը կառուցանէ։ Ապա, ապաշխարութեան համար կը սահմանէ հնգօրեայ պահք, որ այսօր ալ կը պահպանուի Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ կը կոչուի «Առաջաւորաց պահք»։ Յետոյ շուրջ 66 օր քրիստոնէութեան ուսմունք կը քարոզէ եւ աղօթքներով կը բժշկէ թագաւորը։

Իսկ թագաւորը, մինչ դեռ խոզի կերպարանքով կանգնած էր ժողովուրդին մէջ, յանկարծակի վախ եւ դողի կը մատնուի, եւ մարմնին վրայ գտնուող խոզի մորթը ժանտատեսիլ ժանիքով եւ կնճիթադէմ՝ գազանի դունչով՝ բերանով ներկայացուած երեսով մը վար կ՚ինայ։ Այդ պահուն անոր դէմքը իր իսկական կերպարանքը եւ տեսքը կը ստանայ եւ մարմինը նորածին մանուկի նման փափուկ, մատղաշ կը դառնայ եւ ամբողջ մարմինով լրիւ կը բժշկուի։

Թագաւորը՝ Տրդատ եւ ամբողջ արքունիքը քրիստոնեայ կը դառնան, եւ քրիսոնէութիւնը «պետական կրօն» կը հռչակեն 301 թ ուականին։ Կը նորոգուին եւ կը նորոգեն…։

Կեսարիոյ մէջ որպէս Հայոց Հայրապետ՝ կաթողիկոս կ՚օծուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, եւ յետոյ կը սկսի կերտել եւ մշակել իր կոչումին հաւատարիմ ուղին. ուստի կը քանդէ մեհեանները եւ կռապաշտական յուշարձանները, կը կառուցուին հետզհետէ եկեղեցիներ, կը հիմնուին դպրոցներ եւ կը ձեռնադրուին հարիւրաւո՜ր եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ։

Արդարեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի միա՛կ փափաքն էր խաւարի մէջ բնակող ժողովուրդը լուսաւորել Աստուծոյ Ճշմարիտ Աւետարանի լոյսով եւ մղել՝ հոգեւոր վերածնունդի։

Եւ մեծ Հայրապետը կ՚իրականացնէ՛ իր փափաքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 22, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018