ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԸ
Նախապէս յօդուածով մը խօսած էինք այն մասին, թէ ինչպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 1920-ական թուականներուն մտահոգութեամբ կը նայէր հայ մամուլի հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ հայերուն իրենց լեզուին հանդէպ ունեցած կապուածութեան եւ ամէն ձեւ կը մտածէր այդ մէկը աղաւաղելու, որովհետեւ համաշխարհայնացման ու ձուլումի քաղաքականութիւնը մի՛շտ ալ ունեցած է իր մէջ: Սակայն սփիւռքի պարագային մտահոգութիւն էր հայկական դպրոցի գոյութիւնը. հայեր կը հիմնէին իրենց դպրոցները եւ որպէս հիմնական լեզու կ՚ընդունէին մայրենին, իսկ որպէս օտար ու երկրորդական լեզու անգլերէնը, արաբերէնը, ֆրանսերէնը, ինչ որ տեղացիներուն համար տհաճ, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր էր:
Ամէն պետութիւն կ՚ուզէ իր լեզուն որպէս հիմնական լեզու ընդունուի. օրինակի համար, Սուրիոյ մէջ հայկական դպրոցները արաբական դպրոցներէն կը տարբերին անով, որ իրենց մէջ ունին մայրենի լեզուի դասընթացք, կրօն եւ գուցէ հայոց պատմութիւն, սակայն դասաւանդուող նիւթերու մեծամասնութիւնը արաբերէն է:
Սփիւռքի մէջ մեր դպրոցներու գոյատեւումը այդքան ալ դիւրին պայմաններու մէջ չէ եղած. օրինակի համար, անցեալի մամուլէն կը տեղեկանանք, թէ ինչպէս 1928 թուականին Պարսկաստանի կառավարութիւնը օրէնք կ՚ընդունի բոլոր դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէնը դարձնել հիմնական լեզու եւ հայերէնը կը նկատէ երկրորդական: Այս մէկը պարզապէս մէկ օրինակ մըն է հայ վարժարաններուն դէմ դրուած բազմաթիւ դժուարութիւններէն:
Նկատենք թէ ոչ, նման դժուարութիւններ մինչեւ օրս գոյութիւն ունին. սփիւռքի շատ մը դպրոցներու մէջ անակնկալօրէն պետական ներկայացուցիչներ կու գան ստուգումներ կատարելու, արձանագրութիւններ կազմելու եւ շեշտելու իրենց լեզուին ինչու չէ նաեւ կրօնի կարեւորութիւնը. այսօր գոյութիւն ունին հայկական վարժարաններ, ուր պարտադիր կը դասաւանդուի նաեւ իսլամական կրօնը՝ որպէս պարտադիր նիւթ: Ցաւ ի սիրտ կը տեսնենք, թէ շատ մը դպրոցներու մէջ որոշ դասարանէ ետք կանգ կ՚առնէ մայրենի լեզուի դասաւանդութիւնը, պատրուակ ունենալով որ պետական քննութիւնները հայերէն լեզուով չեն եւ հետեւաբար աշակերտներ պէտք է աւելի ժամանակ տրամադրեն օտար լեզուները սորվելու, որպէսզի յաջողին իրենց քննութիւններուն մէջ:
Սփիւռքի մէջ մեր դպրոցները պայքարեցան օտարացման, միաժամանակ նիւթական դժուարութիւններու, ինչպէս նաեւ հայեցի դաստիարակութեան համար. գրեթէ պարտադիր արտասանեցին օտարին քայլերգը, սորվեցան օտարին բանաստեղծութիւնները եւ տեղ մը ունէին պարտաւորութիւնը անոր. նոյնը պիտի չընէի՞նք մենք, երբ օտար մեծամասնութիւն մը Հայաստան հաստատուելով չուզէր գիտնալ Սեւակն ու Չարենցը, Թումանեանը եւ ուրիշներ: Այսօր Հայաստանի մէջ բազմաթիւ եզիտիներ իրենց կրթութիւնը կը ստանան հայկական վարժարաններէն ներս, կը լսեն ու կը սորվին Քրիստոսի մասին, սակայն ամէն ձեւ կը յաջողին կառչած մնալ իրենց հաւատքին, ըմբռնումներուն ու հայրենասիրութեան:
Այսօր ցաւ է մեզի համար տեսնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական դպրոցի մը գոյութիւնը, որուն տնօրէնը իր աշակերտութեան հետ կը հաղորդակցի օտարի՛ն լեզուով: Ճի՛շդ է, օտար երկիրի մէջ ապրելով օտարին լեզուն չգիտնալը կարելի է ամօթ մը նկատել. Լիբանան ապրող մեր հայերուն մեծամասնութիւնը անճոռնի արաբերէն մը կը գործածէ, ինչ որ շատ անգամ ծաղրանքի առարկայ կը դառնայ։ Հպարտութիւն է տեսնել եւ ունենալ հայեր, որոնք օտարին լեզուն գիտնան օտարէն ի՛սկ աւելի. հպարտութիւն է տեսնել սփիւռքի մէջ օտարալեզու գրողներ, որոնք ֆրանսերէն, արաբերէն ու անգլերէն գրելով կը յաջողին լաւ համբաւ վաստակիլ:
Սակայն դարձեալ միջինը կը կորսնցնենք. այսօր արաբական դպրոցներու մէջ բազմաթի՜ւ են հայ աշակերտներու թիւը եւ ի զարմանս բոլորին, մինչեւ իսկ գոյութիւն ունի արաբական դպրոց մը, որուն մէջ կը դասաւանդուի հայերէն լեզու՝ հայ աշակերտներուն սիրոյն: Այս դժբախտ իրողութեան կը յաջորդէ մեր հայկական դպրոցներուն մէկ առ մէկ փակուիլը. արդէն քանի՜ տասնամեակ է հայկական նոր վարժարանի մը հիմնադրութեան լուրը չենք ստանար, սակայն կը ստանանք հակառակը, ինչպիսին է պարագան Լիբանանի, Յորդանանի, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու:
Առանց հայ լեզուի, առանց հայ դպրոցի, առանց հայ մշակոյթի ինչպէ՞ս կը ծրագրեն սփիւռքի մէջ կենդանի պահել հայութիւնը՝ մարդ չի հասկնար: Այսօր հայկական վարժարաններէն հայ մամուլի աշխատակիցներ ծնունդ չեն առներ. նոր ուսուցիչները մանաւանդ սփիւռքի մէջ արդէն իսկ կը պակսին՝ այնպէս ինչպէս կը պակսին մեծահասակ ուսուցիչները, որոնք յաւիտենականութիւն կը ճամբորդեն: Կը պակսին բանաստեղծները, մտաւորականներն ու ազգային, հասարակական գործիչները. այսօր չունինք Լեւոն Շանթի, Աղբալեանի, Նարպէյի եւ անոնց ժառանգորդներու նման սերունդ մը՝ որ հետաքրքրուի եւ զբաղի նոր սերունդով:
Թող ուսումնասիրող մը գրի առնէ մերօրեայ հայկական վարժարաններու ցանկը, որպէսզի ճի՛շդ տասը տարի ետք համեմատենք մերօրեայ վիճակին հետ եւ յուսանք, որ աւելի դժբախտ պատկեր մը չենք տեսներ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -257-
Մայրենի լեզու դասաւանդելու համար կանչուեցայ Յունաստանի վերի կողմերը, ուր հայկական վարժարան գոյութիւն չունի. հայ աշակերտներ յունական դպրոց յաճախելով շաբաթ եւ կիրակի օրերը պէտք է գային սորվելու եւ կամ գուցէ չմոռնալու իրենց մայրենի լեզուն: Սակայն վիճակը գօտեպնդիչ չէր. հազիւ զբօսանքի դուրս գային, բոլորը անխտիր իրարու հետ կը խօսէին յունարէն լեզուով։ Ժամանակ մը ետք նկատեցի, որ վիճակը տարբեր չէ անոնց ծնողներուն մօտ. հայը հայուն հետ յունարէնով կը խօսի:
***
Օր մը հայերէն մին բախտաւորուեցաւ զաւակով մը. ժամանակ մը ետք նկատեցի, որ զաւակին հետ միայն յունարէն լեզուով կը խօսի, պատճառաբանութիւն ունենալով «որպէսզի լեզուն շուտ սորվի, յունարէնը կարեւոր է, Յունաստան կ՚ապրինք»: Այդ զաւակին մեծնալը չտեսայ, սակայն մեզմէ քանի՞ն կրնայ պնդել, որ ան այսօր հայերէն գիտէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան