ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Քաղաքացիութեան կապուած քաղաքական իրաւունքները կրնան եւ պարտին տրուիլ ըստ պահանջներուն «հասարակաց բարիք»ին։ Անոնք չեն կրնար առկախուիլ հանրային իշխանութիւններուն կողմէ առանց օրինաւոր եւ համաչափեալ պատճառի։

Քաղաքական իրաւունքներուն կիրարկումը սահմանուած է ազգային եւ մարդկային հասարակութեան հասարակաց բարիքին։ Վերջնական նպատակն է՝ հասարակաց բարիքը։

Աստուածպետական տեսութեամբ՝ իշխանութեան հպատակները պիտի նկատեն իրենց մեծաւորները իբրեւ «ներկայացուցիչ»ներ Աստուծոյ, որ զանոնք Իր պարգեւներուն պաշտօնեաներ կարգեց. «Տիրոջ սիրոյն համար՝ հնազանդեցէ՛ք մարդկային ամէն իշխանութեան…». (ՀՌՈՄ. ԺԳ 1-2)։ «Գործեցէ՛ք իբրեւ ազատ մարդիկ եւ ծառաներ Աստուծոյ եւ ո՛չ թէ նման մարդոց, որոնք ազատութիւնը կը գործածեն իբրեւ պատրուակ իրենց չարութեան». (Ա ՊԵՏ. Բ 13-16)։

Մեծաւորներուն ուղղամիտ համագործակցութեան հակումը անոնց իրաւունքը կու տայ, երբեմն նաեւ պարտականութիւնը կ՚ընձեռէ կիրարկելու արդար յանդիմանութիւնը այն բանին մէջ՝ որ անձերուն արժանապատուութեան եւ հասարակութեան բարիքին վնասաբեր պիտի թուէր իրենց։

Քաղաքացիներուն սկզբնական պարտականութիւնն է ընկերութեան համար աջակցիլ քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ, «ճշմարտութեան», «արդարութեան», «միասնականութեան» եւ «ազատութեան» ոգիով։ Հայրենիքին սէրը եւ ծառայութիւնը կը բխին երախտագիտութեան պարտականութենէն եւ սիրոյ պատուէրէն։

Օրինաւոր իշխանութիւններուն հանդէպ հպատակութիւնը եւ հասարակաց բարիքը քաղաքացիներէն կը պահանջեն իրենց դերը ստանձնել քաղաքական հասարակութեան կեանքին մէջ։

Իշխանութեան հպատակութիւնը եւ հասարակաց բարիքին համապատասխանատուութիւնը բարոյապէս կը պահանջեն վճարումը տուրքերուն, քուէի իրաւունքին կիրարկումը, պաշտպանութիւնը երկրին. «Հատուցէ՛ք իւրաքանչիւրին իրենց պարտքերը, որուն հարկ՝ հարկը, որուն մաքս՝ մաքսը, որուն երկիւղ՝ երկիւղը, որուն պատիւ՝ պատիւը». (ՀՌՈՄ. ԺԳ 7)։

Առաքեալը կը քարոզէ մեզ աղօթելու եւ գոհութիւն մատուցանելու «թագաւոր»ներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք իշխանութիւն կը վարեն. «որպէսզի խաղաղութեամբ եւ արդարութեամբ ապրինք մեր կեանքը ամենայն աստուածպաշտութեամբ եւ սրբութեամբ». (Ա ՏԻՄ. Բ 2)։

Աւելի ունեւոր ազգերը պարտաւոր են կարելիի չափով ընդունիլ «օտարական»ը՝ որ որոնումի մէջ է ապահովութեան եւ կենսական հասոյթներու, զորս չի՛ կրնար գտնել իր ծննդավայրին մէջ։ Հանրային իշխանութիւնները պիտի հսկեն, որ յարգուի «բնական իրաւունք»ը՝ որ «հիւրը կը դնէ զինք ընդունողներուն պաշտպանութեան տակ»։

Քաղաքական իշխանութիւնները կրնան հասարակաց բարիքին համար՝ որուն պարտականութիւնը ստանձնած են, ներգաղթի իրաւունքին կիրարկումը ենթարկել իրաւական զանազան պայմաններու, մանաւանդ ներգաղթողներուն կողմէ որդեգրուած երկրին հանդէպ պարտականութիւններուն յարգանքին։ Ներգաղթողը պարտաւո՛ր է երախտագիտութեամբ պահպանել զինք ընդունող երկրին նիւթական եւ հոգեւոր աւանդը, հնազանդիլ անոր օրէնքներուն եւ սատարել անոր պարտաւորութիւններուն։

Քաղաքացին ի խղճէ պարտաւո՛ր է չհետեւիլ քաղաքացիական իշխանութիւններուն այն հրահանգներուն, որոնք հակառակ են «բարոյական կարգին պահանջքներուն», անձերու հիմնական իրաւունքներուն կամ Աւետարանին ուսուցումներուն։ Երբ քաղաքացիական իշխանութիւններուն պահանջքները հակառակ են ուղիղ խղճի պահանջքներուն, անոնց «հնազանդելու մերժում»ը իր արդարացումը կը գտնէ զանազանումին մէջ՝ որ կայ Աստուծոյ ծառայութեան եւ քաղաքական հասարակութեան ծառայութեան միջեւ. «Կեսարինը Կեսարին տուէք եւ Աստուծունը Աստուծոյ». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 21), ինչպէս. «Հարկ է հնազանդիլ աւելի Աստուծոյ քան մարդոց». (ԳՈՐԾ. Ե 29)։

Ամէն հաստատութիւն կը ներշնչուի, նոյնիսկ լռելեայն մարդուն եւ անոր «ճակատագրին» մասին տեսութենէ մը՝ որմէ կը քաշէ իր դատումին բաղդատութեան եզրերը, իր արժէքներուն դասաւորումը եւ իր ուղեգիծը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 31 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2023