ԿԵԱՆՔԸ՝ ՈՐՊԷՍ ԱՐԺԷ՛Ք

Յա­ճախ կը խօ­սինք «կեանք»ի մա­սին այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ։ Կը խօ­սինք քա­նի որ կեան­քը միշտ մե­զի հետ է, եւ մենք ա­նոր հետ։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ կեանք չըլ­լայ, մարդն ալ չ՚ըլ­լար։ Մարդ կա՛յ, քա­նի որ կեան­քը կա՛յ…։

«Մարդ»ը եւ «կեանք»ը լու­ծել, հասկ­նալ կա­րե­լի չէ, ա­նոնք միշտ «ան­ծա­նօթ­ներ» են ի­րա­րու։ Ին­չո՞ւ կեանք կայ՝ մար­դո՞ւն հա­մար թէ՝ մարդ կա՛յ, մարդ գո­յու­թիւն ու­նի կեան­քին հա­մար։ Ո՞ր մէ­կը կը յա­ջոր­դէ, կամ ը­սենք, ո՞ր մէ­կը միւ­սը կ՚ամ­բող­ջաց­նէ։ Յայտ­նի չէ՛։ Բայց սա ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է, թէ՝ մար­դը կ՚ապ­րի կեանք մը՝ ծնուն­դին եւ մա­հուան մի­ջեւ «մի­ջոց» մը։

Ե­թէ մարդ կայ, կեանք ալ կայ, եւ ե­թէ կեանք կայ, մարդ ալ կայ… ը­սենք, եւ անց­նինք…։ Բայց այդ կեան­քը որ կայ, ինչ­պէ՞ս «պէ՛տք է ապ­րիլ», կա­րե­ւո­րը այդ է։ Կեան­քը պէտք է ապ­րիլ «ար­ժէք»ի սկզբուն­քին կա­պուած ըլ­լա­լով, մարդ­կա­յին գո­յու­թեան բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րո­վը։ Եւ երբ կեան­քը կ՚ապ­րուի ար­ժէ­քի սկզբուն­քով, այն ա­տեն կեան­քը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մըն է՝ կա­ռու­ցում մը եւ ար­տադ­րու­թի՛ւն մը…։

Ա­մե­րի­կա­ցի­ներ կ՚ը­սեն, թէ՝ երբ մարդ կ՚ու­զէ մե՛ծ գործ մը կա­տա­րել, յա­ջո­ղու­թիւն մը ձեռք ձգել մնա­յուն, պէտք է որ ա­մէն մար­դու կա­տա­րած, հա­սա­րակ գոր­ծէ մը տար­բեր, ե­զա­կի գործ մը կա­տա­րէ. իսկ ե­թէ այդ չի կրնար ը­նել՝ թող ա­մէն մար­դու կա­տա­րած, հա­սա­րակ գործ մը՝ լա­ւա­գոյն կեր­պով կա­տա­րէ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, կեան­քը իր ար­ժէ­քին հա­մե­մատ, կեան­քը իր ի­մաս­տին հա­մա­ձայն ապ­րե­լու՝ ար­ժէ­քի սկզբուն­քին հա­մա­ձայն վա­յե­լե­լու կեր­պը ա՛յս է։ Ար­դա­րեւ ա­մէն մարդ կ՚ապ­րի կեան­քը, կաս­կած չկայ այդ մա­սին, բայց ո­մանք կ՚ապ­րին զայն գի­տակ­ցու­թեամբ, զգա­լով, եւ ո­մանք ալ՝ ան­գի­տակ­ցա­բար, անզ­գա՛յ։ Ո­մանք կեան­քի ար­ժէ­քը գիտ­նա­լով, ո­մանք ալ՝ ա­ռանց ար­ժէ­քը գիտ­նա­լու…։

Եւ կար­ծեմ կեան­քը ապ­րե­լու, կեան­քը վա­յե­լե­լու, կեան­քի մը գո­յու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լու խնդի­րին մէջ կա­րե­ւո­րը՝ զայն գի­տակ­ցա­բար կամ ան­գի­տակ­ցա­բար ապ­րե­լու մէջ կը կա­յա­նայ։ Ո­մանք կեան­քը կ՚ապ­րին պա­տա­հա­բար, դի­պուա­ծի մը ար­դիւնք հա­մա­րե­լով զայն, ո­մանք ալ «ար­ժէ­քի սկզբունք»ով եւ բա­նա­կա­նու­թեամբ, միտք եւ զգա­ցում դնե­լո՛վ։

Սա­կայն պէտք է խոս­տո­վա­նինք, որ գի­տակ­ցա­բար կեան­քը ապ­րող­նե­րու թի­ւը շատ ա­ւե­լի քիչ է, քան՝ ան­գի­տակ­ցա­բար ապ­րող­նե­րու թի­ւը։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ բուն հար­ցը հո՛ս է։

Կեան­քը ապ­րիլ կամ չապ­րիլ՝ ար­ժէ­քի մը սկզբուն­քով։ Ան­գի­տա­նալ, թէ՝ կեան­քը ար­ժէք մըն է։

Այս ի­մաս­տով եւ հասկ­ցո­ղու­թեամբ ա­հա­ւա­սիկ կա­րե­լի է բաժ­նել մար­դիկ՝ «մեծ» մար­դիկ, կամ «հա­սա­րակ» մար­դիկ։ Կեան­քը ար­ժէ­քի սկզբուն­քով եւ գի­տակ­ցա­բար, զգա­ցու­մով ապ­րե­ցան եւ ի­րա­գոր­ծե­ցին ու ստեղ­ծա­գոր­ծե­ցին «մեծ» մար­դիկ՝ որ ար­ձա­նագ­րած է մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր պատ­մու­թիւ­նը։

Ա­նոնց կեան­քը պատ­մու­թեան մէջ կը յի­շուի որ­պէս «տի­պար», այն սե­րունդ­նե­րը, ո­րոնք հան­դի­սա­ցան «Վե­րած­նուն­դի սե­րունդ»ներ կամ «ստեղ­ծա­գործ­նե՛ր» իր ի­րա­կան ի­մաս­տով։ Ուս­տի ար­ժէ­քի հա­ւատ­քը, ար­ժէ­քի հասկ­ցո­ղու­թիւ­նը ի­րենց հո­գիին մէջ՝ ար­ժէք­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը քան­դե­ցին այդ նուի­րա­կան «ստեղ­ծա­գործ» սե­րունդ­նե­րը։ Այդ ար­ժէք­նե­րը կազ­մուած ու ձե­ւա­ւո­րուած էին ի­մաս­տէ ու հո­գիէ, գե­ղեց­կու­թե­նէ, բա­րու­թե­նէ եւ ճշմար­տու­թե­նէ։

Ար­դա­րեւ, այն՝ որ գե­ղե­ցիկ է, բա­րի է եւ ճշմա­րիտ, ար­ժէք մըն է, ար­ժէ­քի սկզբուն­քին մաս կը կազ­մէ. ա­նոնք հի­նը ջնջե­ցին եւ նո­րը կա­ռու­ցա­նե­ցին։

Նո­րին ճա­շա­կը, նո­րին ըմբռ­նու­մը, նո­րին գե­ղեց­կու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցին իս­կա­կան ար­ժէ­քին մէջ։

Զոր օ­րի­նակ՝ Մես­րոպ Մաշ­տոց մը, Մաշ­տո­ցեան ամ­բողջ սե­րունդ մը այդ­պէս ապ­րե­ցան եւ կեր­տե­ցին «Ոս­կե­դար»ը՝ պար­ծան­քը հայ գրա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քի եւ պատ­մու­թեան։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս օ­րի­նա­կով եւ նման­նե­րով, սե­րունդ­նե՜ր, եւ սե­րունդ­նե­րու բազ­մե­րախտ նուի­րա­կան գի­րի, գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր­ներ պի­տի շա­րու­նա­կեն հո­գեմ­տա­ւոր կեան­քը հետզ­հե­տէ զար­գաց­նե­լով, հետզ­հե­տէ ճո­խաց­նե­լով եւ նոր ար­ժէք­ներ ստեղ­ծե­լով։ Այս­պէս ե­թէ գոր­ծեն, այս­պէս ե­թէ «ար­ժէ­քի սկզբունք»ով շար­ժին նոր սե­րուն­դի գի­տա­կից եւ զգա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, պի­տի չմոռ­նան եր­բեք, պի­տի չկորսնց­նեն բնաւ ի­րենց հա­ւատ­քը գի­տակ­ցու­թեան եւ կեան­քի դե­րա­կա­տա­րու­թեան մէջ։ Կեան­քը ար­ժէ­քի սկզբուն­քի գի­տակ­ցու­թեամբ ապ­րիլ, վա­րել՝ «մեծ գործ»եր կա­տա­րե­լու, նպա­տա­կի մը ծա­ռա­յե­լու միակ ճամ­բա՛ն է։

Պէտք չէ մոռ­նալ, թէ՝ կեան­քը յա­ջո­ղու­թամբ ապ­րե­լու, մեծ գոր­ծեր կա­տա­րե­լու ծնո՛ւնդն է՝ ար­ժէ­քի սկզբուն­քին վրայ հաս­տա­տուած միտ­քե­րու եւ գոր­ծիչ­նե­րու գո­յու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի եւս ա­նոնց բազ­մա­նա­լը՝ մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մե­լը հա­ւա­քա­կա­նու­թան մէջ։ Ա­սոր հա­մար կեան­քին պէտք է նա­յիլ՝ որ­պէս հա­ւա­քա­կա­նու­թեան բաղ­կա­ցու­ցի­չը։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի գի­տակ­ցու­թիւ­նը հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ. գիտ­նալ ա­մէն մէ­կուն ի­րա­ւուն­քը, պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներն ու պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը, շար­ժիլ ըստ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան, չափ ու սահ­մա­նը լաւ ո­րո­շել ա­զա­տու­թիւն­նե­րու, եւ ապ­րիլ ո՛չ թէ ան­հա­տա­կան կիր­քե­րու մղու­մով, այլ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը ան­դա­մը՝ մաս­նի­կը ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թեամբ։ Ըն­կե­րա­յին խա­ղա­ղու­թեան եւ եր­ջան­կու­թեան ար­գե՛լք է՝ ինք­նա­կեդ­րոն, ինք­նա­մոլ եւ ե­սա­մոլ մար­դը։

Հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ կա­րե­ւոր է «ի­րա­րու հա­մար ապ­րիլ», ի­րա­րու պա­կա­սը ամ­բող­ջաց­նել, ի­րա­րու տկա­րու­թիւ­նը զօ­րաց­նել, եւ մէկ խօս­քով՝ «ի­րե­րօգ­նու­թի՛ւն», ո­րուն կո­չուած է մարդ էա­կը իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թե­նէն իսկ։ Յատ­կա­պէս մեր օ­րե­րուն ո՜ր­քան կա­րօ­տը ու­նի մարդ­կու­թիւ­նը այս սեր­տու­թեան, ան­հատ­նե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թեան, ներ­քին եւ ար­տա­քին խա­ղա­ղու­թեան, սի­րոյ եւ ի­րե­րօգ­նու­թեա՛ն։

Եւ մարդ­կու­թիւ­նը, պատ­մու­թեան մէջ, եւ ներ­կա­յիս ո՜ր­քան տա­ռա­պեր է եւ կը շա­րու­նա­կէ տա­ռա­պիլ այն «բա­ցա­կա­յու­թե­նէն», որ ա­նու­րա­նա­լի բա­րիքն ու օ­գու­տը կը զլա­նայ ի­րեն՝ հար­ցե­րու, խնդիր­նե­րու եւ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու, պա­տա­հար­նե­րու եւ ե­րե­ւոյթ­նե­րու, ան­հատ­նե­րու եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու հան­դէպ մօ­տեց­ման նկատ­մամբ։ Ուս­տի յստակ եւ ա­ռողջ դա­տե­լու եւ զա­տո­րո­շու­մի՝ մար­դուն տկա­րու­թիւ­նը եւ թե­րու­թիւ­նը ի՜նչ ա­ւեր­ներ կը գոր­ծեն հա­ւա­քա­կան կեան­քով ձեռք բե­րուե­լիք շա­հե­րու հե­տապն­դու­մի ճամ­բուն վրայ։

Ա­յո՛, բնա­կան է եւ բա­նա­կա՛ն, տե­սա­կէտ­ներ եւ գա­ղա­փար­ներ կրնան տար­բեր ըլ­լալ, եւ պէ՛տք է ըլ­լան, կրթու­թիւն, ապ­րե­լա­կերպ, զգա­ցում՝ նո՛յն­պէս կրնան տար­բեր ըլ­լալ։ Բայց այս բո­լո­րէն վե՛ր կայ եւ պէ՛տք է ըլ­լայ «ընդ­հան­րա­կան միաս­նու­թիւն եւ հա­սա­րա­կաց զօ­րու­թիւ­ն­»ը՝ որ ամ­բող­ջու­թիւ­նը կը կազ­մէ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 18, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016