ԿԵՂԾ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐՆԵՐԸ

Սկսած եմ համոզուիլ, որ հայրենասիրութիւն ըսուած բառը ստախօսութիւն մըն է՝ զարդարուած կեղծիք մը պարզապէս: Անոնք որոնք այսօր հրապարակի վրայ ազգին ցաւերով մտատանջ ըլլալ կը թուին, իրականութեան մէջ մտահոգ են ո՛չ թէ ազգով՝ այլ սեփական շահերով ու նպատակներով:

Այս համոզումս փաստելու համար մեր օրերէն բերեմ հետեւեալ օրինակները.- անցնող ամիսներու ընթացքին Հայաստանի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոն Քոչարեանն ու անոր յայտնի երգչուհի կինը՝ Սիրուշօ փողոցներուն մէջ հայրենասիրութեան կոչեր կը բարձրացնէին. այսօր նոյն այդ հայրենասիրութեան քարոզիչները իրենց երրորդ զաւակը լոյս աշխարհ բերելու համար մեկնած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Զաւեշտ մը չէ՞ք տեսներ այս իրողութեան մէջ. խօսքերով մեծարել Հայաստանը, հայրենասէրի շապիկ հագուիլ, սակայն գործով փաստել, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ զաւակ ունենալը իրենց ապագայ զաւակներուն համար շա՜տ աւելի նպաստաւոր ու բարեբար պիտի ըլլայ՝ քան Հայաստանի մէջ ծննդաբերելը:

Պահ մը փորձեցէ՛ք ուսումնասիրել մեր Ազգային ժողովին եւ կառավարութեան մէջ պաշտօն ստացած անհատներու անձնական կեանքը. այդ «հայրենասէր»ներուն զաւակները մեծաւ մասամբ իրենց ուսումը կը ստանան Հայրենիքէն դուրս՝ եւրոպական կամ ամերիկեան այս կամ այն համալսարանին մէջ: Անոնցմէ շատերու ընտանիքները կ՚ապրին մեր՝ իմ եւ քու վճարած հարկերով առնուած Եւրոպայի այս կամ այն շրջանին մէջ գտնուող իրենց ապարանքներուն մէջ:

Այնտեղ՝ ուր խօսքն ու գործը իրար կը հակասեն, ինքնաբերաբար ծնունդ կ՚առնէ անվստահութիւն մը, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով փաստելն է դժուարը:

Նման նախարարներ ու անհատներ յաճախ կը նմանցնեմ այն վաճառականներուն, որոնք հակառակ իրենց ձեռքի ապրանքը չսիրելուն կը գովաբանեն՝ յարմար յաճախորդ մը գտնելու յոյսով: Մեր նախարարները այսօր ամէ՛ն գնով կը գովեն հայկականը, սակայն ի՜նչ առեղծուած առաջինը իրենք են, որ հեռու կը մնան հայկականէն եւ կը նախընտրեն օտարինը, շատ անգամ նոյնիսկ քննադատելով անոնք՝ որոնք օտարինը նախընտրել կը փորձեն:

Հաւանաբար այս կեղծ հայրենասիրութիւնը ամէ՛ն տեղ գոյութիւն ունի. Թուրքիոյ նախագահին զաւակները եւս իրենց կրթութիւնը ստացած են Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, սակայն առիթով մը Էրտողան յայտարարած է, թէ բոլոր այն աշակերտները, որոնք մեկնած են Արեւմուտք՝ վերադարձած են մոլորած եւ գաղթակղած մտքով:

Ամէ՛ն նախարար ուսումի կողմէ կը մեծարէ իր երկիրին ուսումնական ծրագիրը, սակայն իր զաւակները կը ղրկէ դուրս՝ «զարգացած» երկիրներ՝ ուսումը այդտեղ ստանալու համար: Ամէ՛ն նախարար կը մեծարէ իր երկիրին առողջապահութեան ոլորտին մէջ ունեցած յաջողութիւնները, սակայն փոքր հիւանդութեան մը պարագային նոյնիսկ կը շտապէ դուրս՝ լաւապէս առողջանալու համար: Ամէ՛ն նախարար կը մեծարէ հայրենի հողին կարեւորութիւնը, սակայն առաջին իսկ առիթին կը փորձէ օտար հողի վրայ շինել իր տունը: Հայ ըլլալու արժանապատուութեան մասին կը խօսին, սակայն կը փութան իրենց զաւակներուն համար օտար հպատակութիւն ձեռք բերել՝ աւելի «ապահով» ապագայ մը ապահովելու համար:

Այս բոլորը կը նմանցնեմ լիբանանահայ այն կուսակցականին, որ ամէ՛ն առիթով կը խօսի օտար ամուսնութեան վնասներուն մասին... սակայն իր զաւակները օտարներու հետ կը պսակուին...:

***

Հայաստանի վերջին այլանդակ օրէնքին համաձայն օտար երկիրներէն ժամանող հայերէ պէտք է օրեր առաջ առցանց երկիր մուտք գործելու վաւերագիր ունենան (visa): Բարեկամի մը մօր դիմումը մի քանի անգամ մերժուեցաւ (չէ որ մենք ալ եւրոպական երկիր ենք, դիւրին չէ մուտք գործել՝ նոյնիսկ երբ հայ ես): Առաջարկեցի բարեկամիս, որ միասին երթանք Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ստուգելու համար մերժումի պատճառը:

Գացինք նախարարութեան շէնքին առջեւ. դուռին առջեւ հարիւրաւոր ոստիկաններ՝ շրջապատած նախարարներու թանկարժէք ինքնաշարժները: Ոստիկանները չթոյլատրեցին մօտենալ շէնքին ըսելով, որ նախարարներ կան շէնքին մէջ, նոր դուրս պիտի գան. աւելի քան քսան վայրկեան սպասեցինք, որ դուրս գան... մեծապատիւները:

Զարմանալի չէ՞. դուն որպէս քաղաքացի ընտրես եւ իրաւունք տաս այդ նախարարներուն մտնելու այդ շէնք, իրաւունք տաս եւ իրաւունքի կողքին տաս նաեւ աշխատավարձ՝ որպէսզի վերջաւորութեան պաշտպանուին քեզմէ: Այս ի՞նչ զաւեշտ...:

Պահ մը պատկերացուր, որ դուն զիս դարձնես գրասենեակի մը տնօրէն, սակայն տնօրէնութեան յաջորդ օրն իսկ քեզ արգիլեմ մուտք գործել գրասենեակ: Որո՞ւ շէնքը, որո՞ւ ընտրածը որմէ՞ կը փորձեն պաշտպանել:

Հեռու մանուկ մը կար. անտարբեր վազելու ժամանակ անցաւ թանկարժէք ինքնաշարժներէն մէկուն քովէն. զինուորներն ու վարորդները անմիջապէս ջղայնութեամբ հեռացուցին մանուկը... որ չըլլայ թէ ինքնաշաժներուն բան մը պատահի: Այդ ինքնաշարժին գինը այդ զաւակին մայրն ու հայրը, ես ու դուն վճարած ենք... սակայն մեր գումարներով ձեռք բերուած ինքնաշարժը կը պաշտպանեն նոյնինքն մեզմէ:

Եթէ այսօր նախարար մը, վարչապետ մը կամ պետական գործիչ մը կարիքը կը զգայ պաշտպանուելու նոյնինքն զինք ընտրող ժողովուրդէն... կը նշանակէ սխալ տեղ կը գտնուի, որովհետեւ ժողովուրդին ընտրածը ժողովուրդին մէ՛ջ կ՚ըլլայ եւ ո՛չ անկէ հեռու:

Այս բոլորը նկատի ունենալով, որոշած եմ ատել քաղաքականութիւնն ու քաղաքական գործիչները, որովհետեւ անոնք ազգէն աւելի սեփական շահերը կը հետապնդեն՝ առանց բացառութեան:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳԱՌՆԻԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
(1909-1989)

Մեր թուականէն 33 տարիներ առաջ՝ 1 յուլիս 1989-ին Երեւանի մէջ մահացած է գրականագէտ, գրող, բառարանագիր, թատերագէտ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Գառնիկ Ստեփանեան:

Ստեփանեան ծնած է 14 փետրուար 1909 թուականին, Էրզինճանի մէջ: Փոքր տարիքէն ականատես եղած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի արհաւիրքին եւ ընտանիքին հետ տեղահան ըլլալով հասած է մինչեւ Մալաթիա. ապա անցած է Սեբաստիա, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Փոքր տարիքէն մուտք գործած է որբանոց եւ փոխադրուած է Յունաստան, ապա այլ վայրեր:

Ստեփանեան 1925 թուականին հասած է Եգիպտոս, ուր որպէս գրաշար աշխատած է «Արեւ» օրաթերթին եւ «Ոսկետառ» տպարանէն ներս: Որոշ ժամանակ Եգիպտոսի մէջ աշխատելէ ետք 1930 թուականին վերադարձած է Հայաստան եւ գրաշարութեան գործը շարունակած՝ Երեւանի Պետական հրատարակչութեան տպարանէն ներս: Հայաստանի մէջ Ստեփանեան որոշած է շարունակել իր ուսումը եւ այսպիսով 1938 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառը:

Ուսումը աւարտելէ ետք ունեցած է մեծ գործունէութիւն. աշխատած է «Սովետական Հայաստան» եւ «Տեղեկագիր» պարբերականներու խմբագրութենէն ներս: Ապա աշխատած է Գրականութեան կաճառի, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, ինչպէս նաեւ Գիտութիւններու ակադեմիայի արուեստի կաճառէն ներս: Ստեփանեան կատարած է բանասիրական աշխատանք. գրած է աւելի քան քսան մենագրութիւն՝ Արուսեակ Փափազեանի, Պետրոս Ադամեանի, Արփիար Արփիարեանի, Յակոբ Պարոնեանի, Հրաչեայ Աճառեանի, Վահրամ Փափազեանի եւ այլոց մասին:

Այս բոլորի կողքին զբաղած է նաեւ ուսուցչութեամբ. 1937-1939 թուականներու հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Երեւանի «Ալեքսանդր Թամանեան» շինարարական ուսումնարանէն ներս. 1939-1940 թուականներու միջեւ գրաբար լեզու դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառէն ներս:

Շնորհիւ իր վաստակին, Ստեփանեան 1967 թուականին արժանացած է Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչման, իսկ 1980 թուականին, իր «Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն» աշխատութեան համար արժանացած է պետական մրցանակի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022