ԱՂՕԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
Աղօթքը՝ իր ամենալայն իմաստով, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւն է։ Աստուած «Անձ» է, եւ մարդն ալ «անձ» մը, եւ ուրեմն աղօթքը երկու անձի միջեւ յարաբերութիւն մը, կապակցութիւն մը՝ խորհուրդի եւ խօսքի միջոցով եւ նաեւ՝ գործով։ Այս իմաստով աղօթքը միայն բան մը ուզել, պահանջել չէ, ինչպէս կը կարծուի, այլ մտերիմ եւ անկերծ խօսակցութիւն մը։ Աղօթքը հայր եւ որդիի մտերիմ անկեղծ զրոյցն է, ուր կայ փառաբանութիւն եւ փոխադարձ հոգածութիւն, խնամատարութիւն։
Աղօթքին այս հանգամանքը ցոյց կու տայ, թէ պէտք է տեւապէս աղօթել, եւ ո՛չ միայն պահանջքի մը շարժառիթով։ «Ուստի արթուն կեցէք եւ ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդի Մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք». (ՂՈՒԿ. ԻԱ 36)։
Արդարեւ, աղօթական կեանքին ճշմարիտ վկաները Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերն են, որոնք խորապէս ապրած եւ ճանչցած են աղօթքի էութիւնը եւ անոր ներքին օրինաչափութիւնները։ Այդ ճանաչողութիւնը լուրջ հետեւողականութեամբ արտացոլուած է թէ՛ անոնց աղօթքներուն մէջ եւ թէ՛ աղօթքի մասին խօսքերուն մէջ։
Արդարեւ, եւս, ուսումնասիրելով աղօթքի մասին սուրբ հայրերու խօսքերը՝ կը բացայայտուի ճշմարիտ աղօթքի էութիւնը։ Աստուծոյ կողմէ պահանջուող եւ Անոր սուրբերուն կողմէ յորդորուող սուրբ աղօթքը, կը տեսնուի, որ այնքան ալ դիւրահաս չէ։ Ան կը պահանջէ լուրջ եւ ուշադիր մօտեցում։
Աղօթքի անմիջական ուղեցոյցը եւ ուսուցիչը Սուրբ Հոգին է, բայց հարցը այն է, թէ մարդ որքանո՞վ հաւատարիմ է Անոր եւ հասու Անոր ուսուցանութեանը իր սրտին մէջ։
Աստուծոյ Հոգին առաւել յստակ եւ լիարժէք կը ներգործէ սուրբ եւ ընտիր սրտերու մէջ, որոնք ամէն գնով կը ջանան չտրտմեցնել զԱյն, ստանալով խորը, ներքին ուսուցանութիւն եւ ճշմարիտ հոգեւոր փորձառութիւն։ Մե՛ծ է այդ փորձառութիւնը եւ անոր նշանակութիւնը այսօր բոլոր անոնց համար, որոնք կը ձգտին մերձենալ իրենց Տիրոջ եւ Փրկչին։
Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը մշտապէս նշած են աղօթքը որպէս ներքին իրողութիւն ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը։ Քանի տակաւին մարդ արտաքնապէս կը խորհի իր մասին եւ չի ձգտիր ներքնապէս ներկայացնել իր Աստուծոյ առջեւ, ենթակայ է կեղծիքի եւ հեռու՝ մտերմութենէ։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ.
«Ո՛չ թէ մարմնի կեցուածքով եւ մեծաձայն խօսքերով, այլ կամաւոր յօժարութեամբ աղօթքը մատուցանենք։ Ո՛չ թէ յանդուգն աղաղակով եւ ի ցոյց մարդկանց, այլ հեզութեամբ եւ հանդարտութեամբ, մտքերու զղջութեամբ եւ ապաշխարանքով, եւ մեղմ արտասուքով սրտին մէջ, սրտին խորքը անմեղութիւն եւ սրբութիւն արթնցնելով»։
Այսպիսով, Տէրը ամենէն առաջ կը յորդորէ մարդուն ներսէ՛ն՝ սրտի խորքէն եւ մանաւանդ ջերմեռանդութեամբ աղօթել երբ կ՚ըսէ. «Եւ երբ աղօթք կ՚ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէսզի մարդոց երեւնան, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, անոնք իրենց վարձքը առած կ՚ըլլան։ Իսկ դուն երբ աղօթք կ՚ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ եւ դուռը գոցէ եւ աղօթքդ ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ»։ (ՄԱՏԹ. Զ 5-6)։
Հոգեւոր կեանքի առա՛նցքն է յարատեւ մերձեցում երկինքի արքայութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ