ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (1)

Տարիքս ինչքան ալ յառաջանայ, նուազագոյնը տարին մէկ անգամ կ՚ուզեմ ձեռքս առնել հայ մեծագոյն բանաստեղծին՝ Պարոյր Սեւակին «Որդուս» բանաստեղծութիւնը եւ Աստուած գիտէ որ երրորդ անգամ ըլլալով դարձեալ կարդալ ու վերլուծել. կան բանաստեղծութիւններ, որոնք մեռեալ են. կը կարդացուին միայն մէկ անգամ եւ նոր բան մը տալիք չեն ունենար, սակայն Սեւակի վերոյիշեալ բանաստեղծութիւնը ամէ՛ն տարի ունի ըսելիք մը, ինչ որ կենդանի կը պահէ բանաստեղծութիւնն ու անոր արժէքը: Անոր իւրաքանչիւր տողին մէջ կարելի է գտնել իմաստ ու նոր վերլուծութիւն: Քանի՞ անգամ կարդացած եմ այս բանաստեղծութիւնը՝ չեմ գիտեր, սակայն համամարդկային բանաստեղծութիւն մըն է՝ մասն ու բաժինը համայն մարդկութեան:

«Ինձ հետ լինի, թէ առանց ինձ, իմ բալիկս, կը մեծանաս».

Վստահաբար լսած ենք այս արտայայտութիւնը. «կեանքը ճանապարհորդութիւն մըն է». իրականութեան մէջ ճանապարհորդելու ժամանակ մարդ իր քով կ՚ունենայ ուղեկից մը, որ մինչեւ վերջ՝ մինչեւ տեղ հասնին իր մօտ կը մնայ, սակայն կեանքի ճանապարհորդութիւնը այդպէս չէ. անյայտ է նաեւ ուղեկիցները, որովհետեւ երէկ մեր մօտ եղողը այսօր մեր մօտ կրնայ չըլլալ, իսկ այսօր մեր մօտ եղողը՝ կրնայ վաղը մեր մօտ չըլլալ: Սակայն կեանքը ունի իր յստակ ընթացքը. ուղեկիցները ըլլան թէ ոչ. այսօր մեր մօտ եղողները վաղը մեր մօտ ըլլան թէ ոչ, այդ ընթացքը երբեք կանգ պիտի չառնէ. այդ իսկ պատճառով մեր շուրջինները վաղը մեր մօտ ըլլան թէ ոչ, կեանքը իր բնականոն ընթացքը պիտի շարունակէ:

«Իմ օգնութեամբ, թէ առանց ինձ, դու երբեւէ կը հասկանաս».

Այս տողերէն կարելի է հասկնալ, թէ կեանքը իր մէջ ունի անյայտ գաղտնիք մը, որ ժամանակը պիտի սորվեցնէ մեզ. կայ խորհուրդ մը, որ ուրիշներու օգնութեամբ ըլլայ թէ ոչ, մարդ արարած պիտի հասկնայ ու սորվի. ուրիշներու օգնութիւնը կրնայ մեղմել այդ փորձառութեան դաժանութիւնը, մանաւանդ փորձառու մարդոց խրատները, սակայն անոնց գոյութիւնն ու բացակայութիւնը երբեք արգելք պիտի չըլլայ, որովհետեւ մարդ իր ապրելովը պիտի սորվի ու հասկնայ այդ բոլորը:

«Թէ ոնց պիտի ապրել կեանքում, թէ ոնց պիտի նայել կեանքին».

Այստեղ կարելի է մտածել, թէ ի՞նչ է կեանքին նայելու եւ կեանքը ապրելու տարբերութիւնը. ո՞ր մէկը աւելի առաջնահերթ է. նախ պէտք է նայիլ, յետո՞յ ապրիլ, թէ ոչ ապրիլ՝ յետոյ նայիլ: Իրականութեան մէջ բանաստեղծը «ապրիլ» բառը աւելի առաջ կը գրէ՝ քան նայիլը. գուցէ պարզ այն համոզումով, որ մեր ապրածները ժամանակի ընթացքին մեր մէջ պիտի փոխեն կեանքի ինչ ըլլալու հասկացողութիւնը, որովհետեւ իւրաքանչիւր փորձառութիւն իր հետ պիտի բերէ կեանքի տարբեր մէկ երեսը. այս երկուքը իրարմէ անբաժան իրողութիւններ են, որովհետեւ ապրիլը ինչպէս նայիլը պիտի սորվեցնէ մարդ արարածին, իսկ նայիլը պիտի սորվեցնէ, թէ ինչպէս պէտք է ապրի. հետեւաբար անոնք զիրար պիտի ամբողջացնեն, միշտ ինչպէս ապրիլն ու ինչպէս նայիլը սորվեցնելու մարդ արարածին:

«Թէ աշխարհում ինչն է էժան, թէ աշխարհում ինչն է անգին».

Աշխարհի մէջ կան արժէքներ, որոնցմէ շատեր աժան են, իսկ ուրիշներ անգին. սակայն անոնց զանազանութիւնը լաւապէս հասկնալու համար պէտք է վերադառնալ նախորդ տողին. պէտք է ապրիլ եւ սորվիլ, հասկնալու համար, թէ անոնցմէ ո՞ր մէկը աժանն է եւ ո՞ր մէկը անգինն է. այս չափանիշի հասկացողութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ յաճախ աժանին համար կը զոհենք անգինը, անոնց արժէքը լաւապէս չըմբռնելով. անոնց արժեւորումը կատարելը մարդ արարածին համար կարեւոր է, աւելիով գնահատելու եւ բարելաւելու համար իր կեանքը, որպէսզի չըլլայ յանկարծ որ աժանին համար իր բոլոր ուժն ու կորովը կորսնցնէ: Մեր կեանքը ամբողջ այդ աժանին ու անգինին միջեւ արդար կապ հաստատելու պայքար մըն է, որովհետեւ աժանը շատ անգամ անգին երեւելու յատկութիւնը ունի իր մէջ:

«Ինքս էլ խրատ կարդացողին ոչ յարգում եմ, ոչ հանդուրժում
Տափակ թէ սուր քարոզներից ինքս էլ եմ միշտ, տղաս, խորշում».

Մարդ արարած իր մէջ ունի ամէ՛ն բան սեփական փորձով սորվելու փնտռտուքը. այդ իսկ պատճառով շատերու համար «խրատ»ները անիմաստ են. իրականութեան մէջ դրական դեր ունենալով հանդերձ խրատները կրնան օգտակար չըլլալ, որովհետեւ նոյն երեւոյթն ու խնդիրը իւրաքանչիւր մարդ կրնայ տարբեր ձեւով ընկալել եւ վերլուծել։ Խրատ տուող մը կրնայ իր փորձառութեան եւ յոյզերուն հիման վրայ հաստատուած խրատ մը տալ, սակայն նոյն երեւոյթին համար ես կամ դուն նոյն ապրումները չունենանք: Պարոյր Սեւակ կը մտածէր, որ գուցէ իր խրատներն ալ անոնց նման ըլլայ, իր զաւակը ուզէ իր սեփական փորձով ուսումնասիրել եւ հասկնալ այդ բոլորը. սակայն չէր ուզեր զանց ընել իր խրատն ու քարոզները, գուցէ սեփական խիղճին դիմաց արդար ու հանգիստ գտնուելու համար: Այդ խրատները իր զաւակին կամ անոր տարեկիցներուն համար անհաճոյ կրնայ թուիլ, սակայն Պարոյր Սեւակ պէտք էր բարձրաձայնէր այն բոլորը՝ ինչ որ մարդկային կեանքին մէջ տեսած ու ապրած էր եւ կամ ապրելով տեսած էր:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աւելի լաւ է խրա՞տ լսել, թէ՞ սեփական փորձով սորվիլ:

Պպատասխան. Թէ՛ լսելը եւ թէ սեփական փորձով սովրիլը ունին իրենց յատուկ արժէքները։ Ուրիշներու խրատներն ու ուսուցումները յաճախ կ՚օգնեն աւելի արագ որոշումներ ձեռք բերել, օգուտ ու դասեր քաղելով մեզմէ առաջ մարդոց ապրած սխալներէն ու ճիշդերէն: Ուրիշներէն խրատ լսելը կրնայ ժամանակ խնայել եւ նուազեցնել սխալներ, սակայն, միւս կողմէ, անձնական փորձով սորվիլը կը խթանէ եւ աւելի խոր ըմբռնում կ՚ապահովէ, որովհետեւ անմիջական մասնակցութիւնը աւելի իմաստալից եւ յիշուող դասեր կու տայ մարդուն: Սեփական փորձով սորվիլը կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ ունենայ աւելի քննադատող մտածողութիւն եւ խնդիրները լուծելու հմտութիւն, առիթ տալով, որպէսզի իւրաքանչիւր մարդ ինքնուրոյն նաւարկէ եւ լուծումներ գտնէ: Իրականութեան մէջ երկուքին մէջ պէտք է հաւասարակշռութիւն պահել եւ յաջողիլ մարդկային կեանքի մէջ լաւագոյն ձեւով օգտուիլ երկու փորձառութիւններէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024