ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Շատ բարդ ու խրթի՛ն է մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ը­սե­լու պէտք չկայ, մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ապ­րած է, կ՚ապ­րի եւ պի­տի ապ­րի այն­պի­սի դէպ­քեր՝ ուր կա­րե­լի չէ բա­ցատ­րել, կա­րե­լի չէ հասկ­նալ եւ վեր­լու­ծել այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ի­մաս­տը։ Այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կայ ա­մէն զգա­ցում՝ ա­տե­լու­թիւն, նա­խանձ, նեն­գու­թիւն, չար դի­տա­ւո­րու­թիւն, դաւ ու կեղ­ծիք, բայց շատ քիչ՝ սէ՛ր եւ ան­կեղ­ծու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, կը պակ­սի սէ­րը եւ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը՝ ո­րոնք հի­մերն են մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։

Ի­մաս­տա­սէր մը ը­սած է՝ թէ սէ­րը դար­մանն է ա­մէն չա­րու­թեան, եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ վրէ՛ժ մը նեն­գա­միտ ու չա­րա­միտ մար­դոց հան­դէպ։

Եւ դար­ձեալ, նոյն ի­մաս­տա­սէրն է, որ կ՚ը­սէ. ժպի­տը սպե­ղա­նին է ա­մէն նե­ղու­թեան, եւ խնդա­լը՝ դե՛ղ ա­մէն ցա­ւի։

Եւ երբ, հա­կա­ռակ բո­լոր չա­րիք­նե­րու, մարդ եր­ջա­նիկ է՝ ա­հա­ւա­սիկ վրէ՛ժ մըն է այդ, այն ամ­բողջ մար­դոց, ո­րոնք չա­րա­միտ են, նեն­գա­միտ եւ ա­տե­լու­թեամբ լե­ցուած։

Եր­ջան­կու­թիւ­նը պա­տաս­խա՛ն մըն է ա­նոնց, պա­տաս­խան մը՝ որ­պէս շա­ռա­չուն ապ­տակ ի­րենց ա­նե­րե­սու­թեան։

Այս կը նշա­նա­կէ՛ չա­րին փո­խա­դար­ձել բա­րիով, ինչ որ շա­տե­րու հա­մար ա՜յն­քան դժուա՛ր է…։ Չա­րին բա­րիով փո­խա­դար­ձել…։ Ո՜ր­քան դժուար, նոյն­քան ա­ռա­քի­նի ու ազ­նիւ ըն­թացք։ Ար­դա­րեւ, այդ­պէս վա­րուող­ներ ազ­նիւ ու ըն­տիր ան­ձեր են, քա­նի որ չա­րին չա­րով փո­խա­դար­ձել ընդ­հա­նուր մարդ­կա­յին բնա­կան դի­մա­դար­ձու­թիւն մը, սո­վո­րա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւն մըն է։ Շա­տեր այդ­պէս կը փո­խա­դար­ձեն չա­րին։ Բայց ազ­նիւ ու ըն­տի­րը հա­զուա­գիւտ ե­ղածն է, ինչ­պէս յա­ճախ կ՚ը­սենք, քա­նա­կով քիչ բայց ո­րա­կով բա՛րձր։ Ուս­տի ա­մէն մար­դու ը­րա­ծը չը­նել, սո­վո­րա­կա­նէն դուրս շար­ժիլ մարդս կը բաձ­րաց­նէ, կը մաք­րէ ու կը սրբաց­նէ։

Ա­մէն մար­դու ը­րա­ծը ը­նել, նոյն կեր­պով շար­ժիլ, հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը մե­քե­նա­բար կրկնել՝ մար­դուս բա­նա­կա­նու­թեան եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան ներ­հակ է, մարդ­կա­յին բարձր կո­չու­մին ան­հա՛շտ է։

Բա­րու­թեան զգա­ցու­մը զար­գաց­նել, գու­թը ա­ճեց­նել, սէ­րը ա­ւե­լի եւս մշա­կել­­ եւ ինք­զինք ու­րի­շին տեղ կա­րե­նալ դնել՝ ու­րի­շին զգա­ցու­մը զգալ, զգա­ցում­նե­րը կա­րե­նալ բաժ­նել, մտա­ծում­նե­րուն յարգ ու ար­ժէք ըն­ծա­յել, հոգ չէ թէ զա­նոնք մեր­ժել… բո­լոր այս ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը կ՚ազ­նուաց­նեն եւ կը բարձ­րաց­նեն մար­դուս ար­ժա­նիքն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը՝ ո­րուն կո­չուած է ան՝ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ու ա­րար­չու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ։ Ե­թէ չա­րին չա­րով փո­խա­դար­ձէ մարդ, սո­վո­րա­կան գործ մը կա­տա­րած կ՚ըլ­լայ, սա­կայն կա­րե­ւո­րը ա­մէն մար­դու կա­տա­րա­ծէն տար­բեր գործ մը կա­տա­րելն է։

Ու­րեմն երբ կայ սէ­րը, ին­չո՞ւ մարդ կը նա­խընտ­րէ ա­տե­լու­թիւ­նը եւ երբ կա՛յ բա­րին, ին­չո՞ւ կը նա­խընտ­րէ չա­րը։ Եւ երբ կ՚ան­տե­սէ միու­թիւ­նը ու բա­ժա­նում կը յա­ռա­ջաց­նէ ըն­տա­նի­քին, ըն­կե­րու­թեան եւ հա­մայն մարդ­կու­թեան մէջ։ Մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր պատ­մու­թիւ­նը լե­ցուն է նման հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րով՝ ո­րոնք ցիր ու ցան ը­րած են մարդ­կա­յին ըն­տա­նի­քը։ Այդ­պէս շար­ժող մար­դիկ ի­րենց սու­տը ճշմա­րիտ եւ ի­րենց ծու­ռը ու­ղիղ կը կար­ծեն, եւ կամ այդ­պէս կը ձե­ւաց­նեն։ Նաեւ այդ­պի­սի­ներ, ի­րենք չեն գի­տեր եւ գիտ­ցող­նե­րու ը­սա­ծին ալ հա­ւա­նու­թիւն չեն տար։

Մինչ­դեռ իս­կա­կան տգի­տու­թիւ­նը՝ չգիտ­ցա­ծին չանդ­րա­դառ­նալ եւ գիտ­ցած կար­ծա­ծին վրայ ան­գի­տակ­ցօ­րէն յա­մա­ռիլ չէ՞…։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս կէ­տին է, որ մարդ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի՝ կը զօ­րա­նա՛յ եւ կը ստա­նայ «մա՛րդ» ըլ­լա­լու բարձր աս­տի­ճա­նը։ Ուս­տի, բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կը ստեղ­ծուի, երբ մարդ իր անձ­նա­սի­րու­թե­նէն կը պարպուի եւ կը լե­ցուի դի­մա­ցի­նին ան­ձո­վը, կամ կը նոյ­նա­նայ ա­նոր հետ։ Եւ ո՛չ մէկ բա­նա­ւոր մարդ չա­րա­կամ չէ ինք ի­րեն հան­դէպ։

Բա­րե­կա­մու­թեան այս սահ­մա­նին կեն­դա­նի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը եւ լու­սա­բա­նու­թիւ­նը կը տես­նենք ան­շուշտ մար­դոց մէջ, բայց պա­տա­հա­բար, ցան­ցա­ռա­բար, այլ մի՛շտ եւ ան­բա­ցառ՝ Բնու­թեան մէջ։ Ար­դա­րեւ Բնու­թիւ­նը միշտ բա­րե­կամ է, կը բա­րե­փո­խուի ու կը բա­րե­փո­խէ ա­մէն ինչ։ Զոր օ­րի­նակ, Բնու­թիւ­նը եր­բեք չի՛ խա­բեր, չի ստեր, ի­րե­նը չի փնտռեր, մէկ խօս­քով՝ ան­կե՛ղծ է. մօր մը պէս կու տայ ի՛նչ որ ու­նի, ան­վե­րա­պա­հօ­րէն, եւ ա­ռանց փո­խա­րէ­նը ակն­կա­լե­լու՝ անձ­նուի­րա­բա՛ր։ Բնու­թիւ­նը հան­գիստ ու խա­ղա­ղու­թիւն կու տայ յոգ­նած ու տա­ռա­պած հո­գի­նե­րու եւ սրտի քա­կուած լա­րե­րը կը պրկէ, կ՚ա­ռող­ջաց­նէ, կը բժշկէ։

Եւ մար­դոց շա­հա­մո­լու­թե­նէն, կեղ­ծա­ւո­րու­թե­նէն, ա­նա­մօթ դա­ւադ­րու­թե­նէն, ինք­նա­կեդ­րոն ան­տար­բե­րու­թե­նէն յու­սա­խա­բուած եւ յու­սալ­քուած մար­դը կը դառ­նայ Բնու­թեան։ Բնու­թիւ­նը՝ որ չու­նի կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն, վա­տու­թիւն, զազ­րե­լի ան­բա­րո­յու­թիւն, ան պարզ է եւ չա­փա­ւո՛ր։

Մարդ, այս­պէս, կ՚են­թար­կուի Բնու­թեան բու­ժիչ սի­րոյն։ Բնու­թիւ­նը ա­պաս­տան է՝ խա­ղա­ղու­թեան ամ­բողջ քա­ղաք մը՝ ուր Աստուած կը յայտ­նուի իր փառ­քին լիու­թեամ­բը։ Ուս­տի Աս­տու­ծոյ նկա­րագ­րին ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը պէտք է փնտռել Բնու­թեան մէջ, եւ ո՛չ մարդ­կա­յին սրտին մէջ, որ լե­ցուած է ա­տե­լու­թեամբ։

Բնու­թեան հա­րա­զա՛տ Բա­րե­կա­մու­թեան տա­ճա­րին մէջ կը մա­տու­ցա­նէ իր պաշ­տա­մուն­քը Աս­տու­ծոյ, խա­ղա­ղու­թիւն կը գտնէ մարդ, հոն՝ ուր սրբու­թիւ­նը անժխ­տե­լի է եւ ա­մէն ինչ ան­կե՛ղծ։ Եւ մարդ եր­ջա­նիկ կը զգայ ինք­զինք Բնու­թեան ան­կեղծ ու հա­րա­զատ Բա­րե­կա­մու­թեամբ։ Մարդ Բնու­թեան մէջ եր­բեք մի­նակ չէ՛, քա­նի որ հոն Աս­տու­ծոյ հետ է եւ Աս­տուած ի­րեն հետ՝ միշտ հա­ւա­տա­րի՛մ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 27, 2015, Իս­թան­պուլ 

 

Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2015