«ԴՈ՛ՒՔ ՏՈՒԷՔ ԱՆՈՆՑ ՈՒՏԵԼԻՔԸ»

Վերափոխման յաջորդող 4-րդ կիրակի, Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը կարդացուի «Հինգ հազար հոգիի կերակրումը» բացատրող Ճաշու աւետարանի բաժինը. (ՄԱՐԿ. Զ 30-44)։ Վերափոխման յաջորդող այս 4-րդ կիրակին, այս տարի, կը հանդիպի 2 սեպտեմբեր օրուան։

Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, իր «Համապատում»ին մէջ «Հինգհազարներու կերակրումը» խորագրով սապէս կը բացատրէ աւետարանական այս իրողութիւնը։ Արդարեւ, նոյն դէպքին կը վկայեն նաեւ Մատթէոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս աւետարանիչներ, ինչպէս եւ Մարկոս աւետարանիչ. (ՄԱՏԹ. ԺԴ 15-21), (ՂՈՒԿ. Թ 12-17), (ՅՈՎՀ. Զ 5-13) եւ (ՄԱՐԿ. Զ 30-44)։

Ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան աւետարանիչներու վկայած հինգհազարներու կերակրուելուն մասին։

«Աւետարանիչներուն պատմութիւնը այնպէս կը ցուցընէ թէ ժողովուրդին խռնուիլը օրուան մը միայն գործողութիւն էր, առաւօտէ մինչեւ երեկոյ, եւ առաւօտէն հասնիլ սկսող բազմութիւնը, երեկոյեան դէմ, արեւմտնելէն շատ յառաջ հինգհազարը անցեր էր, ըստ որում աւետարանիչներ հինգհազարներու ներկայութիւնը յիշած ատեննին՝ կիներն ու տղաները հաշիւէ դուրս կը թողուն։

«Ուրիշ անգամ մըն ալ Յիսուսի գլուխը ասանկ տարօրինակ բազմութիւն մը խռնը-ւած ատեն, երեք օրուան մէջ այնչափ շատցած ըլլալնին նշանակուած է. (ՄԱՏԹ. ԺԵ 32), գուցէ այս անգամ ալ առջի օրեր չափաւոր բազմութիւն մը կար, եւ միայն քանի մը օր ետքը այսպիսի արտակարգ թիւի  մը հասած էր։ Ինչպէս ալ ըլլայ, Բեթսայիդայի անապատը հաւաքուած բազմութիւնը անխորհուրդ կերպով եկած էր, ոչ տեղւոյն վրայ ուտելիք չգտնուիլը խորհած էր եւ ոչ ալ մէկտեղ պաշար բերել մտածած էր։

«Իրիկունը կը մօտենար, ժողովուրդը կը մնար, պաշար չկար։ Յիսուս քարոզութիւններ եւ բժշկութիւններ կը շարունակէր. առաքեալներ սկսան հոգ ընել։

«Յիսուսի կը մօտենան Երկոտասանները խմբովին, եւ պարտուպատշաճ ակնածանքով դիտել կու տան.- Ժողովուրդը շատ, տեղս անբնակ, անոնք պաշար չեն բերած, մենք պատրաստ պաշար չունինք, իրիկուն  կ՚ըլլայ, հազիւ ասդին անդին երթալու չափ ատեն կը մնար, արեւը չմտած ու գիշեր չեղած քարոզութիւնները վերջացո՛ւր, բժշկութիւնները դադրեցուր, ժողովուրդին ալ հրամայէ՛ եթէ այստեղ մնան, անօթութենէ պիտի նուաղին։

«Յիսուս առանց այլայլելու եւ զուարթ կերպով մը կը պատասխանէ.- Ի՞նչ հարկ կայ ժողովուրդը ցրուելու, ի՞նչ պէտք կայ որ կերակուր հոգալու ետեւէ ըլլան. միթէ դուք չէ՞ք կրնար անոնք կերակրել, ուրեմն դուք հոգացէք անոնց կերակուրը։

«Առաքեալները իրարու երես կը նային, չիմանալով, թէ ի՛նչ միտքով կը խօսի Յիսուս. որովհետեւ նա պէտք էր լաւ գիտնար, թէ իրենց հետ հազարաւոր մարդ կերակրելու պաշարներ չեն բերած։ Կ՚երեւի թէ ունեցած փոքրիկ պաշարն ալ բոլորովին հատած էր, որովհետեւ կ՚ըսեն.- Քովերնիս բան մնացած չէ, եթէ կ՚ուզես մենք երթանք, պէտք եղած հացը գտնենք ու ժողովուրդին բաժնենք, բայց երկու հարիւր դահեկանի հացն ալ բաւական չըլլար այդչափ բազմութեան, եթէ եւ մէկ մէկ պզտիկ կտոր տալ ուզենք։

«Հռովմէական դահեկանը լաւագոյն զննութեանց համեմատ մէկ ֆրանքէ քանի մը հարիւրորդ աւելի է. մեր դրամով հինգ ղրուշի չափ կ՚ըլլայ, որով աշակերտաց ցուցուցած գումարը հազար ղրուշի կը մօտենայ. բայց մենք չենք գիտեր թէ այս դրամով ո՛րչափ հաց հնար էր ճարել, որ հինգհազար հոգիի կարենար մէկ մէկ կտոր տրուիլ։ (Ծանօթ.- Դրամի միութիւններու մասին պէտք է նկատի ունենալ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի շրջանը, եւ Համապատումի հրատարակութեան թուականը՝ 1911)։

«…Թէ ի՞նչ կերպով կատարուեցաւ հինգ հացին ու երկու ձուկին, հինգ վեց հազար ուտողներու բաւելը. աւետարաններու մէջ բնաւ բացատրութեան բառ մը չենք գտներ, որպէսզի անոր վրայ հիմնուելով եւ զայն մեկնելով, կարող ըլլանք հրաշքին կերպը բացատրել։ Մեկնիչներ, որ շատ անգամ երկրորդական խնդիրներու վրայ ալ միտքերնին կը յոգնեցնեն, տարբեր կերպեր խորհած եւ բացատրած են։

«Ոմանք ըսին՝ թէ Յիսուսին ձեռքը հացն ու ձուկը երբեք չպակսեցան, այլ քանի անգամ որ առաքեալները իրենց սակառները պարպելով Յիսուսին դարձան, միշտ Յիսուսէն պէտք եղածը առին ու տարին, տուին ու եկան, նորէն առին ու բաշխեցին։ Իսկ ուրիշներ ալ ըսին՝ թէ առաքեալներուն սակառներուն մէջ դրուած քիչ մը հացը եւ կտոր մը ձուկը, սակառին մէջ աճեցաւ, եւ քանի աշակերտները ձեռուընին սակառը խոթեցին, միշտ բաշխելու բան մը գտան։

«Ուրիշներ ալ ըսին՝ թէ պզտիկ հացի պատառ մը եւ ձուկի փշուր մը այնպիսի յագեցուցիչ ոյժ մը ստացան, որ ուտողներ նորէն ուտելիք պահանջելու պէտք չունեցան։

«Ըսողներ ալ եղան, որ ժողովուրդը սաստիկ հոգեկան յուզման ներքեւ ինքզինք կըշ-տացած զգաց՝ այնպէս, ինչպէս կրնար ըլլալ՝ եթէ իւրաքանչիւրին կշտանալու բաւական ուտելիք տրուած ըլլար։

«Այս տարբեր բացատրութեանց մէջ մեզի հաւանագոյն երեւցածն առաջինն է, եւ այս մանաւանդ անոր համար, որ աւետարանի պատմութեան մէջ յիշուած են սակառներուն պարպուիլը, եւ աւելցուկներով նորէն լեցուիլը եւ տասնուերկու սակառ լեցուն աւելցուկներ ամէնուն աչքին ներքեւ մէջտեղ դրուիլը։

«Միւս մեկնութիւններու մէջ  այս պարագան չի կրնար արդարանալ։

«Սակայն ըստ մեզ աւելորդ է հրաշքներու ի՞նչպէսին բացատրութեան վրայ յոգնիլ, որովհետեւ հրաշքը ճիշդ ու ճիշդ ի՞նչպէսը չիմանալնուս վրայ կը կայանայ, եւ այն ամէն բաները որոնց ի՞նչպէսը կ՚իմացուի ու կը բացատրուի, նովին իսկ հրաշք ըլլալէ կը դադրի։

«… Չորս աւետարաններ համաձայն եւ համամիտ կերպով կը պատմեն, բոլոր էական կէտերու վրայ կատարելապէս կը միաբանին, եւ երկրորդական կէտերու մէջ իրար կը լրացնեն։

«Ասկէ ետքն ալ ուրիշ առիթ պիտի չունենանք չորս աւետարանիչները միանգամայն յիշելու, բայց եթէ Յիսուսի վերջին տնօրէնութեանց հասած ատեննիս»։

Այս հրաշքը, արդարեւ, նախապատրաստութի՛ւնն է Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 20, 2018 Իսթանպուլ   

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 1, 2018