ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ՝ Ա.-Դ. ԴԱՐԵՐ
Հայոց քրիստոնէութիւնը ընդունելու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ «վարդապետութիւն»ը համեմատաբար շատ հեշտ տարածուեցաւ Հայաստանի մէջ Դ. դարուն, սակայն եւ այնպէս եղան մաքառումներ, տարակարծութիւններու պատճառով հին եւ նոր գաղափարներու մէջ եւ վերջերն ալ բաւական ընդհարումներ տեղի ունեցան։ Բայց այս իրողութիւնը բնական էր, քանի որ ամէն «նոր» միշտ կասկածով կը դիմաւորուի եւ «հին»էն դէպի «նոր» անցնիլ միշտ դժուար եղած է մարդկութեան համար։
Այսուամենայնիւ պէտք չէ մոռնալ, որ Դ. դարու հայու համար քրիստոնէութիւնը նորօրինակ վարդապետութիւն մը չէր. Ա. դարէն սկսեալ այդ վարդապետութիւնը, ինչպէս պատմութեան փաստերը եւ վկայութիւնները ցոյց կու տան, գոյութիւն ունէր արդէն հայոց երկրին մէջ, որու համար բազմաթիւ անձեր իսկ իրենց կեանքը զոհեցին, որու համար շատ «հովիւ»ներ աշխատեցան։ Արդարեւ, այդ վարդապետութեան տիրապետումը մասնական էր եւ հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը տակաւին կը վարանէր թանձր հեթանոսութեան մէջ, բայց բնականաբար քրիստոնէութեան կրօնական-հոգեւոր հայեացքները անզգուշաբար մուտք կը գտնէին հեթանոս միտքերու մէջ եւ անոնց աստիճանաբար նոր գաղափարները կ՚ընտելացնէին։
Ի՞նչ կրօնական հայեացքներ արդեօք փոխանակեց քրիստոնէութիւնը Դ. դարուն, ի՞նչ յարաբերութիւն կար արդեօք «հին» եւ «նոր» կրօնական-հոգեւոր եւ բարոյական գաղափարներու մէջ։ Այս շատ հետաքրքրական հարցերուն պատասխան տալու համար, դժբախտաբար շատ քիչ պատմական փաստ եւ վկայութիւն, տեղեկութիւն ունինք։ Արդարեւ, մեր այսօրուան ունեցած տեղեկութիւնը հայոց հին հեթանոսական կրօնի եւ կազմութեան մասին շատ աղօտ եւ անորոշ է. քրիստոնեայ մատենագիրներ հարեւանցի միայն ծանօթութիւն կու տան։ Այս հարեւանցի տեղեկութիւնները եւ ծանօթութիւնները ամփոփելով՝ կը տեսնուի, որ հայոց հին կրօնը բնիկ եւ օտարամուտ կրօնական հայեացքներու խառնուրդ կը ներկայացնէ, ինչպէս եւ ամէն մէկ հեթանոսական կրօնք։
Այս «խառնուրդ»ը՝ ըլլայ հետեւանք Հայաստանի պատմական-աշխարհագրական ինքնուրոյն բաժանմունքներու կամ օտար ազդեցութեան՝ ճշմարիտ իրողութիւն մըն է եւ բնիկ հայկական աստուածութիւններու հետ, ինչպէս Վահագն, Վանատուր եւ այլն, կը տեսնուի ասորական, զրադաշտական եւ յունական աստուածութիւններ։
Այսպէս թէ այնպէս՝ Դ. դարուն աւելի «մազդէականութիւն»ը կը գերակշռէ. Արամազդի, Անահիտի, Միհրի եւ Վահագնի պաշտամունքը շատ զօրացած եւ ընդհանրացած էր այդ դարուն եւ ընդհանուր յարգանքի առարկայ։ Այս գլխաւոր աստուածութիւնները, ինչպէս եւ միւս մանր հոգեղէն էութիւնները՝ որ հայերը կ՚ընդունէին, կը ներկայացնէին այնպիսի բարոյական գաղափարներ - քաջութիւն, զգաստութիւն, լոյսի յաղթանակը խաւարի վրայ եւ այլն - որոնք օտար չէին նաեւ քրիստոնէութեան, հետեւաբար այս կողմէ մեծ հակառակութիւն կարելի չէր որ ըլլար այս երկու կրօններու մէջ…։
Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն իսկ իր քարոզութեան ժամանակ այսպիսի գաղափարներ չի հերքեր, այլ միայն այն կը քարոզէ, թէ Անահիտը եւ այլ աստուածները ճշմարիտ չեն, այլ «աստուածացեալ մարդիկ» եւ թէ միմիայն ճշմարիտ Աստուած կայ՝ երկինքի եւ երկրի Արարիչը։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հին մեհեանները կործանելով հանդերձ՝ ժողովուրդին ի սպառ չի մոռցներ իր նախկին սրբավայրերը, այլ նոյները կը դարձնէ քրիստոնէական սրբավայրեր եւ նոյն տեղերու մէջ կատարուող հեթանոսական մեծահանդէս տօներու փոխարէն՝ կը հաստատէ քրիստոնէական տօներ։ Ինչպէս Վանատուր դից տօնի փոխանակ, որ հունձքի եւ նոր տարուայ տօն էր, նոյն Բագաւանի մէջ կատարել պատուիրեց ամէն տարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի տօնը։
Արդարեւ, թէեւ ինքնատիպ տեսութիւն մը՝ եթէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի բռնած այս ուղղութիւնը իր առաւելութիւնները ունէր, ան ունէր անշուշտ եւ այն պակասաւոր կողմը, որ ժողովուրդին յարատեւել կու տար իր հեթանոսական սովորութիւններու եւ գաղափարներու մէջ, ինչպէս որ իրօք եւ եղաւ. եւ հեթանոսական եւ քրիստոնէական հաւատալիք եւ ըմբռնումներ խառն եւ միացած՝ մնացին եւ տակաւին կը շարունակեն մնալ հայ ժողովուրդի մէջ մինչեւ մեր օրերը եւ անոնք կը կազմեն հայու ինքնուրոյն աշխարհայեացքը։
Արդարեւ, Եկեղեցւոյ տօներու մէջ բազմաթիւ նմոյշներ կարելի է գտնել վերոյիշեալ «խառն եւ միացած» ըմբռնումներու նկատմամբ։ Զոր օրինակ՝ Տօն Պայծառակերպութեանն Քրիստոսի Աստուծոյ Մերոյ» որ կը յիշուի «Վարդավառ» անունով։ Եւ այս օրինակները կարելի է բազմացնել…։
- Պիտի ջանանք շարունակել խորհրդածութիւններ ներկայացնել այս մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 27, 2022, Իսթանպուլ