ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿԸ ՀՈՍԻ…
Heraklitos կ՚ըսէ, թէ՝ ամէն ինչ կը հոսի. «Panta Rhei»։
Այս իմաստալից խօսքը կը համառօտէ այն ճշմարտութիւնը՝ թէ ամէն ինչ փոփոխութեան ենթակայ է՝ ամէն ինչ կ՚ընթանայ, այսինքն տեւական կը փոխուի։ Ո՛չ մէկ բան նոյնը կը մնայ։ Այս ճշմարտութիւնը կ՚արտայայտուի նաեւ սա խօսքով, թէ՝ մա՛րդ երկրորդ անգամ չի կրնար լուացուիլ նոյն գետին մէջ։ Արդարեւ, փոփոխութիւնը բնութեան անփոփոխ միակ կանոնն է։ Բարեփոխութիւնը գոյապահպանման եւ գոյատեւման անհրաժեշտ պայմանն է կեանքին։
Այս իմաստով, կարելի է սապէս հարցում մը հարցնել. «Մարդ՝ մանուկ տարիքին եւ հասուն տարիքին նո՞յն մարդն է»։ Այո՛, ինքնութեամբ նոյնն է, բայց մարմնական եւ հոգեկան տեսակէտէ կարելի՞ է ըսել, թէ նոյն մարդն է։
Մարդու մը մանկական եւ տարիքոտ շրջանի նկարները դիտեցէ՛ք. կարելի՞ է ըսել, թէ այն մանուկը եւ այս տարիքոտ մարդը նոյն մարդն է։ Մարդ, ինչպէս արտաքին տեսքով՝ մարմնապէս կը փոխուի, կը փոխուի նաեւ ներքնապէս՝ միտքով, հոգիով, զարգացումով եւ ազնուացումով, մտածումներով եւ զգացումներով։ Մանուկ «մարդ»ը ունի իր շուրջ իր ծնողները, իսկ հասուն «մարդ»ը իր շուրջը ունի մանուկներ՝ որդիներ, թոռնիկներ։ Ուրեմն, մարդ՝ նոյն մարդը, կը փոխուի նաեւ իր միջավայրով, դիրքով, կեցուածքով, կեանքի զանազան հանգրուաններուն տարբեր որակումներով կ՚անուանուի. «մանուկ», «պատանի», «երիտասարդ», «չափահաս», «խելահաս», «հասուն», «տարիքոտ», «ծեր», ընտանիքի մէջ դիրքն ալ կը փոխուի՝ «որդի» կ՚ըլլայ, «հայր» կամ «մայր» կ՚ըլլայ, ամուսին կ՚ըլլայ եւ միշտ կը փոխուի, տեւապէս փոփոխութեան կ՚ենթարկուի։ Եւ ահաւասիկ հարցումը, որդին, ծնողքը, նոյն «մա՞րդ»ն է։ Մանուկը երբ դպրոց կ՚երթայ՝ նոր բաներ կը սորվի՝ նոյնը կարելի՞ է ըլլայ։
Թէեւ կ՚ըսուի, թէ՝ մարդ 7 տարեկան հասակին եւ 70 տարեկանին «նոյն»ն է, բայց վիճելի է ասիկա, քանի որ մարդ տեւական միջավայրին ազդեցութեան տակ է եւ շարունակ կը փոխուի. երբեմն կը բարեփոխուի, երբեմն ալ կը վատասերի, կ՚այլասերի։
Ամերիկացիներ կ՚ըսեն, թէ մարդ ամէն շրջանին եւ ամէն տեղ միշտ նոյն մարդն է՝ միայն արտաքնապէս կը փոխուի՝ ծրարը կը փոխուի եւ մէջինը նոյնը կը մնայ։ Այս խօսքին մէջ եւս ճշմարտութիւն մը կը գտնուի, այն է, որ մարդուս նկարագիրը չի փոխուիր։ Մարդ միտքով կրնայ զարգանալ, հոգիով կրնայ ազնուանալ, բայց ներսը՝ բան մը կայ որ չի փոխուիր։
Մենք յաճախ սիրոյ մասին կը խօսինք, չէ՞. բայց դարեր առաջ ալ խօսուեր է սիրոյ մասին, սէր քարոզուեր է. եւ մենք այսօր դարե՜ր վերջ դարձեալ սիրոյ մասին խօսելու պէտքը կը զգանք. ինչո՞ւ, որովհետեւ մարդը միշտ սիրոյ կարօտը ունի՝ մարդուն միշտ կը պակսի սէրը։ Այսինքն՝ այս տեսակէտէ մարդը դարերու ընթացքին չէ փոխուած եւ փոխուելու ալ հաւանականութիւնը չկա՛յ։ Մարդ միշտ կարօտը պիտի ունենայ սիրոյ եւ պիտի չփոխուի այս իրականութիւնը։
Մարդ թշնամիի պէտք չունի, քանի որ իր շուրջ միշտ կան բարեկամներ՝ կեղծ եւ կարծեցեալ բարեկամներ… ինչո՞ւ, որովհետեւ սէրը կը պակսի մարդուս։ Ոճրաբանութեան մէջ երկու տեսակէտ կայ. մարդուս ոճրագործական նկարագիրը ընդոծի՞ն է, թէ՝ ստացական։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդ «ոճրագո՞րծ» կը ծնի, թէ՝ վերջէն ոճրագործ կ՚ըլլայ։
Մարդ կը փոխուի՞, թէ՝ ո՛չ. հարցը ա՛յս է։
Հարցում մը՝ որուն պատասխանը որոշ չէ՛։
Հոգեբաններ կ՚ըսեն ընդհանրապէս, թէ՝ մարդ այն «մարդ»ն է, մինչեւ այն տարիքին՝ որ կը յիշէ ինքզինք, ուստի այնքան ատեն որ մէկը կը յիշէ իր անցեալը, անցեալի այդ մանուկը եւ ներկայի հասուն կամ տարիքոտ մարդը նոյն մարդն է։
Այս փոփոխութիւնը մարդս կը փոխէ այնքան ատեն որ անգիտակցութեան եւ գիտակցութեան միջեւ անփոփոխ գիծ մը՝ սահման մը կը գտնուի։
Անփոփոխը միայն անփոփո՛խ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 31, 2023, Իսթանպուլ