ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ

«Ա­նուն»ը կ՚ար­տա­յայ­տէ ան­ձին ինք­նու­թիւ­նը եւ էու­թիւ­նը, եւ ա­նոր կեան­քին ի­մաս­տը։

Աս­տուած ալ, այս ի­մաս­տով ու­նի ա­նո՛ւն մը։

Ար­դա­րեւ Ան ա­նա­նուն զօ­րու­թիւն մը չէ։ Աս­տուած, իր ժո­ղո­վուր­դին՝ Իս­րա­յէ­լի յայտ­նեց Ինք­զինք եւ ծա­նօ­թա­ցուց ա­նոր Իր ա­նու­նը։ Իր ա­նու­նը յայտ­նել՝ ինք­զինք ճանչց­նել, ծա­նօ­թաց­նել է ու­րիշ­նե­րուն, կեր­պով մը ինք­զինք յանձ­նել է, ինք­զինք մատ­չե­լի ը­նել, ըն­դու­նակ՝ ճանչ­ցուե­լու ա­ւե­լի մտեր­մու­թեամբ եւ ծա­նօ­թա­նա­լու, կան­չուե­լու անձ­նա­պէ՛ս։

Աս­տուած Ինք­զինք յայտ­նեց իր ժո­ղո­վուր­դին հանգ­րուան առ հանգ­րուան եւ տար­բեր ա­նուն­նե­րու տակ, բայց աս­տուա­ծա­յին ա­նու­նին յայտ­նու­թիւ­նը՝ որ կա­տա­րուե­ցաւ Մով­սէ­սի՝ ան­կէզ մո­րե­նիին աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան մէջ, Ե­լից եւ Սի­նա­յի Ուխ­տին սկիզ­բը, ա­նի­կա ե­ղաւ հիմ­նա­կան յայտ­նու­թիւ­նը Հին եւ Նոր Ուխ­տին հա­մար։

Աս­տուած կը կան­չէ Մով­սէ­սը ան­կէզ մո­րա­նիի մէ մէ­ջէն։ Աս­տուած կ՚ը­սէ Մով­սէ­սին. «Ես եմ Աս­տուա­ծը քու հայ­րե­րուդ, Աս­տուածն Աբ­րա­հա­մի, Աս­տուածն Ի­սա­հա­կի եւ Աս­տուա­ծը Յա­կո­բի» (ԵԼՔ. Գ 6)։ Ար­դա­րեւ, Աս­տուած հայ­րե­րուն Աս­տուածն է, Ան Էր որ կան­չած եւ ա­ռաջ­նոր­դած էր նա­հա­պետ­նե­րը ի­րենց պանդխ­տու­թեան ժա­մա­նակ։

Ան հա­ւա­տա­րիմ եւ կա­րե­կից Աս­տուած է, որ կը յի­շէ թէ՛ զի­րենք եւ թէ՛ Իր խոս­տում­նե­րը։ Ան կու գայ ա­զա­տագ­րե­լու ա­նոնց սե­րունդ­նե­րը ստրկու­թե­նէն։

Ան Աս­տուածն է, որ մի­ջո­ցէն եւ ժա­մա­նա­կէն ան­դին կա­րող է եւ կ՚ու­զէ ա­զա­տագ­րել զայն, եւ Իր Ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թիւ­նը ի գործ պի­տի դնէ այս ծրագ­րին ի­րա­գոր­ծու­մին հա­մար։

Եւ Մով­սէս կ՚ը­սէ Աս­տու­ծոյ. «Ա­հա­ւա­սիկ ես պի­տի եր­թամ Իս­րա­յե­լա­ցի­նե­րուն եւ պի­տի ը­սեմ ա­նոնց.- Աս­տուա­ծը ձեր հայ­րե­րուն ձե­զի ա­ռա­քեց զիս։ Բայց ե­թէ ը­սեն ին­ծի՝ ի՞նչ է ա­նոր ա­նու­նը, ես ի՞նչ պի­տի ը­սեմ ա­նոնց։ Աս­տուած ը­սաւ Մով­սէ­սին.- Ես Եմ Ան որ Եմ։ Եւ ը­սաւ.- Ա­հա­ւա­սիկ ի՛նչ որ պի­տի ը­սես Իս­րա­յե­լա­ցի­նե­րուն, Ես Եմ-ը զիս ղրկեց ձե­զի. ա՛յս է Իմ ա­նունս յա­ւի­տեան եւ այս­պէս պի­տի յի­շեն ԶԻՍ սե­րուն­դէ սե­րունդ» (ԵԼՔ. Գ 13-15)։

­Յայտ­նե­լով Իր խորհր­դա­ւոր ա­նու­նը՝ ԵԱՀ­ՎԷ, «ԵՍ ԵՄ որ Է» կամ «ԵՍ ԵՄ որ ԵՄ» եւ կամ «ԵՍ ԵՄ ինչ որ ԵՄ», Աս­տ-ւած կ՚ը­սէ թէ Ինք ո՛վ է եւ ի՛նչ ա­նու­նով պէտք է կո­չեն զԻնք։

Ար­դա­րեւ խորհր­դա­ւոր է աս­տուա­ծա­յին այս ա­նու­նը, ինչ­պէս Աս­տուած Ի՛նք խոր­հուրդ է։ Ան միան­գա­մայն «յայտ­նուած» եւ «մեր­ժուած» ա­նուն մըն է, որ ա­սով իսկ լա­ւա­գոյնս կ՚ար­տա­յայ­տէ Աս­տուած այն­պէս ինչ­պէս որ Ինք է. ան­հու­նօ­րէն գե­րի­վեր քան ինչ որ մենք կրնանք ըմբռ­նել եւ ար­տա­յայ­տել՝ Ինքն է «Աս­տուած թաք­նուած» (ԵՍ. ԽԵ 15), Իր ա­նու­նը ան­ճա­ռե­լի է, եւ Ինք Աս­տուած է, որ Ինք­զինք մեր­ձե­նա­լի կ՚ը­նէ մար­դոց։

Ուս­տի, Իր ա­նու­նը յայտ­նե­լով Աս­տուած, միան­գա­մայն կը յայտ­նէ Իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը որ «միշտ կայ» եւ «ցմիշտ» է, ի զօ­րու է նաեւ ան­ցեա­լի մէջ, ան­ցեա­լի հա­մար, երբ կ՚ը­սէ.- Ես եմ Աս­տուա­ծը քու հայ­րե­րուդ» (ԵԼՔ. Գ 6), ինչ­պէս նաեւ. «Ես քե­զի հետ պի­տի ըլ­լամ» (ԵԼՔ. Գ 12)։­

Աս­տուած որ կը յայտ­նէ Իր ա­նու­նը որ­պէս «ԵՍ ԵՄ», կը յայտ­նէ Ինք­զինք իբ­րեւ այն Աս­տուա­ծը՝ որ միշտ հոն կա՛յ, ներ­կա՛յ՝ Իր ժո­ղո­վուր­դին մօտ, փրկե­լու հա­մար զինք։

Աս­տու­ծոյ խորհր­դա­ւոր եւ ա­ռինք­նող ներ­կա­յու­թեան դի­մաց, մարդ կը տես­նէ եւ կ՚անդ­րա­դառ­նայ իր փոք­րու­թեան։ Ուս­տի Յով­հան­նէս Ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ.- Ե­թէ մեր սիր­տը մեզ դա­տա­պար­տէ Ա­նոր առ­ջեւ, մենք պի­տի խա­ղա­ղեց­նենք մեր սիր­տը, քա­նի որ Աս­տուած ա­ւե­լի մեծ է քան մեր սիր­տը, եւ Ինք գի­տէ ա­մէն ինչ. (Ա ՅՈՎՀ. Գ 19-20)։­

Որ­պէս յար­գանք Ա­նոր սրբու­թեան, Իս­րա­յէ­լի ժո­ղո­վուր­դը չ՚ար­տա­սա­ներ «Աս­տուած» ա­նու­նը։ Սուրբ Գիր­քի ըն­թերց­ման մէջ՝ յայտ­նուած ա­նու­նը փո­խա­րի­նուած է աս­տ-ւա­ծա­յին տիտ­ղո­սով՝ «Տէր» (=Ա­դո­նայ)։­

Եւ այս տիտ­ղո­սով է որ պի­տի հռչա­կուի Յի­սու­սի Աս­տուա­ծու­թիւ­նը. «Յի­սուս Տէրն է»։

«ԵՍ ԵՄ ՈՐ ԵՄ» ան­ճա­ռե­լի ա­նու­նին յայտ­նու­թիւ­նը կը բո­վան­դա­կէ ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ Աս­տուած է միայն «Է»ն։ Այս ի­մաս­տով է որ ար­դէն նախ Եօ­թա­նաս­նից թարգ­մա­նու­թիւ­նը եւ յե­տոյ ա­նոր հե­տե­ւո­ղու­թեամբ Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր ա­ւան­դու­թիւ­նը ըմբռ­նե­ցին աս­տուա­ծա­յին ա­նու­նը։

Ար­դա­րեւ, Աս­տուած լիու­թի՛ւնն է էու­թեան՝ անս­կիզբ եւ ան­վախ­ճան։ Մինչ բո­լոր ա­րա­րած­նե­րը ստա­ցան՝ ըն­դու­նե­ցան Ան­կէ ի՛նչ որ են եւ ի՛նչ որ ու­նին, միայն Ի՛նքն Իր էու­թիւնն է եւ Ինք­նիր­մէ ու­նի ի՛նչ որ Ինք է։

Աս­տուած՝ «Որ Էն», յայտ­նեց Ինք­զինք Իս­րա­յէ­լի իբ­րեւ Ան որ «հա­րուստ է շնորհ­քով եւ հա­ւա­տար­մու­թեամբ» (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։

«Շնորհք» եւ «հա­ւա­տար­մու­թիւն»՝ այս եր­կու եզ­րե­րը կ՚ար­տա­յայ­տեն խտա­ցուած ձե­ւով աս­տուա­ծա­յին ա­նու­նին ճո­խու­թիւն­նե­րը։

Աս­տուած, Իր բո­լոր գոր­ծե­րուն մէջ ցոյց կու տայ Իր բա­րե­հա­ճու­թիւ­նը, Իր բա­րու­թիւ­նը, Իր շնորհ­քը, Իր սէ­րը, Իր ի­մաս­տու­թիւ­նը, բայց նաեւ Իր վստա­հե­լիու­թիւ­նը, Իր հաս­տա­տամ­տու­թիւ­նը, Իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, Իր ճշմար­տու­թիւ­նը։

Աս­տուած Ի՛նք ճշմար­տու­թիւն է, քա­նի որ Ան լոյս է, Ա­նոր մէջ չկա՛յ եր­բեք խա­ւար. (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։ Ինք «Սէր» է, ինչ­պէս որ Յով­հան­նէս Ա­ռա­քեալ կ՚ու­սու­ցա­նէ. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։

­Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚ը­սէ. «Ճշմար­տու­թիւ­նը սկիզբն է Քու խօս­քիդ, յա­ւի­տե­նա­կան են Քու ար­դար դա­տաս­տան­ներդ» (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 160)։ Ինչ­պէս նաեւ. «Ա­յո՛, Տէր Աս­տուած, Դուն Աս­տուածն ես, Քու խօս­քերդ ճշմար­տու­թիւն են» (Բ ՍԱՄ. Է 28), այս պատ­ճա­ռով Աս­տու­ծոյ բո­լոր խոս­տում­նե­րը միշտ կ՚ի­րա­կա­նա­նան։

Աս­տուած ճշմա­րիտ է նաեւ Ինք­զինք յայտ­նե­լու ա­տեն։ Աս­տուծ­մէ ե­կող ու­սու­ցու­մը «ճշմար­տու­թեան վար­դա­պե­տու­թիւնն է». (ՍԱՂՄ. Բ 6)։­

Աս­տուած «Սէր» է (Ա ՅՈՎՀՆ. Դ) եւ Աս­տու­ծոյ սէ­րը «յա­ւի­տե­նա­կան» է. (ԵՍ. ԾԴ 8)։ Աս­տու­ծոյ էու­թիւնն ինք­նին Սէ՛ր է։ Աստուած «Է» այն ի՛նչ որ է՝ ճշմար­տու­թիւն, սէր, ի­մաս­տու­թիւն եւ բո­լոր շնորհք­նե­րը, քա­նի որ Ան՝ Է՛։

Հին Կտա­կա­րա­նի գիր­քե­րուն յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թեան մէջ, այն ան­պա­տում «ԵԱՀ­ՎԷ» ա­նու­նը, ո­րուն տակ Աս­տուած Ինք­զինք յայտ­նեց Մով­սէ­սի, թարգ­մա­նուած է՝ «Տէր»։ Այ­նու­հե­տեւ «Տէր» բա­ռը կը դառ­նայ ա­մե­նէն սո­վո­րա­կան եւ գործ­նա­կան ա­նու­նը՝ նշա­նա­կե­լու հա­մար Իս­րա­յէ­լի Աս­տու­ծոյ աս­տուա­ծու­թիւ­նը։ («Քրիս­տոս»=Տէր)։­

Իսկ Նոր Կտա­կա­րա­նի «Տէր» տիտ­ղո­սին այս զօ­րա­ւոր ի­մաս­տը կը գոր­ծա­ծէ «Հօր» հա­մար, ինչ­պէս նաեւ, եւ հո՛ս է տար­բե­րու­թիւ­նը կամ նո­րու­թիւ­նը, Յի­սու­սի հա­մար՝ զԻնք ալ այս­պէս ճանց­նա­լով իբր Աս­տուած։ Ա­ւե­տա­րան­նե­րու մէջ շատ յա­ճախ մար­դիկ խօս­քը կ՚ուղ­ղեն Յի­սու­սի՝ զԻնք «Տէր» կո­չե­լով։ Ա­սի­կա կ՚ար­տա­յայ­տէ ճա­նա­չու­մը Յի­սու­սի աս­տուա­ծա­յին խոր­հուր­դին՝ Սուրբ Հո­գիէն դրդուած։

Աս­տուած Իր ա­նու­նը կը վստա­հի ա­նոնց՝ ո­րոնք կը հա­ւա­տան Ի­րեն։ Ա­նու­նին պար­գե­ւը կը պատ­կա­նի մար­դոց գաղտ­նի­քի վստա­հու­թեան եւ մտեր­մու­թեան մար­զին։ «Սուրբ է Տի­րոջ ա­նու­նը»։­

Ուս­տի մարդ, իր ը­սած խօս­քե­րուն մէջ պի­տի մէջ­բե­րէ Աս­տու­ծոյ ա­նու­նը՝ միա՛յն օրհ­նա­բա­նե­լու, գո­վա­բա­նե­լու եւ փա­ռա­բա­նե­լու հա­մար։ Ա­նոր ա­նու­նին հան­դէպ ակ­նա­ծան­քը ար­տա­յայ­տու­թի՛ւնն է այն ակ­նա­ծան­քին՝ զոր մարդ պար­տի Աս­տու­ծոյ իսկ խոր­հուր­դին եւ ա­մէն նուի­րա­կան ի­րա­կա­նու­թեան, ո­րուն յի­շե­ցումն է Ի՛նք…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 22, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016