ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴՊՐՈՑ ՄԸՆ Է

«Ամուսնութիւնը պէտք է ըլլայ անվերջանալի փոխադարձ դաստիարակութիւն մը»։

Henri-Frédéric Amiel

Ամուսնութիւնը «ուխտ» մըն է, որուն միջոցով այր եւ կին իրարու միջեւ կը կազմեն կեանքի եւ սիրոյ հասարակցութիւն մը՝ Արարչին կողմէ հիմնուած եւ օժտուած, որ ունի իւրայատուկ օրէնքներ։ Իր բնութեամբ իսկ, ամուսնութիւնը սահմանուած է կողակիցներուն բարիքին համար, ինչպէս նաեւ զաւակներուն կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար։ Ամուսնութիւնը, Քրիստոսի կողմէ բարձրացաւ սուրբ խորհուրդի արժանապատուութեան։ Արդարեւ, ամուսնութիւնը «խորհո՛ւրդ» մըն է եւ կը նշանակէ Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ միութիւնը։ Ան, ամուսիններուն՝ կողակիցներուն, այր եւ կին, կու տայ իրար սիրելու շնորհը այն սիրով՝ որ Քրիստոս սիրեց Իր Եկեղեցին։

Ամուսնութեան խորհուրդին շնորհքը այսպէս կը կատարելագործէ ամուսիններուն մարդկային սէրը, կ՚ամրացնէ անոնց անքակտելի՛ միութիւնը եւ զանոնք կը սրբացնէ յաւիտենական կեանքի ճանապարհին վրայ։

Ամուսնութիւնը կը հիմնուի զայն կնքողներուն փոխադարձ հաւանութեան վրայ, այսինքն իրենք զիրենք փոխադարձաբար եւ վերջնականապէս իրարու ընծայելու հաստատ կամքին վրայ, հաւատարիմ եւ բեղուն սիրոյ ուխտ մը ապրելու նպատակով։ Եւ քանի որ ամուսնութիւնը կողակիցները Եկեղեցւոյ մէջ կը հաստատէ հրապարակային կեանքի մը վիճակին մէջ, պատշաճ է որ անոր հանդիսակատարումը ըլլայ հրապարակային, ծիսական հանդիսակատարումի մը ծիրին մէջ, քահանային, կամ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչին ներկայութեան, Պսակի վկաներուն, հաւատացեալներու համախմբումին։

Միութիւնը, անլուծանելիութի՛ւնը, բեղմնաւորութեան տրամադրելիութիւնը էական եւ տարրական են ամուսնութեան համար։

Բազմակնութիւնը բացարձակապէս անհաշտ է ամուսնական միութեան հետ, ինչպէս եւ բազմայրութիւնը (polyandry) եւ (polygamy), որոնք չեն պատշաճիր ամուսնութեան խորհուրդին եւ նպատակին հետ։

Ապահարզանը կը բաժնէ ի՛նչ որ Աստուած միացուց։ Ապահարզան (divorce). իր ընդհանուր առումով կը նշանակէ ամուսնալուծում՝ թողում, արձակում։ Հրէական օրէնքով՝ մարդու մը իր կինը արձակելը, որու ժամանակ անոր կու տար «արձակման» կամ «ապահարզանի գիր»։ Ապահարզանով բաժնուածներուն վերամուսնութիւնը՝ իրենց օրինակով կողակցին ողջութեան, դէ՛մ է Աստուծոյ ծրագրին եւ օրէնքին, զորս Քրիստոս աւանդեց։ Անոնք չեն բաժնուած Եկեղեցիէն, սակայն չեն կրնար մատչիլ՝ մօտենալ Սուրբ Հաղորդութեան։ Ուստի ամուսնացածներ պէտք է տեւապէս դաստիարակեն զիրար, եւ այս իսկ պատճառով՝ ամուսնութիւնը դաստիարակութիւն կ՚ենթադրէ տեւապէս, քանի որ ամուսնութիւնը անվերջ փորձառութիւն մըն է եւ դաստիարակութի՛ւն։ Ամուսնութիւնը, այս իմաստով, տեւապէս դաստիարակութիւն պահանջող «դպրոց» մըն է։ Արդէն, կեանքը ինք «դպրոց» մըն է, իսկ ամուսնութիւնը՝ այդ «դպրոց»ին բարձրագոյն աստիճանը։ Ամուսնութեամբ կազմուած «ընտանիք»ը այն վայրն է, ուր ինչպէս «առտնին Եկեղեցի» մը, նո՛յնպէս «առտնին Դպրոց» մըն է։

Եւ այս առտնին Դպրոցին մէջ զաւակներ կ՚ընդունին իրենց առաջին եւ տարրական կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը եւ կը ծանօթանան կեանքին ե՛ւ հաւատքին։

Ահա թէ ինչո՛ւ ընտանեկան «օճախ»ը կոչուած է իրաւամբ «առտնին Եկեղեցի» եւ որուն անբաժան է «առտնին Դպրոց»ը։ Չէ՞ որ աւանդաբար ամէն եկեղեցի ունի իր քով դպրոցը, եւ փոխադարձաբար՝ ամէն դպրոց ունի իր քովը եկեղեցին։ Այս միութիւնը կ՚ենթադրէ հասարակցութիւն շնորհքի եւ աղօթքի, իբրեւ Եկեղեցի, եւ Դպրոց՝ մարդկային առաքինութիւններու, մտքի զարգացման, հոգւոյ ազնուացման եւ քրիստոնեայ սիրո՛յն։

«Արի՛, Հայոց ժողովո՛ւրդ, սիրտ արա՛ լսել Հայրիկի իմաստուն խօսքեր։

«Ես կ՚ասեմ՝ քո բախտի անիւ չի դառնար, մինչեւ դու չսիրես միութիւն։ Պինդ կա՛ց քո պապենական լոյս հաւատքի մէջ. իժիր խուն արա՛ պահել քո օճախի լոյսն ու ճրագ։ Թէ չանես իմ ասածներ, դու կը լինիս էապէս խեղճ եւ տնանկ ու կը թափառիս աստանդական։

«Հայրիկի օրհնութիւնից է՛ն ժամանակ չես մնար մահրում, երբ դու չես լինիր անառակ որդու պէս խեռ եւ անզգամ։

«Հայրիկ կ՚աղօթէ քեզ համար, որ դու Աստուծոյ արեւի տակ լինիս օրհնուած տնով տեղով»։

ՀԱՅՐԻԿ

(Ծանօթագրութիւն.- «Հայրիկ». Տ. Մկրտիչ Ա Վանեցի Խրիմեան. 1892-1907, Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց)։

Ականջ տանք «Հայրիկ»ի խրատներուն՝ հաստատ եւ ամուր պահենք մեր ընտանեկան միութիւնները, հեռու պահենք անոնք ամէն տեսակ վնասակար բարոյական փորձանքներէ. հաւատարիմ մնանք մեր ամուսնութեան ուխտին՝ որ կատարեցինք Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Պսակի խորհուրդով՝ քահանային, հրաւիրեալ ներկայ ժողովուրդին վկայութեան ներքեւ եւ ամենէն էականը՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ։ Երբե՛ք անհաւատարմութեամբ ուխտադրուժներ չըլլա՛նք. հոգեւոր արժէքը գնահատել գիտնանք ամուսնութեան շնորհքին…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 20 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2022