ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆ

Մարդ խոր­հող, դա­տող էակ մըն է, այս կը նշա­նա­կէ, որ մար­դիկ յա­ճախ գա­ղա­փար­նե­րու եւ հա­մո­զում­նե­րու տար­բե­րու­թիւն­ներ կ՚ու­նե­նան։ Ա­սի­կա շատ բնա­կան է, քա­նի որ ա­նոնք նոյն տե­սան­կիւ­նէն չեն դի­տեր ի­րե­րը եւ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնք աշ­խար­հը չեն տես­ներ նոյն աչ­քով։ Ո­մանք մարմ­նա­կան աչ­քով միայն կը դի­տեն աշ­խար­հը, ո­մանք՝ հո­գե­ւոր աչ­քով եւ ո­մանք ալ՝ մտա­ւոր աչ­քով։ Ան­շուշտ այս ե­րեք նա­յուածք­նե­րը նոյն ար­դիւն­քը չեն տար. մարմ­նա­կան աչ­քով դի­տող­ներ, աշ­խար­հը կը տես­նեն միա՛յն իր ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թով՝ մա­կե­րե­սա­յին եւ միա­կող­մա­նի։ Հո­գե­ւոր աչ­քը կը տես­նէ ներ­քի­նը, իսկ մտա­ւոր աչ­քը ար­տա­քի­նը ե՛ւ ներ­քի­նը, այ­սինքն ի­մաս­տը իր տե­սա­ծին։

Մար­դոց գա­ղա­փար­նե­րու եւ կար­ծիք­նե­րու տար­բե­րու­թիւ­նը, դժբախ­տա­բա՛ր, եր­բեմն պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու՝ որ կը ստեղ­ծէ ա­տե­լու­թիւն ի­րա­րու հան­դէպ։ Ար­դա­րեւ «դժբախ­տու­թիւն»ը տար­բեր գա­ղա­փար­նե­րու եւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու գո­յու­թիւ­նը չէ՛, այլ՝ ա­նոնց ստեղ­ծած ա­տե­լու­թի՛ւ­նը։

Մինչ­դեռ մար­դիկ կրնան մտա­պէս տար­բեր ըլ­լալ, բայց հո­գե­պէս նման են ի­րա­րու եւ նոյ­նիսկ՝ նոյ­նը։ Գա­ղա­փար­ներ, կար­ծիք­ներ, հա­ւա­տա­լիք­ներ կրնան փո­խուիլ, բայց զգա­ցում­նե­րը չեն փո­խուիր. ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռող դէպ­քէ մը՝ ա­մէն մարդ նո՛յն կեր­պով կ՚ազ­դուի. ու­րա­խա­լի դէպ­քի մը հան­դէպ ո­մանք տար­բեր չեն զգա­ցուիր եւ չե՛ն տրտմիր կամ տխրու­թիւն զգար։ Ե­թէ այդ­պէս է, այ­լա­պէս «անբ­նա­կան ե­րե­ւոյթ» մը գո­յու­թիւն ու­նի հոն։

Մար­դիկ եր­բեմն, եւ բա­րե­բախ­տա­բար «եր­բեմն» զի­րար չեն սի­րեր, եւ ե­թէ պատ­ճա­ռը հար­ցուի, յստակ պա­տաս­խան մըն ալ ստա­նալ կա­րե­լի չըլ­լար։ Ա­մե­նէն բա­նա­ւոր կար­ծուած պա­տաս­խա­նը՝ հա­մակ­րանք չզգա՛լն է։ Ա­սի­կա ար­դա­րա­ցու­ցիչ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն մը չէ, քա­նի որ սի­րե­լու հա­մար հա­մակ­րանք ու­նե­նալ պայ­ման չէ. «հա­մակ­րու­թիւն» եւ «սէր» բո­լո­րո­վին տար­բեր զգա­ցում­ներ են։

Բայց կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ գործ­նա­կա­նի մէջ, սի­րե­լու հա­մար պէ՛տք է ծա­նօ­թա­նալ, ճանչ­նալ եւ գիտ­նալ։

Այս ի­մաս­տով «ե­րե­ւա­կա­յա­կան սէր» չ՚ըլ­լա՛ր. սէ­րը «գործ» կը պա­հան­ջէ՝ աշ­խա­տանք եւ ար­դիւնք։

Այն սէ­րը՝ որ մտա­ցա­ծին է, ե­րե­ւա­կա­յա­կան, իս­կա­կան ի­մաս­տով սէր չէ, հա­պա ինք­նա­խա­բէու­թիւն, որ մար­դուս դժբախ­տու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, մինչ­դեռ սէ­րը եր­ջան­կու­թեան աղ­բիւր է, եւ ա՛յդ­պէս պէտք է ըլ­լայ։ Սէ­րը՝ ի՛նք աղ­բիւր մըն է՝ կեան­քի, ապ­րում­նե­րու, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեա՛ն։

Այն՝ որ սէ­րը կը կա­պէ հա­մակ­րան­քի զգա­ցու­մին, այդ մէ­կը չէ խո­րա­ցած սի­րոյ ի­մաս­տին եւ խոր­հուր­դին մէջ։ Քա­նի որ իս­կա­կան սէ­րը մար­դուս «Ես»ին՝ «Ու­րիշ»ին հետ նոյ­նա­նա՛լն է։

Սէ­րը՝ մէ­կու մը՝ ու­րի­շը իր երկ­րորդ «Ես»ը զգալն է, իւ­րաց­նե՛լն է, մէ՛կ ըլ­լալ, ո՛չ թէ նմա­նիլ, այլ՝ նոյ­նա­նա՛լն է։ Ուս­տի մարդ եթէ միայն ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռով կամ կեր­պով հա­մակ­րանք զգա­ցած «ու­րիշ»ի մը հան­դէպ սի­րոյ զգա­ցու­մը ու­նե­նայ, այ­լա­պէս «սէր» ը­սուա­ծը ա­նի­մաստ, անն­պա­տակ զգա­ցում մը, ար­ժէք մը կ՚ըլ­լայ։

Մար­դիկ եր­բեմն զի­րար չե՛ն սի­րեր։ Ի՞ն­չու։

Ո­րով­հե­տեւ ո՛չ թէ ի­րա­րու հան­դէպ հա­մարկ­րանք չու­նին, այլ՝ ո­րով­հե­տեւ զի­րար չեն ճանչ­նար։ Մարդ ի՞նչ­պէս կրնայ սի­րել մէ­կը՝ որ չի ճանչ­նար, ճանչ­նա­լու ա­ռի­թը չէ ու­նե­ցած, ո­րուն հա­մար այդ մէ­կը գո­յու­թիւն չու­նի՝ ան­ծա­նօթ է եւ այն որ ան­ծա­նօթ է՝ չկա՛յ։

Եւ գո­յու­թիւն չու­նե­ցա­ծը սի­րել՝ անբ­նա­կան է եւ տա­րօ­րի­նա՛կ։ Ու­րեմն՝ սի­րե­լէ կամ նա­խա­տե­լէ ա­ռաջ, մարդ պէտք է «ճանչ­նա՛յ»։

­Մենք կը սի­րենք մեր մեր­ձա­ւոր­նե­րը՝ մեր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը՝ ծնող­նե­րը, զա­ւակ­նե­րը, եղ­բայր­նե­րը, քա­նի որ զա­նոնք կը ճանչ­նա՛նք, քա­նի որ ա­նոնց հետ հա­սա­րա­կաց զգա­ցում­ներ, մտա­ծում­ներ ու­նինք, կարգ մը ար­ժէք­ներ կը բաժ­նենք, զգա­ցում­նե­րու եւ մտա­ծում­նե­րու, ար­ժէք­նե­րու փո­խա­նա­կու­թիւն մը ստեղ­ծած ենք եւ մեր կեան­քի ըն­թաց­քին մէջ ա­նոնք կա­րե­ւոր տեղ եւ դեր ու­նին։

Մեր մեր­ձա­ւոր­նե­րը՝ մեր ըն­կեր­նե­րը, մեր բա­րե­կամ­նե­րը կը սի­րենք, քա­նի որ կարգ մը կեն­սա­կան ար­ժէք­նե­րու, ան­տե­սա­նե­լի էու­թիւն­նե­րու ա­ռեւ­տու­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք ա­նոնց հետ եւ կը ճանչ­նանք զա­նոնք, կամ «ճանչ­նալ կը կար­ծենք», այդ­պէս ի­մա­նալ կ՚ու­զենք, ո­րով­հե­տեւ մեր սի­րոյ բա­նա­ւոր պատ­ճառ մը կ՚ու­զենք ցոյց տալ։ Եւ ե­թէ հար­ցում մը ուղ­ղուի մե­զի՝ թէ այդ մէ­կը ի՞ն­չու կը սի­րես, ա­պա կա­րե­նանք բա­նա­ւոր եւ ար­դա­րա­ցի պա­տաս­խան մը տալ։

Սէ­րը՝ մար­դուս պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը կ՚արթնց­նէ, մարդ սի­րե­լով կ՚անդ­րա­դառ­նայ, թէ իր շուր­ջին­նե­րուն հան­դէպ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը ու­նի. մի­նակ չէ՛ աշ­խար­հի վրայ, ա­ռան­ձին չէ՛ կեան­քի ըն­թաց­քին մէջ։ Ա­յո՛ «ինք» կայ, բայց կա՛յ նաեւ «ու­րիշ»ը, կա՛յ նաեւ ամ­բողջ աշ­խարհ մը եւ ամ­բողջ կեանք մը ի­րեն նման­նե­րով, ի­րեն հետ նոյ­նա­ցած­նե­րո՛վ։ Աշ­խարհ եւ կեանք՝ այս եր­կու ար­ժէք­նե­րը գո­յու­թիւն ու­նին, ո­րով­հեիեւ մա՛ր­դը գո­յու­թիւն ու­նի եւ ո՛չ միայն մար­դը, այլ մարդ­կու­թիւ­նը՝ ո­րուն ան­դամ­ներն են մար­դիկ։

Աշ­խարհ եւ կեանք, մար­դիկ, մարդ­կու­թիւն… այս էու­թիւն­նե­րը ի­րա­րու կա­պող ուժն է, զօ­րու­թիւնն է՝ սէ՛­րը։ Կրկնենք, սի­րե­լու հա­մար ճանչ­նալ պայ­մա՛ն է, որ­քան մարդ ճանչ­նանք այն­քան շատ կը սի­րենք, այն­քան ար­ժէք կ՚ըն­ծա­յենք սի­րոյ ճշմար­տու­թեան։

«Աս­տուած Սէ՛ր է», կ՚ը­սենք, բայց չենք սի­րեր ընդ­հան­րա­պէս։ Ի՞ն­չու, քա­նի որ չենք ճանչ­նար։ Այս­պէս, չենք սի­րեր, զոր օ­րի­նակ, լե­զուն, գի­րը, գրա­կա­նու­թիւ­նը, ի՞ն­չու, ո­րով­հե­տեւ չենք ծա­նօ­թա­ցած, չենք ճանչ­ցած զա­նոնք, ա­նոնց ար­ժէ­քը։ Ե­թէ ճանչ­նա­յինք, պի­տի սի­րէինք…։

Մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ, որ ճանչ­նա՛նք, սկսեալ Աս­տուծ­մէ, մին­չեւ ա­մե­նէն օ­տար մէ­կը, եւ սի­րե՛նք, սի­րենք եւ միա­նանք ա­նոնց, քա­նի որ սէ­րը կը միաց­նէ, «մէ՛կ» կ՚ը­նէ ա­մէն ինչ։

Մարդ ա­զա­տու­թեան ա­ռա­քի­նու­թեամբ օժ­տուած է, եւ այդ ա­զա­տու­թիւ­նը թէ՛ պարտք, թէ ի­րա­ւունք կու տայ մար­դուն՝ նախ ճանչ­նա­լու իր շուր­ջը, իր ապ­րած աշ­խար­հը եւ ա­պա սի­րէ զայն։

Ա­ւե­լին՝ մարդ ստեղ­ծուած եւ կո­չուած է սի­րե­լո՛ւ, քա­նի որ ան ար­դիւնք է աս­տուա­ծա­յին սրբա­զան սի­րոյն։ Աս­տուած մար­դը ստեղ­ծեց սի­րով եւ ա­նոր տուաւ իր սէ­րը՝ ան­մահ, ան­վերջ սէ­րը, ո­րով ան ստեղ­ծեց նոր սե­րունդ­ներ, նոր մար­դիկ։ Ո՜վ կրնայ հա­կա­ռա­կիլ այն ճշմար­տու­թեան, թէ՝ մարդ սի­րոյ ար­դիւնք է, սի­րոյ պտուղ է, եւ թէ սի­րով կ՚ա­ճի, կը զար­գա­նայ։

Այս բո­լո­րը կը սկսի անդ­րա­դառ­նա­լով այն ա­նայ­լայ­լե­լի եւ մշտնջե­նա­ւոր ճշմար­տու­թեան թէ՝ սէ­րը ա­մէն ինչ է, կեանք եւ ան­մա­հու­թի՛ւն։

Սի­րենք, ու­րեմն, այս աշ­խար­հը, այս կեան­քը վա­յե­լե­լու հա­մար՝ գո­յա­պահ­պա­նե­լու եւ գո­յա­տե­ւու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, բայց նախ ճանչ­նա՛նք աշ­խար­հը, կեան­քը եւ ա­նոնց Ստեղ­ծի՛­չը, եւ սի­րենք զԱյն, ճանչ­նա՛նք մար­դի­կը եւ սի­րենք զա­նոնք, եւ միա­բե­րան ը­սենք.- ե­թէ կա՛յ սէ­րը, ա­պա ի՞ն­չու ա­տել, ի՞ն­չու նա­խա­տել… ճանչ­նանք եւ սի­րե՛նք զի­րար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 27, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2016