ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՅԱՐՄԱՐ ԳՈՐԾԵԼ

Բնաւ դիտա՞ծ էք մարդիկ՝ որոնք նոյն փողոցին կամ նոյն ճամբուն վրայ, նոյն ուղղութեամբ կը քալեն։ Անոնցմէ ոմանք արագ արագ, ոմանք բաղդատաբար աւելի դանդաղ կը քալեն։ Ուրիշներ կ՚աճապարեն, կան նաեւ, որ ճամբուն մէջտեղ կը կանգնին՝ կարծես անորոշութեան մէջ իրենց յարմար ուղղութիւն մը կը փնտռեն։

Բայց անոնք բոլորն ալ «նպատակ» մը ունին, եթէ նոյնիսկ անորոշ ըլլայ իրենց նպատակը, չըսելու համար՝ «աննպատա՛կ»։ Արդարեւ, աննպատակն ալ «նպատակ» մը ունի՝ նպատակ մը փնտռել եւ գտնե՛լ։ Արդարեւ, կեանքը ինք նպատա՛կ մըն է ինքնին. կեանքը ապրիլ, կեանքին բարիքները վայելել, ցաւ եւ վիշտ չունենալ, առողջ եւ խաղաղ ապրիլ, եթէ յաջողութիւն չունենայ մարդ, գոնէ ձախողութիւն չունենայ. դիրքը եւ կացութիւնը պահէ, բոլոր այս վիճակները «նպատակ»ներ են, որ մարդ ո՛րքան ալ անտարբեր ըլլայ կեանքին, ո՛րքան ալ նպատակի մը գիտակցութիւնը չունենայ, աննպատակ կարծուի, կը նշանակէ, թէ «նպատակ» մը ունի։ Ուրեմն գիտակցաբար կամ անգիտակից կերպով, ապրող ամէն մարդ «նպատակ» մը ունի։

Ուստի նպատակ եւ յոյս զիրար ամբողջացնող արժէքներ են, որոնք մարդուս կենդանութիւն կու տան՝ կեանքը ապրելու եռանդը կ՚աւեցնեն։

Փողոցը կամ ճամբան քալող ամէն մարդ, ինչպէս որ ալ քալէ նպատակ մը ունի ուրեմն, բայց հարցը սա է՝ փողոցը կամ ճամբան, նոյնիսկ ուղղութիւնը նոյն եւ նման, եթէ նոյնիսկ քալուածքը նման ըլլան, իւրաքանչիւրին նպատակը տարբեր է, կամ մեծամասնութեան նպատակը կը տարբերի իրարմէ։ Ասիկա բնական է, քանի որ ամէն մէկուն դերը եւ պարտականութիւնը տարբեր է այս աշխարհի վրայ։ Եւ ուրեմն, ճամբան եւ ուղղութիւնը նոյն, բայց նպատակը տարբեր է ընդհանրապէս։

Ի՞նչ կը խորհիք, սիրելի՜ բարեկամներ, ո՞վ է որ աւելի դիւրին եւ վստահութեամբ կը հասնի իր նպատակին։ Ա՛յն՝ որ նպատակին յարմար ճամբայէն, եւ նպատակին հասնելու ուղղութեան վրայ կը յառաջանայ։ Ուրեմն, նպատակին յարմար ըլլալու է սկիզբը, նպատակին յարմար ըլլալու է ճամբան եւ նպատակին յարմար ուղղութիւնը պէտք է ճիշդ որոշուի։ Ուրիշ խօսքով՝ ճամբան եւ ուղղութիւնը նպատակին համեմատ պէտք է ընտրուի։

Համայնքային, ընկերային եւ ամէն տեսակ հասարակական գործերու մէջ ալ, պէտք է լաւ որոշուի նպատակը, եւ այդ նպատակին համապատասխան սկի՛զբ մը եւ այն սկիզբին յաջորդող ճամբայ մը եւ ուղղութիւն մը որոշուի եւ ա՛յդ ճամբու վրայ, ա՛յդ ուղղութեամբ պէտք է յառաջանայ աշխատութիւնները՝ որպէսզի նախատեսուած նպատակը իրականանայ։

Արդարեւ, սկիզբը կարեւոր է. սխալ առաջին քայլը ամբողջ ընթացքին վնաս կը պատճառէ եւ կարելի չ՚ըլլար հասնիլ նպատակին։

Նպատակին չյարմարող սկիզբ մը, սխալ ընտրուած ճամբայ մը եւ սխալ ուղղութիւն մը միայն եւ միա՛յն ձախողութեան պատճա՛ռ կ՚ըլլայ։

Հասարակական-ընկերային կեանքի մէջ ըլլալու համար, այսինքն նպատակին հասնելու համար պէտք է գործը վստահիլ գիտակից եւ մանաւանդ փորձառու անձերու։

Անուանեալ, կարծեցեալ եւ ինքնակոչ «փորձառու»ներու յանձնուած ամէն գործ, ի վերջոյ ձախողանքի է դատապարտուա՛ծ։

Օրինակները շատ են թէ՛ անցեալի, թէ՛ ներկայիս մէջ։ Անձերու անփորձութեան, անգիտակցութեան հետեւանք, դժբախտաբար կը տուժէ ամբողջ ժողովուրդը. անորոշութիւն, անտարբերութիւն, անգիտակցութիւն ամենամեծ վտանգներն են հաւաքականութեան մը համար։

Արդարեւ, ինչպէս ամէն գործի մէջ, համայնքային գործերու մէջ ալ, գործի մը սկսելէ առաջ անհրաժեշտ է նախագիծ մը պատրաստել՝ ծրագիր մը ընել եւ մանաւանդ այդ պատրաստութիւնը յանձնել գործին հմուտ, փորձառու, եւ մասնագէտ անձերու։ Ընկերային գործերու մէջ «պատասխանատուութիւն»ը կը կրկնապատկուի, թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ հաւաքական պատասխանատուութիւն մը կը ծանրանայ անձերու վրայ, եւ ահաւասի՛կ այդ ծանրութիւնը կրելու կարողութիւնը եւ տարողութիւնը ունեցողներ միայն կրնան տանիլ այդ կրկնակ պատասխանատուութիւնը…։

Յաճախ կը փորձենք յիշեցնել, թէ՝ «ամենագէտ» ըլլալ, երբեք չի՛ նշանակեր «մասնագէտ» ըլլալ։

Եւ դարձեալ «անուն» ունեցող ամէն անձ յատուկ եւ մասնագիտութիւն պահանջող գործերու մէջ կրնան իրենց «անուն»ին համապատասխան օգտակարութիւն չունենալ։

Սա պարզ է. եթէ արդիւնքի մը իրականացմանը համար որոշ պայմաններ պէտք է, նպատակի մը հասնելու համար որոշ տուեալներու պէտք է համակերպիլ, փափաքուած կէտին հասնելու համար կարգ մը անհրաժեշտ պայմաններ պէտք է լրացնել, մէկ խօսքով, «նպատակ»ը կարգ մը կանոններու, օրէնքներու, արարողութիւններու ամբողջացման կը կարօտի, ապա ուրեմն, այդ պայմանները նկատի ունենալով, այդ պայմաններու պահանջքներուն համեմատ պէտք է սկսիլ ճամբուն եւ ուղղութիւնը որոշել ըստ այնմն։ Մարդ եթէ ազատ գործել կ՚ուզէ՝ նախ պէ՛տք է օրինապահ ըլլա՛յ։ «Ես գործելու մէջ ազա՛տ եմ», կարենալ ըսելու համար, նախ պէտք է այդ գործով սպասուած արդիւնքին համապատասխան օրէնք եւ կանոնները լա՛ւ գիտնայ. պատկան իշխանութիւններուն հեղինակութիւնը ճանչնայ եւ յարգէ՛։

Եւ ահաւասի՛կ, անգամ մը եւս կարեւորութիւնը՝ իրաւունքի եւ պարտաւորութեան չափն ու սահմանը գիտնալու՝ կշիռ դնելու իր ազատութիւն կարծած վիճակին՝ գիտակցութիւնը ունենալ իր իրաւունքին։ Իրաւունք գիտնալ, իրաւունք ճանչնալ, իրաւասութեան եւ իրաւունքի սահմանները լաւ որոշել՝ առաքինի եւ մտապէս հասուն եւ փորձառու անձերու գործ է, եւ երբ կը պակսին ժողովուրդէ մը, հաւաքականութենէ մը այդ գիտակից, փորձառու եւ առաքինի անձերը, այլապէս այդ հաւաքականութեան նպատակի մը հասնիլը, եթէ ո՛չ անկարելի, բայց բաւական դժուա՛ր է։ Եւ անոնք որ այդ պատասխանատուութեան տակ են, պէտք է որ ողջախոհութեամբ ե՛ւ անկեղծութեամբ խոստովանելու քաջութիւնը ունենան, թէ՝ իրենք յարմար անձերը չե՛ն, եւ թէ սխալ սկիզբով մը՝ սխալ ճամբու մը մէջ՝ սխալ ուղղութեամբ կը յառաջանան եւ թէ պէտք է փոխեն իրենց սխալ ընթացքը, անշուշտ եթէ իրենց սխալին անդրադառնալու եւ նոր ճամբայ մը, ճիշդ ուղղութիւն մը ընտրելու հմտութիւնը եւ իմաստութիւնը ունին։

Սխալին անդրադառնալ եւ սրբագրել, արդարեւ ողջամիտ եւ առաքինի՛ մարդու գործ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 30, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2017