ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Բնութիւնը միշտ գեղեցիկ է, քանի որ ան ստեղծուած է «բարի» եւ «գեղեցիկ»։ Արդէն ամէն ինչ որ բնական է՝ իր պարզութեան մէջ գեղեցիկ է։ Արդարեւ, արուեստական գեղեցկութիւնը «գեղեցիկ» չէ՛, որովհետեւ իսկական գեղեցկութիւնը չի ցոլացներ։ Բնութեան տեսարաններն ալ գեղեցիկ են իրենց բնական վիճակին, պարզ երեւոյթին մէջ։ Մարդ չի կրնար մեծ կամ փոքր չափով չազդուիլ բնական տեսարաններէն, անշուշտ եթէ սորված է ան բնութեան գեղեցկութիւններէն ճաշակ առնել։

Բնութեան գեղեցկութիւնները հակամէտ են մարդը բարձրացնելու խորհրդաւոր զգացումներով, մտապէս՝ խորհուրդով, եւ բնական տեսարաններուն մեզի յաճախ ներշնչած վսեմ, մեծ եւ գեղեցիկ խորհուրդները եւ զգացումները կարող են երբեմն հալեցնել եւ չքացնել մարդկային փցուն, պզտիկ եւ տգեղ ամէն խորհուրդ եւ զգացում։ Բայց, մե՜ղք որ քիչեր սովորութիւն ունին երկնակամարին գեղեցկութիւնները դիտել եւ հաճոյք առնել, հաճոյք զգալ անոնցմէ, գէթ որքան հաճոյք կը զգան, զոր օրինակ՝ նոյնիսկ շարժանկարի մը վարնոց եւ գռեհիկ պատկերներէն։

Լոյսերու ցոլքին ներքեւ կը հանգչի Պոլիսը, դարաւո՜ր այս քաղաքը, որ իր ամենէն նպաստաւոր պայմաններուն մէջ իսկ անճարակ «մրցակից» մըն է երկնակամարի լուսաւորներուն։

Հանդարտութիւնը, հիմա ամէն կողմ պարուրած է, բայց մարդ չի կրնար իր մտքին աչքերով չտեսել ի՛նչ որ լռութեան խորհրդաւոր անձայնութիւնը եւ գիշերը կը ծածկեն իրենց ներքեւ։ Հոն կարելի է տեսնել, զոր օրինակ, տուներ, բնակարաններ՝ լի անմեղ եւ առողջ զբօսանքներու վայելքով։

Կարելի է տեսնել նաեւ ախտաժէտ զուարճութիւններու վայրեր՝ թունաւոր, վտանգաւոր վայելքներով լեցուն, զոր անփորձ եւ խելագար, անխոհեմ մարդիկ կը հետապնդեն մոլեգնօրէն եւ գահավիժաբար։

Կարելի է տեսնել վայրեր՝ ուր տգեղ, ստորին եւ ճիւղային արարքներ կը ծրագրուին։

Կարելի է տեսնել բնակարաներ որոնց բնակիչները ստիպուած են թշուառութեան եւ տառապանքի բաժակէն խմել շարունակ։

Կարելի է տեսնել վերջապէս տուներ, բնակարաններ, այդ տուներուն, բնակարաններուն մէջ ընտանիքներ ուր մահուան ստուերը կը հալածէ անդարձ մեկնողի մը սգաւոր մերձաւորները՝ սիրելիները։

Եւ ասոնց, եւ ասոնց նման մարդկային կեանքի յատուկ բազմապիսի տեսարաններու վրայ երկինքի լոյսերը կը շողան, երբեմն «մութ» լոյսեր, երբեմն ալ «վառ» լոյսեր, միօրինակ պլպլումներով, հաճելին եւ անհաճոն, բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասակարը հաւասարապէ՛ս ողողելով իրենց մաքուր եւ վճիտ լոյսով։

Հոս պահ մը անդրադառնանք «գեղեցիկ» եւ «բարի» գաղափարներուն, եւ հարցնենք մենք մեզի. ամէն գեղեցիկ բարի՞ է. եւ փոխադարձաբար՝ ամէն բարի գեղեցի՞կ է։ Անխոհեմութիւն է հարցումի մը անմիջապէս պատասխանել՝ առանց խորհրդածելու եւ հարցումի առարկայ գաղափարներուն իսկական էութեանը մասին բաւական տեղեկութիւն ունենալու։

Արդարեւ, բարիքին գործադրութեան կ՚ընկերակցի հոգեւոր անվարձ ուրախութիւնը եւ բարոյական գեղեցկութիւնը։ Ուստի «բարի»ն եւ «գեղեցիկ»ը ներքին կապով մը կապուած են իրարու։ Ըսենք, «բարի»ն եւ «գեղեցիկ»ը իրար կ՚ամբողջացնեն։ Ինչպէս, ճշմարտութիւնը իր հետը կը բերէ ուրախութիւնը եւ հոգեւոր գեղեցկութեան շքեղութիւնը։ Ճշմարտութիւնը ինքնիրմով գեղեցիկ է։

Ճշմարտութիւնը խօսքին, իբր իմացական արտայայտութիւն ստեղծուած եւ անստեղծ իրականութեան ճանաչումին, անհրաժե՛շտ է իմացականութեամբ օժտուած մարդուն համար, սակայն ճշմարտութիւնը կրնայ նաեւ գտնել մարդկային արտայայտութեան լրացուցիչ տարբեր ձեւեր, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ է «ոգեկոչել ի՛նչ որ անպատում» է, ինչպէս՝ մարդկային սրտին խորութիւնը, հոգիին վերացումը, Աստուծոյ խորհուրդը։

Աստուած ինքզինք ճշմարտութեան խօսքերով մարդուն չյայտնած, ինքզինք կը յայտնէ արարչագործութեան տիեզերական բարբառովը, որ գործն է Անոր Խօսքին։ Անոր Իմաստութեան կարգը եւ ներդաշնակութիւնը -զոր կը գտնեն ե՛ւ մանուկը ե՛ւ գիտութեան մարդը- ինչպէս նաեւ «մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը արարածներուն՝ հանգիտաբար՝ հաւասարապէս հիացումով դիտել կու տան անոնց Արարիչը». (ԻՄԱՍՏ. ԺԳ 5), «որովհետեւ Ի՛նքն է աղբիւրը գեղեցկութեան, որ ստեղծեց զանոնք». (ԻՄԱՍՏ. ԺԳ 3)։

«Ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին». (ԾՆՆԴ. Ա 26), մարդը Աստուծոյ հետ իր առընչութեան ճշմարտութիւնը կ՚արտայայտէ նաեւ իր գեղարուեստական գործերուն գեղեցկութեամբ։ Արդարեւ, «արուեստ»ը՝ յատկապէս մարդկային արտայայտութեան մէկ ձեւն է. բոլոր կենդանի արարածներուն հասարակաց եղող կենսական անհրաժեշտութիւններուն որոնումէն անդին, ան ձրի յորդառատութիւն մըն է մարդկային արարածին ներքին ճոխութեան։ Մեկնելով աշխարհի ցուցաբերած շարժումէն, լինելութենէն, պատահմունքներէն, կարգաւորութենէն եւ վերջապէս, գեղեցկութենէն՝ կարելի է ճանչնալ Աստուած իբրեւ սկիզբ եւ վախճան տիեզերքին։

Իր բացումով դէպի ճշմարտութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, իր զգացումով բարոյական բարիին, իր ազատութեամբ եւ իր խղճմտանքին ձայնով, անհունին եւ երջանկութեան եւ կատարելութեան իր անվերջ տենչանքով, մարդը ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին, եւ այս բոլորին մէջէն ան կը նշմարէ իր աննիւթական հոգիին նշանները…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 21 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2022