ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ ՄԱՆՈՒԿԸ
Լսուած խօսք է որ ծնողքի մը պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը զաւակը առաջնորդել է, սակայն մեր հայկական իրականութեան մէջ շատ մը ծնողներ այդ առաջնորդելը կը շփոթեն իշխելու եւ կամ հարազատ զաւակին կեանքը բռնակալելու հետ, առանց գիտակցելու վնասելու զաւակին կեանքը՝ ի հեճուկս իր երազներու իրականացման:
«Առաջնորդել»ու անգիտակ մեր ծնողներ կը փորձեն իրենց զաւակներու ճամբով կեանքի կոչել ա՛յն բոլորը՝ որոնց երազը ունեցած են պատանեկութեան եւ կամ երիտասարդութեան եւ այդ երազներու չիրականացումը կ՚ուզեն այս անգամ իրականացած տեսնել իրենց զաւակներուն կեանքին մէջ, ինչ որ շատ անգամ դրական արդիւնքներ կրնայ չունենալ զաւակին կեանքին մէջ: Այսպէս օրինակ.- Տիկին Յասմիկ իր երիտասարդութեան ուսուցիչ դառնալու երազ ունեցած, սակայն չէ կրցած այդ երազը իրականացնել. փոքր տարիքէն կը սկսի մանուկի միտքին մէջ փորագրել ուսուցիչ դառնալու գաղափարը. որոշ ժամանակ ետք երբ զաւակը հասակ կ՚առնէ, կը սկսի պարտադրել այդ մէկը եւ անտեսելով իր սեփական զաւակին երազները, ձիրքերն ու նպատակները՝ կ՚ուզէ իր յաջողիլ չկրցածը տեսնել իր զաւակին մէջ՝ «իր բարիքին» համար խորագիրին տակ: Տիկին Յասմիկին դուստրը հաւանաբար ատակ էր մասնագէտ երաժիշտ մը դառնալու, հաւանաբար այդ աշխարհին մէջ պիտի գտնէր իր հոգեկան հանգստութիւնն ու ուրախութիւնը, սակայն ծնողքին անհնազանդ ըլլալու վախն ու նրբանկատութիւնը կը զոհէ այդ բոլորը իր երազներուն փոխարէն կեանքի կոչելով մօրը երազները:
Հաւանաբար Յասմիկի զաւակը ուսուցչական ասպարէզին մէջ շատ յաջող ու փայլուն անձնաւորութիւն մը դառնալ, սակայն կրնայ ուրախ չըլլալ եւ ա՛յդ է պատճառը որ այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք իրենց կեանքին մէջ յաջողած անձեր՝ որոնք դժգոհ են իրենց կացութենէն, որովհետեւ հոգեկան հանգստութիւնն ու ուրախութիւնը վաստակելիք գումարէն շա՜տ շատ աւելի՛ արժէք ունի եւ մեծ իրագործումները անգամ դժուար բուժեն քանդուած երազներու եւ խորտակուած նպատակներու բացթողումը:
Ցաւ ի սիրտ, մեր ծնողները «բարիք» անուան տակ կը խառնուին իրենց զաւակներու ապագայ արհեստին, ուսումի ճիւղին, սիրածին ու ընկերին, կողակիցին եւ գրեթէ՛ ամէն բանի՝ «առաջնորդել» կոչուած վահանով պաշտպանելով իրենց անտրամաբանական արարքները:
Այս սխալին սկզբնաղբիւրը գիտութեան պակասն է, որովհետեւ մեր դպրոցներուն մէջ մանուկ տարիքէն չե՛ն սորվեցներ աշակերտներուն ծնողական գիտակցութեան եւ ճշմարիտ պարտաւորութիւններուն մասին: Ցաւ ի սիրտ, գրեթէ ամէն ծնողք կը հաւատայ «ճակատագիր»ի մը գոյութեան, որով կը կարծեն, թէ մանուկը վերջաւորութեան կը դառնայ այն՝ ինչ կեանքը կը պարտաւորէ, անգիտանալով որ մարդու կեանքին մէջ իր մանկութիւնը, պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը մեծապէս ազդեցութիւն ունին ապագայ անհատի կազմաւորման եւ հաստատման կարեւոր գործին մէջ: Մեր ծնողները կ՚անգիտանան, որ մանկութեան շրջանին մանուկին ունեցած ապրելակերպը հայելին է իր ապագայ ինքնութեան, որովհետեւ մեր զաւակներուն ապագայ երջանկութիւնն ու նկարագրի գեղեցկութեան չափանիշը կախում ունի իրենց ներկայ ապրելակերպէն եւ աճման ու զարգացման պայմաններէն:
Հետեւաբար պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել, թէ ինչ կը նշանակէ առաջնորդել:
Առաջնորդելը առաջին անգամ սկիզբ կ՚առնէ ՆԿԱՏԵԼ-ով եւ այդ նկատելու կարեւոր առաքելութիւնը տրուած է թէ՛ ծնողքին եւ թէ՛ ուսուցիչին. պէտք է ընդունիլ, որ ամէ՛ն մանուկ՝ ըլլայ չարաճճի թէ բարի, անպայմանօրէն իր մէջ որոշ ձիրք ու շնորհք կ՚ամփոփէ. որոշ մանուկներ 3-4 տարեկան հասակին՝ նոյնիսկ առանց իրենց գիտակցութեան երաժշտութեան մէջ որոշ լաւ արդիւնքներ ցոյց կու տան. փոքր տարիքէն կը սկսին երգելու ժամանակ յարմարիլ երաժշտութեան, քայլ պահել անոր աստիճանաւորումներուն ու կշռոյթին. ուրիշներ փոքր տարիքէն գծագրութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ու կարողութիւն կ՚ունենան. ուսուցիչին եւ ծնողքին հիմնական դերը այդ մէկը նկատելն է, որովհետեւ առանց նկատելու չի՛ կրնար առաջնորդել, հակառակ պարագային այդ մէկը կը դառնայ պարտադրանքի՝ փոխան առաջնորդութեան: Ճշմարիտ առաջնորդութիւնը կը սկսի նկատելէ ետք եւ ցաւ ի սիրտ, ծնողներ շատ անգամ անկարող կ՚ըլլան այդ մէկը տեսնելու եւ քննելու. նման ընտանիքներու օգնութեան պարտի հասնիլ ուսուցիչը, որ զանազան դասապահերու եւ բարեկամներու հետ ունեցած յարաբերութեան ու հետաքրքրութիւններուն ընդմէջէն կրնայ զննել ու գիտնալ մանուկին կարողութիւնները:
Նկատելէ ետք ծնողքն ու ուսուցիչը պարտին միջոցներ ստեղծել մանուկին մէջ զարգացնելու համար այդ շնորհքը. այո՛, ճիշդ է որ շնորհքը Աստուծոյ կողմէ կը տրուի մարդուն, սակայն աշխատանքն է որ այդ մէկը առաջ կը տանի եւ առանց աշխատանքի ամէ՛ն շնորհք կամայ թէ ակամայ ենթակայ է կորուստի:
Հակամանկավարժական մեծագոյն սխալն է անտեսել մանուկներուն շնորհքները. արգիլել երգել, արգիլել գծել ու մանուկին մէջ խեղդել այն բոլորը՝ որ իրեն համար հետաքրքրական ու գրաւիչ է:
Իսկական առաջնորդութիւնը որ ծնողքը կրնայ ընել իր մանուկին շնորհքներն ու ձիրքերը գնահատել եւ այդ բոլորին զարգացման համար կարելին ի գործ դնել է. դժբախտաբար մեր ծնողները կը կարծեն մանուկին բարիք ընելն ու առաջնորդելը միայն նիւթական պէտքերը հոգալով է որ կը կատարուի եւ իրենց զաւակներուն երազները խորտակող, սակայն որոշ նիւթական զոհողութիւններ ընող ծնողներ նիւթականին մէջ կը փորձեն տեսնել այդ առաջնորդութիւնը:
Պէտք է լաւապէս ուսուցանել, թէ ինչպէս ծնողներ պարտին դաստիարակել եւ առաջնորդել իրենց զաւակները:
•շարունակելի
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -84-
Դպրեվանքի աշակերտ եղած ժամանակ կար երիտասարդ մը, որուն երազն էր Դպրեվանքը աւարտելէ ետք համալսարան ընդունուիլ եւ գիտութեամբ զբաղուիլ։ Միաժամանակ սիրահարած էր աղջկայ մը եւ հոգեւորական դառնալու մասին երբեք չէր մտածեր։
Ամիսները անցան եւ եկաւ ժամանակը վերջնականապէս որոշում տալու՝ եկեղեցակա՞ն դառնալ, թէ դուրս գալ եւ համալսարան ընդունուիլ։ Երիտասարդը վերջապէս իր ընտանիքին յայտնեց իր սիրած աղջակ մասին, խօսեցաւ իր երազներուն, նպատակներուն եւ իղձերուն մասին, սակայն իր սպասածը չգտաւ... ընտանիքը իր միտքին մէջ ծրագրած ու երազած էր իրենց զաւակը վարդապետ տեսնել, մինչ զաւակին երազները ամբողջութեամբ ուրիշ էին։
Երիտասարդին ընտանիքը փոխանակ հիւսած երազէն զիջելու, իրենց զաւակին «բարիք»ին համար ըրին ամենէն սարսափելին. փորձեցին սպաննել երիտասարդին երազները եւ իրենցը պարտադրել...։
Երիտասարդը անել կացութեան մէջ էր. պիտի ոտնակոխէր կա՛մ երազներն ու սէրը եւ կա՛մ ընտանիքը։
Իր երազներով ընտանիքը պիտի նեղանար, իսկ ընտանիքին երազներով ի՛նք պիտի դժբախտանար։
Ահաւորը այն էր, որ նման ահաւոր ու ճակատագրական որոշում մը պիտի առնէր տասնութ տարեկան հասակին. իր տարեկիցները դուրսի կեանքին մէջ պիտի սխալէին, ուրիշ ճամբաներ ընտրէին, սակայն ինք այդ բախտաւորութիւնը չունէր։ Եթէ ընտրէր եկեղեցական դառնալը, առյաւէտ պիտի կորսնցնէր սէրն ու երազները, իսկ հակառակ պարագային ամբողջ կեանք մը ծնողքին երազները խորտակած ըլլալու ներքին տառապանքը պիտի ունենար։
Վերջապէս որոշեց... չէ՞ որ Աստուածաշունչը սորվեցուցած էր յարգել Հայրն ու Մայրը... Եկեղեցական դարձաւ. կեանքի ի՜նչ դժբախտութիւն, որ օծման ներկայ էր նաեւ սիրածը՝ նոյնպէս արցունքները աչքին։
Այդ եկեղեցականը այսօր կ՚ապրի մարմնապէս՝ սակայն մեռած հոգիով, ուր երազները փլատակ են հիմա։
Իրենց զաւակին եկեղեցական ըլլալու հպարտութեամբ ընտանիք մը կ՚ապրի այսօր, առանց գիտակցելու որ դարձած են դահիճը իրենց զաւակին, որ երազներ չունի այսօր եւ վա՜յ այն մարդուն, որուն երազը ալ հոգի չունի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ