ԱՋ ԱՉՔԸ ՉԳԻՏՆԱՅ, ԹԷ ԻՆՉ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ ՁԱԽԸ

Ամէն գիրք բռնող ընթերցող չէ եւ ամէն ընթերցող «մտաւորական» չէ. վերջերս հասայ այս եզրակացութեան, երբ տեսայ, թէ ինչպէս մարդիկ «ցուցադրութեան» սիրոյն գիրքը գերի կը դարձնեն իրենց սեփական փառասիրութեան, ունենալով այն համոզումը, որ գիրքը շրջապատին վրայ պիտի ձգէ իրենց զարգացած ու բարձր դասակարգի մարդ «ըլլալու» ձախող համոզումը: Վերջերս սկսած եմ համոզուիլ, որ ընթերցանութիւնը եւս ողորմութեան մէկ տարբերակն է, որ պէտք է կատարուի գաղտնի. գուցէ աջ աչքը չտեսնէ, թէ ինչ կը կարդայ ձախը, որովհետեւ անոր ցուցադրականը միայն մարդոց միտքերուն ու տպաւորութիւններուն վրայ ազդեցութիւն կը գործէ, մինչ ծածուկը կը զարգացնէ մարդուն մտաւորական հորիզոնը:

Այս համոզումին հասայ, որովհետեւ մարդիկ իրապէս կա՛մ գիրք կը բռնեն շրջապատի ուշադրութիւնը գրաւելու համար եւ կամ իրապէս չեն հասկնար իրենց կարդացածը. ընթերցանութիւնը եւս ունի իր օրէնքներն ու տրամաբանական ընթացքը. օրինակի համար՝ կարելի չէ առօրեայ վէպ մը կարդալու նման օրուան մէջ բռնել Պէրպէրեանի հոգեբանութեան մասին կատարած աշխատութիւնը եւ այնպէս մը ձեւացնել, որ առօրեայ լրատուական մը կարդալու նման կը կարդան զայն. կամ չեն կրնար Օրմանեանի «Ազգապատում»ը սիրային վէպ մը կարդացողի յաւակնութեամբ փողոց դուր հանել... որպէս թէ առօրեայ ընթերցանութեան համար այդ հատորն է, որ կը կարդան:

Այս բոլորը կը գրենք որպէս բողոք, որովհետեւ մարդիկ ժամանակի ընթացքին յաջողեցան շատ մը արժէքներ վերածել ցեւակերպութեան. մինչեւ որոշ ժամանակ ընթերցանութիւնը զերծ էր այդ աւելորդաբանութենէն, սակայն վերջապէս յաջողեցան այդ մէկը եւս անդամ դարձնել իրենց փառքի ցուցադրութեան:

Աշխարհի մէջ կան երեւոյթներ, որոնք արտաքին տպաւորութիւն մը կը ձգեն մարդու վրայ. այսօր անձ մը թող աշխարհի ամենէն խոր փիլիսոփայական գիրքը բռնած հարապարակ դուրս գայ. անոր հետ մի քանի վայրկեան խօսիլը բաւարար պիտի ըլլայ գիտնալու այդ հրապարակաւ երեւիլ փորձելու ճշմարիտ պատկերը. մենք ալ կը հաւատանք, որ այսօր մարդիկ երեւոյթին շատ աւելի կարեւորութիւն կու տան՝ քան էութեան. կը տեսնենք մարդիկ, որոնք նիւթի մը մասին (որուն չեն տիրապետեր) կը փորձեն ինքնավստահութեամբ ճառե՜լ ու խօսիլ. կը գիտակցինք, որ թէ՛ ճառելը եւ թէ կեղծ ընթերցանութիւնը ինքնահաստատման պակասի մը արդիւնքը կ՚երեւին, որովհետեւ մարդ միշտ կը փորձէ երեւիլ այն՝ ինչ որ չէ:

Ընթերցանութիւնը իր ճշմարիտ նպատակին կը ծառայէ երբ իր ներգործութիւնը կ՚ունենայ մարդուն կեանքէն ներս. ճշմարիտ է, որ մարդ ընդհանրապէս կը մոռնայ իր ընթերցած գիրքերուն մեծամասնութիւնը եւ կը յաջողի մտահապել այն գիրքերն ու այն բաժինները, որոնք խոր ազդեցութիւն ունեցած են իր վրայ. վստահաբար հանդիպած էք մարդոց, որոնք թուած են բազմաթիւ գիրքերու անուններ՝ սակայն մոռցած են անոնց բովանդակութիւնը. հո՛ս է որ ի յայտ կու գայ ճշմարիտ ընթերցողը եւ ինչու չէ նաեւ ճշմարիտ գրողը. օրինակի համար՝ եթէ այսօր չենք մոռնար Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարանը» աշխատութեան Պետրոսը եւ կամ Մալխասի Վարդանը, պատճառը այն է, որ անոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են մեր վրայ եւ յաջողած ենք ձեւով մը անմահացնել զանոնք մեր յոյզերուն մէջ: Այդ բոլորը լաւապէս զգալու համար պէտք է օրինակ առնել մանուկի մը առաջին քայլերը. ամէն գրող ունի իր ոճը եւ այդ ոճը կը ստեղծէ որոշ աստիճանաւորումներ. օրինակի համար՝ տակաւին առաջին անգամ արեւմտահայ գրականութիւն մը ընթերցողը պիտի չյաջողի ըմբոշխնել Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց»ը. եւ կամ Ինտրայի «Ներաշխարհ»ը. նոյնպէս բանաստեղծական որոշ հմտութիւններ լաւապէս չուսումնասիրած անձ մը լաւապէս պիտի չյաջողի հասկնալ Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը. այդ իսկ պատճառով այնպէս ինչպէս մանուկը իր քայլը որոշ աստիճանաւորումներով կը զարգացնէ, նոյնն է պարագան ընթերցանութեան:

Անցեալին գոյութիւն ունէր հասկացողութիւնը գրադարանապետի, որուն պաշտօնն էր իւրաքանչիւրին իր մակարդակին ու տարիքին համեմատ գիրքեր առաջարկել ու որոշ յանձնարարութիւններ ընել, որպէսզի անոնք կարենան քայլ առ քայլ զարգացում արձանագրեն իրենց ընթերցանութեան մէջ եւ այդ բոլորին արդիւնքը արտացոլայ իրենց մտածելակերպին ու ինչու չէ նաեւ ապրելակերպին մէջ: Հաւատացէք, որ ամէն գիրք չէ՛, որ մեր ընթերցանութեան արժանի է եւ այդ մէկը երբեւէ կապ չունի անոր որակին ու արժէքին հետ. գրութիւնը ունի իր հաստատուած արժէքը, որ իւրաքանչիւրիս համար տարբեր է. օրինակի համար՝ Պուրճ Համմուտի մէջ ապրող կօշկակար մը կարիքը պիտի չունենայ գրաբար լեզուով կարդալու Փաւստոս Բիւզանդի «Հայոց Պատմութիւն»ը. այս չի նշանակեր, որ ան իմաստութիւնն ու միտքի զարգացումը չի կրնար ունենալ այդ մէկը կարդալու, սակայն կայ տրամաբանութիւն մը. Բիւզանդը կը կարդայ պատմաբանը, ուսումնասիրողը, բայց ո՛չ կայարանի մը մէկ անկիւնը ժամանակ սպաննել փորձող անձը՝ որ գիրքին ներքին իմաստէն աւելի արտաքինը կը գնահատէ:

Վերջապէս հրապարակներու վրայ հազար ու մէկ գիրքերով ալ երեւինք, մեր անձն ու իմաստութիւնը ճշմարիտ հայելին են մեր մտային կարողութեան եւ երանի անոր, որ ո՛չ թէ գիրքերու կողքերով, այլ իրենց կեանքի օրինակով ու իմաստութեամբ հայելին կը դառնան իրենց զարգացած ըլլալուն:

Ինչքանո՞վ տրամաբանական է նման հարցերու մասին խօսիլ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ գիրքն ու ընթերցանութիւնը կը կորսնցնէ (արդէն իսկ կորսնցուցած է) իր արժէքը. գուցէ շատեր գնահատելի գտնեն այդ կեղծ ընթերցասիրութիւնը նոյնիսկ. որոշ տեղ համաձայն ենք այնքանով, որ կեղծ ընթերցանութիւնն ալ վերջապէս ընթերցանութիւն է, սակայն նման ընթերցանութիւն մը աներեւոյթ էակներու գոյութեան պէս են. որոնց գոյութիւնն ու անգոյութիւնը միշտ ալ հարցականի տակ եղած է ու պիտի ըլլայ:

Ու մենք այս բոլորէն ետք եւ բոլորին մէջ կը փորձենք գրել. գրել բոլոր անոնց համար՝ որոնք կ՚ընթերցեն թէ՛ հասկնալու եւ թէ ցուցադրելու համար, այն յոյսով, որ երկուքին մօտ ալ ծնունդ առնէ ինքնագիտակցութիւնը, որ պատճառ պիտի ըլլար մեր անգործութեան, որովհետեւ ինչքա՜ն պիտի ուզէինք չգրել՝ պարզապէս իտէալական վիճակի մէջ տեսնելու համար մեր հայ ազգը, որ բազմաթիւ հարցերուն վրայ առանց վարանելու նորերը կ՚աւելնցէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդիկ ինչո՞ւ կը ծխեն:

Պատասխան. Մարդիկ տարբեր եւ զանազան պատճառներով կը ծխեն.

ա. Կախուածութիւն. նիքոթինը մեծ կախուածութիւն կը յառաջացնէ, ինչ բանը կը ստպէ շատերուն, որ յաճախակի կերպով ծխեն, հակառակ անոր որ կը գիտակցին անոր պատճառած վնասներուն:

բ. Ճնշուածութենէ ազատում. որոշ մարդիկ ծխելը որպէս ճնշուածութեան եւ կամ անհանգստութեան դէմ պայքարելու միջոց կը գործածեն:

գ. Սովորութիւն. որոշ մարդոց համար ծխելը իրեն առօրեայի մէկ մասնիկը կը դառնայ:

դ. Ընկերային գործօններ. տարեկիցներուն ճնշումը կամ ընկերային միջավայրը կրնան մարդուն վրայ ազդել՝ սկսելու կամ շարունակելու ծխել:

ե. Մշակութային ազդեցութիւնները. որոշ մշակոյթներու մէջ ծխելը ընդունելի երեւոյթ է, նոյնիսկ խրախուսուած է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2024