ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԿԱՐԵՆԱԼ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ

Մար­դոց դի­մա­ւո­րուած կա­րե­ւոր հար­ցե­րէն մին է՝ օգ­տա­կա­րը եւ ա­նօ­գու­տը, ար­ժէ­քը եւ ա­նար­ժէ­քը չկա­րե­նալ զա­նա­զա­նել։ Ու­րիշ խօս­քով՝ մար­դիկ ի­րենց հա­մար կա­րե­ւոր եւ անհ­րա­ժեշտ ե­ղա­ծը եւ ո­րե­ւէ ար­ժէք չներ­կա­յաց­նո­ղը, վնա­սա­կա­րը չեն կրնար զա­նա­զա­նել, չեն անդ­րա­դառ­նար, թէ ո՛­րը օգ­տա­կար է եւ ո՛­րը վնա­սա­կար, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով կը տու­ժեն շատ ան­գամ եւ կը վնա­սուին։

Զոր օ­րի­նակ, շա­տեր կը ծռին եւ կը վերց­նեն հա­ցի փսոր մը, բայց ձեռք չեն եր­կա­րեր շատ ան­գամ փո­ղո­ցը՝ գե­տին պառ­կած խեղճ մար­դու մը։ Ուս­տի ար­ժէք գնա­հա­տել, կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յել, անդ­րա­դառ­նալ օգ­տա­կա­րին՝ մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թիւն եւ հմտու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Մար­դիկ, յա­ճախ շատ ան­կեր­պա­րան բա­նի մը կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տան, սա­կայն շի­տա­կը, ու­ղի­ղը, ճշմա­րի­տը կ՚ան­տե­սեն։ Ան­կեն­դան ի­րե­րու հետ կը հե­տաքրք­րուին, բայց կեն­դա­նի, ապ­րող էա­կը զանց կ՚առ­նեն։ Մարդ­կա­յին բնու­թեան մէջ կայ այս հա­կադ­րու­թիւ­նը, ար­դէն ե­թէ ա­մէն ինչ տե­ղին ըլ­լար կեան­քի մէջ, այս­քան նե­ղու­թիւն­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ, ցա­ւեր ու վիշ­տեր չէր ըլ­լար…։

Ես, զար­ման­քով եւ նոյն­պէս ափ­սո­սան­քով կը դի­տեմ շուր­ջին­նե­րուս ան­տար­բե­րու­թեան շատ ան­գամ, որ փո­խա­նակ զբա­ղե­լու օգ­տա­կար ու ար­դիւ­նա­բեր գոր­ծե­րով, կը նա­խընտ­րեն դա­տար­կա­բա­նու­թիւ­նը՝ ա­նի­մաստ ու անն­պա­տակ, պա­րապ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը։ Աշ­խար­հի վրայ երբ կը գտնուի տե­սակ տե­սակ նե­ղու­թիւն­ներ, դժուա­րու­թիւն­ներ՝ փո­խա­նակ ա­նոնց լու­ծում մը գտնել ջա­նա­լու, միայն խօ­սիլ եւ մա­նա­ւանդ ա­նի­մաստ ու անն­պա­տակ խօ­սիլ՝ «խօ­սած ըլ­լալ»ու հա­մար խօ­սիլ եւ ա­պար­դիւն խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րով ժա­մա­նակ վատ­նել, ժա­մա­նա­կը մս­­խել, ա­նօ­գուտ տեղ շռայ­լել՝ մարդ­կու­թեան կա­տա­րե­լի ա­մե­նէն ծանր վնա­սա­րա­րու­թիւն­նե­րէն մին է՝ գլխա­ւո­րը եւ ա­մե­նէն վտան­գա­ւո՛­րը։ Մինչ­դեռ ժա­մա­նա­կին ա­մէն մէկ պա­հը թան­կա­գին պար­գե՛ւ մըն է մար­դուս հա­մար։ Կեան­քին ա­մէն մէկ պա­հը ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ՝ որ եր­բեք կա­րե­լի չէ զայն կրկնել, այն­պէս որ կոր­սուած ժա­մա­նա­կը վե­րա­դարձ­նել, դար­ձեալ ապ­րիլ ան­կա­րե­լի՛ է եւ ա­մէն ինչ որ անկրկ­նե­լի է՝ ե­զա­կան է, եւ ա­մէն ե­զա­կան՝ թան­կա­գի՛ն…։

Իսկ ո­մանք չեն բա­ւա­րա­րուիր միայն դա­տար­կա­բա­նու­թիւն ը­նե­լէ, ա­ւե­լի մեծ ու ծանր վնաս­նե­րու պատ­ճառ կ՚ըլ­լան, երբ կը ստա­խօ­սեն, կը զրպար­տեն, կ՚ա­նի­ծեն եւ կը բամ­բա­սեն։ Բո­լորն ալ ի­րա­րու նկատ­մամբ ցա­ւա­լի, վնա­սա­կար եւ վտան­գա­ւոր մո­լու­թիւն­ներ…։

Զոր օ­րի­նակ, ստա­խօ­սու­թիւ­նը՝ դա­տարկ խօսք է, որ ո՛չ խօ­սո­ղին եւ ոչ ալ լսո­ղին ո­րե­ւէ օ­գուտ ու­նի։ Ինչ կար­գի սուտ ալ ըլ­լայ, «սուտ»ը վտան­գա­ւոր է եւ վնա­սա­կար հա­մայն մարդ­կու­թեան։ Զար­մա­նա­լի է, որ կան մար­դիկ, ո­րոնք կը պնդեն, թէ ո­րոշ դէպ­քե­րու սու­տը նե­րե­լի է եւ օգ­տա­կար։ Սու­տը, սի­րե­լի­նե՜ր, ո՛չ մէկ ար­դա­րա­ցում կրնայ ու­նե­նալ եւ ոչ մէկ օգ­տա­կա­րու­թիւն, քա­նի որ սու­տը հա­կա­ռակ է ճշմա­րի­տին, դէմ է ճշմար­տու­թեան։

Սու­տին օգ­տա­կար կող­մը գտնել կա­րե­լի չէ, եւ այդ­պէս մտա­ծող­ներ ի­րենք զի­րենք կը խա­բեն եւ ի­րենք սու­տին ծու­ղա­կին մէջ կը կոր­սուին։ Սու­տը՝ չա­րա­բա­նու­թիւն է եւ ինք­նա­խա­բէու­թի՛ւն…։

Սու­տին օգ­տա­կար եւ լաւ կող­մե­րը ցոյց տալ եւ այդ­պէս դաս­տիա­րա­կել տղաք, կը նշա­նա­կէ մո­լո­րած սե­րունդ­ներ հասց­նել՝ ո­րոնք ի­րա­րու եր­բեք վստա­հու­թիւն չեն ու­նե­նար, այլ տե­ւա­պէս եւ բնա­կա­նօ­րէն ա­մէն պահ կը ստեն՝ ուր կը կոր­սուի ճշմա­րիտն ու ճշմար­տու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ ուր որ չկայ ճշմար­տու­թիւն, հոն կա՛յ ստու­թիւն, կեղծ ու դի­մա­կա­ւոր ան­ձեր…։

Սու­տէն, ստա­խօ­սու­թե­նէն կը ծնին ա­մէն տե­սակ վա­տու­թիւն, կռիւ, թշնա­մու­թիւն։ Ստա­խօ­սը հետզ­հե­տէ կը կոր­սուի խա­ւա­րի մէջ՝ զոր ինք ստեղ­ծած է։

Մէ­կու մը խօս­քե­րը եւ կա­տա­րած գոր­ծե­րը երբ չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ի­րա­րու, ու­րեմն հոն սո՛ւտ մը կայ։

Ը­սել եւ չկա­տա­րել, կամ խօս­քով մեր-ժըւած բան մը կա­տա­րել՝ սո՛ւտ է, ստա­խօ­սու­թիւն է…։

Ժա­մա­նակն ալ, կեան­քի այն ար­ժէք­նե­րէն է, որ մարդ չի կրնար ա­նոր ար­ժէ­քը գնա­հա­տել, չա­րա­չար կը գոր­ծա­ծէ զայն, կը վատ­նէ եւ պէտք ե­ղած չա­փով չ՚օգ­տա­գործուիր ա­նոր բա­րիք­նե­րէն։ Պահ մը խոր­հե­ցէ՛ք, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, մարդ ա­մե­նէն շատ ի՞նչ կը շռայ­լէ, ի՞նչ կը մսխէ եւ ա­նօ­գուտ տեղ կը փճաց­նէ, կը վատ­նէ կեան­քի մէջ։ Դրա՞մ, ստա­ցուա՞ծք։ Ո՛չ մէ­կը, սի­րե­լի­ներ։ Մարդ ա­մե­նէն շատ ժա­մա­նակն է որ կը վատ­նէ, ա­նօ­գուտ տեղ կը փճաց­նէ զայն կեան­քի ըն­թաց­քին։ Մինչ­դեռ ա­մե­նէն թան­կա­գին ար­ժէքն է կեան­քին ժա­մա­նա­կը, որ ձրի կը տրուի մար­դուն։

Ար­դեօք ձրի՞ ըլ­լա­լուն հա­մար այս­քան դիւ­րին կը վատ­նուի, ա­նօ­գուտ կեր­պով կը գոր­ծա­ծուի ժա­մա­նա­կը։ Ժա­մա­նա­կը ձրի է, բայց ի վեր­ջոյ վախ­ճան մը ու­նի, մարդ կը նա­յի որ լրա­ցած է ա­նոր վար­կը եւ ա­ւար­տած է ա­նոր բա­րի­քը։

Այս ի­մաս­տով ժա­մա­նա­կը կեա՛նքն իսկ է։

Երբ մարդ կը սի­րէ կեան­քը, կ՚ու­զէ լա­ւա­գոյն կեր­պով ապ­րիլ կեան­քը, ա­պա ու­րեմն, ին­չո՞ւ պէտք ե­ղած կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը չ՚ըն­ծա­յեր ժա­մա­նա­կին, չի սի­րեր ժա­մա­նա­կը եւ կը շռայ­լէ, կը վատ­նէ զայն…։

Ժա­մա­նա­կին ա­մէն մէկ յան­կեր­գը հա­շիւ կը պա­հան­ջէ մար­դէն։ Թան­կա­գին րո­պէ­ներ կը սա­հին, կ՚անց­նին ու կ՚եր­թան եւ մար­դուս տրուած ձրի վար­կը հետզ­հե­տէ կը հաս­նի իր ա­ւար­տին, եւ մարդ չ՚անդ­րա­դառ­նար կեան­քին էա­կան ու կեն­սա­կան ար­ժէ­քին։

Վայր­կեան­ներ, ժա­մեր այն­քան կա­րե­ւոր են՝ որ­քան կեան­քը։ Ա­մէն պահ ժա­մա­նա­կի, ա­մէն վայր­կեան հնչիւն մըն է անդ­րա­դարձ­ման, խա­րա­զան մը զայն Ըն­ծա­յո­ղին, որ չի թո­ղուր, որ մարդ կանգ առ­նէ, ծու­լա­նայ, յու­լա­նայ եւ ա­լա­րի, ո­րոնց կը յա­ջոր­դէ քնա­նա՛լ։

«Ար­թո՛ւն մնալ»։ Մարդ հլու եւ յօ­ժար հպա­տակ ըլ­լա­լու է այս աս­տուա­ծա­յին հրա­հան­գին։

Մարդ պար­տի մրցման մէջ ըլ­լալ ժա­մա­նա­կին հետ, ա­մէն մէկ պա­հը օգ­տա­գոր­ծել՝ ինչ­պէս կ՚օգ­տա­գոր­ծէ հա­ցին ա­մէն մէկ փշրան­քը։ Ար­դա­րեւ, հա­ցի փշու­րին տրուած կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ե­թէ տայ մարդ ժա­մա­նա­կի ա­մէն մէկ պա­հին, շա՜տ հար­ցեր ար­դէն լուծուած պի­տի ըլ­լան։ Ուս­տի կա­րե­ւո­րը հար­ցը լաւ նկա­տել եւ ըստ այնմ լու­ծում գտնե՛լն է։

Եւ մարդ որ­քան հա­ցին փսո­րին, նո՛յն­քան ժա­մա­նա­կին ա­մէն մէկ պա­հուն կա­րե­ւո­րու­թիւն պէտք է ըն­ծա­յէ, բայց ա­ւե­լի քան բո­լո­րը՝ իր նմա­նին, մար­դը մա՛ր­դուն պէտք է ար­ժէք ըն­ծա­յէ, ի­րա­ւունք ճանչ­նայ, օգ­նէ եւ մար­դա­սի­րա­կան ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րով մօ­տե­նայ իր նման­նե­րուն…։

Չէ՞ որ Յի­սուս կ՚ը­սէ՝ թէ կա­րօ­տեա­լի մը օգ­նել՝ Ի­րե՛ն կա­տա­րուած կը նկա­տուի։

Ի­րաւ քրիս­տո­նեան այ­լա­պէ՛ս մտա­ծողն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 25, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015