ՀՈ­ԳԵՄ­ՏԱ­ՒՈՐ ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ԾՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ ԱՆՁ ԻՆՔ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ ԵՒ Ա­ՆՈՒՆ - Ժ -

Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան, իր «Հա­յոց անձ­նա­նուն­նե­րի բա­ռա­րան»ին (1942) «Ա­ռա­ջա­բան»ին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Այս աշ­խա­տու­թեան նպա­տակն է հա­ւա­քել, դա­սա­ւո­րել եւ ու­սում­նա­սի­րել այն բո­լոր ա­նուն­նե­րը, որ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, ո­րե­ւէ հայ ան­հատ կրած է եր­բե­ւի­ցէ, ան­կախ իր ու­նե­ցած դիր­քէն ու աս­տի­ճա­նէն՝ ըն­դու­նած կրօ­նէն ու դա­ւա­նան­քէն եւ ապ­րած շրջա­նէն կամ երկ­րէն»։ Այս տո­ղե­րէն կը հասկ­ցուի, թէ «ա­նուն»ը բո­լո­րո­վին ան­կախ է ար­տա­քին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րէ եւ միա­ցած՝ ա­նու­նը կրո­ղ ան­ձին՝ ինք­նու­թեան։

Ու­րեմն շա­րու­նա­կենք ա­նուն­նե­րու ի­մաս­տը ներ­կա­յաց­նել, այն ա­նուն­նե­րը՝ ո­րոնք ո­րե­ւէ շրջա­նի, ո­րե­ւէ տեղ գոր­ծա­ծուած են հա­յոց կող­մէ։

Սա­հաբ= ըն­կեր, բա­րե­կամ, ա­շա­կերտ. «sahip»

Սա­հա­բիեար= սի­րե­լի բա­րե­կամ, ըն­կեր

Սա­հակ= Ի­սա­հակ= ծի­ծա­ղիլ, կա­տա­կել, ու­րա­խու­թիւն, հրճուանք

Սա­հա­կա­դուխտ= Սա­հա­կի դուրստ­րը

Սա­հա­կա­նոյշ= Սա­հակ ա­նուան ի­գա­կան ձե­ւը

Սա­հար= ա­րե­ւա­ծագ, «sahar», «seher»

Սա­հար­գուլ= ա­ռա­ւօ­տու վարդ

Սա­հար­նազ= այն որ ա­ռա­ւօ­տուն կը նա­զէ. նա­զանք

Սահշ= ե­րե­սի մի­սը քիչ մը նի­հար՝ ի՛նչ որ գե­ղեց­կու­թեան նշան կ՚ըն­դու­նուի. «sahl»

Սահ­մի= հայ­կա­կան տո­մա­րի «սահ­մի» ամ­սա­նու­նը

Սա­ղա­թիէլ= հարց կամ ա­ղերս Աս­տու­ծոյ. կամ «ա­ղա­չե­ցի Աս­տու­ծոյ». «Saletiel»

Սաղ­դա­դին= կրօ­նի եր­ջան­կու­թիւն

Սաղ­դաթ= եր­ջան­կու­թիւն

Սաղ­կի= մատ­ռուակ՝ գի­նի հրամց­նող սպա­սեակ

Սաղ­մո­սիկ= «սաղ­մոս» բա­ռէն

Սամ= ծիա­ծան, հուր. «sam»

Սա­մու­բէյ= «բարձր» դիր­քի ի­մաս­տով

Սա­մուէլ= Շմուէլ= Աս­տուած լսեց. «Samuel»

Սամ­փսոն= ա­րե­գակ, «Simson», «Semes»

Սա­յա­բալ= զուտ, մա­քուր մեղր

Սա­յադ= Սա­յեադ= որ­սորդ

Սա­յամ= իմ մա­քուր մեղր

Սայ­դի= Տէր իմ. պա­րոնս. «Sayyid» ու­նի նաեւ՝ «Սայ­դօ», «Սայ­դոյ», «Սա­տօ», «Սայ­տուն» ձե­ւե­րը. իսկ ի­գա­կան ձեւն է՝ Սե­դա

Սա­յիլ= հարց­նող կամ մու­րա­ցիկ. «sa՚il»

Սայ­մէ­լէք= «Ի­սա­յի-մէ­լէք». Յի­սու­սի հրեշ­տա­կը

Սա­նաթ= ճար­տա­րու­թիւն, վար­պե­տու­թիւն. ար­հեստ. (ա­րա­բե­րէն՝ «san՚at»)

Սա­նամ= ար­ձան, կուռք, եւ սի­րու­հի - ի­գա­կան ա­նուն գոր­ծա­ծուած. «Şanam»

Սա­նա­սար= թա­գա­ւոր ար­քայ եւ դի­զել, բա­ռե­րէն ա­նուն. թա­գա­ւո­րը պատս­պա­րէ. «Sareşer»

Սա­նատ­րուկ= Սե­նե­քե­րիմ= Սա­նո­տայ տուրք

Սան­դուխտ= ա­շա­կերտ, ձեռ­նա­սուն աղ­ջիկ զա­ւակ

Սանթ­րոս= «Ա­լեք­սան­դոս» բա­ռին կրճատ ձե­ւը

Սա­նոս= «Ա­լեք­սիա­նոս»ին կրճատ ձե­ւը

Սան­ջար= Սան­ճար= թա­գա­ւոր

Սա­չի= հար­սա­նե­կան նուէր

Սա­պի= մա­նուկ. «sabi»

Սա­ռա= թա­գու­հի, իշ­խա­նու­հի

Սաս­նա= «Սա­սուն» գա­ւա­ռի ա­նու­նէն

Սաս­նո­պար= Սա­սու­նի յա­տուկ պար, որ ու­նի եր­կու նշա­նա­կու­թիւն՝ լեռ­նե­րու շարք, լեռ­նաշղ­թայ, եւ խա­ղա­լու պար, շուրջ­պար

Սավ­գուլ= սի­րե­լի. նաեւ՝ «Սաւ­գու­լու»

Սավ­լու= նո­ճի. «serv»

Սա­տէթ= եր­ջան­կու­թիւն. «sa՚adet»

Սա­տոյ= հա­րիւ­րա­ձի՝ այն որ հա­րիւր ձի ու­նի

Սա­րայ­մէ­լէք= պա­լա­տի հրեշ­տակ

Սար­գիս= ա­սո­րե­րէն՝ «Sargis», լա­տի­նե­րէնլ «Sergius», ֆրան­սե­րէն՝ «Serge», ի­տա­լե­րէն՝ «Sergio», վրաց. «Սար­գիս», «Սեր­գիս». բուն հռով­մէա­կան ա­նուն. պա­տա­հա­կան նմա­նու­թիւն ու­նի պարս­կե­րէն «Sarkis» բա­ռին հետ՝ որ կը նշա­նա­կէ «ծիա­ծան», խե­լա­ցի, ու­շիմ, խո­հա­կան, խել­քով շար­ժող. «Sergius Paulus»

Սար­գուլ= վար­դե­րու ա­մե­նա­լա­ւը, գլխա­ւո­րը

Սար­դար= զօ­րա­վար

Սա­րի= թրքե­րէն «sarı»՝ դե­ղին բա­ռէն

Սա­րին= թրքե­րէն «serin» զով, հո­վա­սուն, պա­ղուկ բա­ռէն

Սար­կա­ւագ= «սար­կա­ւագ» բա­ռէն՝ որ անձ­նա­նուն է դար­ձած, ինչ­պէս կրօ­նա­կան կարգ մը աս­տի­ճան­ներ

Սար­հատ= սահ­ման, սահ­մա­նագ­լուխ

Սա­րուէն= Սար­վէն= պարս­կե­րէն՝ «Sarvin»

Սա­րու­խան= դե­ղին խան

Սա­րու­մե­լիք= դե­ղին թա­գա­ւոր, իշ­խան

Սաւ­գուլ= սի­րե­լի

Սաւ­զի= չա­միչ. նաեւ՝ «Սաւ­զիկ»

Սա­ֆի­րա= հրէա­կան ա­նուն՝ «Ա­պի­րատ»

Սա­ֆա­լա= Աս­տու­ծոյ սու­րը

Սա­ֆար= ճամ­բոր­դու­թիւն. «Սէ­ֆէր»

Սաֆ­րազ= գլու­խը բարձր բռնած՝ հպարտ

Սե­բէոս= բա­րե­պաշտ

Սե­բուխտ= այն ո­րուն փրկած են ե­րե­քը

Սե­դա= ա­րա­բե­րէն՝ «Şeyda»՝ տի­րու­հի

Սեդ­րաք= եբ­րա­յե­րէն «Sadrak». բուն բա­բե­լո­նա­կան ա­նուն

Սե­լամ= ող­ջոյն, բա­րեւ. նաեւ՝ խա­ղա­ղու­թիւն, փրկու­թիւն

Սե­լա­մա= թարմ, նուրբ, սի­րուն կին

Սե­լիմ= ա­զատ, ողջ, զերծ, ա­նա­րատ

Սե­կուն­դոս= երկ­րորդ. նա­խա­պէս վե­րա­դիր, ա­պա ան­կա­խա­պէս անձ­նա­նուն գոր­ծա­ծուած է (Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան)

Սեղ­բեստ­րոս= լա­տի­նե­րէն «Silvester». ծա­գած է «silva»՝ ան­տառ բա­ռէն եւ կը նշա­նա­կէ՝ ան­տա­ռա­յին, գեղ­ջա­կան, վայ­րի, անմ­լակ

Սե­մի­զար= ար­ծաթ եւ ոս­կի

Սե­նե­քե­րիմ= «Սին»՝ որ է Լու­սին աս­տուած եղ­բայր­ներս բազ­մաց­նէ, շատց­նէ

Սե­պուհ= «սե­պուհ» բա­ռէն՝ իշ­խա­նա­կան տիտ­ղոս­նե­րէ շի­նուած ա­նուն. «Շա­պուհ»

Սէ­ճան= պարս­կե­րէն «se»՝ ե­րեք, եւ «can»՝ հո­գի, անձ. այ­սինքն՝ ե­րեք հո­գի, ե­րեք անձ

Սեվ­լի= նո­ճի

Սե­րով­բէ= «սե­րով­բէ»՝ հ­րեշ­տակ­նե­րու մէկ դա­սը կը ներ­կա­յաց­նէ. ա­րա­բե­րէն՝ «İsrafil»

Սե­ւա­դա= ա­րա­բա­կան ա­նուն. «Savad» սեւ բա­ռէն ծա­գած ա­նուն

Սե­ւաստ= «Sophocles». օ­գոս­տա­փա­ռու­հի, վե­հա­փա­ռու­հի

Սե­ւար= ա­րա­բե­րէն՝ «Sivar». ա­պա­րան­ջան

Սե­ւեկ= «սեւ» բա­ռի գգուա­կան ձե­ւը

Սե­ւի= «Սե­ւիկ»=սեւ բա­ռի փա­ղաք­շա­կա­նը

Սե­ւինջ­բէկ= ու­րա­խու­թիւն, ցնծու­թիւն՝ բէկ բա­ռով միա­սին. յու­նա­րէն՝ «Ի­լա­րիոն»

Սէթ= եբ­րա­յե­րէն՝ «şith». ժա­ռանգ տալ

Սէ­լէֆ= նա­խորդ

Սէմ= ա­նուն

Սէյ­րան= պտոյտ, զբօ­սանք. զուար­ճու­թիւն

Սէն­կիւլ= դուն վարդ ես

Սէր= «սէր» բա­ռը

Սթի= Սե­դա= տի­կին, տի­րու­հի

Սիա­մոն= Սի­մէոն= Շմոն= Սա­մո­նաս

Սիա­նոս= «Ա­լեք­սիա­նոս» ա­նուան կրճա­տը

Սի­ղա= Շի­ղա= «Silva»՝ ան­տառ բա­ռէն. «Silvanus» ան­տառ­նե­րու չաս­տուա­ծը

Սիմ= ար­ծաթ

Սի­մա= ա­րա­բե­րէն՝ «sima»՝ դէմք, ե­րես. նաեւ՝ Հռիփ­սի­մէ ա­նուան կրճատ ձեւ՝ ԺԵ դա­րէն (Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան)

Սի­մէոն= Շմա­ւոն= Սի­մոն= լսել, հնա­զան­դիլ, նաեւ՝ լսող, հնա­զան­դող

Սի­նա= «սի­րա­մարգ» ա­նու­նէն

Սի­նան= «Sinan»՝ նի­զակ

Սին­դու­խան= Հնդկաս­տա­նի «Սինդ­հի» երկ­րա­նու­նէն

Սիոն= եբ­րա­յե­րէ՝ «Şiyon», «Սիովն». լե­րան ա­նու­նէն՝ «Սիովն», «Սիօն»

Սի­պիլ= ֆրան­սե­րէն՝ «Sibylle», «Sibylla»՝ հին աշ­խար­հի մար­գա­րէու­հի

Սի­սի­լա= ֆրան­սե­րէն՝ «Cécile» սրբու­հիի ա­նուն

Սի­րա­դեղ= սի­րոյ դար­ման

Սի­րա­կան= սի­րե­լի

Սի­րա­մարգ= սի­րա­մարգ թռչա­նու­նէն

Սի­րան= «Սի­րա­նոյշ» ա­նուան կրճատ ձե­ւը

Սի­րա­նէս= Սի­րա­նոս= «Յով­հան­նէս», «Վրթա­նէս»ի նման ա­նուն

Սի­րա­նոյշ= սէր եւ ա­նոյշ բա­ռե­րէն ա­նուն. սի­րոյ նման, սի­րոյ նշան, իսկ պարս­կե­րէն՝ «Siruş» կը նշա­նա­կէ՝ երկ­նա­յին հրեշ­տակ, «Սի­րան», «Սի­րուշ» եւ «Սի­րա» ձե­ւե­րը գոր­ծա­ծուած է (Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան)

Սի­րա­տան= իշ­խան, տէր

Սի­րար­փի= սի­րոյ ա­րե­գակ

Սի­րա­ւագ= ֆրան­սե­րէն՝ «sire»՝ իշ­խան եւ հա­յե­րէն՝ «ա­ւագ» բա­ռե­րով կրկնակ պա­տուա­նուն

Սի­րաք= տա­ռա­դար­ձուած յու­նա­րէն ա­նուն

Սիր­մա= ոս­կե­թել

Սի­րուխտ= սի­րոյ ուխտ

Սի­րու­հի= ֆրան­սե­րէն՝ «sire» բա­ռէն՝ իշ­խան-իշ­խա­նու­հի

Սի­րուն= հա­յե­րէն «սի­րուն» բա­ռը

Սի­րու­նակ= Սի­րու­նիկ= «սի­րուն» բա­ռի փա­ղաք­շա­կան ձե­ւէն ա­նուն

Սի­րու­նան= սի­րուն մայր

Սիր­պէկ= ֆրան­սե­րէն «sire» իշ­խան եւ թրքե­րէն «beg» հո­մա­նիշ բա­ռե­րով

Սիր­վարդ= սի­րոյ վարդ. սի­րուն ծլած վար­դը

Սիվ­լիկ= Սիւ­լիկ= սե­ւու­լիկ, սե­ւուկ

Սիւ­ղոս= Շի­ղա= «Silvanus»՝ ան­տա­ռա­յին, գեղ­ջուկ

Սլաք= «սլաք» հա­յե­րէն բա­ռը

Սկա­յոր­դի= հսկայ որ­դի, զա­ւակ

Սմբատ= «Sinbad»=ե­րա­նեալ ա­նու­նէն

Սմբուլ= «սնբուլ» ծաղ­կա­նու­նէն. յա­կինթ՝ թան­կա­գին կա­պոյտ քար՝ սու­տակ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 24, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016