Ո՛ՐՔԱՆ ՈՒՆԵՆԱԼ ԵՒ Ի՛ՆՉ ՈՒՆԵՆԱԼ

Մարդկային Բնութիւնը միշտ կ՚ուզէ ունենալ, եւ միշտ աւելի՛ն ունենալ։ Բայց կարեւորը ունեցածին ո՛չ թէ քանակը, այլ՝ որա՛կն է։ Ուրիշ խօսքով՝ որեւէ վնասակար բանէ մը շատ ունենալէն աւելի երանելի՜ է քի՛չ ունենալ, բայց օգտակար բան մը ունենալ։ Եթէ որակին կարեւորութիւն ընծայուի, այն ատեն քանակը այդքան կարեւորութիւն չի ստանար, քանի որ աւելի լա՛ւ է եւ նախընտրելի՝ բարին քան չարը, օգտակարը քան վնասակարը եւ աղէկը քան գէշը։ Եւ ուրեմն, կարեւորը՝ «ո՛րքան ունենալ»ը չէ՛, այլ՝ «ի՛նչ ունենալ»ը։

Մարդ անշուշտ որ երջանիկ ըլլալ կ՚ուզէ, իսկ երջանկութեան միջոցը կամ առարկան է ուզածին տիրանալ, աւելի՛ ճիշդ է ըսել՝ նպատակին հասնիլ։ Ուրեմն, «չար նպատակ»ի մը հասնիլ երջանկութիւն կարելի՞ է համարել։ Մարդ չար եւ աննպաստ միջոցով մը կրնա՞յ երջանիկ ըլլալ։

Ուրիշ տեսանկիւնէ մը դիտելով՝ մարդ միայն նիւթական ստացուածքով երջանիկ կրնա՞յ ըլլալ երբ կը պակսի հոգեւորը։ Հարստութիւն մը՝ որ անարդարութեամբ շահուած է, հարստութիւն մը՝ որուն մէջ ո՛չ թէ արդար քրտինք, այլ՝ անիրաւուածներու արցունքը կայ, կարելի՞ է որ երջանկութիւն բերէ։ Երջանկութիւնն ալ ի վերջոյ ներքին խաղաղութեան, հոգեւոր գոհունակութեան հարց մըն է, եւ ուրեմն երջանկութիւնը կարելի չէ՛ միայն նիւթական բաւարութեամբ չափել։ Արդէն, իսկական երջանկութիւնը՝ նիւթականին՝ հոգեւոր արժէքներու հետ ներդաշնակութեան մէ՛ջ է։ Հոն՝ ո՛ւր նիւաթականը եւ հոգեւորը զիրար կը հակակըշ-ռեն, հո՛ն, ահաւասիկ երջանկութիւնը կը յայտնուի։ Եւ այս պարագային՝ խի՛ղճը կարեւոր դեր մը կը խաղայ…։

Ուստի, մարդ երբ երջանկութեան, կատարելութեան կը ձգտի, պէտք չէ՛ մոռնայ երջանկութեան ակը եւ աղբիւրը։ Միայն նիւթական արժէքներու վերագրել երջանկութիւնը՝ անտեսել կը նշանակէ աւելի բարձր արժէքներ՝ իրերօգնութեան զգացումը, խիղճը եւ բարոյականը, առանց որոնց երջանկութիւնը երբեք կատարեալ չ՚ըլլա՛ր։

Արդարեւ, բաւարարութեան զգացումը երեք աստիճաններու վրայ կ՚ընթանայ։ Եթէ այդ բաւարարութիւնը նիւթական կամ ֆիզիքական արժէքի մը մասին է, այդ «ուրախութիւն» է եւ ո՛չ երջանկութիւն։

Եւ երբ ուրախութեան պատճառին միանայ նաեւ հոգեւոր պատճառ մը՝ այդ կ՚ըլլայ «երջանկութիւն», քանի որ ուրախութիւնը կը կատարելագործուի, բաւարարութիւնը կ՚ամբողջանայ։ Յաճախ յիշելու ենք, թէ մարդ ո՛չ միայն մարմնական, այլ նաեւ՝ հոգեւոր ե՛ւ մտաւոր արարած մըն է, եւ ուրեմն այդ երեք արժէքին ամբողջութիւնն է անոր կեանքը։

Բաւարարութեան գագաթնակէ՛տն է՝ «երջանկութիւն»ը, որ միա՛յն հոգեւոր բաւարարութեամբ կարելի է հասնիլ անոր։

Այս զգացումներու ընթացքը կարելի է նմանցնել դէպի վեր բարձրացող սանդուխի մը՝ որուն ամէն մէկ աստիճանը «ուրախութիւն» է, որոնք հետզհետէ, հոգեւոր բաւարարութիւններով՝ «երջանկութիւն» կ՚ըլլան, այսինքն՝ աստիճանները՝ ուրախութիւն, սանդուխը երջանկութիւն է։ Իսկ սանդուխին վերջաւորութեան մարդ կը հասնի իր նպատակին՝ «երանութեա՛ն»՝ որ գագաթնակէ՛տն է իր բաւարարութեան, ձերբազատուած ամէն մարմնական, ֆիզիքական բաւարարութիւններէ՝ միա՛յն հոգեւոր բաւարարութիւն մը, աստուածային լիակատար հոգեվիճակ մը՝ վարձատրութի՛ւն մը։

Մարդ երբ ինքնաշարժի մը տիրանայ, զոր օրինակ, կ՚ուրախանայ իր ունեցածով, բայց եթէ այդ ինքնաշարժով բարի եւ օգտակար գործ մը կատարէ՝ կ՚երջանկանանա՛յ։ Բնական զգացում մը եւ պարզ օրինակ մըն է ասիկա, թէ ուրախութիւնը ֆիզիքական բաւարարութիւն կը պատճառէ, իսկ երջանկութիւնը՝ թէ՛ մարմնական եւ թէ՛ հոգեկան։ Իսկ «երանութիւն»ը՝ բոլորովին անջատուած է այս երկուքէն, բոլոր մարմնական բաւարարութիւնները մէկ կողմ թողած՝ միա՛յն հոգեւոր բաւարարութիւն մը կ՚ենթադրէ։

«Եթէ ամանը մաքուր չէ, անոր մէջ դրուած ամէն ինչ կ՚աղտոտի» (Horatius)։ Ուրեմն, եթէ մարմինը պիղծ է, այլապէս հոգին ալ անմաքուր կ՚ըլլայ, եւ այս կը նշանակէ, թէ՝ ուրախութիւնը պէտք է արդա՛ր պատճառի մը արդիւնք ըլլայ, որպէսզի մարդ կարենայ երջանիկ ըլլալ եւ ընթանալ դէպի երանութիւն։

Մարդ, ուրեմն, երջանիկ ըլլալու համար, պէ՛տք է «կատարեա՛լ» ըլլայ։ Գոնֆիկիոս, կատարեալ մարդը սապէս կը սահմանէ. «Կատարեալ մարդը՝ զօրաւոր նկարագրի տէր, ուղղամիտ եւ ճշմարտութեան ձգտող մա՛րդն է»։ Ասկէ ալ կը հետեւի, թէ՝ երջանիկ ըլլալու համար, մարդ նախ պէ՛տք է ուղղամիտ եւ ճշմարտասէր ըլլայ, արդար եւ իր հաւատալիքներուն հաւատարիմ, զօրաւոր նկարագրի տէր ըլլայ, իսկ այն որ իր արտայայտութիւններուն եւ գործերուն մէջ շիտակ չէ, անկեղծ չի վարուիր, անիկա երբեք երջանիկ չի կրնար ըլլալ, եթէ նոյնիսկ ուրախ ըլլայ, ուրախութիւն զգայ ժամանակի մը համար։ Արդարեւ, ուրախութիւնը ժամանակաւոր զգացում մըն է՝ քանի որ մարդ չի կրնար տեւապէս ուրախ զգալ ինքզինք որեւէ բանէ մը։ Մարդ իր փափաքած որեւէ բանի մը երբ տիրանայ, անշուշտ որ կ՚ուրախանայ, յետոյ ժամանակի ընթացքին ան սովորական կը դառնայ եւ ուրախութիւնը հետզհետէ կը նուազի եւ քանի որ ուրախութիւն պատճառած բանը նիւթական բան մըն է, կը հիննայ, թերեւս կ՚ոչնչանայ եւ ուրախութիւնը կը վերածուի տրտմութեան։ Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ ուրախութիւնը չի՛ գոյատեւեր, կը պակսի եւ մինչեւ իսկ տրտմութեան կը վերածուի։

Իսկ երջանկութիւնը տեւական կրնայ ըլլալ, քանի որ անոր պատճառներէն մին՝ հոգեկան է եւ հոգին երբեք չի՛ վերջանար, տեւական է։ Անշուշտ բա՛ւ է որ հոգին մաքուր ըլլայ եւ չազդուի մարմնական անմաքրութիւններէն։ Երջանիկ են այն մարդիկ, որ ո՛չ թէ բաւական ստացուածք ունին, այլ՝ ունին ներքին խաղաղութիւն՝ հանդարտ խիղճ եւ մաքուր սիրտ։

Ուստի, հանդարտեցնենք մեր խիղճը, սրբացնենք մեր սիրտը, սիրով, ողորմութեամբ, հաւատարմութեամբ լեցնենք զայն, եթէ կ՚ուզենք իրապէ՛ս «երջանիկ» ըլլալ։ Եւ այդ երջանկութիւնն է որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի երանութիւն, ինչ որ մարդուս կոչումն է եւ նպատա՛կը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 29, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2017