ՁՄՐԱՆ ՄՈ՜ՒԹ ԱՄՊԵՐ
Բնութեան համար ձմեռը՝ իր մութ ամպերով սուգի եղանակ մը, տխուր շրջան մըն է։ Ձմրան մութ ամպերուն տակ, կածես ամենէն զուարթ մարդն իսկ կը դառնայ մելամաղձոտ տխուր մարդ մը, յաճախ յուսալքուած եւ տրտում։ Այս կը նշանակէ, թէ՝ մարդ առաւելապէս կ՚ազդուի արտաքին ազդակներէ, շարժառիթներէ եւ նաեւ բնութեան երեւոյթներէն, եղանակներէն։ Այնպէս չէ՞, գարնան եւ ամրան ո՜րքան աշխոյժ, եռանդուն եւ զուարթ է մարդ, բայց նոյն մարդը՝ աշնան եւ ձմրան բոլորովին կը փոխուի, տրտում եւ երբեմն մելամաղձոտ վիճակ մը կը ստանայ, այնպէս որ կարծես նոյն անձը չ՚ըլլար։
Մարդը նո՛յն մարդն է, բայց փոխուած արտաքին երեւոյթներուն, բնութեան պայմաններուն համաձայն տարբեր զգացումներով լեցուած՝ տարբեր արտայայտութիւններ կ՚ունենայ։ Կարծես խնճոյքէ մը, հաճելի միջավայրէ մը կ՚ելլէ մարդ եւ սուգը կը մտնէ, բնութեան համակերպելով՝ իր գունագեղ հագուստէն մերկանալով՝ սպիտակ պատանքի մը մէջ փաթթուած մութերուն կը խառնուի։ Եւ մութը կը պատէ զայն։
Գիտէք, ոմանք սուգը կ՚ապրին ձայնաւոր կերպով՝ բարձրաձայն. ողբալով, լալով եւ անդադար խօսք թափելով, անվերջ պոռթկումներով, իսկ ուրիշներու սուգը՝ լուռ է, անձայն, անշշուկ, անաղմո՛ւկ։
Բնութեան սուգը այդ երկրորդ տեսակին կը պատկանի՝ անոր սուգը անձայն է եւ անաղմուկ։
Եւ ընդհանրապէս ձմրան մէջ բնութեան այդ լռութիւնը մեռելայի՛ն անձայնութիւն մըն է։
Իսկ լռութիւնը, շատ մը դիւրազգած հոգիներու համար բարոյական բանտ մըն է։ Երբ ձմեռ է, կարծես բնութեան լեզուն կը կապուի, կը կաշկանդուի, կը բանտարկուի՝ ամուլ եւ անշարժ կը լճանայ։ Սակայն, հազիւ թէ գարունը հասնի՝ լեզուն բանտէն կ՚արձակուի՝ կը բացուի՛։ Կը սկսի խօսիլ, եւ նոյնիսկ երգե՜լ՝ որուն հաճոյքով կը մասնակցին թռչուններ, գետեր, առուակներ, տեսակ տեսակ կենդանի էակներ, անասուններ, անբաններ՝ որոնք ձայն ունին, թէեւ «անասուն» կ՚անուանուին, քանի որ մարդիկ չեն հասկնար անոնց «խօսք»ը, ձայնին իմաստ եւ նշանակութիւն չեն գտնել… եւ այս բնութեան ձայնին կը մասնակցին մինչեւ իսկ ճպուռներ եւ յետին բզէզներ՝ մի՛շտ համանուագ։
Բնութեան զուարթ ձայնը, կենսատու երգը գէթ կիսովի իր ձայներուն մէջն է բոլոր այս կենդանի էակներուն, որոնք տեղ կը գրաւեն բնութեան մէջ։
Եւ երբ ձայնը դադրի՝ կեանքը կը վերջանայ։
Կեանքը «կեանք» ընողը «ձայն»ն է՝ ձայնի ալիքները, որոնք կը տարածուին եւ կը գոչեն՝ «մենք կենդանի՛ ենք», «մենք կ՚ապրինք», «մենք հո՛ս ենք». ասիկա կենսունակութեան, գոյատեւման փաստ մըն է՝ գոչիւն մը, որ կեանքին ապացո՛յցն է…։
Եւ բնութիւնը կը լռէ, անձայն կը մնայ, երբ կը հասնի ձմրան մո՜ւթ եղանակը, բնութիւնը, ուրեմն կը մեռնի, թէեւ երբեմն առանց թաղուելու, երբեմն ալ իսկապէս թաղուելով երբ ամէն կողմ պատէ մո՜ւթ ամպերը։
Երբ ձմեռը գայ եւ անողոքօրէն լռեցնէ ամէն ձայն, կը դադրի նաեւ բնութեան ձայնը, եւ կը լռեն թռչուններ, արեգակ եւ անասուններ, որոնք իրապէս կ՚ըլլան «ան-ասուն» եւ կը դադրի ամէն ձայն։
Քանի որ ըսինք, թէ՝ ձայնը կեա՛նք է, ապա ուրեմն կը դադրի նաեւ կեանքը, կենսունակութիւնը։
Սիրելի՜ բարեկամներ, երբեք դիտած էք թռչուն մը՝ առաւօտեան կանուխ խաղաղիկ մէկ պահուն, երբ եղանակը արդէն ձմեռ է, ամէն կողմ ձիւնը պատած եւ առաւօտեան այս ժամերուն՝ օդը շատ աւելի՛ ցուրտ։ Թռչունը, թէեւ ձմրան մութ եւ թանձր միջավայրէն ազդուած ըլլալու էր, բայց անիկա կ՚երգէ սոխակի մը նման՝ թէեւ անիկա սոխակ մը չէ՛։
Թռչունը իր ինքնութիւնը, իր գոյութիւնը, իր կենդանութիւնը ցոյց կու տայ երգով, ձայնով։ Եւ երբ մարդիկ եւ ամբողջ բնութիւնը մեռելային լռութեան մը մատնուած, ամուլ եւ անշարժ կը մնան թռչունը, որ «սոխակ» մը իսկ չէ, սոխակի նման կ՚երգէ, կը ձայնէ եւ կը գոչէ՝ «ես հո՛ս եմ ահաւասիկ», «ես կ՚ապրիմ», «ես չե՛մ իրաւազրկուած իմ ապրելու իրաւունքէս», «եթէ նոյնիսկ ամբողջ բնութեան բաղկացուցիչները՝ կենդանիներ, լեռներ, գետեր, առուակներ, մինչեւ իսկ մարդիկ լռեն, ես չե՛մ լռեր, ես իմ ձայնս եւ կեանքս չե՛մ բանտարկեր, ես ինքզինքս չե՛մ կաշկանդեր, քանի որ ահաւասիկ ես կ՚ապրիմ, կեանք ունիմ եւ այդ կեանքը ապրելու արդա՛ր իրաւունք»։ Այսպէս կ՚ըսէ այդ թռչունը, երբ կ՚երգէ սոխակի մը նման, բայց «սոխակ» իսկ չէ՛։ Այդ «սոխակ» իսկ չեղող բայց սոխակի նման երգող թռչունը հերոս մըն է՝ որ կը պաշտպանէ իր արդար իրաւունքը՝ կեանքը ապրելու իրաւունքը, ամառ-ձմեռ, գարուն-աշուն, քանի որ ամէն եղանակի, ամէն շրջանի կեանքը նո՛յն կեանքն է, ապրելու իրաւունքը միշտ անփոփոխ եւ մշտնջենաւո՛ր։
Եւ ձմեռ եղանակին՝ առտուան այդ կճող ցուրտին, թռչունը դա՛ս մը կու տայ «մարդ»ուն, քաջութեան, արիութեան, իրաւունքներու տէր կանգնելու գիտակցութեան եւ մանաւա՛նդ ապրելու իրաւունքին նուիրականութեան հրաշալի՜ դա՛ս մը, քաջ ըլլալու, ի՛նչ որ ալ ըլլան արտաքին պայմանները՝ չփոխուելու, հաստատուն նկարագրով իր էութիւնը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու քաջութեան դա՛ս մը։
Եւ մարդ, հակառակ իր կարծեցեալ կատարելութեան, ենթադրեալ զօրութեան եւ ինքնաբաւութեան, փոքր թռչունէ մը իսկ՝ սոխակի մը նման երգող եւ «սոխակ» իսկ չեղող թռչունէ մը առնելիք շա՜տ դասեր ունի։ Եւ բնութիւնը լեցուն է նման դասերով, եւ երբ մարդ չարհամարհէ, չանտեսէ այդ հրաշալի՜ եւ կենսատու դասերը, անդրադառնայ բնութեան, անդրադառնայ ինքն իր էութեան, բաղդատէ իր կարողութիւնները ուրիշներու հետ, քաջութիւնը եւ անկեղծութիւնը ունենայ դիմաւորուելու իր տկարութիւններուն, թերութիւններուն եւ անկատարութիւններուն հետ… եւ գիտնայ, որ ամէն պահ, ամէն բանէ, նոյնիսկ ստորադասած, անկարեւոր նկատած մէկէ մը իսկ, երեւոյթէ մը, «անասուն» անուանած կենդանիէ մը իսկ դաս առնել, անոնց արտայայտութիւններէն օգտուիլ, ահաւասիկ այն ատեն մարդ «իմաստուն» եւ «հասուն» մէկը կ՚ըլլայ։ Արդարեւ, ամենամեծ իմաստունը եւ գիտունը այն է՝ որ գիտէ իր չգիտցածը…։
Թռչունէ մը իսկ դաս առնելու վիճակին մէջ գտնուող մարդը, առաւել եւս պահանջքը ունի իր նմաններուն փորձառութենէն, գիտութենէն օգտուելու։ Արդարեւ ամենէն գիտունը իսկ ամենէն յետին կարծուածէն անպայմա՛ն սորվելիք բան մը ունի, գիտութեան եւ փորձառութեան մէջ ո՛չ մէկը ուրիշ մը արհամարհելու, վարկաբեկելու եւ անկարեւոր նկատելու իրաւունք չունի, այլապէս վնասուողը ո՛չ թէ արհամարհուողը, այլ՝ ի՛նք կ՚ըլլայ, քանի որ քիչ կամ շատ, անկարեւոր կամ կարեւոր գիտութիւն մը ստանալէ ի՛նք կը զրկուի ի վերջոյ։ Ուստի մա՛րդ եւ ո՛չ մէկ բան արհամարհենք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 31, 2016, Իսթանպուլ