ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԵՒ ՎՍՏԱՀԻԼ

Կան մարդիկ, որ կը կարծեն, թէ պարտաւոր են փորձի ենթարկուիլ՝ եւ ապացուցանել Աստուծոյ, թէ բարեփոխուած են՝ Անոր օրհնութիւնը կարենալ հայցելէ առաջ։

Բայց անոնք, որ այդպէս կը խորհին եւ կը յետաձգեն իրենց մտերմութիւնը Աստուծոյ հետ, նոյնիսկ հիմա՛, սա պահուս կարող են մօտենալ, մտերմանալ եւ հայցել Աստուծոյ օրհնութիւնը։ Արդարեւ, պէտք է խորհին եւ գիտնան անոնք, թէ՝ առանց Աստուծոյ շնորհքին եւ Քրիստոսի Հոգիին կարելի չէ զօրացնել եւ օգնել իրենց մարդկային տկարութիւններուն, թերութիւններուն, եւ թէ կարելի չէ՛ առանց անոնց դիմադրել չարին։ Ուստի Յիսուս կ՚ուզէ, որ Իրեն գան մարդիկ՝ ի՛նչպէս որ են. մեղաւոր, անօգնական, բայց անկե՛ղծ եւ բոլորովին Իրմէ կախեալ՝ զԻնք ընդունած եւ վստահած Իրեն։ Կարելի է երթալ Իրեն, ամէն մէկը իր բոլոր տկարութիւններով, թերութիւններով, յիմարութիւններով եւ մեղաւորութեամբ… եւ Իր ոտքը իյնալ անկեղծ ու կատարեալ զղջումով, վստահութեա՛մբ։ Իր փա՛ռքն է Իր սիրոյ թեւերով շրջապատել ամէն անոնք՝ որ հաւատքով եւ անկեղծ վստահութեամբ կը մօտենան Իրեն։ Իր փա՛ռքն է Իրեն մօտեցողներուն վէրքերը կապել եւ ամէն անմաքրութենէ, պղծութենէ մաքրել բոլորը։

Հո՛ս, այս կէտին է, որ շատեր կը սխալին, եւ չեն հաւատար, որ Յիսուս կը ներէ իրենց՝ անձնապէ՛ս, անհատապէս, ամէն մէկուն արժէք ընծայելով։

Կան ոմանք, որ Աստուծոյ խօսքին չեն վստահիր։ Բայց վստահելու համար պէ՛տք է նախ հաւատալ, ընդունիլ. չեն վստահիր, քանի որ իրենց հաւատալիքները թերի մնացած են, չեն իւրացուցած եւ չեն ընդունած կատարելապէս եւ անկեղծութեամբ։

Տուեալ պայմանները ընդունողնե՞րը միայն գիտեն, թէ ամէն մեղքի համար ձրիաբար թողութիւն կը տրուի։ Այո, պայմանները ընդունո՛ղները միայն գիտեն, թէ թողութիւնը ձրիաբար տրուած շնորհ մըն է, ուրեմն մարդ պէտք է մէկդի՛ ընէ այն կասկածը, թէ Աստուծոյ խոստումները ամէնուն չեն պատկանիր։ Աստուած հաւատարի՛մ է իր խօսքին, իր խոստումներուն եւ անոնք իւրաքանչիւր օրինազանցի համար են։

Եւ քանի որ ձրի են, ապա ուրեմն ամէնքին հաւասարապէս կը տրուին, առանց վերապահութեան, առանց պայմանի, առանց խտրութեա՛ն։

Քրիստոսի միջոցով զօրութիւն եւ շնորհք հայթայթուած են հրեշտակներու ձեռքով հաղորդուելու ամէն մէկ հաւատացեալի հոգիին։ Արդարեւ, ո՛չ ոք այնքան մեղաւոր է, որ կարող չըլլայ զօրութիւն, մաքրութիւն եւ արդարութիւն գտնել Յիսուսի մէջ՝ որ զոհուեցաւ բոլոր մարդկութեան համար։

Յիսուս կը սպասէ, որ մարդուս վրայէն հանէ մեղքով արատաւորուած եւ աղտոտած հանդերձները, եւ անոնց հագուեցնէ արդարութեան, սրբութեան սպիտակ պատմուճանները. ուստի Ան կը հրաւիրէ մարդը՝ ապրի՛լ եւ ո՛չ թէ մեռնիլ։

Աստուած մարդուն հետ չի վարուիր այնպէս՝ ի՛նչպէս մահկանացու մարդիկ կը վար-ւին իրարու հետ։

Աստուծոյ խորհուրդները՝ սիրոյ, ողորմութեան եւ ամենագողտր կարեկցութեան խորհուրդներ են, եթէ մարդկօրէն բացատրել պէտք է՝ հօր մը զաւկին հանդէպ ունեցած անկեղծ զգացումներն են անոնք։

Ուստի Հայր Աստուած կ՚ըսէ. «Թող ամբարիշտը իր ճամբայէն՝ եւ անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի եւ Տէրոջը դառնայ, եւ Անիկա պիտի ողորմի անոր, եւ մեր Աստուծոյն՝ քանի որ Անիկա առատապէս կը ներէ»։ Եւ դարձեալ կ՚ըսէ. «Քու յանցանքներդ մէգի պէս, եւ քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի». (ԵՍ. ԾԵ 7) եւ (ԵՍ. ԽԴ 22)։ Աստուած երբեք «մեռնողին մեռնիլը չ՚ուզե՛ր», ուստի «դարձէ՛ք եւ ապրեցէ՛ք». (ԵԶԵԿ. ԺԸ 32)։

Սատանան  միշտ պատրա՛ստ է մարդոցմէ խլելու Աստուծոյ օրհնեալ խոստումները։ Ան կը ցանկայ մարդուս հոգիէն կորզել յոյսի ամէն նշոյլ եւ լոյսի ամէն շող. բայց պէտք չէ՛ անոր թոյլ տալ այդ ընել։ Պէտք չէ՛ ականջ տալ փորձիչին, այլ ըսել. «Յիսուս զոհուեցաւ, խաչուեցաւ՝ որպէսզի ես ապրիմ։ Ան կը սիրէ զիս՝ եւ չ՚ուզեր երբեք որ կորսուիմ։ Գթած Հայր մը ունիմ երկնաւոր, եւ թէպէտ չարաչար գործածեցի Իր անհո՜ւն սէրը, թէեւ վատնեցի ինծի պարգեւած օրհնութիւնները, պիտի ելլեմ երթամ իմ Հօրս՝ եւ ըսեմ.- Մեղանչեցի Երկինքին դէմ եւ Քո՛ւ առջեւդ, եւ այլեւս արժանի չեմ Քու որդիդ կոչուելու, զիս Քու վարձկաններուդ մէկուն պէս ըրէ։ Ես միա՛յն Քեզի կը վստահիմ…»։

Ուստի, հօր մը հանդէպ զաւկին ունեցած վստահութիւնը եթէ ցուցաբերուի Հայր Աստուծոյ հանդէպ, մարդոց կեանքը պիտի ըլլայ աւելի՛ ապահով, աւելի՛ անվտանգ եւ աւելի՛ երջանկաբեր։

Սուրբ Գրքին առատ խոստումները նկատի ունենալու է, այն ատեն ո՛չ մէկ տարակոյս կը մնայ, վստահութիւնը կատարեալ կ՚ըլլայ Աստուծոյ հանդէպ, քանի որ ո՛չ մէկ մարդկային էակ կարող է Սուրբ Գրքին չափ առատ խոստումներ կատարելու եւ իրականացնելու զանոնք։ Աստուած հաւատարիմ է իր խոստումին եւ այդ իսկ պատճառով՝ Ան է ամենավստահելին, ամենաապահովը մարդ էակին համար, քանի որ Ան Հա՛յր է, եւ հօր նման եւ աւելի չափով կը հոգայ, կը խնամէ իր զաւակները։ Ան ապահովութեան, վստահելիութեան  նախատիպարն է եւ մարդկային ամէն վստահելիութիւն, ապահովութիւն այդ նախատիպարէն կը բխի։ Բայց վստահութեան արժանի ըլլալու համար, պէտք է ընդունիլ եւ հաւատալ Անոր վստահելիութեան եւ ապահովութեան. ընդունիլ եւ հաւատալ՝ ճշմարտութեա՛ն, ամենակարողութեան եւ մանաւանդ Անոր հայրական անկեղծ սիրոյն։ Աստուած կը սիրէ մարդը այնպէս՝ ի՛նչպէս մահկանացու հայր մը՝ իր որդին, եւ անշուշտ որ մշտնջենական, անմահ Հայրը շատ աւելի, ամենակատարեալ կերպով պիտի սիրէ իր որդիները, որոնց Նախախնամն է նաեւ Ինք։

Արդարեւ, ո՛չինչ կարող է աւելի վնասել հոգիին քան աննպաստ գաղափարներ՝ ուրացում, մերժում, տարակոյս, եւ այլն մտածումներ, որոնք կ՚ապականեն հոգին, կը հեռացնեն զայն Իր Արարիչէն, Իր Նախախնամէն։

Ուստի, մարդ վե՛ր նայելու է, քանի որ հո՛ն՝ վե՛րն է ապահովութիւնը, վստահելիութիւնը եւ երջանկութիւնը՝ որուն կոչուած է իր ստեղծումէն իսկ։ Մարդը ստեղծեց Աստուած, որ երջանիկ ըլլայ, իսկ երջանկութիւնը կը կարօտի վստահութեան եւ ապահովութեան։ Հոն ուր կա՛յ վստահելի մէկը՝ հոն կա՛յ ապահովութիւն։ Եւ Աստուծմէ աւելի վստահելի ո՛չ մէկ բան կայ, քանի որ Ան է Հայրը՝ Արարիչը եւ Նախախնամը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 20, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018