ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԵՒ ԱՌԻՆՔՆՈՂ…
Դէմքեր կան, որոնք իրենց ուշագրաւ եւ առինքնող դիմագծով եւ տպաւորիչ արտայայտութեամբ կը քանդակուին մարդուս յիշողութեան վրայ եւ հոն կը մնան տարիներով։ Տիպարներ ալ կան՝ որոնք նկարագրի ցայտուն գրաւիչ գիծերով եւ կամ իրենց առանձնայատուկ դրոշմներով կը զանազանուին մարդոց բազմութենէն, եւ անոնց հետ պատահական հանդիպում մը կամ կարճատեւ ծանօթութիւն մը մարդուս յիշողութեանը անկորնչելի մէկ դրամագլուխը կը դառնայ, եւ որուն կ՚ուզէ մարդ անդրադառնալ ատեն ատեն։
Երբ ուշադրութեամբ դիտենք մեր շուրջը, պիտի նկատենք այդպիսի անձեր մեր կեանքին մէջ եւս։
Զոր օրինակ, կան մարդիկ, որոնք հակառակ իրենց տարիքին, չարաչար աշխատողներ են՝ յարգուած եւ սիրուած դէմքեր լայն շրջանակներու մէջ։ Անոնց իւրաքանչիւրին դէմքը, որ իրենց բարութիւնը եւ հեզութիւնը կը ցոլացնէ, կարծես մարդուս ապրելու փափաք մը կը ներշնչէ, եթէ նոյնիսկ յուսալքուած վիճակի մը մէջ գտնուի մարդ։ Բարեպաշտ, հլու եւ հնազանդ բոլոր օրէնքներու՝ անոնք տիպարներ կը հանդիսանան բոլորին, մանաւանդ ապագայ կեանքի պատրաստուող անփորձ սերունդին։
Անոնք եթէ նոյնիսկ անուս ըլլան եւ ծերունի, իրենց տեսակցութիւնը միշտ հաճելի է եւ զբօսնեցուցիչ։ Անոնք վերջին ծայր ուշադիր եւ հոգածու են իրենց հիւրերը ընդունելու եւ պատուելու համար. խիստ քաղաքավար եւ փափկանկատ, եւ մանաւանդ իրենց չափ եւ կշիռին գիտակից եւ բծախնդիր՝ յարգելու մարդոց արժանապատուութիւնը։
Զոր օրինակ, իրենց ըմբռնած քաղաքավարական մէկ ձեւին համեմատ, իրենց հիւրը եւ խօսակիցը պատուելու եւ յարգելու համար, կարեւոր դիտողութիւններ, խօսքեր եւ խորհրդածութիւններ կը վերագրեն անոնց.- ինչպէս որ ձեր ազնուութիւնը ըսաւ.- ինչպէս որ դիտել տուիք, եւ ասոնց նման արտայայտութիւններով եւ բացատրութիւններով, որոնք խօսակիցին միտքէն բնաւ անցած չէին, եւ այսպէս շուարումի եւ անակնկալի մատնելով զայն, մինչեւ որ վարժուի իրենց այս սովորութեան եւ երկխօսութեան իւրայատուկ ոճին։
Երբեմն կրնան խորունկ վիշտեր ունենալ այդ տիպար մարդիկը, կորուստներ, ցաւեր ունենալ, բայց հակառակ իրենց վիշտին, անոնք, տպաւորիչ ազնուութեամբ մը երբեք ակնարկութիւն չեն ըներ իրենց անձնական կսկիծին, եւ երբ այդ մասին խօսուէր, զայն կ՚ողբան, ո՛չ թէ իրենց պատճառած անդարմանելի եւ անդառնալի կորուստին, այլ այդ կորուստին յառաջ բերած ընդհանուր եւ ահաւոր աղէտներուն մասին, միշտ ընդհանուր մարդկութիւնը նկատի ունենալով եւ ո՛չ թէ իրենց անձնական կեանքը։ Այս իմաստով ալ, անոնք մարդասիրութեան եւ այլասիրութեան տիպարներ կը հանդիսանան։ Եւ անոնք, պատահած բոլոր աղէտները՝ որոնք վիշտ եւ ցաւ կը պատճառեն եւ պատճառած են իրենց, կը նկատեն «անէծք» մը մարդկութեան գլխուն, քանդիչ բարօրութեան, եւ մանաւանդ թշնամի՝ աստուածային կամքին, խորհելով թէ անոնք կրնան պատահիլ բոլոր մարդոց, ինչպէս պատահած է իրենց…։
Իրենց բարեգործութիւնները թէեւ միշտ ծածուկ, բայց ծանօթ եւ յայտնի են սկսեալ իր մերձաւորներէն մինչեւ լայն շրջանակներու։ Եւ մարդասիրութիւնը զոր ցոյց կու տան մանաւանդ զրկուածներուն եւ անիրաւուածներուն եւ բոլոր կարօտեալներուն, կը գիտցուին ամէնուն կողմէ։
Ժամեր կը յատկացնեն ուրիշի մը որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալու՝ օգնելու համար, պարագային համեմատ խրատ մը տալու, կամ իրարու վշտացածները հաշտեցնելու՝ խաղաղութիւնը հաստատելու համար։ Անոնք իրապէս ազնիւ անձնաւորութիւններ, վեհանձն մարդիկ են, քանի որ առանց ցեղի եւ կրօնքի խտրութիւն նկատելու բարիք կ՚ընեն բոլորին։ Կարօտեալ «օտար» մը կրնան իրենց ընտանիքի անդամներէն մին նկատել եւ այդ նպատակով հոգալ ու խնամել զայն…։
Թէեւ անգիր եւ տգէտ այդ տիպար մարդիկը՝ կեանքի անհուն փորձառութեամբ սորված են կեանքի վրայ, մարդկային փոխյարաբերութիւններու վրայ նայիլ փիլիսոփայի մը նման։
Կեանքին յաջողութիւնները կ՚ըմպեն առանց գինովնալու անոնցմէ, ինչ որ ցոյց կու տայ ընդհանրապէս մարդուն վեհութիւնը, մեծութիւնը եւ ազնուութիւնը։ Եւ ինչ որ կեանքը իւրացնելու ստուգանիշ մըն է յաջողութիւնները ընդունիլ չափաւոր ոգեւորութեամբ՝ առանց չափազանցելու անոնց արժէքը։ Եւ շատեր չեն կրնար իւրացնել եւ մարսել իրենց փոքր իսկ յաջողութիւնները՝ որոնք չեն կրնար հաւասարիլ այդ անգիր եւ տգէտ բայց վեհանձն անհատականութեան՝ տիպար ծերունիին…։
Անոնք այդ վեհանձն անհատականութիւնները, դժբախտութիւններն ալ կը տանին գիտակից համակերպութեամբ մը՝ ծածկելով զանոնք ուրիշներէն, առանձին լալով եւ առանձին կրելով իրենց վշտին եւ կսկիծին ծանր բեռը։
Անոնք, այսպէս, իրենց բարութեան, զուարթութեան համար բոլոր մարդկութեան եւ մանաւանդ պզտիկներուն բարեկամներն են. մեծերը կը յարգեն զանոնք իրենց ազնուութեան եւ բարեգործութիւններուն համար, եւ մանաւանդ անվերապահ կը վստահին իրենց իմաստութեան եւ անաչառութեան, արդարամտութեան պատճառով։
Արդարեւ, մեծ եւ անբացատրելի հաճոյք մըն է ունենալ այդպիսի բարեկամներ, խօսակիցներ՝ վեհանձն եւ տիպար անձնաւորութիւններ, որոնք իրապէս մարդուս ցոյց կու տան կեանքին գեղեցկութիւնները, բարութիւնները եւ ճշմարտութիւնները։
Պարզ եւ չափաւոր այդ մարդոց կեանքին մէջ գեղեցկութիւններ, ճոխութիւններ, բարութիւններ կան՝ որոնք ո՛չ ազգութիւն, ո՛չ լեզու եւ ո՛չ իսկ կրօնք ունին։ Անոնք իրենց ազնուութեամբ եւ մարդասիրութեամբ կը մնան միշտ «տիպար» համայն մարդկութեան համար, ամէն անոնց համար որ կարօտը կը զգան անկեղծ բարեկամութեան, մարդասիրութեան, անշահախնդիր իրերօգնութեան…։
Երանի՜ անոնց որ իրենց կեանքին մէջ ունեցած են այդպիսի «տիպար» մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 25, 2018, Իսթանպուլ