ԱՇԽԱՐՀԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ - Բ -
Ըսինք, որ «աշխարհասիրութիւն»ը կը հրապուրէ մանաւանդ երիտասարդները՝ քանի որ անոնք տակաւին չեն ծանօթացած «կեանք»ին՝ իր զանազան երեսակներով։ Անոնք կը ճանչնան միա՛յն իրենց տեսածը եւ կ՚ապրին «ապագայ» կոչուած գրաւիչ եւ նո՛յնքան խաբուսիկ երազային եւ երեւակայական շրջանակի մը մէջ։ Անոնց համար ամէն ինչ կատարեալ է, քանի որ իրենց անծանօթ է անկատարը, զոր չեն տեսած իրենց ծնողներուն մէջ, եւ դարձեալ անոնց համար կա՛յ միայն յաջողութիւն եւ յաղթութիւն, քանի որ երբեք չեն տեսած անոնք ձախողութիւն եւ պարտութիւն իրենց ընտանեկան միջավայրին մէջ, եւ պատահած անյաջողութիւնները եւ նահանջները իրենց չեն զգացուցած ծնողները։ Անոնք միա՛յն «վարդագոյն»ը տեսած են կեանքին եւ չեն ծանօթացած սեւին եւ գորշին. անոնք միայն լոյսը եւ լուսաւորը տեսած են եւ չեն հանդիպած երբեք մութին ու խաւարին, քանի որ իրենց ծնողները միշտ հեռու պահած՝ հեռո՜ւ պահելու աշխատած են ամէն նեղութիւն…։
Եւ երիտասարդներ, աւա՜ղ, կը կարծեն, որ ամբողջ կեանքը, ամբողջ ապագան երջանկութեամբ լեցուն է, որովհետեւ իրենց ծնողները գաղտնած են իրենցմէ՝ կեանքին դժբախտութիւնները, ցաւերը, վիշտերը, որպէսզի անոնք երջանիկ զգան իրենք զիրենք, ուրախ ապրին, չտխրին, չտրտմին, միշտ լա՛ւ ապրին։ Բայց մինչեւ ե՞րբ։ Ի՞նչ կը խորհիք դուք սիրելի բարեկամներ, լա՞ւ կ՚ընեն ծնողներ, երբ կը ծածկեն, կը գաղտնեն կեանքի իրականութիւնները իրենց զաւակներէն, որպէսզի կանուխէն չյուսահատին, չյուսալքուին։ Թերեւս իրաւունք ունին, քանի որ կեանքի յուսաբեկ սկսիլ՝ դժբախտութիւնը, անյաջողութիւնը առաջուց, կանխաւ ընդունիլ կը նշանակէ։ Կարելի է որ, կը խորհին այդպիսի ծնողներ, պղտորի, մթագնի իրենց երազները ապագայի նկատմամբ։ Ո՞րն է ճիշդը՝ իրատես ըլլալ, թէ ծածկել, գաղտնել կարգ մը անպատեհութիւնները նորաբողբոջ եւ մատղաշ հոգիներէ…։
Սապէս խորհինք. երիտասարդներ երբ դիմաւորուին այնպիսի կեանքի մը հետ՝ զոր երբեք չէին երեւակայացած, երբեք չէին սպասեր, այդ աւելի մեծ ու ծանր յուսաբեկութեան պատճառ չի՞ հանդիսանար, աւելի չե՞ն յուսալքուիր։
Այս իմաստով, մեր նախորդ պատմութեան մէջ ծնողներուն վարմունքը գնահատելի է եւ օրինակելի՛։ Գնահատելի իրենց տուած դասով եւ օրինակելի՝ բարոյական արժէքներու անդրադառնալու կարեւորութիւնը մատնանշած ըլլալուն համար…։
Եկէ՛ք, սիրելիներ, շարունակենք Սամուէլ Սարկաւագ Մկրտիչեանի ռուսերէնէն թարգմանած շահեկան պատմութիւնով մը, մեր խորհրդածութիւնը։
«Երիտասարդ աղջիկը կու գայ իր հօր մօտ եւ կը սկսի նեղսրտիլ ու գանգատիլ.- Հայրի՛կ, յոգնած եմ, այնքան ծանր կեանք կ՚ապրիմ, այնքան դժուարութիւններ, նեղութիւններ ու փորձութիւններ լեցուն են, որոնց մէջէն կ՚անցնիմ, որ կարծես, միշտ կը լողամ հոսանքի դէմ։ Այլեւս ուժ չունիմ… ի՞նչ ընեմ։
«Հայրը, պատասխանի փոխարէն, ջուրով լեցուած երեք հատ հաւասարաչափ կաթսայ կը դնէ կրակի վրայ, ապա մէկուն մէջ կը դնէ ստեպղին, միւսին մէջ՝ հաւկիթ, իսկ երրորդին մէջ սուրճ կը լեցնէ։
«Որոշ ժամանակ մը անցնելէ յետոյ, ան կաթսայէն կը հանէ ստեպղինը (=գազար) եւ հաւկիթը (=ձու), եւ երրորդ կաթսայէն՝ լեցուցած սուրճը բաժակի մը մէջ կը պարպէ եւ յետոյ աղջկան դառնալով կը հայցնէ.
«-Ինչ փոխուեցաւ։
«-Հաւկիթը եւ ստեպղինը եփեցան, իսկ սուրճը լուծուեցաւ ջուրին մէջ, պատասխանեց աղջիկը։
«-Ո՛չ սիրելի աղջիկս, ատիկա միայն մակերեսային հայեացք է իրերու վրայ, ըսաւ հայրը եւ սկսաւ բացատրել.- Տե՛ս, պինդ ու կարծր ստեպղինը՝ ջուրին մէջ մնալով, աւելի կակուղ, աւելի փափուկ եւ ճկուն, ճապուկ դարձաւ։ Իսկ փխրուն, դիւրաւ մանրուող եւ հեղուկ հաւկիթը պինդ եւ կարծր դարձաւ։ Արտաքնապէս չփոխուեցան անոնք, այլ միայն իրենց կազմուածքը կամ կառուցուածքը փոխեցին արտաքին հաւասար աննպաստ պարագաներու ազդեցութեան տակ՝ եռացող ջուրին մէջ։ Շարունակելով իր միտքը՝ կ՚եզրափակէ իր խօսքը հայրը.- Նոյնպէս են մարդիկ ալ, արտաքնապէս ուժերը կրնան թուլանալ ու տկարանալ այնտեղ՝ ուր նուրբ եւ փխրուն, փափուկ մարդիկ աւելի ուժեղ, աւելի զօրաւոր կը դառնան…։
«-Իսկ սո՞ւրճը, զարմացած ու հետաքրքրութեամբ կը հարցնէ աղջիկը։ Ասոր վրայ հայրը կը շարունակէ.- Սուրճը ամենահետաքրքիրն է. ան ամբողջութեամբ լուծուեցաւ նոր՝ թշնամական կամ խորթ, օտարոտի միջավայրին մէջ՝ որ զայն դարձուց եռացած համեղ, ախորժելի ըմպելիքի մը։ Նոյնպէս է պարագան։ Այնպէս որ աղջի՛կս, կը գտնուին յուսահատ, յուսաբեկ, վհատած մարդիկ, որոնք իրենք կը փոխեն միջավայրը եւ ոչինչէն կը ստեղծեն նորը եւ գեղեցիկը՝ իրավիճակէն օգուտ, դաս եւ գիտելիք քաղելով։ Եւ իր աղջկան գլուխը շոյելով, հայրը պատասխանեց անոր՝ յուսահատ աղջկանը հարցումը…»։
Կեանքի մէջ կան միշտ անակնկալներ՝ ուժեղներ կրնան տկարանալ, եւ տկարներ՝ զօրանալ։
Ուրեմն մարդ, երբեք կեանքի ճշմարտութիւններէն խուսափելով, իրողութիւններէն փախչելով, պահուըտելով չի՛ կրնար իր ուզածին պէս ապագայ մը շինել։
Կեանքը անողոք պայքա՛ր մըն է եւ ծնողներուն պարտականութիւնն է՝ իրատես ըլլալ եւ ըստ այնմ պատրաստել տղան այդ պայքարին։ Ապա թէ ոչ՝ տկար, անճարակ, ապիկար սերունդներ կը հասնին, եւ այդ թշուառութեան պատասխանատուներուն կարգին առաջին տեղը կը գրաւեն ծնողները։
Ուրեմն ծնողական սէրը, գութը, կարեկցութիւնը պէտք չէ՛ արգելք հանդիսանայ, որ ծածկուին, քօղարկուին կեանքի իրականութիւնները։
Ապա, իրաւացիօրէն պիտի հարցնէք.- Աշխարհասիրութիւնը ո՞ւր պէտք է տեղաւորել այս խորհրդածութեան մէջ։ Պարզ է, սիրելի՜ բարեկամներ. «աշխարհասիրութիւն»ը բնազդական՝ ինքնապաշտպանութեան արտայայտութիւն մըն է ամէն անոնց համար՝ որ չունին վստահութիւն իրենց վրայ, պատրաստ չեն կեանքի պայքարին, պատրաստ չեն հոգեպէս եւ կը փարին, կը կառչին նիւթական աշխարհին, նիւթականին՝ տեսանելի եւ շօշափելի, իբր թէ անհերքելի արժէքներու՝ կարծելով թէ անոնք պիտի տանին զիրենք յաջողութեան, յաղթութեան եւ երջանկութեա՜ն։
Բայց աշխարհասէր մարդը դատապարտուա՛ծ է ի վերջոյ պարտուելու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետուար 4, 2016, Իսթանպուլ