«ՊԱՐԱՊ» ԺԱՄԵՐԸ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐԵԼ

Աշ­խա­տող ա­մէն մար­դու ար­դա՛ր ի­րա­ւունքն է՝ ար­ձա­կուրդ վա­յե­լել, հան­գիստ կամ դա­դար ը­նել եւ զբօ­սան­քի ժա­մա­նակ յատ­կաց­նել։ Ա­սի­կա բնա­կան է, քա­նի որ տե­ւա­կան աշ­խա­տան­քը ան­տա­նե­լի կը դարձ­նէ կեան­քը, օ­գու­տէ ա­ւե­լի՛ վնա­սի պատ­ճառ կը դառ­նայ այդ տե­սակ աշ­խա­տու­թիւ­նը եւ ան­շուշտ ա­պար­դիւն կը մնայ ա­նոր հե­տե­ւան­քը՝ աշ­խա­տան­քէն ակն­կա­լուած շա­հը կամ օ­գու­տը։ Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս ա­մէն մար­զի մէջ, մա­նա­ւանդ աշ­խա­տան­քի մէջ ալ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է՝ սպա­սուած օ­գու­տը ձեռք ձգե­լու, ար­դիւ­նա­ւո­րուե­լու հա­մար։

Ու­րեմն, ա­մէն աշ­խա­տու­թիւն պէտք է դա­դար մը ու­նե­նայ եւ աշ­խա­տո­ղը այդ մի­ջո­ցին ու­րիշ բա­նե­րով զբա­ղի, զուար­ճա­նայ, ա­ւե­լի սի­րո­ղա­կան գոր­ծե­րով ան­ցը­նէ իր ժա­մա­նա­կը եւ նոր ու­ժով մը շա­րու­նա­կէ իր աշ­խա­տան­քը։

Ընդ­հան­րա­պէս կը հար­ցուի մար­դոց, թէ ի­րենց «պա­րապ» ժա­մե­րուն ի՞ն­չով կը զբա­ղին։ Ի՞նչ է ի­րենց սի­րո­ղա­կան հա­ճոյք­նե­րը, զբա­ղում­նե­րը եւ ինչ­պէ՞ս կը զուար­ճա­նան։

Հար­ցու­մին ընդ­հան­րա­պէս սա­պէս կը պա­տաս­խա­նուի. «գիրք կը կար­դամ, ե­րաժշ­տու­թիւն կ՚ունկնդ­րեմ, թա­տրեր­գու­թեան եւ զա­նա­զան ա­րուես­տի ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն կը հե­տե­ւիմ, եւ այլն»։

­Յա­ճախ կը լսուի այս պա­տաս­խա­նը։ Բայց երբ որ­պէս հար­ցում կը հար­ցուի, թէ «պա­րապ» ժա­մե­րուն ի՞նչ կ՚ը­նէք, կար­ծես այդ պա­րապ ժա­մե­րը ա­նար­ժէք, ան­կա­րե­ւոր պա­հեր են եւ այդ պա­հե­րուն ան­կա­րե­ւոր, ան­պէտ, ա­նօ­գուտ, ա­ւե­լորդ եւ երկ­րոր­դա­կան զբա­ղում­ներ եւ գոր­ծեր կը կա­տա­րուին։ Եւ մա­նա­ւանդ երբ այդ «պա­րապ» ժա­մե­րը լեց­նող գոր­ծե­րը մտա­յին եւ ա­րուես­տի գոր­ծե­րով զբա­ղե­լու յատ­կա­ցուի, այն­պէս կը հասկ­ցուի, թէ՝ այդ զբա­ղում­նե­րը, չը­սե­լու հա­մար «պա­րապ», ա­ւե­լորդ եւ երկ­րոր­դա­կան գոր­ծեր են՝ ա­նօ­գուտ եւ ան­շա՛հ։

Ա­յո, թե­րեւս, մտա­յին զբա­ղում­ներ եւ ա­րուես­տով ապ­րուած պա­հեր ո­մանց հա­մար ա­նօ­գուտ, ան­շահ եւ ա­պար­դիւն կրնան ըլ­լալ նիւ­թա­պէս, եւ սա­կայն կա­րե­լի չէ՛ ու­րա­նալ, թէ այդ կար­գի զբա­ղում­նե­րը միտ­քը կը զար­գաց­նեն եւ հո­գին կ՚ազ­նուաց­նեն։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ե­թէ ո՛չ նիւ­թա­կան, բայց բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր, մտա­յին շահ կ՚ա­պա­հո­վեն։ Եւ «շահ»ը միայն նիւ­թա­կան՝ մարմ­նա­կան եւ ֆի­զի­քա­կան աշ­խար­հի շրջա­նա­կին մէջ պէտք չէ՛ նկա­տի ու­նե­նալ, մտա­ւոր եւ հո­գե­ւոր շա­հերն ալ մար­դուս օ­գուտ կ՚ա­պա­հո­վեն եւ ա­նոր զար­գաց­ման, ազ­նուաց­ման պատ­ճառ կ՚ըլ­լան։ Եւ սա­կայն մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս, մի­նակ տե­սա­նե­լի եւ շօ­շա­փե­լի շա­հե­րու եւ օ­գուտ­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յեն. ա­նոնց հա­մար նիւ­թա­կան-մարմ­նա­կան-ֆի­զի­քա­կան շա­հը շա՛հ է եւ օգ­տա­կար։ Եւ դար­ձեալ, այս­պէս մտա­ծող­ներ մտա­յին եւ հո­գե­կան շա­հե­րը «շահ» չե՛ն հա­մա­րեր, կ՚ան­տե­սեն եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն իսկ չեն տար։

Եւ այս մտայ­նու­թիւ­նը եւ խոր­հե­լա­կեր­պը ար­տա­յայ­տող խօս­քը սա է. «պա­րապ» ժա­մե­րու ըն­թաց­քին գիրք կը կար­դանք, ա­րուես­տի գոր­ծե­րով կը զբա­ղինք, եւ այլն։ Կար­ծես, թէ այս բո­լո­րը երկ­րոր­դա­կան եւ ան­կա­րե­ւոր՝ «պա­րապ» զբա­ղում­ներ ըլ­լա­յին, «լե­ցուն» եւ հիմ­նա­կան աշ­խա­տու­թե­նէ ա­ւել­ցած ժա­մա­նակ մը ար­ժա­նի գոր­ծեր կը նկա­տուին։ Բայց կը սխա­լի՛ն…։

Մարդ էա­կը իր էու­թեան մէջ մար­մին ե՛ւ հո­գի ե՛ւ միտ­քէ կազ­մուած է, այս ար­ժէք­նե­րուն մէկ հա­տին իսկ բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, որ «էակ»ը կորսնց­նէ իր «մարդ» հար­գա­ման­քը, «մա՛րդ» կո­չուե­լու հա­մար էա­կը պէտք է ու­նե­նայ «մար­մին» ե՛ւ «հո­գի» ե՛ւ «միտք»։­

Ու­րեմն այս ե­րեք ար­ժէք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ա­մէն գործ եւ զբա­ղում կա­րե­ւո՛ր է եւ պի­տա­նի՝ օգ­տա­կար ու շա­հա­ւէտ։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ, թէ մտա­ւոր եւ հո­գե­կան զբա­ղում­ներ երկ­րոր­դա­կան կամ ան­կա­րե­ւոր գոր­ծեր չե՛ն. «պա­րապ» գոր­ծեր չե՛ն, որ «պա­րապ» ժա­մա­նակ­ներ յատ­կա­ցուի ա­նոնց։ Ար­դա­րեւ մարմ­նա­ւոր գոր­ծեր, մտա­յին աշ­խա­տանք եւ հո­գե­կան զբա­ղում­ներ անհ­րա­ժեշտ են մար­դուն ամ­բող­ջաց­ման հա­մար եւ ա­նոնք հա­ւա­սար ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն, բայց ա­նոնց­մէ մարմ­նա­յին, հո­գե­ւոր զբա­ղում­նե­րը եր­բեմն կ՚ան­տե­սուին, քա­նի որ զգա­ցում­ներ կը ծան­րա­նան ա­նոնց վրայ, կը զգա­ցուին եւ կը տպա­ւո­րուին։ Եր­բեմն «ար­տա­քին»ը ներ­քի­նին, եր­բեմն ալ «ներ­քին»ը ար­տա­քի­նին կրնա՛յ ազ­դել ու գե­րա­զան­ցել։ Բայց ա­սի­կա հա­ւա­սար­նե­րու մէջ «ա­ռա­ջին»ը ըլ­լա­լու հարց մըն է, այ­լա­պէս ա­նոնք որ­պէս «մարդ»ուն բա­ղադ­րիչ­նե­րը՝ միշտ կա­րե­ւոր են «մարդ»ուն ամ­բող­ջա­կան կազ­մու­թեան հա­մար։

Այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րէ կը հե­տե­ւի, թէ՝ ի՛նչ որ է մարմ­նա­կան էու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար աշ­խա­տան­քը, նոյնն է՝ մտա­յին եւ հո­գե­ւոր էու­թեան հա­մար կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը, զբա­ղու­մը եւ գոր­ծը։ Ու­րեմն «կար­դալ» կամ «ա­րուես­տի գոր­ծե­րով զբա­ղիլ» մար­դուս հա­մար «պա­րապ» ժա­մե­րը լեց­նող «պա­րապ» գոր­ծեր չե՛ն։

Վեր­ջա­պէս, այս ճշմար­տու­թիւ­նը ա­պա­ցու­ցա­նող փաս­տե­րէն մէկն ալ մէկ օ­րուան 24 ժա­մե­րուն հա­ւա­սար ե­րեք հա­տուած­նե­րու վե­րա­ծուի­լն է։

Սա­պէս. մէկ օ­րը քա­նի որ 24 ժամ է, ու­րեմն կը նշա­նա­կէ, որ մարդ ու­նի 8 ժա­մե­րու ե­րեք հա­տուած­ներ մէկ օ­րուայ ըն­թաց­քին։ Մարդ քա­նի որ իր մարմ­նա­կան էու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու, գո­յա­պահ­պա­նե­լու եւ գո­յա­տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար աշ­խա­տու­թեան պէտ­քը կը զգայ, ա­ռա­ջին 8 ժա­մուայ հա­տուա­ծին մէջ կրնայ աշ­խա­տիլ եւ այս ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցը ընդ­հան­րա­պէս ըն­դու­նուած ժա­մա­նա­կաշր­ջան մըն է։

Երկ­րորդ 8 ժա­մուայ հա­տուա­ծին կրնայ իր մտա­ւոր եւ հո­գե­ւոր պա­հանջք­նե­րը հո­գալ՝ կար­դալ, ա­րուես­տի հե­տե­ւիլ, ա­ղօ­թել, եւ այլն։

Կը տես­նուի, որ հա­ւա­սար ժա­մա­նա­կա­մի­ջոց­նե­րու մէջ ա­մէնքն ալ կրնայ կա­տա­րել մարդ եւ չի կրնար ար­դա­րաց­նել ինք­զինք ը­սե­լով՝ թէ ժա­մա­նակ չու­նի մտա­յի­նի եւ հո­գե­ւոր զբա­ղում­նե­րու յատ­կաց­նե­լի։ Ա­հա­ւա­սիկ, եր­կար 8 ժամ, հա­ւա­սա­րա­պէս՝ աշ­խա­տան­քի ժա­մե­րուն։

Եւ վեր­ջա­պէս, մարմ­նին, հո­գիին եւ մտքին մա­սամբ հանգս­տա­նա­լու, հանգ­չե­լու ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցը՝ եր­րորդ հա­տուա­ծը 8 ժա­մե­րու՝ քու­նի ժա­մա­նա­կը։ Բայց հո­գին եւ միտ­քը այդ ժա­մե­րուն ալ կը շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 3, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017